ԻԿՈՐ ՏՈՐՖՄԱՆ-ԼԱԶԱՐԵՒ
Ծ. Խ.- Հայագէտ Իկոր Տորֆման-Լազարեւի կողմէ գրուած այս «ընտանեկան յուշեր»ը, իրենց սեղմ նկարագրով, ընթերցողին կը վերադարձնեն Պաքուի երբեմնի հայաշխարհի բոյրն ու զգացողութիւնը, որոնք յատկապէս քիչ ծանօթ են՝ արեւմտահայ աշխարհին ու իր շառաւիղներուն։ Սոյն արտատպումը կը կատարուի ՀԱՅԵՐԷՆ blog-ի վարչութեան թոյլտուութեամբ։
Հայոց աշխարհը ինծի համար Կասպից ծովեզերքէն՝ Պաքուէն սկսաւ, իր ներքին
բակերէն, լայնատարած պատշգամներէն, գոյնզգոյն կերակուրներով ծածկուած երկար
սեղաններէն, ղարաբաղեան բարբառին հնչիւններէն, հայկական պարերու մէջ
փռուած ձեռքերու ուրուագիծերէն, «Քամիներու քաղաքին» չինարներու անդադար
սօսաւիւնէն: Եթէ պոլսահայերը վարժ են Հայաստանը իբրեւ արեւելեան հեռաւոր
երկիր մը երեւակայել, ապա մեզի համար նոյնիսկ Ղարաբաղը արեւմտեան աշխարհ
մըն էր: Մոսկուա ծնած, բնականաբար, չէի կրնար հայութեան մասին յստակ
գաղափար մը ունենալ, բայց երբ մանկութեանս Պաքու կ’երթայի, մեծ մօրս ու մեծ
հօրս հետ ժամանակ վայելելու համար, ուրիշ տիեզերք մը կը բացայայտէի՝
բաղձալի ու խորհրդաւոր: Կը յիշեմ, ինչպէս մեծ մայրիկիս հետ զբօսնելու կամ
գնումներ ընելու ատեն, ան, երբեմն, անծանօթի մը հետ պատահական զրոյցի
բռնուելով, հետը քանի մը ռուսերէն նախադասութիւն փոխանակելէ ետք յանկարծ
հայերէնին կ’անցնէր: Քովը կանգնած ու գլուխս ի վեր թեքած, մանկական կարճ
հասակէս խօսակից մարդուն կզակը միայն կը տեսնէի ու մարդը աչքերովս կ’ուտէի,
փորձելով հասկնալ, թէ ինչպէ՞ս մեծ մայրիկս կրցած էր կռահել, թէ դիմացինը
հայ էր: Իսկ եթէ հարցնէի իրեն՝ կը ժպտէր միայն ի պատասխան…։ Մարմնովս իսկ
կը զգայի, որ ես այս անհետացող աշխարհին հետ անզննելի թելերով կապուած էի:
Զիս նախորդող չորս սերունդները Պաքու ապրած են, բայց մեծ մօրս ու մեծ
հօրս ընտանիքները տարբեր գաւառներէ էին, ու Պաքուի մէջ իրենց տարբեր
շրջանակները զիրար շատ չէին հաւներ: Առաջինը Շուշիէն կու գար ու իր բարբառը
կը պահէր. Արցախի լեզուն քաղաքին փողոցներուն վրայ, ո՛չ միայն Էրմէնիքենտ, այլև քաղաքին բուն կեդրոնը, մինչև 1990ի ջարդը, կը լսուէր:
Միւս ընտանիքին արմատները Շամախի կը կորսուէին. մեծ հօրս մայրը՝ Թագուհի
Աբէլեան դերասան Յովհաննէս Աբէլեանի քոյրն էր, միևնոյն Բաբախանեան
ընտանիքէն, ինչպէս էին՝ Ալեքսանդր Շիրվանզադէ, Լէօ ու Կոստան Զարեան:
Երիտասարդ Շիրվանզադէն, 19րդ դարու վերջը, Շուշիէն Պաքու տեղափոխուելուն՝
առաջին շրջանին մօրաքրոջ՝ Մարիամ Բաբախանեանին տունը ապրած է, ու յետագային
զայն իբրև իր «երկրորդ մայրը» յիշած է «Կեանքի բովից» երկին մէջ: Իսկ
Մարիամին դուստրը՝ Թագուհի իր ընտանիքով հաստատուած է գեղեցիկ չորեքյարկանի
տան մը մէջ, որ Թագուհիին ամուսինը՝ Կարապետ Լազարեւ կառուցել տուած էր
նախկին Սդարօ-Բոլիցէյսգայա փողոցին մէջ: 1920էն ետք, բոլշեւիկեան
կառավարութիւնը խլեց այս տունը Լազարեւներէն, բայց մեծ հայրս՝ Արթեմիյ
(Յարութիւն) մինչեւ վերջ միեւնոյն փողոցը ապրեցաւ, ուրիշ հայաշէն տան մը մէջ,
որուն մասին եւս քանի մը խօսք պիտի ըսեմ: Սովետական ժամանակներուն, այսպէս
կոչուած «ունեւոր դասակարգին» հետ նոյնացուած ըլլալու սարսափը ա՛յդչափ
ուժգին էր, որ Արթեմիյ իր ծնած տանը մօտենալուն՝ ամէն անգամ փողոցին միւս
կողմը կ’անցնէր, որպէսզի զինք իր հարազատ բոյնին քով յանկա՛րծ չտեսնեն ու
չմեղադրեն, թէ իր ընտանեկան օճախը կը կարօտնար:
Մեծ մայրս՝ Էմմա, հօրենական գծով կու գար շուշեցի Թառումեան ընտանիքէն,
որ դարասկիզբին Կորչագովսգայա փողոցը կ’ապրէր: 1822 թուականին
Թառումեանները աջակցած էին կառուցելու Շուշիի «Ագուլեցոց»
(ագուլիսցիներուն) եկեղեցին, որ մինչև 1887, Ղազանչեցոց եկեղեցիին
շինութիւնը, քաղաքին աւագը եղած էր: Ատիկա 1920ի ջարդին օրօք կործանեցաւ,
սակայն 1895ին Պաքու հրատարակուած գիրքի մը մէջ Մակար եպիսկոպոս
Բարխուդարեանց նկարագրելով այս «անտաշ քարով կառուցեալ» տաճարը,
կ’արձանագրէ անոր հարաւային դրան ճակատակալ քարին վրայ փորուած գրութիւնը,
որ Թառումեաններուն «արդիւնքն և ծախքն» կը յիշէ:
1915ի վերջը եւ 1916ի սկիզբը, Պաքու, թաթարներուն (այսօրուան
ատրպէյճանցիներուն) յարձակումները հայերու վրայ աւելի յաճախակի դարձած էին,
ինչ որ նոր ջարդի մը վախը կ’արծարծէր հայոց մէջ: Կովկաս ու Միջին Ասիա
հակահայկական հալածանքները կը գրգռէին թաթարներու «իսլամական բարերար
միութիւնները», որոնք սերտ կապ մը կը պահէին Երիտ-Թուրքերուն հետ: Մեծ մօրս
մայրը յղի ըլլալուն չնայելով, երբ անգամ մը, գարունը, լուրը ստացած էր, որ
թաթարներ փորձեր էին դպրոցէն վերադարձող աղջիկներուն վրայ յարձակիլ, անոնց
ուղեկառքը կանգնեցնելով, իսկոյն որոշած էր մեծ ընտանիքին փութանակի
փախուստը կազմակերպել: Քանի՜ցս հայերուն քով կրկնուած ընթացք. կի՛նն է, որ
ընտանիքին ճակատագիրը կ’որոշէ: Վտանգը ա՛յդչափ շօշափելի էր, որ բոլոր
պատրաստութիւնները քանի մը օրուան մէջ կատարուեցան: Ուղեկառք նստելու ատեն,
Էմմային մեծ քոյրը յանկարծ անհետացած էր, բոլորը տագնապի մատնելով, բայց
քանի մը վայրկեան յետոյ լքուած տունէն ելած՝ արծաթեայ սպասքը ձեռքին.
երիտասարդներն ու երեխաներն ալ կը գիտակցէին, ուրեմն, որ ճամբան դժուար էր
ըլլալու, ու տուներնին կրնային այլեւս չվերատեսնել:
Վտանգէն ազատելու համար, թաթարաբնակ տարածքներու մէջէն Թիֆլիս կամ
Ռուսաստան երթալու փոխարէն, Թառումեանները նախընտրած են ծովը կիսել.
Թուրքեստանը իրենց աւելի ապահով կը թուէր: Արդէն նախորդ դարու վերջին
քառորդէն սկսեալ, Աշխապատ հաստատուած էին շատ մը պաքուեցի հայեր, որոնց
շնորհիւ Պաքու մնացած իրենց հայրենակիցները կրնային տեղեկանալ Միջին Ասիա
տիրող վիճակին վերաբերեալ: Իսկապէս, 1916ին Աշխապատ հանգիստ տեղ մըն էր.
