ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ
Սուրիոյ աւերիչ պատերազմի բռնկումին հինգ տարին լրացաւ արդէն:
Սուրիան, որ տասնամեակներէ ի վեր եռացող տարածաշրջանի մը անդորր ովասիսը կը
սեպուէր, դարձաւ համաշխարհային քաղաքական ուժերու միջեւ կռուախնձոր`
պատերազմի դաշտի վերածուելով: Սուրիոյ հայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Սուրիոյ
ժողովուրդը, ծանր կորուստներ կրեց պատերազմին պատճառով եւ տեղաշարժի
ենթարկուեցաւ: Անոր ստուար մասը իր ասպնջական հայրենիքին թոհուբոհէն
ազատելու համար դիմեց գաղթի` թափառելով քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր,
հայրենիքէ հայրենիք, միլիոնաւոր համաքաղաքացիներու նման` գաղթականի
աննախանձելի կարգավիճակին մատնուելով:
Սուրիահայերէն շատերը դիմեցին Հայաստան` իբրեւ ապահով ապաստան:
Անոնք ի՞նչ պայմաններու մէջ կ՚ապրին: Հայաստանը մնայուն օթեւա՞ն է
անոնց համար, թէ՞ ժամանակաւոր երդիք, մինչեւ որ իրերու դրութիւնը աւելիով
յստականայ: Ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, ի՞նչ նպաստ բերին
Հայաստանին, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան զանոնք վերջնականապէս Հայաստան
պահելու:
Խնդիրին մօտէն ծանօթանալու համար հարցազրոյցներ կատարեցինք զանազան
ոլորտներու եւ տարբեր կեցութեանց մէջ ապրած սուրիահայերու հետ, որոնք
պատասխանեցին շարք մը հարցումներու: Հարցազրոյցները կատարեցինք Երեւանի
մէջ, 2015-2016 ժամանակաշրջանին, ուսանողներու, պաշտօնեաներու,
գործատէրերու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու հետ`
փորձելով լաւագոյնս ապահովել ընկերային-տնտեսական տարատեսակ շերտերու
ներկայացուածութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է ընթերցողին, պատերազմը Սուրիոյ հայութեան վրայ
մասնաւորապէս ազդեց 2012-ի ամառէն ետք, երբ տագնապը հասաւ Սուրիոյ հիւսիսը
գտնուող Հալէպ` սուրիահայութեան կեդրոնը, ուր տեղակայուած էր
յետցեղասպանութեան սփիւռքի «մայր» գաղութը: Սուրիահայերը նախանցեալ
տասնամեակներու Սուրիոյ յարաբերական կայունութեան շնորհիւ առիթ ունէին
տնտեսապէս եւ ընկերային գետնի վրայ բարգաւաճելու: Սուրիահայերուն մեծ մասը
միջին, վերին միջին եւ հարուստ դասակարգերուն կը պատկանի` ի տարբերութիւն
Լիբանանի հայերուն, որոնց մօտ աղքատութիւնը եւ տնտեսական դժուարութիւնները
աւելի ընդհանրացած են: («Պի. Պի. Սի. Նիւզ»):
Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն շուրջ կատարուած որեւէ
ուսումնասիրութեան պարագային պէտք է նկատի առնել այն իրողութիւնը, որ անոնք
մեծ մասամբ կամաւոր «հայրենադարձներ» չեն: Անոնք իրենց տուն ու տեղէն
արմատախիլ եղած են ներքին պատերազմին, տիրող անապահովութեան պատճառով:
Սուրիահայերէն ստուար շերտ մը` 20.000-ի հասնող, Հայաստան մուտք գործած է
Սուրիոյ հակամարտութիւններուն սկիզբէն ի վեր: Վերոնշեալ թիւէն ոչ բոլորը
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին այժմ:
Ըստ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ 24 փետրուար 2016-ին
կատարուած մէկ յայտարարութեան, 16.000 սուրիահայ Հայաստան տեղակայուած է
(այս թիւը խիստ առարկելի է): Շատեր Հայաստանէն անցան Քանատա, Շուէտ,
Աւստրիա, Գերմանիա եւ ուրիշ երկիրներ, եւ շատերն ալ իրենց կարգին կը
սպասեն, որպէսզի լքեն Հայաստանը, մանաւանդ որ «Հայ տուն»-ի նման ծրագիրներ
գաղթելու դիւրին միջոցներ կ՛ընձեռնեն սուրիահայերուն:
ՄՆԱՅՈ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԳՆԱՅՈ՞ՒՆ, ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻ՞Ք, ԹԷ՞ ԿԱՆԳԱՌ
Թէ Հայաստանը անոնց համար ի՛նչ կը ներկայացնէ` վերջնակա՞ն, թէ՞
ժամանակաւոր երկիր, հարցախոյզին պատասխանողները տարբեր դիրքորոշումներ
ցուցաբերեցին: Ըստ մեծամասնութեան, Հայաստանը հայերուն հայրենիքն է, եւ
Սուրիան ասպնջական հայրենիք է: Սակայն ինչ կը վերաբերի Հայաստան
հաստատուելու հարցին, ոմանք յայտնեցին, թէ Հայաստանը իրենց վերջնական
երկիրն է, ուրիշներ խոստովանեցան` ժամանակաւոր հանգրուան մըն է Հայաստան
մնալը, իսկ երրորդ կարծիքը անորոշութեան կը հակէր:
Երեւանի հրապարակը գտնուող «Փափարածծի» անունով նշանաւոր գիշերային
զբօսավայրի տէր Շանթ Քոչեանը` Լաթաքիա ծնած ու մեծցած, հաւաստեց. «Սկիզբը,
երբ պատերազմէն նոր եկայ Հայաստան, անիկա ժամանակաւոր երկիր էր ինծի համար:
Բայց յետոյ, երբ տեսայ, որ նոր բան ստեղծելու եւ գործի առիթներ կան հոս,
Հայաստանը վերջնական երկիր եղաւ ինծի համար: Միութենական անձ եմ: Հայաստանը
կը մնայ մեր Հայաստանը` հայրենիքը, Սուրիան ալ հայրենիք է, բայց յիշատակ
կը մնայ այլեւս: Եւրոպա ալ գացի այս տարի, բայց Հայաստանը ուրիշ է: Գործը
շատ կարեւոր է հոս մնալու համար»:
Մինչդեռ համպըրկըրի խանութի տէր եւ համակարգիչի նորոգութեամբ զբաղող
Վարդան Պերթիզլեանը ամենայն անկեղծութեամբ ու դառնութեամբ յայտնեց, թէ
Հայաստանը ժամանակաւոր հանգրուան մըն է իրեն համար, որովհետեւ ան թէ ՛շատ
գոհ չէ իր աշխատանքին դիմաց ստացած արդիւնքէն եւ թէ՛ բարօրութեան ու
տնտեսական ապահովութեան իմաստով ապահով չի տեսներ իր ընտանիքին ապագան
Հայաստանի մէջ:
Հակառակ անոր որ Վարդանին ընտանեկան սնաքը բաւական հռչակ ունի Երեւանի
մէջ, անիկա կը գտնուի Պուշկին փողոցին վրայ` փապերուն մօտ, այսինքն իրենց
խանութը յաճախորդի սակաւութենէ չի տառապիր, այսուհանդերձ, ան դժգոհ է եւ
յոռետես: Մտադիր չէ Հայաստան մնալ: Վարդան լիցքաթափելով իր վիշտը`
կ՛ըսէ. «Հայաստանցի տղոց եթէ նոյնիսկ ոսկի գօտի դնես, նոյն անմիտը պիտի
մնան»: Վարդան կ՛աւելցնէ` ըսելով, որ հայաստանցի տղաքը «չաուայա» են
(գռեհիկ անուանում մը , որ Սուրիոյ աղքատ եւ յետամնաց գործաւորներուն համար
կ՛ըսեն):
Վարդանին խօսքերը ծանր են բնականաբար : Հասկնալի կը դառնայ, թէ ինչո՛ւ
այդքան յարձակողական արտայայտութիւններ կ՚ունենայ ան, եթէ նկատի ունենանք
Հալէպի իր կարգավիճակը, բարեկեցիկ կեանքը, իր ապրելու եղանակը այնտեղ,
պատերազմին պատճառով իր ապրած վերիվայրումները եւ անապահովութեան դժուարին
կացութիւնը , որուն մատնուած են ինք ու իր ընտանիքը այժմ Երեւանի մէջ:
21-ամեայ Սարինը, որ Երեւանի մէջ վարչագիտութիւն կ՚ուսանի, յայտնեց իր
Հայաստան մնալու պատրաստակամութիւնը` ուսումը աւարտելէն ետք գոհացուցիչ
պայմաններով աշխատանք գտնելու պարագային, այլապէս պիտի ստիպուի ուրիշ երկիր
երթալու մասին մտածելու:
ՍՈՒՐԻԱ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՄԱՍԻՆ
Դիւրին չէ կամքէ անկախ պատճառներով լքել ծննդավայր մը` հարազատներով
լեցուն, իր տուներով, դրացիներով, փողոցներով, թաղերով, դպրոցներով,
գործատեղիներով, ակումբներով, եկեղեցիներով, կենցաղով, մթնոլորտով ու
յիշատակներով, երբ անիկա ողբերգական եւ դժնդակ օրեր կ՛ապրի: Սուրիահայերը
ձեւով մը բռնագաղթի ենթարկուած են եւ կը կրեն տեղահանուածի հոգեվիճակ:
Սուրիահայերը եւ մասնաւորապէս հալէպցիները կալուածներ, շարժական եւ անշարժ
գոյքեր ունին իրենց ծննդավայրին մէջ, սակայն պատերազմին պատճառով,
դժբախտաբար, անոնցմէ շատեր մասամբ կամ ամբողջական ընչազրկութեան մատնուեցան
եւ այժմ անորոշ վիճակի մէջ են: Անոնք կը սպասեն պատերազմին աւարտին,
որպէսզի կողմնորոշուին. կը ծախուի՞ իրենց ունեցուածքը, թէ՞ ոչ, արդեօք ի՞նչ
մնաց իրենց ունեցուածքէն եւ այլն: Հաղորդակցութեան ժամանակ
կարօտաբաղձութեան եւ թախիծի տրամադրութիւնները պահուած չեն մնար
սուրիահայերուն մօտ:
Վարդան Պերթիզլեան. «Չէ՛, չեմ վերադառնար: Մեր նպատակը հիմա յստակ չէ: Հոս մնալու փափաք չկայ: Կ՛երազեմ ետ Սուրիա երթալ»:
Անոր խօսքերուն մէջ հակասութիւններ ալ կան: Կ՚ըսէ, թէ Սուրիա պիտի
չվերադառնայ, քանի մը երկվայրկեան ետք կ՛ըսէ, թէ կ՚երազէ Սուրիա վերադառնալ
: Անապահովութեան պայմաններուն մէջ անորոշութիւնը զարմանալի պիտի չըլլայ:
Երեւան բնակող սուրիահայ ուսանող մը կը հաստատէ, որ միայն առժամեայ
նիւթական եւ բնակարանային օժանդակութեամբ զանգուածային արտագաղթը չի՛
դադրիր: Ըստ իրեն, խնդիրը միմիայն սուրիահայերուն վերաբերող խնդիր չէ, այլ
աւելին է: Տեղացի երիտասարդութիւնն ալ երկիրը լքելու մտադիր է: Ան կը
շեշտէ, որ Գանատայի, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործ գտնելու եւ
ասպարէզի մէջ յառաջանալու հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, եւ այս մէկը կը
հրապուրէ երիտասարդութիւնը, հայրենիքը լքել կու տայ, օտար ափերու մէջ
հաստատուելու կը մղէ զայն:
Հարցազրոյցներու պատասխանողներուն մեծ մասին մօտ նկատելի էր Հայաստան
մնալու եւ հաստատուելու ցանկութիւնը, սակայն Արեւմուտք տանող արտագաղթի
հոսանքը, որ տարածաշրջանին մէջ մեծ թափ ստացած է, կը մնայ գերակշռող ուժը:
«Սուրիահայերուն 90 տոկոսը պիտի երթայ հոսկէ. Հայաստանը pit stop (կանգառ) է
իրենց համար», ցաւ ի սիրտ աւելցուց Շանթ Քոչեան։
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Սոյն ուսումնասիրութեան ատեն ի յայտ եկաւ, որ կարգ մը պարագաներու
սուրիահայերը Հայաստան եկան մեծ ակնկալիքներով` աշխատանքային պայմաններու,
աշխատավարձերու եւ այլնի վերաբերող: Միջին քսանական տարիքի սուրիահայ
երիտասարդ մը նշեց, թէ Սուրիոյ մէջ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ հայերուն
ներկայացուած է Հայաստանի վարդագոյն պատկերը: Դպրոցականները կը սորվին
Հայաստանի մասին` որպէս հայրենիքի, ուր ի վերջոյ բոլոր հայերը պէտք է եւ
պիտի վերադառնան: Ուստի, երբ մարդիկ իրապէս վերադառնան, կը դիմագրաւեն բիրտ
իրականութիւններ, զորս չէին նախատեսած: Սփիւռքահայերը, յատկապէս`
երիտասարդները, դէպի հայրենադարձութիւն խրախուսող կազմակերպութիւնները (ոչ
կառավարական) չեն կրնար ուժգնօրէն ազդել հայրենադարձներուն վրայ, որպէսզի
անոնք մնայուն կերպով Հայաստան հաստատուին: Որոշ պարագաներու, այս
կազմակերպութիւնները առաւելաբար քարոզչութեան կը ծառայեն` ակամայ թաքցնելով
ոչ վարդագոյն իրականութիւնները:
Արդարեւ, աշխատավարձն ու եկամուտը էական գործօններ են: Սուրիահայերը
կը նշեն, թէ ցած աշխատավարձն ու ցած եկամուտը կը դժուարացնեն Հայաստան
հատատուիլը: 25 տարեկան սուրիահայ երիտասարդ մը, որ ընտանեօք տպագրական
գործերով կը զբաղի (ե՛ւ Երեւան, ե՛ւ Գիւմրի արտադրամաս ունին), ընդգծեց
այն, թէ սուրիահայերը, յատկապէս երիտասարդները, հիասթափած էին Սուրիոյ
դէպքերէն: Առ այդ, անոնք արագ ելք մը կը փնտռեն իրենց անապահով վիճակէն.
բան մը, որ դժուար կը թուի ըլլալ Հայաստանի պէս ընկերային եւ տնտեսական
դժուարութիւններ դիմագրաւող երկրի մը մէջ: Հետեւաբար անոնց համբերութիւնը
կը հատնի, եւ աւելի բարւոք առիթներ կ՛որոնեն: Ասկէ զատ, տեղական շուկան եւ
առեւտրական գործառնութիւնները սխալ կերպով արժեւորելու դէպքեր եղած են`
գործարարական վատ տնօրինումի պատճառով: Միւս կողմէ` գաղթականներէն ոմանք
պարզապէս դրամագլուխ չունէին Հայաստանի մէջ աշխատանք հաստատելու: Սուրիահայ
երիտասարդը աւելցուց, որ դրամական օժանդակութեամբ, շարժառիթներու միջոցով,
զուգահեռաբար սուրիահայ երիտասարդին շուկայական ճիշդ ուղղորդութիւն եւ
ճիշդ արեւելում տալով` կարելի կը դառնայ անոր Հայաստան հաստատուիլն ու
գործեր հիմնելը:
Տնտեսութեան կառուցուածքը, իր կարգին, չի նպաստեր գործարարական
ներդրումներ կատարելու: Առկայ է մենաշնորհներու եւ փտածութեան խնդիրը, որ
չի քաջալերեր դրամագլուխի տէր սուրիահայերը` դրամական ներդրումներ
կատարելու: Օրինակ` համեմունքի եւ ձէթի վաճառականութեամբ զբաղող սուրիահայ
երիտասարդի մը հաստատումով, ձէթի տակառին համար ինք կը ներդնէ 14.000 դրամ,
առաւել 1000 դրամ տուրք` իւրաքանչիւր տակառի համար. այսպիսով, տակառը
ձեռք ձգելու գինը 15.000 կ՛ըլլայ: Այնուամենայնիւ, շուկային մէջ կան
վայրեր, ուր ճիշդ միեւնոյն ապրանքանիշով տակառը 14.500-ի կը վաճառուի:
Այլ ժխտական կէտ մը կայ, ինչպէս որ կը նշէ տպագրական ըներութիւն ունեցող
երիտասարդ սուրիահայը. տեղական շուկան շատ փոքր ու սահմանափակ է եւ
բաւարար չափով նախնական, հում նիւթեր չունի արտադրութեան համար: Առաւել
եւս, փակ սահմանները եւ նաւահանգիստ չըլլալու հանգամանքը խոչընդոտներ են
ապրանք ներածել ուզողներուն համար: Նաեւ, եթէ ներդրում կատարող մը
եւրասիական դաշինքի երկիրներէն դուրս երկրէ մը ներածէ իր ապրանքը, ապա ան
անհաւատալիօրէն բարձր տուրք պէտք է վճարէ, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ թէ՛
մրցունակ սակերով ապրանք արտադրելը եւ թէ՛ արտասահմանեան շուկայի մակարդակի
վրայ մրցակցիլը (արտածելու պարագային): Դրական կողմէ, ան կը հերքէ
հարկային ծառայութեան գործադրած «կամայականութիւնները»` զանոնք ըսի-ըսաւ
համարելով , տրուած ըլլալով, որ ինք նման հարցերու չէ հանդիպած:
Իսկ անոնք, որոնք պաշտօնեայ ըլլալով` ամսական աշխատավարձ կը ստանան,
դիտել տուին, որ իրենց օրապահիկը չեն կրնար ապահովել. իրենց ստացած թոշակը
չի բաւեր ապրելու ծախսերը եւ բնակարանային վարձքը փակելու: Երիտասարդ
սուրիահայ մը` մօտ օրէն Գանատա հաստատուելիք, նկատել տուաւ, որ այս հարցը
միմիայն սուրիահայերուն վերաբերող հարց մը չէ, այլ բոլոր
հայրենադարձներուն, նոյնպէս տեղացիներուն կ՚առնչուի: Համաձայն անոր, եթէ
տեղացիները, առանձնատուներու եւ յարկաբաժիններու սեփականատէր ըլլալով
հանդերձ, իրենց ծախսերուն հետ հազիւ գլուխ կ՚ելլեն իրենց ստացած
ամսականներով, ապա տան վարձք վճարողնե՛րը ինչպէ՞ս պիտի դիմանան իրենց չնչին
աշխատավարձերով:
ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մօտ համատիրութեամբ փոքր ճաշարան մը բացած սուրիահայ
երիտասարդի մը կարծիքով, եկամուտի տարբերութիւնը Սուրիոյ եւ Հայաստանի
միջեւ վհատեցուցած է շատ մը սուրիահայեր, որովհետեւ այստեղի ապահովուած
եկամուտը չի կրնար ծախսերը հոգալ այն ապրելակերպին, որուն իրենք վարժուած
են. կ՛ուզեն շարունակել այդպէս ապրիլ: Ան կը հետեւցնէ, որ եթէ ապրուստի
համար բաւող եկամուտ ապահովուի, ստուար թիւով սուրիահայեր Հայաստան կը
մնան: Ըստ իրեն, մեծ համեմատութեամբ սուրիահայեր կը դժկամին Հայաստանի մէջ
մեծ ներդումներ ընելու, որովհետեւ գիտեն, թէ տեղական շուկան սահմանափակ
է: Անոնք կը վախնան պարտքերու տակ իյնալէ` գործերու ձախողութեան պարագային:
Վերադառնալով «ապրելակերպ պահել»-ու խնդիրին` երիտասարդ տղայ մը նշեց,
որ իր հայրը յայտնի դէմք է սուրիահայ գաղութին մէջ` Հալէպ: Ըստ
երիտասարդին, իր հայրը մերժած է Հայաստան հաստատուիլ, քանի որ ատիկա պիտի
նշանակէ «թշուառ» պայմաններու մէջ ապրիլ, փոքր յարկաբաժինի մը մէջ: Ուստի
ան Հալէպ մնացած է:
Ինչ կը վերաբերի պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն եւ գործատէրերու
եկամուտներուն, հարկ է լուսարձակի տակ առնել երկուքին միջեւ գոյացող
«հակասութիւնը»: Տպագրական գործերով զբաղող սուրիահայ երիտասարդը յայտնեց,
որ Հայաստանի շուկային դրական երեսակներէն է աշխատավարձերուն ու հարկերուն
ցած ըլլալը: Թէպէտ ասիկա դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ ներդումներու առումով,
սակայն ժողովուրդի մեծամասնութեան, այսինքն աշխատաւոր դասակարգին (տեղացի
թէ սուրիահայ) կենսամակարդակը չի բարեշրջեր:
Հետեւաբար կարելի է եզրակացնել, որ ընկերային-տնտեսական լուրջ
խոչընդոտներ գոյութիւն ունին (տան վարձք, փոքր շուկայ, հարկային
դժուարութիւններ, մենաշնորհներ, ցած աշխատավարձ), որոնք պատճառ կը դառնան,
որ սուրիահայերը անապահով զգան Հայաստանի մէջ :
ԴՐԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ
Հակառակ տնտեսական բոլոր խոչընդոտներուն` Երեւանի մէջ տասնեակներով
սուրիահայեր յաջողած են իրենց գործին մէջ: «Սիրամարգ» նախագիծի
պատասխանատու Ծովակ Սողոմոնեան կը հաւաստէ, որ մեծ թիւով մեքանիսիեններ,
թոռնոճիներ, սափրիչներ, գործարարներ եւ տարբեր տեսակի արհեստաւորներ գոհ են
Երեւանի մէջ իրենց ստացած վաստակէն:
«Սուրիացի արհեստաւորը վարպետ է, արագ աշխատող է, ճաշակաւոր է,
յաճախորդին հետ վարուիլ գիտէ, հետեւաբար աչքի կ՚իյնայ եւ մրցակցութիւն կը
ստեղծէ շուկային մէջ»: Սուրիահայերու ճաշարաններուն մեծ մասը եկամտաբեր է,
ոմանք` այն աստիճան, որ մէկէ աւելի մասնաճիւղեր կը բանան քաղաքին մէջ:
Տարբեր տեսակի գործերով յաջողակ սուրիահայերը վերջերս լուսարձակները
գրաւեցին հեռատեսիլի, մամուլի եւ ընկերային ցանցերու վրայ: 19 Մայիսին,
օրինակ, «Երեւան էքսփօ» ցուցահանդէսին համալիրին մէջ մեծ շուքով բացումը
կատարուեցաւ «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» խորագիրը կրող
ցուցահանդէսին, որուն մասնակցեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ տնտեսութեան
նախարար Արծուիկ Մինասեանը:
Ցուցահանդէսին մասնակցած են սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան
տեղափոխուած եւ գործարարութեամբ զբաղող 70-է աւելի սուրիահայ
ընկերութիւններ եւ անհատ ձեռնարկատէրեր:
Տնտեսութեան նախարարին այդ առիթով խօսքը ցոյց կու տայ սուրիահայերու
տնտեսական առաւելութիւնը: «Գրեթէ բոլոր ներկայացուած ապրանքները,
ծառայութիւնները Հայաստանի ռազմավարական եւ խոստմնալից ուղղութիւններու մէջ
են` սկսելով ձեռագործներէն, հասնելով մինչեւ արհեստագիտական նոր
լուծումներ պարունակող սարքաւորումներ: Այդ ապրանքները եւ ծառայութիւնները
կրնան սպառիլ նաեւ եւրասիական տնտեսական երկիրներու շուկաներուն մէջ: Կայ
միտք, կայ գաղափար, կայ որակ եւ ամենակարեւորը` ներկայացման ձեւ:
Յառաջիկային աջակցութիւն կը ցուցաբերուի, եւ դուք կը տեսնէք սուրիահայերուն
տնտեսութիւններուն յառաջընթացը: Այս փորձը ցոյց կու տայ, թէ որքան ալ
դժուարութիւններ կան, սակայն մարդիկ լաւատեսութեամբ օժտուած են
Աջակցութիւնը պիտի ըլլայ թէ՛ ֆինանսական, թէ՛ արտահանման ներգրաւման
տեսանկիւնէն: Անոնց հաւաքած գովազդներուն, արշաւներուն համաֆինանսաւորումով
ապրանքներու ցուցադրութիւններ պիտի կազմակերպուին այլ երկիրներու մէջ»:
Ցուցահանդէսին` տպագրութեան, հրատարակչութեան, ոսկերչութեան,
փայտամշակման, զբօսաշրջութեան, ասեղնագործութեան, սարքաւորումներու
արտադրութեան, հաստոցաշինութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ արտադրելու
սուրիահայ գործարարներուն ջանքերը նախագահ Սերժ Սարգսեանը նկատած է
ոգեւորիչ եւ բարձր գնահատած է ներկայացուած ապրանքներուն որակական
յատկանիշները:
Հետեւաբար, ըստ երեւոյթին, դրամագլուխի տէր միջին ձեռներէցութիւն վարող
գործարարներն ու նորարարներն են, որ Հայաստանի մէջ առաւելապէս յաջողութիւն
գտած են իրենց ասպարէզին մէջ: Սակայն ամէն մարդ դրամագլուխի տէր չէ, որ
նոյն յաջողութեան կարելիութիւնը ունենայ:
ՆՈՐ ԿԵԱՆՔ, ՆՈՐ ՄԻՋԱՎԱՅՐ, ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ, ՀԱՄԱԿԵՐՊՈՒՄ
Ինչ կը վերաբերի մշակութային խնդիրներուն, հարցախոյզին պատասխանող
սուրիահայերը մեծ մասամբ յայտնեցին, թէ վերոյիշեալները խոչընդոտներ չեն
սեպուիր Հայաստան հաստատուելու-չհաստատուելու իմաստով: Հակառակ անոր որ
մտածելակերպի, հագուածքի, վարուելակերպի եւ շատ ու շատ բաներու մէջ
հսկայական տարբերութիւններ կան հայաստանցիներուն եւ սուրիահայերուն միջեւ,
այդուհանդերձ, գէթ որոշ չափով մերձեցում տեղի ունեցած է երկուքին միջեւ: Առ
այդ, մշակութային խնդիրներն ու տարբերութիւնները պատճառ չեն դառնար, որ
սուրիահայ երիտասարդները մերժեն Հայաստան մնալ:
Կ’արժէ նշել այն ճշմարտութիւնը, թէ սուրիահայերը իրենց հետ բերին
արժէքներ, որոնցմով իրենք բնորոշուած են, ինչպիսիքն են` յաճախորդներու հետ
սիրալիր վերաբերմունք ու հիւրասիրութիւն, աշխատասիրութիւն, վաճառականի
ճկունութիւն եւ այլն: Սուրիահայութեան բերած նպաստներէն կարեւոր է յիշել
այն, որ սուրիահայերը իրենց հետ այլազանութիւն բերին քիչ թէ շատ միատարր եւ
պահպանողական ընկերութեան մը: Այսպէս, Շանթ Քոչեան` «Փափարածծի» գիշերային
զբօսավայրին տէրը, կը վկայէ. «Ժողովուրդը պահպանողական եւ դասական է,
նորութիւն շատ չի սիրեր: Բացումին օրը (զբօսավայրին), ժամը մէկին մարդիկ
գացին արդէն: Ամէն ինչի մէջ նորութիւնը դժուար է այս ժողովուրդին համար:
Պէտք է յարմարիլ իրենց սովորութիւններուն: Երեք տարի առաջ Երեւանի մէջ
մօրուքաւորը ինքնաբերաբար սուրիացի էր: Հիմա իրենք ալ սկսած են մեր սթայլին
հետեւիլ, ճէլ գործածել եւ այլն: Զանազանելը դժուար է: Ազդեցութիւնը
փոխադարձ է»:
Շանթ կ՛աւելցնէ. «Բաւական փոփոխութիւններ կան 2006-էն մինչեւ հիմա: Քանի
մը տարի առաջ եթէ կարճ տաբատ հագնէիր, ծուռ-ծուռ կը նայէին: Ժողովուրդին
մտածելակերպը կամաց-կամաց կը փոխուի»:
Բնականաբար
դժգոհութիւն ալ կայ տեղացիներուն նկատմամբ: Վարդան Պերթիզլեան, օրինակ, որ
համպըրկըրի սնաք ունի Երեւանի մէջ, թէեւ կը յայտնէ, թէ տեղացիները վերջին
տարիներուն սկսան յառաջդիմել` հագուածքի եւ մազի սափրուածքի կողմէ,
սակայն կը դժգոհի տեղացի տղամարդոց կոշտ ու կոպիտ պահուածքէն, եւ, ըստ
իրեն, շա՜տ երկար ժամանակի կը կարօտի այս պահուածքի փոփոխութիւնը:
Հալէպ ծնած ու հասակ առած քսանամեայ Սագոն, որ մատներու վրայ համրուող
այն սուրիահայերէն է, որոնք Հայաստանի մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարած
են, իր փորձառութիւնը դիւրին չի գտներ: Ան, երկու տարի Արցախ ծառայելով`
քանի մը անգամ կռուած է տեղացի զօրակոչիկներու հետ եւ դժուարութիւն գտած է
ծառայութեան կեանքի ոչ թէ ֆիզիքական, այլ ընկերային բաժինին մէջ: Ատով
հանդերձ, Սագոն տոկացած է եւ այսօր Երեւանի մէջ կ՛աշխատի ու մտադիր է
հայրենիք մնալ:
Սուրիահայերը ուտեստեղէնի ոլորտին մեծապէս նպաստեցին, ինչպէս նաեւ
մայրաքաղաքին գիշերային զբօսավայրեր զարգացուցին` ճաշարաններ, փապեր,
գիշերային զբօսավայրեր վարելով: Ասիկա իր կարգին կրնայ օգտակար դառնալ
զբօսաշրջութեան ոլորտին եւ կը նպաստէ զբօսաշրջիկներու այլազանութեան:
Սուրիահայերը իրենց հետ Երեւան բերին ուտեստեղէնի նոր տեսականի, համեմունքի գործածութիւն, խնճոյքի նոր տեսակ, նոր քիմք, նոր մշակոյթ:
Ինչ կը վերաբերի լեզուական խոչընդոտներուն, սուրիահայերը շատ արագ
կ՛ընտելանան արեւելահայերէնին: Մէկ կողմէ լաւ բան է ասիկա, եթէ պիտի
մտածենք համարկման եւ համահայկական փոխյարաբերութեան առումով, սակայն միւս
կողմէ` համարկման գործընթացին ընդմէջէն արեւմտահայերէնն է, ցաւօք, որ զիջող
դուրս կու գայ: Քոչեանի կարծիքով, լեզուի եւ մշակոյթի խնդիրը լուրջ խնդիր
չէ: «Ես ալ կամաց- կամաց սկսայ արեւելահայերէն խօսիլ: Սուրիա համակերպած
էինք արաբներուն, իրենց մտայնութեան: Մտայնութեան տարբերութիւնը նեղացուցիչ
չեմ նկատեր: Մէկ լեզու է ի վերջոյ»:
Դպրոցներուն մէջ սուրիահայ աշակերտները արեւելահայերէն կը սորվին,
կամաց-կամաց կը սկսին տիրապետել Երեւանի խօսակցական լեզուին, մինչ
պետութեան կողմէ կը բացակային արեւմտահայերէնին սատարելու յանդուգն
նախաձեռնութիւնները: Փաստօրէն Հայաստանի մէջ չկայ արեւմտահայերու յատուկ
դպրոց մը, որով արեւմտահայերէնը կը պահպանուի: Արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ
Հայաստան հաստատուող սուրիահայերը պիտի ենթարկուին 40-ականներու
ներգաղթողներու ճակատագիրին, այսինքն ժամանակի ընթացքին պիտի դառնան
արեւելահայ (խուսափելով ձուլուիլ եզրոյթէն):
Ուրեմն սուրիահայերը միատարր Հայաստանին ու յատկապէս Երեւանին նկատմամբ
մեծ ներդրում ունեցած են քաղաքակրթական գետնի վրայ: Իրենց ներկայութիւնը
ինքնին փակ միջավայր համարուող մայրաքաղաքին պարգեւեց այլազանութեան ոգի
մը: Տեղացիները, որոնք սփիւռքահայը կը ճանչնային` իբրեւ ամառնային
զբօսաշրջիկ, սկսան մօտէն ծանօթանալ անոր, գոյակցիլ անոր հետ, սորվիլ անոնց
բարքերն ու սովորութիւնները:
Տրուած ըլլալով, որ սուրիահայերը զանգուածաբար եկան Հայաստան, անոնք կրցան փոքր համայնք մը կազմել Երեւանի մէջ :
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԿԱՆ
Հայաստան բնակող սուրիահայերուն խնդիրներով զբաղող կազմակերպութիւններէն
է Aleppo NGO-ն, կամ «Հալէպ» հայրենասիրական հասարակական
կազմակերպութիւնը:
Կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է խումբ մը սուրիահայերու
նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի մէջ, ուր արձանագրուած է 2013 թուականին:
Հետագային` 2014-ին, «Հալէպ» կազմակերպութիւնը նաեւ արձանագրուած է Միացեալ
Նահանգներու մէջ:
«Հալէպ»-ը ազգանուէր գործունէութիւն կը տանի ընկերային, տնտեսական,
մշակութային բնագաւառներուն մէջ, իր ամբողջ գործունէութիւնը կ՛իրականացնէ
իրեն անդամակցած 150 կամաւորներու ջանքերուն շնորհիւ` նպատակ ունենալով
շտապօգնութիւն տրամադրել սուրիահայ ամենակարիքաւոր ընտանիքներուն եւ
անհատներուն, անոնց ապահովել անհրաժեշտ օգնութիւն եւ անոնց խնդիրներուն
հիմնական լուծումներ տալ, ինչպէս նաեւ մշակել եւ իրականացնել տեւական
ծրագիրներ` դիւրացնելու համար Հայաստանի մէջ սուրիահպատակներու բնակեցման
եւ համարկման գործընթացը:
Հետեւեալները «Հալէպ» կազմակերպութեան նախագիծերն են :
- Տաքուկ ձմեռ,
- «Արեւիկ-Հայաստան» կեդրոն հաշմանդամութեան խնդիրներով սուրիահայերու համար,
- Հիւրընկալէ ընտանիք մը,
- Փրկէ կեանք մը,
- Որդեգրէ կեանք մը,
- Արաբերէնի ակումբ,
- Արաբերէն լեզուի ուսուցման դասընթացքներ,
- Ընկերային-հոգեբանական աջակցութիւն` սուրիահայերու համար,
- Ընկերային-հոգեբանական աջակցութիւն` սուրիահայ երիտասարդներու համար,
- Թաղիքագործութեան դասընթացքներ սուրիահայ կիներու համար,
- Աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներ` կիներու համար,
- Սուրիահայ երիտասարդները յանուն աւելի լաւ ապագայի` Հայաստանի մէջ:
Մինչեւ 2015-ի աւարտը աւելի քանի 1400 սուրիահայ ընտանիքներ, այսինքն`
աւելի քան 4800 անձ, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական հարցեր դիմագրաւող
խումբեր արձանագրուած են կազմակերպութեան մէջ` օգտուելով մարդասիրական
օգնութենէ եւ բարեգործութենէ:
«Հալէպ»-ը իր աշխատանքները կը կատարէ այլ մարմիններու եւ
կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեամբ: «Հալէպ»-ի գործընկերներն են` Սփիւռքի նախարարութիւնը, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով զբաղող բարձրագոյն
յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ինչպէս նաեւ` հայկական ու միջազգային շարք մը այլ
կազմակերպութիւններ ու հիմնադրամներ:
«Հիւրընկալէ ընտանիք մը» ծրագիրով այս կազմակերպութիւնը կը ջանայ գտնել
նուիրատուներ , որպէսզի գնէ համեստ, ցած գիներով յարկաբաժիններ,
իւրաքանչիւրը` 15.000-20.000 տոլարի միջեւ տարուբերող, զանոնք յանձնելու
համար սուրիահայ ընտանիքներու, որպէսզի անոնք ժամանակաւորապէս առանց վարձքի
բնակին: Կազմակերպութիւնը կը ստանձնէ իրաւական ամբողջ թղթաբանութիւնը, ինչ
կը վերաբերի յարկաբաժիններու գնման: Յարկաբաժիններուն օրինական տէրերը
պատսպարուող ընտանիքներուն սատարող նուիրատուները կ՛ըլլան: UNHCR-ը ձեռք
բերուած յարկաբաժինին կահ-կարասի կը տրամադրէ: Այս նախագիծին յայտարարուած
ձգտումն է նուազեցնել սուրիահայերու Հայաստանէն արտագաղթի հոսքը: «Հալէպ»
կազմակերպութեան բազմաթիւ նախագիծներէն մէկն է ասիկա :
«Հալէպ» կազմակերպութիւնը իր լուման կը բերէ նաեւ կիներու հզօրացման
(empowerment) աշխատանքներու: Այսպէս, կազմակերպութիւնը «Աւանդական
ասեղնագործութեան դասընթացքներ կիներու համար» ծրագիրը իրականացուցած է`
Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութիւն ընկերութեան Եւրոպական Միութեան
«Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագիրի ծիրին մէջ:
Դասընթացքները չորս ամսուան վրայ տեղի ունեցած են, եւ այս կարճ
ժամանակամիջոցին մասնակից կիները բաւական հմուտ ասեղնագործողներ դարձան:
Ծառայելով իր նպատակին` ծրագիրը խթանած է 40 սուրիահայ եւ հայաստանցի
կիներու գործունեայ մասնակցութիւնը, անոնց միջեւ համարկումը, եւ նպաստած է
հայկական աւանդական ասեղնագործութեան, մասնաւորապէս` Ուրֆայի, Վանի, տանթել
եւ նորվեկեան ասեղնագործութեան պահպանման եւ տարածման:
9-12 Նոյեմբեր 2015-ին Երեւանի «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական
հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հայկական
աւանդական ասեղնագործութեան հինգ օրեայ բարեսիրական ցուցահանդէս-վաճառքը:
Ասիկա օրինակ մըն է «Հալէպ»-ի աշխատանքներէն :
Նաեւ` օժանդակութեան հետաքրքրական նախագիծ մըն է «Սիրամարգ» նախագիծը,
որ Հայաստան տեղակայուած RepatArmenia եւ Ayo! կազմակերպութիւններուն
համատեղ ջանքերով յառաջացած է սուրիահայերուն սատարելու ձգտումով: Նախագիծը
սուրիահայերու եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայերու աշխատանքային
ձեռնարկութիւնները կը ծանուցէ համացանցի վրայ: «Սիրամարգ»-ը ունի առցանց
հասցէարան մը, ուր սփիւռքահայերու ձեռնարկութիւններուն մասին մանրամասնօրէն
կրնայ տեղեկանալ կայքի այցելուն: Հայաստանաբնակ սփիւռքահայերու
ձեռնարկութիւնները կայքին վրայ բաժնուած են ըստ բնագաւառներու (ժամանցային,
ուտեստեղէն, գիշերային կեանք եւ այլն):
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրիահայերը Երեւանի մէջ նոր համայնք մը եղան: Անոնք արեւմտահայ են,
արաբական աշխարհէն եկած են, տեղացի հայերէն շատ երեսակներով կը տարբերին`
տարբեր ժողովուրդ ըլլալու աստիճան, եւ հետեւաբար քաղաքակրթական յաւելեալ
արժէք մը եղան Հայաստանին: Մէկ խօսքով, սուրիահայերը համեմեցին Երեւանի
միատարր կազմը:
Առաւել, մեր հարցախոյզին համաձայն, սուրիահայերը ընդհանրապէս կը սիրեն
Հայաստանը, կ՚ուզեն Հայաստան բնակիլ, միաժամանակ կարօտ ունին ասպնջական
Սուրիոյ հանդէպ, եւ եթէ պատերազմը դադրի, ու Սուրիան իր երբեմնի
անդորրութիւնը եւ բարօրութիւնը վերագտնէ, ծննդավայր վերադարձողներ պիտի
ըլլան անոնցմէ: Անոնք գաղթականի անորոշ հոգեվիճակին մատնուած են, թէկուզ
ունին անկախ հայրենիք մը, որ զիրենք կը հիւրընկալէ: Այս ընթացքով շատերը
պիտի ստիպուին Գանատաները եւ Աւստրալիաները մեկնիլ, որովհետեւ ներկայ
Հայաստանը հայոց երազանքներու Հայաստանը ըլլալէ մղոններով հեռու է:
Արդարեւ, Հայաստանի պետութիւնը տնտեսական եւ ընկերային ապահովութիւն
չ’երաշխաւորեր իր բնիկ զաւակներուն, ալ ո՛ւր մնաց` սուրիահայերուն: Ասոր
խօսուն փաստը այն է, որ վերջին 8 տարիներուն շուրջ 300 հազար հայաստանցի
արտագաղթած է:
Ասկէ զատ` պետութիւնը ձախողած է համահայկական տարազ հագնելու մէջ: Նաեւ`
համահայկական կազմակերպութիւնները թերացած են սուրիահայերուն ճամբով
արեւմտահայ ինքնութիւնը պահպանելու ռազմավարութիւն որդեգրելու մէջ, հայրենի
հողին վրայ` զլանալով սատարել արեւմտահայութեան մայր համայնքին
մայրենիին` արեւմտահայերէնին:
«Ազդակ», 16 եւ 17 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment