ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
«Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այդ առիթով
կազմակերպուած ուղեւորութիւնները, հանդիպումներն ու քննարկումները լիարժէք
ծառայեցին թերթին մասին գոյութիւն ունեցող ընդհանուր գաղափարը,
պատկերացումները խորացնելու եւ մանաւանդ անդրադառնալու զգայուն
տարածաշրջանի մը մէջ լոյս տեսնող 85-ամեայ օրաթերթին ստանձնած դերին եւ այդ
դերի կատարումի ազդեցիկութեան կամ այժմէական իրադարձութիւնները նկատի
ունենալով` անհրաժեշտութեան:
Հայ մամուլի ներկայացուցիչներու ընդգրկուն ներկայութիւնը Իրանի մէջ, եւ
այդ առիթով անկախ պատմամշակութային տեսարժան վայրեր այցելելէ եւ այդ
առումով որոշ եզրակացութիւններու յանգելէ, առիթը լիարժէքօրէն օգտագործուած
էր նաեւ համայնքի պատասխանատուներուն եւ պետական շրջանակներուն հետ հարցեր
քննելու, քննարկումներ ունենալու:
Թեհրանի Հայ Դատի Յանձնախումբին կազմակերպած ասուլիս-հաւաքէն անցնելով
Թեհրանի, Ատրպատականի եւ Սպահանի հայոց թեմերու հոգեւոր եւ աշխարհական
ներկայացուցիչներու եւ Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ
դեսպանութեան պաշտօնեաներուն հետ ճանաչողականէն անդին տեղւոյն խնդիրները,
պայմաններու նկատառումով կատարուած աշխատանքը, ձեռք բերուած արդիւնքն ու
մանաւանդ հետագային կատարուելիքները ներկայացնելէ մինչեւ իրանեան ամէնէն
յառաջատար լրատուամիջոցներու պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն հետ
հանդիպումները, անցնելով գուցէ ամբողջ Սփիւռքին մէջ իբրեւ եզակի դրոյթ
«Արարատ» կեդրոնի աշխատանքներու ծանօթացում, համահայկական խաղերու տպաւորիչ
բացում եւ փոքրամասնութիւններու հարցերով Իրանի նախագահի օգնականի
ներկայութիւն եւ յղած ուղերձ. վերջապէս` Իրանի մշակոյթի նախարարին, ինչպէս
նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերին հետ երկարատեւ
հանդիպում, ընդ որում հայկական հարցերու գծով առնչուած տարբեր
ուղղութիւններու խոր քննարկումներ. այս բոլորը առիթ էին իսկապէս
իրազեկուելու երանգային մօտեցումներուն, շեշտադրումներուն, քաղաքական
իրադարձութիւններու ելեւէջներուն համընթաց դիրքորոշումներուն ծանօթանալու.
տեսակէտ յայտնելու եւ տեսակէտ լսելու հազուադէպ առիթ տրամադրուած էր հայ
մամուլի ներկայացուցիչներուն:
Ուղեւորական լրագրութեան փորձութենէն անդին փորձենք քաղաքական քանի մը
երեւոյթի վրայ կեդրոնանալ եւ եզրակացութեան որոշ ուրուագծումներ կատարել,
յատկապէս պետական շրջանակներու հետ հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն
ունեցած հանդիպումներուն լոյսին տակ:
Զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ, ուր ամէնէն թէժ պայմաններու,
պատերազմներու համապատկերը կը պարզուի, Իրանի գործօնը թէ՛ լիբանանեան, թէ՛
եմէնեան եւ թէ՛ մանաւանդ սուրիական տարածքներու վրայ վճռորոշ է,
անշրջանցելի: Իրանը տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ մնալ գլխաւոր խաղացող:
Եւ որովհետեւ նոյն տարածաշրջանին մէջ կը գործեն նաեւ մեր ամէնէն աւանդական,
դասական, այլ նաեւ կազմակերպ համայնքները, պաշտօնական Թեհրանի
համապատասխան գերատեսչութիւնները անպայման նկատի ունեցած էին հայ
համայնքներու քաղաքական աւանդական վարքագիծը: Եւ բնական էր, որ
ակնկալութիւնը կեդրոնանար տեղեկատուական դաշտի գործիչներէն Իրանի իրական
դիմագիծի ներկայացման ու լուսաբանման վրայ: Երկար տարիներէ ի վեր ստեղծուած
էին կարծրատիպեր` Իրանի ծայրայեղականութեան, կրօնամոլութեան,
հակաժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման մասին:
Հսկայական քարոզչամեքենաներ բանած էին Իրանի մեկուսացման նպատակով`
սովորական ուղեւորին համար վախազդու պատկերներ ստեղծելով եւ երկիրը
անցանկալի տարածքի վերածելով: Հիմա պետութեան համար պահն է քանդելու այդ
կարծրատիպերը եւ ցոյց տալու Իրանի հանդուրժողական դիմագիծը: Բայց այս
անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն Արեւմուտքի հետ դանդաղկոտ մերձեցման առընթեր
ինքզինք զգալի կը դարձնէ, այլ նաեւ տարածաշրջանին մէջ կրօնական քողին տակ
կիրարկուող բռնութեան, վայրագութեան ցուցադրութեան եւ մարդոց գլխատումներու
երեւոյթներուն դիմաց կը փաստէ, որ իսլամութիւնը պաստառներուն վրայ եւ
ելեկտրոնային տարածքներու վրայ ցուցադրուող վայրագութեան եւ նորագոյն
ահաբեկչութեան հետ կապ չունի:
Բայց, յայտնաբար ոչ միայն իսլամութիւնը, քանի որ Իրանի տարբեր
միջավայրերուն եւ յատկապէս Սպահանի մէջ մենք նկատեցինք ազգային իսլամութիւն
մը, պարսկական իսլամութիւնը, որ սերտօրէն աշխարհընկալման ազգային ոսպնեակի
հետ առնչուած էր: Թեհրանի մէջ իբրեւ մշակութային ժառանգութիւն կը
հանդուրժուէր եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած զբօսաշրջիկներուն կը
ցուցադրուէր իսլամական յեղափոխութեան կողմէ տապալած բառին իսկական իմաստով
անգնահատելի Շահական ժառանգութիւնը, մինչ Սպահանը կը յատկանշուէր Շահ
Աբբասներու պալատներով, մշակութային եւ ճարտարապետական կոթողներով,
պարսկական պատմութեան մէջ յատկանշուած կարեւոր երեւոյթներով:
Մահացողին հետ ամենահամեստ երեւոյթներով վարուող կրօնը ապշեցնող
պալատանման, ծաւալուն սրբատեղի-համալիրի վերածած էր Խումէյնիի գերեզմանը:
Երեւոյթը անմիջապէս քաղաքական տրամաբանութիւն կը յուշէր: Յատկապէս վերջին
շրջանին, երբ պարսիկ կամ շիի ուխտաւորներուն կը զլացուէր մեկնիլ
