ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր արեւմտեան
երկիրները Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտիները ամրացնելու համար
հեռուէն կամ մօտէն թիրախ առած են Իրանը։ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղ
իսլամական շարժումներու դէմ պայքարին մէջ կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ
իրանեան զինեալ միջամտութիւնը։ Այս բոլորին կողքին, իրանեան
հիւլէակայաններու տագնապը ամենէն ծանրակշիռն էր, որովհետեւ Արեւմուտքը
Իրանին պարտադրեց տնտեսական եւ ելեւմտական խիստ պատիժներ, որոնք տարիներ
շարունակ շնչահեղձ դարձուցին երկիրը։ Բարեբախտաբար բարեյաջող աւարտ մը
ունեցաւ, ինչ որ առիթ տուաւ Իրան այցելութիւններու նոր հոսանք մը ստեղծելու։
Սեպտեմբեր 12-էն 20, աշխարհասփիւռ հայ մամուլի եւ Հայաստանի լրատու միջոցներու պատասխանատուներու խմբակ մը Իրան այցելեց։ Շարժառիթը՝ պարսկահայութեան երկարամեայ «Ալիք» օրաթերթի (*) 85-ամեակն էր։ Ութօրեայ հրաւէրը կը համընկնէր պարսկահայութեան կազմակերպած Համահայկական մարզական 48-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան եւ կը նախատեսէր այցելութիւններ՝ Թեհրանի, Թաւրիզի եւ Նոր Ջուղայի համայնքային եկեղեցական, կուսակցական, կրթական, մարզական, մշակութային ու Հայ դատի կեդրոններ։ Ծրագրուած էին նաեւ հանդիպումներ իրանեան լրասփիւռներու եւ Իրանի Մշակոյթի նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ Խոմէյնիի դամբարանի այցելութիւն։
Իրանը՝ Ֆրանսայի երեք անգամը աւելի մեծ տարածք ունեցող երկիր է։ Դարերով
բազմաթիւ ժողովուրդներու եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու համակեցութեան
կառավարման փորձը ունի։ Հայ-պարսկական յարաբերութիւններն ալ ունին դարաւոր
պատմութիւն։ Պարթեւական տոհմի հայկական թեւը ազգակից էր պարսկականին։ Հայ
խմբագիրներու հանդիպումները պարսկահայ համայնքի կենսունակութիւնը
յայտնաբերելու բացառիկ առիթներ եղան։ Սեպտեմբեր 12-էն 20, աշխարհասփիւռ հայ մամուլի եւ Հայաստանի լրատու միջոցներու պատասխանատուներու խմբակ մը Իրան այցելեց։ Շարժառիթը՝ պարսկահայութեան երկարամեայ «Ալիք» օրաթերթի (*) 85-ամեակն էր։ Ութօրեայ հրաւէրը կը համընկնէր պարսկահայութեան կազմակերպած Համահայկական մարզական 48-րդ խաղերու բացման հանդիսութեան եւ կը նախատեսէր այցելութիւններ՝ Թեհրանի, Թաւրիզի եւ Նոր Ջուղայի համայնքային եկեղեցական, կուսակցական, կրթական, մարզական, մշակութային ու Հայ դատի կեդրոններ։ Ծրագրուած էին նաեւ հանդիպումներ իրանեան լրասփիւռներու եւ Իրանի Մշակոյթի նախարարութեան հետ, ինչպէս նաեւ Խոմէյնիի դամբարանի այցելութիւն։
Պարսկաստանը ինքնին քաղաքակրթական համամարդկային նուաճումներու երկիր է՝ սկսելով Աւեստայէն, Փերսեփոլիսէն մինչեւ իսլամական ճարտարապետութիւնը, բանաստեղծութիւնը, երաժշտութիւնը, մանրանկարչութիւնը, խոհանոցը… Ասոնց կողքին կան նաեւ պարսկահայ մշակութային գոհարներ, հայկական Պարսկաստան մը, որուն պատմութիւնը պէտք է յայտնաբերել եւ իւրացնել, առանց որուն հնադարեայ եւ ժամանակակից Հայոց պատմութեան մեր գիտութիւնը կը մնայ մասնակի։ Կան ճարտարապետական գոհարներ եւ երեւոյթներ որոնց նմանը կարելի չէ գտնել նոյնիսկ անկախ Հայաստանի մէջ։
Հայկական Պարսկաստանը՝ Ատրպատականէն մինչեւ Նոր Ջուղա Հայոց պատմութեան կենդանի թանգարան մըն է՝ Ամենափրկիչ վանքը, Աւարայրի դաշտը, Ս. Թադէի վանքը…, որ Արեւմտահայաստանի պարպումով եւ Հայաստանի սովետականացումով, կը մնայ միակ սրբավայրը, ուր աւանդական ուխտագնացութիւնը դեռ կը կատարուի ամէն տարի ամրան կիսուն։ Ատրապատականը՝ հարաւային Հայաստանի պատմավայր է՝ Ուրմիոյ լիճով ու անոր յարակից հայկական գիւղերով՝ Սալմաստ, Խոյ, Մակու, Գեարդաբադ… որոնք եղած են հայկական բնակավայրեր։ Ինչ որ Թուրքիան Մեծ եղեռնով քանդած է եւ առգրաւած, նոյնիսկ տասնամեակներ պատմական Արեւմտահայաստանի այցելութիւնը արգիլած, Պարսկաստանի պարագային եղած է ճիշդ հակառակը։ Իսկ այսօր, Իրանի կառավարութեան գանձատրումով եւ հսկողութեամբ Ատրապատականի, Արաքսի ափը եզերող գօտին ենթակայ է ճարտարապետական վերականգնումի ու նորոգութեան, ինչպէս՝ Ս. Թադէի, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի, Ծործորի եւ Հովիւի եկեղեցիները եւ բազմաթիւ ուրիշներ։
Մինչեւ այսօր Ատրպատականի շրջանին մէջ ցանկագրուած են 125 եկեղեցիներ։ Աւելի ամբողջական պատկեր մը ունենալու համար ըսենք, որ Իրանի տարածքին առ այսօր պաշտօնական տուեալներով գրանցուած են՝ 85 գործող եկեղեցիներ, 196 կիսանքանդ, եւ 292 ուրիշներ, որոնք կը գտնուին բոլորովին աւերուած, ժողովրդաթափ շրջաններու մէջ։
Նոր Ջուղան հայկական մշակութային ժառանգութեան բոլորովին ուրիշ էջ մըն է նաեւ՝ հայ-պարսկական փոխյարաբերութիւններու։ Շահ Աբբաս Բ.ի շրջանին Նոր Ջուղայի կառուցումը եւ հայութեան տրուած առեւտրական ու արհեստագիտական առանձնաշնորհները, զանոնք դարձուցած են Պարսկաստանի արդիականութեան եւ արեւմտեան լուսաւորութեան արժէքներու ներթափանցման դերակատարներ։ Այդ շրջանին Նոր Ջուղան հանդիսացած է հայ մշակութային զարգացման ինքնուրոյն դպրոց։ Եղած է կեդրոնը Ծայրագոյն Արեւելքի՝ Սինկափուրէն մինչեւ Ամսթերտամ, մինչեւ Մոսկուա, մետաքսի ճանապարհներու վրայ գործող հայ առեւտրականներու կեդրոնը։ Անոնց դրամագլուխով կառուցուած են հայկական կրթական ու եկեղեցական բազմաթիւ հաստատութիւններ Եւրոպայի զանազան մայրաքաղաքներուն մէջ։
Թէեւ պարսկահայութիւնը թիւով բաւական նօսրացած է, սակայն կը պահպանէ իր պատմական առաքելութիւնը, կարեւոր օղակ մը հանդիսանալու ուժականութեամբ Պարսկաստանի եւ Արեւմուտքի փոխյարաբերութիւններու զարգացման մէջ։ Եւ Պարսկաստանի կառավարութիւնը գիտակից է այս դերակատարութեան կարեւորութեան, անոր անհրաժեշտութեան։
Այս առումով հայկական լրասփիւռներու ուղղուած հրաւէրը ունէր նաեւ քաղաքական բնոյթ։ Պարսկահայ մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ի 85-ամեակի այս հրաւէրը պէտք է ընկալել երկու հարթակի վրայ։ Առաջինը՝ որ պարսկահայութիւնը կրնայ զօրաշարժի ենթարկել սփիւռքահայ լրատու միջոցները Սփիւռքի տարածքին եւ անոնց ցոյց տալ, որ Իրանի մէջ հայութիւնը կը վայելէ իսլամ-քրիստոնեայ համայնքներու խաղաղ համակեցութեան եւ գործակցութեան օրինակելի դրութիւն մը, հեռու կարգ մը արաբական ու թրքական բախումնալից ծայրայեղական կեցուածքներէ։ Երկրորդ՝ հիմնուելով հայ-պարսկական դարաւոր բարեկամական կապերու վրայ՝ զարկ տալ Հայաստան-Պարսկաստան ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման, Հայաստանը շրջանային տնտեսական ծրագրերուն մէջ ներգրաւելու գործընթացին եւ այդ ուղղութեամբ ալ՝ պարսկահայութեան գործակատարութեան աշխուժացման։
Պատմական բարեկամական յարաբերութիւններէ անդին, անկախութենէն ի վեր շրջափակուած Հայաստանին համար՝ Իրանի զօրակցութիւնը այդ մեկուսացումէն դուրս ելլելու մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ։ Նոյնն էր Արեւմուտքի կողմէ շրջափակուած Իրանի պարագան, երբ Հայաստան բազմաթիւ Իրանցիներու համար հանդիսացաւ առեւտուրի եւ արտաքին աշխարհի հետ յարաբերելու միջոց։ Հիւլէականի շուրջ միջազգային համաձայնագրի ստորագրութեամբ՝ տնտեսական յարաբերութիւններու սերտացման առաւել առիթներ ստեղծուած են, որոնց օգտագործման առումով՝ պարսկահայութիւնը շատ կարեւոր դիրքի տէր է։ Հայ-պարսկական յարաբերութիւնները ունին զարգացման հսկայ կարելիութիւններ, որոնց մէջ ցանկալի է նաեւ որ սփիւռքահայութիւնն ալ իր դերակատարութիւնը ունենայ։ Պարսկահայ համայնքը «Ալիք»-ի 85-ամեակին առթիւ առաւ առաջին քայլը՝ սփիւռքահայ լրասփիւռներու միջոցաւ։
______
(*) «Ալիք» օրաթերթը հիմնադրուած է 1931 Մարտ 22-ին։ Գլխաւոր խմբագիրն է Դերենիկ Մելիքեան, իսկ թերթին արտօնատէրը՝ Ալպերթ Աճեմեան։ «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչն է՝ Հենրիկ Խալոյեան։ Իրանի մէջ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթն է։
«Նոր Յառաջ», 29 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment