Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբերին «Ազատութիւն»
ձայնասփիւռին տուած իր հարցազրոյցին առթիւ ունեցած արտայայտութիւններով
կրկին բոլոր ուշադրութիւնները հրաւիրած է իր վրայ:
Ան անդրադարձած է ղարաբաղեան խնդրին, տնտեսական գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ ստեղծուած բարոյա-քաղաքական մթնոլորտին:
Արցախի առնչուող վերջին զարգացումներու մասին հարցումին, Ռոբերտ Քոչարեան պատասխանած է, որ այսօր ականատես կ՚ըլլանք շարք մը անբարենպաստ գործօններու կուտակման, ինչ որ լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: «Ռուսաստանեան զէնքի մատակարարմամբ ռազմական հաւասարակշռութեան խախտումը, ԼՂ հարցով միջազգային կազմակերպութիւնների մի քանի տհաճ բանաձեւերը եւ զեկոյցները, Ադրբեջանի նախաձեռնութեամբ տարածաշրջանային համագործակցութեան նոր ֆորմատի ձեւաւորումը (իհարկէ՝ առանց Հայաստանի), մեր երկիրը շրջանցող "հիւսիս-հարաւ" տրանսպորտային միջանցքի ստեղծումը։ Տեղի ունեցող աշխարհաքաղաքական հետեւանքները երկարատեւ բացասական ազդեցութիւն են ունենալու երկրի տնտեսութեան, միջազգային եւ տարածաշրջանային գործերում մեր կշռի ու ազդեցութեան եւ իհարկէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցային գործընթացի մէջ ներգործելու մեր ռեսուրսի վրայ», ըսած է ան: Իսկ «հող՝ կարգավիճակի դիմաց» շշուկներուն մասին հարցումին, Ռ. Քոչարեան պատասխանած է, թէ ծանօթ չէ միջնորդներուն եւ կարգաւորման առաջարկի վերջին տարբերակին, այդ պատճառով բուն փաստաթուղթին քննարկումը ճիշդ չի գտներ: “Սակայն, դատելով հակամարտող կողմերի պաշտօնեաների յայտարարութիւններից, ինչպէս նաեւ մերձիշխանական զանգուածային լրատու միջոցների բազմաթիւ հրապարակումներից, կողմերի մօտ զիջումների գնալու պատրաստակամութիւնը խիստ անհամաչափ է”, գնահատած է ան, աւելցնելով որ ատիկա կը վրդովեցնէ հանրութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, բացասական սպասումներ կը յառաջացնէ բանակցութիւններէն եւ կրնայ պարտուողական տրամադրութիւններու պատճառ դառնալ:
«Ո՞րն է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի՝ Ձեզ համար ընդունելի կարգաւորման տարբերակը», հարցումին Ռ. Քոչարեան պատասխանած է, որ իր կարծիքը չէ փոխուած եւ թէ «ԼՂՀ անկախութիւնը եւ Հայաստանի հետ ընդհանուր սահմանի առկայութիւնը չեն կարող սակարկութեան առարկայ լինել։ Ընդ որում, ապրիլեան պատերազմը պէտք է կարծրացնի մեր մօտեցումները կարգաւորմանը, այլ ոչ թէ թուլացնի դրանք, քանի որ մեծացնում է որեւէ զիջումների գնալու ապագայ ռիսկերը։ Կրկնուեմ. առաջին հերթին անվտանգութեան երաշխիքներով եւ հանրաքուէի կոշտ կապակցուածութեամբ վերահսկուող տարածքների մի մասի վերադարձի հետ։ Հաշուի առնելով փոխվստահութեան զրոյական մակարդակը, պէտք է բացառել անորոշութիւնները, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան կողմերի՝ ապագայ համաձայնագրի որեւէ կէտի ազատ մեկնաբանելու հնարաւորութիւնը»։
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական, տնտեսական վիճակին, նախկին նախագահը շատ յոռետես է: “Ցաւօք, ոչ մի յուսադրող բան ասել չեմ կարող։ Մեր վիճակագրութիւնն այլեւս չի արտացոլում իրական տնտեսական իրավիճակը, իսկ կառավարութիւնը դադարել է ձեւակերպել եւ ձեւաւորել տնտեսական քաղաքականութիւնը։ Սոցիալական ցանցերն այսօր ինչպէս մարդկանց տրամադրութիւնների, այնպէս էլ երկրում ձեւաւորուած սոցիալ-քաղաքական իրավիճակի ամենաօբյեկտիւ ցուցիչն են։ Արդէն մի քանի տարի է, ինչ հասարակութեան մէջ դիտւում է բացասական տրամադրութիւնների ինտենսիւ կուտակում։ Այսօր դրանք չափազանց սրուել են, ընդ որում՝ այդ տրամադրութիւնների ծայրայեղականացման գործընթաց է ընթանում։ Դա չի կարող չանդրադառնալ ներդրումային ակտիւութեան, գնողական տրամադրութիւնների, միգրացիայի, այսինքն՝ ընդհանուր առմամբ տնտեսութեան վրայ», ըսած է ան:
Իսկ «Ազատութեան»՝ «Ի՞նչ գնահատական կը տաք “Սասնայ ծռեր” խմբի գործողութեանը» հարցումին, Ռ. Քոչարեան տուած է հետեւեալ պատասխանը.-«Ռադիկալ դրսեւորումներ կարող են լինել ցանկացած, նոյնիսկ ամենաբարեկեցիկ եւ ժողովրդավարական երկրներում։ Ամէնուրեք կը գտնուեն մարդիկ, ովքեր ծայրայեղութիւնների մէջ կը տեսնեն քաղաքական եւ սոցիալական խնդիրների լուծման ուղին։ Հարցն այն է, թէ ինչպէս է արձագանգում հասարակութիւնը ներքաղաքական խնդիրների ուժային, զինուած լուծման փորձերին։ Ինձ առաւելապէս մտահոգել է մեր հասարակութեան ռէակցիան տեղի ունեցածին։ Չնայած զոհի առկայութեանը, ընդամէնը մէկ օր յետոյ հասարակութեան մէջ գերակշռող դարձաւ զինուած խմբի ընկալումը՝ որպէս ապստամբների, որ մարտահրաւէր են նետել իշխող ռեժիմին։
Սա խօսում է մարդկանց տրամադրութիւնների, իշխանութեան հանդէպ նրանց վերաբերմունքի, այն ճնշման մասին, որ գործում են հասարակական գիտակցութեան վրայ քրոնիկ դարձած քաղաքական, տնտեսական եւ սոցիալական խնդիրները։ Սա դեղին քարտ է երկրի քաղաքական համակարգին։ Կրկնուեմ. ոչ թէ ինքնին ոստիկանական գնդի գրաւման փաստը, այլ հասարակութեան արձագանգը այդ գործողութեանը, փողոցում ու սոցիալական ցանցերում մասսայական աջակցութեան արտայայտումը եւ կատարողների հերոսացումը։
Այսպիսի երեւոյթը հնարաւոր չէ արհամարհել եւ դրա հետ պէտք է ինչ-որ բան անել, հակառակ դէպքում երկիրը ապրելու է ասես վառօդի տակառի վրայ։ Պէտք են արմատական ռեֆորմներ, մարդիկ պէտք է քաղաքական մրցակցութիւն տեսնեն երկրում եւ փոփոխութիւնների հնարաւորութիւն՝ լեգիտիմ ընտրական գործընթացի, այլ ոչ թէ պետական հիմնարկներ գրաւելու եւ պատանդներ վերցնելու միջոցով»։

***
Նախկին նախագահին կողմէ իշխանութիւններուն ուղղուած այս բուռն
քննադատութիւնները Հանրապետական կուսակցութեան բազմաթիւ
անձնաւորութիւններու նոյնքան բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձած են:
Անոնցմէ Կարէն Աւագեան, «Դիմագիրք»-ի մէջ գրած է, թէ այս հարցազրոյցով
Ռոբերտ Քոչարեան միայն ցոյց տուաւ, թէ ինք դեռ կը գոյատեւէ: Ան աւելցուցած
է, որ Քոչարեան նկատելով իր ընկերոջ՝ Վարդան Օսկանեանի քաղաքական ծրագրերու
ձախողութիւնը, այս ձեւով փորձեց վերայայտնուիլ քաղաքականութեան ասպարէզին
մէջ: Այլ հանրապետական մը՝ Սամուէլ Նիկոյեան ալ Քոչարեանի շրջանի տնտեսական
յաջողութիւնները վերագրած է այն ժամանակաշրջանի նպաստաւոր պայմաններուն եւ
յիշեցուցած է, թէ շրջանի վարչապետը եւ կառավարութեան անդամները
հանրապետականներ էին:
Յամենայն դէպս, այս հարցազրոյցը հայաստանեան ներքաղաքական օրակարգի վերջին օրերու գլխաւոր նիւթը դարձած է: 1in.am առցանց թերթին մէջ Արամ Ամատունի երեւոյթը կը մեկնաբանէ հետեւեալ զոյգ հանգամանքներով: Մէկ կողմէն կը պարզուի, թէ իրականութեան մէջ՝ մինչ լրջագոյն մարտահրաւէրներ զիրար կը հրմշտկեն, հայաստանեան ներքաղաքական օրակարգը որքա՜ն մանր հարցերով կը զբաղի, միւս կողմէն ալ՝ այս հարցազրոյցով իսկ Ռոբերտ Քոչարեան կրնայ հանրութեան աչքին արժեզրկելով «ՏԻՄ-ացուած օրակարգը»` նպաստել իշխանութիւններուն ՏԻՄ (Տեղական ինքնակառավարման մարմիններ) ընտրութիւններուն՝ «ընդդիմադիր գրոհը» չէզոքացնելու կամ դիմագրաւելու համար:

«Նոր Յառաջ», 8 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment