ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Այս երկրին մէջ ապրիլը երկուութիւններու առջեւ կը դնէ քեզ։
Այդ զգացումն է որ կ՚ապրիս ամենաչնչին պատահարի իսկ առջեւ․ կ՚ունենաս
երկրի ղեկավար մը, որ մէկ կողմէ քու ազգային պատկանելիութիւնդ իր ամօթը կը
համարի, միւս կողմէ սակայն ունեցած, անցեալէն ժառանգուած քանի մը շէնք ու
շինութիւնդ գործածելի ու եկամտաբեր դարձնելու որոշումներ կ՚ընդունի (հոգ չէ
թէ ապիկար վարիչներդ ոչինչ կրնան ընել ատոնցմով)։ «Հայու փիճեր» պոռացող
ամբոխին առջեւ ծպտուն իսկ չհանող մարդը կը բարձրացնես մինչեւ երկինքի
եօթներորդ յարկը՝ ցեղասպանութեան զոհերու սերունդներէն կէս-բերան
ներողութիւն խնդրած ըլլալուն համար։ Ապրած երկուութիւնդ ծածկելու տարազն ալ
պատրաստ է․ «Սոխին անուշը չ՚ըլլար, թուրք է»։ Չես մտածեր իսկ, որ նոյն
վարքը քու վարիչներդ ալ կ՚ունենան․ ինքզինք համայնքին ղեկավարը հռչակած
անձը չէ՞ր որ եղբայրասպան կռիւ մը սոսկ կոչած էր 1915-ի պետական
յանցագործութիւնը, նոյն անձը չէ՞ որ դպրոցները փակել տալու համար հազար ու
մի խաղեր կ՚ընէ, հայերէնի ուսուցիչներ վռնտել կու տայ վարժարաններէն, կամ
քու հոգեւոր առաջնորդդ չէ՞ր, ոճրագործին իսկ լեզուով, որպէս կայսերապաշտ ուժերու գործիք բնութագրողը 1915-ի զոհերը (այս պատճառով նոյնիսկ Հայաստանի կէս ճամբայէն ետ դարձուցած էին զինքը)։
«Մեզի ինչ»ը, գիտեմ, երկուութեանդ ծփացող մասն է։ Սառցալերան մեծը
ծովուն տակն է։ Գիտե՛մ։ Այս երկրին համար մեծագոյն զոհը դուն եղած ես։ Այն
մտայնութիւնը, որ այսօր խաւար օրերու կ՚առաջնորդէ մեզ, աւելի քան 100 տարի
առաջ մարդկային պատմութեան մեծագոյն ու սոսկալի յանցագործութիւններէն մէկը
կը դարբնէր մութին մէջ։ Գիտեմ, վիրաւոր ես հոգիիդ խորքին մէջ։ Ո՞վ ձայն
հանեց երբ միլիոններով կը նահատակուէինք, կը մտածես, իրաւա՛մբ։ Չլռեցի՞ն,
չուրացա՞ն, չծածկեցի՞ն ու դեռ չե՞ն լռեր, չե՞ն ուրանար, չե՞ն ծածկեր
կատարուածները։ 1915-ը մոռցի՛ր պահ մը, հապա՞ Ունեւորութեան տուրքը, 6-7
Սեպտեմբերը, Հրանդ Տինքին ոճիրը․․․ Ո՞վ է հաշիւ տուողը եւ ո՞վ է պահանջողը։
Անտարբերութիւնդ անհետաքրքրութենէ չի բխիր, խռովք կայ լռութեանդ մէջ։
Մութին մէջ ձեռքերը շփելով այս մեծ խաւարին դիմաց երջանկացող նենգամիտն ալ
չես, գիտե՛մ, երկուութիւնդ, երկմտութիւնդ է քեզ անգործութեան դատապարտողը
թերեւս։ Սակայն հիմա՛, ա՛յժմ, ներկայի՛ս, կատարուած անարդարութեան առջեւ
պոռացողը, աղաղակողը դուն պէտք չէ՞ ըլլայիր։ Դո՛ւն՝ որ պատմութեան մեծագոյն
անարդարութեան զոհն ես։ Նահատակութիւնդ ուժ պիտի չտա՞յ ընդդէմ
բռնապետութեան՝ ժողովուրդներու համակեցութեան պայքարին։
Այսօր ինչպէ՞ս լռութեամբ ընդունիս բանտարկութիւնը փորձառու լրագրող
Այտըն Էնկինի՝ մէկը, որ Հրանդին նահատակութենէն ետք ալ շարունակած էր ձեռք
մեկնել, օժանդակել քեզի, «Ակօս»ին միջոցով։ Հա՞պա լրագրող Քատրի Կիւրսելը,
որ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը բարձրացած ու յարգանքի իր տուքը մատուցած էր
Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։ «Մեր հայ եղբայրները, հայ ժողովուրդը
անմոռուկ ծաղիկը գործածեր են՝ որպէսզի ապրուած ցաւերը, ցեղասպանութիւնը,
կորուստները չմոռցուին։ Մենք երբեք չենք մոռցած ու պիտի չմոռնանք ալ։ Մեր
հոգիի խորքը կ՚ապրինք այս ցաւը, այս կոտորածը, այս ցեղասպանութեան
հետեւանքով ստեղծուած ողբերգութիւնը»։ Տիյարպեքիրի քաղաքապետ Կիւլթան
Քըշանաքի խօսքերն են՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առթիւ
Տիյարպեքիրի մէջ կայացած սգահանդէսին։ Հիմա բանտարկուած է, հեռացուած
պաշտօնէն, ուր կոչուած էր տիյարպեքիրցիներու 55 առ հարիւրի քուէով։ Արժանի
չէ՞ ուշադրութեանդ, հետաքրքրութեանդ։ Կամ արձակագիր Ասլը Էրտողա՞նը, որու
մէկ յօդուածը թարգմանած ու տպած էի՝ ցոյց տալու համար մարդասիրական իր
կեցուածքը նաեւ Մեծ Եղեռնի զոհերուն առջեւ՝ մտածելով, թէ թերեւս կը
թրթռացնեմ հետաքրքրութեանդ ջիղը։ Եւ դեռ Նեպիլ Էօզկենթիւրքը, Ճան
Տիւնտարը, Նեճմիյէ Ալփայը, Ալթան եղբայրները, միւսները, մարդիկ, որոնք այս
բարդ հասարակութեան լուսատուներն են։ Եւ հիմա բանտարկուած են կամ
բանտարկուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուին։
Չե՞ս կարծեր, այս ճնշումները նաեւ քեզի կը վերաբերին։ Երկուութիւնը ո՛չ
թէ անտարբերութեան, այլ յարմարողականութեան կ՚առաջնորդէ քեզ։ Եւ վաղ թէ
ուշ այս խաւարը քեզ ալ պիտի պատէ ու այն ժամանակ խօսելու կամ բողոքելու
առիթ երբեք պիտի չունենաս։
Նաեւ սփիւռքահայերուն է խօսքս։ Կը սիրէք Թուրքիա գալ, այցելել մեր
հայրենի բնակավայրը, յուշարձանները, որոնք դեռ կանգուն են, ցուցահանդէսներ,
համերգներ սարքել այստեղ, համագործակցիլ տեղացի արուեստագէտներուն,
մտաւորականներուն հետ։ Ուժ կու տաք մեզի այս կերպով։ Սակայն այսօր
վտանգուած են այն բոլոր վայրերը, ուր կ՚այցելէք, այն բոլոր անձերը, զոր կը
սիրէք եւ որոնց հետ կը համագործակցիք։
Ձայն մը․․․ Պզտիկ նեցուկ մը։
Գոնէ ըսելու համար, թէ չէք ընդունիր կատարուած անարդարութիւնները։
Գոնէ յաջորդ սերունդները գիտնան, որ յանցակիցը, ընդունողը, վաւերացնողը չէիք կատարուածներուն։
No comments:
Post a Comment