18.12.16

Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 Դեկտեմբերին, համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեանը եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ընթերցուած է Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ուղարձները, յղուած՝ գիտաժողովի մասնակիցներուն:
Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկած են գիտնականներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Առաջին նիստը սկսած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ, Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանի «Աւետիս Ահարոնեան մարդը, քաղաքացին, գրողը» թեմայով զեկուցումով, ուր հանգամանօրէն քննութեան ենթարկուած է մեծ հայուն մարդկային եւ քաղաքացիական կերպարը: Իր խօսքին մէջ գրականագէտը առաջարկած է հրատարակել Աւետիս Ահարոնեանի ստեղծագործութիւններու ամբողջական ժողովածուն եւ անոր անունով դպրոց կոչել Երեւանի մէջ։
Բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վարդան Դեւրիկեան ներկայացուցած է «Ժողովրդական աւանդութիւնները Աւետիս Ահարոնեանի պատմուածքներուն մէջ» զեկուցումը: Ան նշած է, որ Ահարոնեանի ծննդավայր Սուրմալուի գաւառը կը գտնուի հայկական երկու մեծագոյն խորհրդանիշներուն՝ Արաքս գետի ու Արարատ լերան միջեւ, բան մը, որ կանխորոշած էր գրողին, քաղաքական եւ հասարակական գործիչին աշխարհընկալումը:
Հայ գրականութեան դոկտոր Գրիգոր Պըլտեան (Ֆրանսա) ուշագրաւ զեկուցում ներկայացուցած է՝ «Աւետիս Ահարոնեան խորհրդապաշտ» թեմայով: Խօսելով խորհրդանիշներուն մասին, ան շեշտած է, որ երբ Ահարոնեան գրողը լռութիւն կ՛ըսէ, կը հասկնայ Մօրիս Մեթեռլինկի լռութիւնը:
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան անդրադարձած է «Աւետիս Ահարոնեանի դիւանագիտական գործունէութիւնը» նիւթին՝ մէջբերելով Ահարոնեանի մասին ֆրանսացի պետական գործիչ, դիւանագէտ Արիսթիտ Պրիանի խօսքերը. «Ահարոնեաններ ունեցող ազգը չի կրնար կորսուիլ»:
Երկրորդ նիստը սկսած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Պետրոս Դեմիրճեանի՝ «Աւետիս Ահարոնեանի անհատականութեան էութեան մասին» զեկոյցով, որուն յաջորդած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Յովհաննէս Գրիգորեանի ներկայացուցած զեկոյցը՝ «Աւետիս Ահարոնեան ՀՅԴ 1912թ. դատավարութեան փաստաթուղթերուն մէջ» խորագիրով: Անկէ ետք Անահիտ Յակոբեան ներկայացուցած է «Աւետիս Ահարոնեանի ինքնակենսագրական պատումի ներժանրային հարստութիւնը» նիւթը։
«Աւետիս Ահարոնեանը եւ անոր ստեղծագործական արժէքները՝ քննադատական միտքի գնահատմամբ» թեմայով զեկուցում կարդած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը: Ան ողջունած է գիտաժողովի կազմակերպումը որպէս գրական համաներման, Ահարոնեանի գնահատման, վերաարժեւորման հրաշալի նախաձեռնութիւն: Ահարոնեանի ստեղծագործութեան վերաբերեալ ուշագրաւ զեկուցումներ ներկայացուցած են բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Աստղիկ Բեքմեզեանը եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Դիանա Համբարձումեանը:
Փիլիսոփայութեան մագիստրոս Յարութիւն Քիւրքճեան (Յունաստան) հանդէս եկած է «Ահարոնեան՝ արուեստագէտ ազգագիր–պատմագիր ամենայն հայոց» զեկուցումով՝ շեշտելով, որ Սփիւռքի հայութեան համար Ահարոնեանն է ամենայն հայոցը:
«Եղիշէ Չարենց եւ Աւետիս Ահարոնեան» թեմայով զուգահեռներ գծած է բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Սէյրան Գրիգորեանը:
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի նախկին տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան) ներկայացուցած է «Նշումներ Աւետիս Ահարոնեանի հասարակական եւ ժողովրդական գործունէութեան մասին» նիւթը:
Ուշագրաւ էին նաեւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտ Խաչատրեանի, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Համօ Սուքիասեանի, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աբրահամեանի զեկուցումները:
Գիտաժողովը ամփոփուած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու Յովհաննէս Զատիկեանի «Աւետիս Ահարոնեանի քաղաքական բառարանը» թեմայով զեկուցումով, ուր Ահարոնեան արժեւորուած է որպէս հայկական դիւանագիտութեան նախակարապետ: Զատիկեանի համաձայն, Աւետիս Ահարոնեանի նամակները՝ ուղղուած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.ին, պէտք է առանձին ուսումնասիրութեան առարկայ դառնան:
Տեղի ունեցած է քննարկում եւ հարց ու պատասխան: Գիտաժողովին նպատակը Աւետիս Ահարոնեան մարդը, գրողը, բանաստեղծը, քաղաքական, հասարակական գործիչը, դիւանագէտը նորէն արժեւորել, զայն իր ժողովուրդին վերադարձնելն էր, նաեւ՝ անկախ Հայաստանի մէջ անկախութեան առաջին ջատագովը բարձրացնել եւ արժեւորել:

«Ասպարէզ», 15 Դեկտեմբեր 2016

No comments:

Post a Comment