Մեքքէ-Մետինէ, պաշտօնական Թեհրանը անհրաժեշտութիւնը կը զգար կառուցելու
կրօնական, մշակութային, ակադեմական ծաւալուն համալիր մը, որ նաեւ պիտի
դառնար համաշիիական ուխտատեղի:
Առնուած քայլերը, կատարուած ներդրումները քաղաքականօրէն նպատակաուղղուած
էին: Այդպէս պէտք է ընկալել նաեւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու
պատասխանատուներուն ընդունումը պետական շրջանակներու կողմէ: Հայկական
աշխարհատարած լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները պէտք է առաւելագոյնս
հանգիստ զգային, դրական տպաւորութիւն ունենային Արեւմուտքի կողմէ երկար
ատենէ ի վեր թիրախաւորուած Իրանի մէջ:
Կարելի է արձանագրել, որ այդպէս ալ եղաւ: Արտակարգ հիւրընկալ միջավայրի ստեղծումը նպաստեց այդ կարծրատիպերը քանդելու աշխատանքին:
Թէ՛ մշակոյթի նախարարին եւ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութեան
պաշտօնեային հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ուշագրաւ էր այն, որ
ուղերձները հայկական կամուրջներով Իրանէն դէպի աշխարհ գացող
հանդուրժողական էին, միջկրօնական երկխօսութեան հաւատացող, խաղաղասիրական,
բայց նաեւ ծայրայեղականութիւնը արմատապէս մերժող եւ նման գործընթացներ
կասեցնելու համար վճռակամութիւն ցոյց տուող:
Քաղաքական այս երկխօսութիւններուն ընթացքին էր, որ պարզ դարձաւ, որ
Թեհրանը կը հաւատայ, թէ Միացեալ Նահանգներուն հետ անգամ միջազգային
ահաբեկչութեան դէմ պայքար մղելու համագործակցութեան տեղ ունի. պարզ էր
նաեւ, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները երէկուան լարուած իրավիճակը չեն
պարզեր եւ տարածաշրջանին մէջ Անգարան Թեհրանին հետ միասին նոյն
առաջադրանքին համար ընելիք ունի, եթէ Էրտողանի վարչակարգը կասեցնէ իր
աջակցութիւնները ծայրայեղ խմբակցութիւններուն, ֆինանսաւորումներն ու
ընդհանրապէս հովանաւորչութիւնը: Խօսակցութեան նիւթ չէր քրտական գործօնը,
որուն յառաջխաղացքին կասեցման համար Անգարա ամէն կերպ կը ջանայ պատնէշներ
ստեղծել. ամենայն հաւանականութեամբ նուրբ խնդիր էր ասիկա Թեհրանի
պաշտօնատարներուն համար` նկատի ունենալով նաեւ իրանաքիւրտ ազգաբնակչութեան
գոյութիւնը:
Այս գետնին վրայ, նոյնիսկ Անգարա-Թել Աւիւ վերականգնուող
յարաբերութիւնները անհանգստութեան առիթ չէին տար Թեհրանին, որ հասկնալիօրէն
բոլորին սլաքները կը փորձէր ուղղել կրօնական ծայրայեղականութեամբ սնուող
ահաբեկչութեան դէմ, որ իր հերթին կը վայելէր հովանաւորչութիւնը Սէուտական
Արաբիոյ:
Հիմնականին մէջ ազրպէյճանական ծագում ունեցող բազմամիլիոնանոց
իրանցիներու առկայութիւնը պատճառ էր, որ Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւններու
ներկայացումը բնականոն սահմաններու մէջ մնար: Եւ ասիկա յատուկ
շեշտադրումներով որեւէ կերպ չէր կրնար վնասել Թեհրան-Երեւան յատուկ
գործընկերական յարաբերութիւններուն: Ասիկա փաստ էր նաեւ այն իմաստով, որ
Թեհրանը ունէր ու կը շարունակէ ունենալ իր հաւասարակշռուած մօտեցումը
կովկասեան տարածաշրջանին եւ յատկապէս արցախեան հակամարտութեան լուծման
գործընթացին մէջ: Թէ՛ Մեղրիի ծրագիրը եւ թէ՛ ընդհանրապէս առեւտրատնտեսական