բայց եթէ իրօք այդպէս էր, ինչո՞ւ Աշխէն ու Արշակ հոն կանգ չառին, այլ իրենց
եօթ դուստրերուն հետ երեք-չորս անգամ աւելի երկար ճամբայ մը կտրելով հասան
Ֆերկանայի հովիտը, ուր հայեր ու ընդհանրապէս քրիստոնեաներ քիչ էին:
Մանկութեանս, ընտանիքիս գաղթին պատմութիւնը ա՛յդքան անգամ լսած եմ՝ թէ՛ մեծ
մօրմէս, թէ՛ իր քրոջմէն, թէ՛ մօրմէս, որ զիս իրենց բոլոր քայլերուն տեղեակ
կը համարէի: Միայն երբ առաջին անգամ գրիչ մը ձեռքս առի այս եղելութիւնները
գրանցելու համար, անդրադարձայ, թէ քանի՛ օղակ պակաս են շղթային մէջ:
Աւա՜ղ, ուշ էր արդէն մասնակիցները փնտռելու…:
Կ’ենթադրեմ, սակայն, որ ի սկզբանէ մտադիր էին իրենց ճամբորդութիւնը դէպի
Ռուսաստան շարունակել, որովհետեւ Խաւաստէն մինչեւ Օրենպուրկ տանող
երկաթուղագիծ մը կը գործէր, բայց Աշխէնին յղի ըլլալուն պատճառով ստիպուեցան
կենալ Խաւաստէն քիչ մը անդին գտնուող Քոքանտը, ուր եւ ծնաւ վերջին
երեխանին: Քոքանտ տարի մը հանգիստ ապրեցան, բայց երբ յաջորդ տարուան ամառը՝
Փետրուար 1917ին, ռուսական յեղափոխութեան հետեւանքով Միջին Ասիան
անկառավարելի դարձած էր, Էնվէր փաշայի գործակալները կրցած էին հոն իրենց
գործունէութիւնը սաստկացնել. զինուած գունդեր կը շրջէին վայրէ վայր հայեր
փնտռելով: Անգամ մը, թաթարներու մօտենալուն լուրը առնելով, Աշխէն սուրացած է
երեխաները պահարաններու մէջ, անկողիններու տակ թաքցնելու համար, ու միայն
Թառումեաններուն ուզպեք խոհարարը տունէն դուրս ելլելով եղեռնագործներուն
առջեւ ձեւացուցած է, թէ այդ տունը մահմետականի տուն մըն էր, եւ ատով փրկած է
ընտանիքը: Այս արկածէն ետք Քոքանտը ձգելով, Թառումեանները հաստատուած են
Աշխապատ:
Ընտանիքին տաս անդամներէն միայն Էմմա երեսնական թուականներուն սկիզբը
վերադարձաւ Պաքու, ուր ամուսնացաւ Արթեմիյ Լազարևին հետ: Իրենք ապրեցան
վերը յիշուած տունը, որ Լազարեւներուն տան քով կը գտնուէր և ուր թէ՛ քեռիս,
թէ՛ մայրս ծնան եւ ուր ես ալ մանկութեանս ամենաքաղցր պահերը անցուցի: Մինչեւ
այսօր կարող եմ մտովի վերականգնել այդ ինքնուրոյն կառոյցը, որուն
պատշգամները գէր ատլանտներ լոկ մէկ ձեռքով կը կրէին, եւ անոր տարբեր
դռներուն յատուկ ճռճռոցն ու բաղխումը՝ առանձին-առանձին:
Աշխէն երբե՛ք չուզեց Պաքու վերադառնալ: 1905ի ու 1918ի կոտորածներուն
ակնարկելով կը կրկնէր, թէ ո՛ւր որ ատիկա պատահեցաւ՝ նորէն պիտի պատահի:
Թառումեաններուն փախուստէն ողջ 74 տարի ետք, Յունուար 1990ին, աղջիկն Էմմա
նորէն պիտի փախչէր Պաքուէն, քեռիիս ընտանիքին հետ, վերջնականապէս լքելով իր
քաղաքն ու տունը, բայց ատիկա արդէն ուրիշ անգամ պատմուելիք եղելութիւն է:
Երբ, քանի մը տարի առաջ, իմացայ, որ չկայ այլեւս այդ շէնքը, հասկցայ, որ այն
անբացատրելի զիլ կսկիծը, որ ամէն տարի Պաքուին նորէն հանդիպելու
ուրախութեանս կը խառնուէր՝ այդ քաղաքին, իր հայերուն ու այդ ջերմ բոյնին
աւերումը նախազգացող կոծ մըն էր:
«Հայերէն blog» (hayeren.wordpress.com), 6 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment