16.12.16

Զարմիկ Պողիկեան. «Հալէպի ազատագրումը զինեալ գրոհայիններէն մեծ խանդավառութիւն ու հոգեկան անդորրութիւն ստեղծեց բոլորին մէջ»

Ն. Բ.

Հալէպը ազատագրուած է, հոն ապրող հալէպահայութիւնը որոշ չափով հանգիստ է, որովհետեւ ռմբակոծումներն ու ամէն վայրկեան մահուան սպառնալիքը հեռու են արդէն: Հալէպի մէջ տիրող վիճակին, հալէպահայերուն տրամադրութեան եւ գետնի վրայ առկայ կացութեան մօտէն ծանօթանալու եւ հաւաստի աղբիւրէ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանի հետ:


«ԱԶԴԱԿ».- Արդէն իսկ Հալէպը ազատագրուած է: Բնականաբար այս ազատագրումը իր անդրադարձը պիտի ունենայ շրջանին մէջ տակաւին գոյատեւող հայութեան վրայ. ի՞նչ տրամադրութիւններ կան, արդեօք հոգեբանական եւ գործնական ի՞նչ փոփոխութիւններ կ՛ապրին Հալէպի մեր հայրենակիցները:
ԶԱՐՄԻԿ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Հալէպի ազատագրումով հալէպահայութիւնը հոգեփոխութիւն ապրեցաւ: Խանդավառութիւնը մեծ էր, որովհետեւ 5 տարուան տառապանքը, ամէնօրեայ հրթիռակոծման սարսափը, մահուան սպառնալիքը վերջ գտան: Հալէպահայութեան համար անցնող 5 տարիները դժոխային տարիներ էին: Նիւթական ահաւոր վնասներ, մարդկային կորուստներ, գաղթ, կենցաղային դժուարութիւններ, ջուրի, ելեկտրականութեան տագնապ, սղաճ ու անգործութիւն:
Նախորդ հինգ տարիներուն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն անխնայ ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք միայն Հալէպի մէջ ունեցանք 102 զոհ, 343 վիրաւոր, 32 նահատակ: Աւելի քան 1000 բնակարաններ, որոնց կողքին ազգային կառոյցներ քանդուեցան: Այս բոլորը բնականաբար հոգեբանական ծանր հետեւանքներ ունեցան մեր ժողովուրդին վրայ: Ահա թէ ինչո՛ւ Հալէպի ազատագրումը զինեալ գրոհայիններէն մեծ խանդավառութիւն ու հոգեկան անդորրութիւն ստեղծեց բոլորին մօտ: Գործնական առումով եւս դրական փոփոխութիւններ կը նախատեսուին: Տարիներ շարունակ տնազուրկ դարձած մարդիկ կը պատրաստուին վերադառնալու իրենց բնակարանները: Արհեստաւորներ` իրենց գործատեղիները: Իրենց կրթական կառոյցներէն զրկուած դպրոցականներ անհամբեր կը սպասեն իրենց վարժարանները վերադառնալու օրը: Անշուշտ այս բոլորը ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ աւերները մեծ են, ու շինարարական հսկայ աշխատանքներ պէտք է իրականանան, բայց համայնքը յոյսով է եւ լաւատես, որովհետեւ գէթ մահուան սարսափն ու օրական դրութեամբ պայթումներու վախը վերջ գտան: Ճիշդ է, Սուրիոյ պատերազմը տակաւին իր աւարտին չէ հասած, սակայն Հալէպ քաղաքը ազատագրուած է: Կը մնայ յուսալ, որ Հալէպի անվտանգութիւնը ամրագրուի նահանգի արուարձաններու եւ գիւղերու ազատագրումով եւս:

«Ա.».- Հալէպի ազատագրումով շրջափակման պատկերն ալ բնականաբար պիտի փոխուի: Այսօր երթեւեկի ճամբաներուն պատկերը ի՞նչ է:
Զ. Պ.- Հալէպի ազատագրումով քաղաքապետարանի ստորաբաժանումները շատ աշխոյժ թափով սկսան մաքրել ճամբաները, ականազերծել ազատագրուած շրջանները, վերացնել անցարգելները, կանոնաւորել երթեւեկութիւնը, բանալ նախորդ հինգ տարիներուն փակ մնացած ճամբաները, միացնել Հալէպի արեւելեան եւ արեւմտեան բաժինները: Հալէպի միջազգային օդակայանի բարեկարգման աշխատանքները եւս ընթացքի մէջ են: Օդակայանի տնօրէնին հաստատումով` մօտ ատենէն օդակայանը եւս բանիլ պիտի սկսի: Քաղաքի անմիջական բարեկարգումը կ՚իրագործուի ըստ կարելւոյն կարճ ժամանակի մէջ, սակայն Հալէպի վերականգնումը երկար ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ քաղաքը համարեա՛ աւերակ դարձած է: Սուրիոյ նախագահին հաստատումով վերականգնումի աշխատանքները պիտի սկսին յառաջիկային եւ այդ գործընթացին մէջ նախ եւ առաջ պիտի ներառուին Սուրիոյ դաշնակից եւ բարեկամ երկիրները:

«Ա.».- Շատ կը խօսուի ներքին տեղաշարժի մասին, արդեօք գետնի վրայ այդ մէկը զգալի՞ է, արդէն մարդիկ իրենց տուները կը վերադառնա՞ն:
Զ. Պ.- Բնականաբար մարդիկ կը հետաքրքրուին, թէ որքանո՛վ ապահով է, կրնա՞ն վերադառնալ իրենց բնակարանները, թէ՞ ոչ: Ոմանք որոշած են վերադառնալ, սակայն տակաւին կանուխ է խօսիլ թուային յստակ տուեալներու մասին: Հալէպ քաղաքը ազատագրուած է, բայց նահանգը` ոչ: Պատերազմը տակաւին իր աւարտին չէ հասած: Յոյսով ենք, որ յառաջիկայ տարին խաղաղաբեր տարի կ՛ըլլայ Սուրիոյ համար, պատերազմը իր աւարտին կը հասնի, եւ վերականգնումի ծրագիրներու մշակումը կը սկսի: Հալէպի ազատագրումը փաստօրէն ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունէր այս իմաստով:

«Ա.».- Հալէպի վերջին զարգացումներու լոյսին տակ, լրատուամիջոցներ մարդասիրական ահազանգային վիճակի մասին կը խօսին: Ի՞նչ է մարդկային ներկայ վիճակը Հալէպի մէջ:
Զ. Պ.- Հալէպ քաղաքի ազատագրումը ամբողջական դարձաւ, երբ զինեալ խմբաւորումներ, սուրիական եւ ռուսական կողմերուն հետ կնքուած համաձայնութեան հիման վրայ հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ Սուրիական Կարմիր Մահիկին եւ Միջազգային Կարմիր Խաչին հսկողութեամբ, հանրակառքերով սկսան դուրս բերուիլ Հալէպի արեւելեան շրջաններէն եւ ուղղուիլ դէպի Հալէպ նահանգի հարաւարեւմտեան գիւղեր:
Նախորդող օրերուն սուրիական բանակի կոչերուն անսալով` արեւելեան Հալէպէն աւելի քան 100.000 մարդ դուրս ելած էր եւ հաստատուած Հալէպ քաղաքի արեւմտեան շրջան, բանակին եւ քաղաքապետարանին կողմէ պատրաստուած ժամանակաւոր կացարաններու մէջ: Քաղաքապետարանը սուրիական բանակին եւ ռուսական կողմին օժանդակութեամբ կը հոգայ անոնց կենցաղային եւ մարդասիրական բոլոր կարիքները` սնունդ, դեղորայք, հանդերձանք եւ այլն: Նախքան Հալէպի ազատագրումը, արեւմտեան երկիրներն ու ՄԱԿ-ը ահազանգ կը հնչեցնէին Հալէպի արեւելեան շրջաններու բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութեան փութալու համար: Այսօր սակայն, ցաւօք, երբ Հալէպի այդ քաղաքացիները առժամաբար դուրս ելած են բախումնային շրջաններէն, Արեւմուտքը, ահազանգ հնչեցնելով հանդերձ, մարդասիրական ոչ մէկ օժանդակութեան կը փութայ: Սուրիական եւ ռուսական բանակներն ու քաղաքապետարանի ստորաբաժանումներն են միայն, որոնք կ՛օգնեն անոնց, մինչեւ որ վերադառնան իրենց բնակարանները: Այստեղ պէտք է անգամ մը եւս յիշեցնել, որ մարդասիրական օժանդակութիւնները պէտք չէ հիմնել քաղաքական օրակարգերու վրայ։
 
«Ազդակ», 16 Դեկտեմբեր 2016

No comments:

Post a Comment