2.11.16

«Արեւմտահայերէնը 21րդ դարուն». տեղեկագրութիւն եւ առաջարկներ

Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային, մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու Սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն UNESCO-ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է։
Անշուշտ կան շարք մը նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին են Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի կողմէ հովանաւորուած ծրագիրները, որոնք լրջօրէն սկսած են ուսումնասիրել օրինակ՝ Սփիւռքի դպրոցներու իրավիճակը, արեւմտահայերէնը  որպէս լեզու դասաւանդելու ու անոր հետ կապուած բազմակողմանի հարցերը ու լուծումներու կարելութիւնները:
Բայց եւ այնպէս 21րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը: 
Ինչպէս ընթերցողին յայտնի է, նման հարցերու շուրջ կեդրոնանալու ու քննարկելու միտումով, 21-23 Յունուար 2016ին, Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի կազմակերպութեամբ ու  Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «արհեստանոցային» հաւաք մը որ  մէկտեղեց արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:  
Համալսարանի պարունակին մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքը աւելի գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ ունէր քան թէ գիտական կամ տեսական: Կարճ զեկոյցներու եւ երկար քննարկումներու ձեւաչափով՝ հինգ հիմնական նիստեր տեղի ունեցան (տես ծրագիրը): Բոլոր նիստերու լեզուն արեւմտահայերէն էր: Իւրաքանչիւր հրաւիրուած մասնակից կարճ (5-7 վայրկեան) նախաբան մը ներկայացուց տուեալ նիստի նիւթին շուրջ և ապա ընդհանուր քննարկումներ ու խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան:
Այժմ կարելի է տեղեկագրութիւնը եւ բանաձեւուած առաջարկները ներբեռնել համաժողովի կայքէջէն կամ ուղղակի յատուկ հասցէէն։



No comments:

Post a Comment