ծրագիրներու աշխուժացման առաջադրանքները կը վկայեն ապամեկուսացող Իրանի եւ
Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կապերու սերտացման եւ մանաւանդ ծաւալներու
ընդլայնման մասին: Սեւ ծովն ու Կասպից ծովը ցամաքային կամուրջով իրար
միացնելու դեր ստանձնելու պատրաստ Երեւանը այս իմաստով կրնայ նաեւ
տարածաշրջանային մակարդակի վրայ դեր ստանձնած ըլլալ: Իսկ հայկական կողմը չի
մոռնար անշուշտ, որ ամէնէն թէժ պայմաններուն մէջ, երկկողմանիօրէն
շրջափակուած ըլլալով եւ գէթ որոշ ժամանակի համար նաեւ վրացական սահմանէն
զրկուած ըլլալով, Իրանն էր մեկուսացման մէջ յայտնուած Երեւանի համար միակ
ցամաքային ելքը:
Բնական էր տակաւին, որ Իրանի պաշտօնատարներուն մօտ նկատուէր յատկապէս
Լիբանանի մէջ գործող հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու
ներկայացուցիչներուն հանդէպ որոշակի դրական զգայնութիւն: Անոնք բարձր
գնահատեցին լիբանանահայ համայնքի դերը տեղւոյն քաղաքականութեան մէջ եւ
իրենց կողմէ ընդունուած ուժերու հետ ունեցած բնականոն համագործակցութիւնը`
յիշելով քաղաքացիական պատերազմէն որոշակի օրինակներ: Ակնյայտ էր նաեւ
սուրիահայ համայնքին նկատմամբ քաղաքական գնահատականի տուեալներու թէեւ
զուսպ, այնուամենայնիւ պարզ փոխանցումը:
Մեր կողմէ իրաւամբ նկատուած էր, որ մինչ միեւնոյն տարածաշրջանին մէջ
մշակոյթ եւ քաղաքակրթութեան գլուխ-գործոցներ կը քանդուին, իրանեան
տարածքներու վրայ քրիստոնէական աշխարհի առաջին վանքային համալիրները կը
վերանորոգուին, կը պահպանուին եւ կը ներկայացուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին, իբրեւ
կրօնապատմամշակութային անգերազանցելի ճարտարապետութեան նմուշներ:
Իրանահայկական այս արժէքներու համաշխարհայնացումը բոլորիս պարտքն է:
Հռոմի տաճարին ոչինչով զիջող Նոր Ջուղայի Ամենափրկիչ եկեղեցին կամ
ամբողջ քրիստոնէական աշխարհին մէջ իբրեւ առաջին վանքային համալիր
ներկայացող Ս. Թադէն միայն իրանահայկական արժէքներ չեն, այլ
համաքրիստոնէական կամ համաշխարհային քաղաքակրթական: Իրանի առընթեր պահն է,
այս արժէքները եւս ապամեկուսացնելու եւ հոգեւոր զբօսաշրջութեան
կազմակերպումներով համայն աշխարհին ծանօթացնելու: Իսկ այստեղ ամէն
գնահատականէ վեր է այդ արժէքներուն համար երկար տարիներ աշխատանք տարած,
ուսումնասիրած հայ գիտնականներու, ճարտարապետներու եւ այժմ ալ Իրանի
մշակոյթի նախարարութեան հետ համատեղ վերանորոգման աշխատանքներ իրականացնող
իրանահայ գործիչներու դերակատարութիւնը:
Այս արժէքներու պահպանման, վերանորոգման եւ միջազգայնացման համար Իրանի
պետութիւնն ու իրանահայութիւնը կը շարունակեն կատարել իրենց աշխատանքները:
Սուր կերպով զգացինք ճանաչողականութեան զարգացման համար հայկական կողմին եւ
այս պարագային հայկական լրատուամիջոցին ստանձնելիք դերին
անհրաժեշտութիւնը: Իսկ ասիկա հաւանաբար կը բխի նաեւ Իրան – Հայաստանի
Հանրապետութիւն միջպետական համատեղ շահերէն եւ ինչու չէ նաեւ հայկական
աւանդական եւ կազմակերպ համայնքներ ներառող միջինարեւելեան տարածաշրջանին
մէջ Իրանի գործօնի ունեցած դերին կարեւորութենէն:
«Ազդակ», 29 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment