13.9.16

Հրաչեայ Թամրազեանին նայողները պիտի տեսնեն ապագան

 ՎԱՀԱԳՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Մա­տենա­դարա­նը կը գու­ժէ իր եր­կար տա­րինե­րու տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեանի վա­ղահաս մա­հը։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան 3 Սեպ­տեմբեր Շա­բաթ օր, 63 տա­րեկա­նին կը մա­հանայ երկարատեւ հի­ւան­դութե­նէ ետք, իր ետին թո­ղելով հսկա­յական վաս­տակ մը՝ նո­րոգուած ու շէնցած Մաշ­տո­ցի անուան ձե­ռագիր­նե­րու ու­սումնա­սիրու­թեան կեդ­րոն Մա­տենա­դարա­նը։ Իր տնօ­րէնու­թեան տա­րինե­րուն Մա­տենա­դարա­նը պատ­մութեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կ՚ընդլայ­նէ իր տա­րած­քը տի­րանա­լով նոր մաս­նա­շէն­քին։ Աւե­լին, ան­ցեալ տա­րուան մէջ, Մատենա­դարա­նը ու­նե­ցաւ իր անդրա­նիկ մաս­նա­ճիւ­ղը, Ար­ցա­­խի Գան­­ձա­­­սար վան­­քին մէջ, ուր հա­­ւաքուած է ար­­ցա­­­խեան ակունքներ ու­­նե­­­ցող ձե­­ռագ­­րա­­­կան աւան­­դը։ Այս ըն­­թացքին Մատենա­­դարա­­նի պաշ­­տօ­­­նէու­­թիւնը կը եռա­­պատ­­կուի հաս­­նե­­­լով 350 հո­­գանոց վիթ­­խա­­­րի աշխա­­­տակազ­­մի։ Մա­­տենա­­դարա­­նի ձե­­ռագիր­­նե­­­րու հա­­ւաքա­­ծուն կը հարստա­­նայ հաս­­նե­­­լով 23 հա­­զարի, դառ­­նա­­­լով աշ­­խարհի ամե­­նէն հա­­րուստ ձե­­ռագիր­­նե­­­րու հա­­ւաքա­­ծու­­նե­­­րէն մէ­­կը, ուր ոչ միայն հա­­յերէն կամ հա­­յատառ ձե­­ռագիր­­ներ հա­­ւաքուած են, այլ բազ­­մա­­­զան լե­­զու­­նե­­­րով, ներառեալ արա­­բատառ օս­­մա­­­ներէն ձե­­ռագիր­­ներ։ Մի­­ջազ­­գա­­­յին յա­­րաբե­­րու­­թիւններ կը մշակուին զա­­նազան կեդ­­րոննե­­րու, հա­­մալ­­սա­­­րան­­նե­­­րու եւ թան­­գա­­­րան­­նե­­­րու հետ։
Հրա­­չեայ Թամ­­րա­­­զեանի տնօ­­րինու­­թեամբ Մա­­տենա­­դարա­­նի մէջ կը հիմ­­նուի թուայ­­նացման բա­­ժինը, ուր ար­­դէն իսկ թուայ­­նա­­­ցած են այս ժա­­ռան­­գութեան աւե­­լի քան 7 հա­­զար նմոյշնե­­րը, եւ աշ­­խա­­­տան­­քը կը շա­­րու­­նա­­­կուի հաս­­նե­­­լու ամ­­բողջա­­կան թուայ­­նա­­­ցած հա­­ւաքա­­ծուին, բան մը որ խիստ իւ­­րա­­­յատուկ է հայ­­կա­­­կան իրա­­կանու­­թեան մէջ։ Նո­­րոգ­­ման եւ վե­­րականգման բա­­ժինը կը շա­­րու­­նա­­­կէր գոր­­ծել հրաշքներ, գի­­տական հե­­տազօ­­տու­­թեան հա­­մազօր մա­­կար­­դա­­­կի վրայ վե­­րականգնե­­լով վնա­­սուած եւ կազ­­մա­­­լու­­ծուած ձե­­ռագիր­­նե­­­րը։ Այստեղ իւ­­րա­­­քան­­չիւր ձե­­ռագիր իր թուղթի տե­­սակին, կազ­­մի տե­­սակին, ժա­­մանա­­կաշրջա­­նին եւ այլ տուեալ­­նե­­­րու հա­­մեմատ կը վե­­րականգնուին, հա­­մաշ­­խարհա­­յին ամե­­նէն բարձր չա­­փանի­­շերու հա­­մեմատ, համագործակցելով մի­­ջազ­­գա­­­յին գոր­­ծընկեր­­նե­­­րու հետ, իւ­­րացնե­­լով այս ճիւ­­ղին յատ­­կա­­­պէս ճա­­փոնա­­կան ճար­­տա­­­րարուես­­տը։ Պէտք է նշել, թէ Մա­­տենա­­դարա­­նը կը ծա­­ռայէ նաեւ որ­­պէս բարձրա­­գոյն ու­­սումնա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւն, այ­­սինքն այստեղ իրենց ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը կը տա­­նին, եւ իրենց թէ­­զերը կը պաշտպա­­նեն թեկ­­նա­­­ծուա­­կան եւ դոկ­­տո­­­րակա­­նի ու­­սա­­­նող­­ներ, եւ որոնք իրենց ու­­սումնա­­կան պաշ­­տօ­­­նէու­­թիւնը կը վա­­րեն Մա­­տենա­­դարա­­նի յար­­կին տակ։ Պէտք է նշել թէ Մա­­տենա­­դարա­­նի հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը հա­­սած են ան­­նա­­­խադէպ քա­­նակի վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն, գլխա­­ւորա­­բար հրա­­տարա­­կուած են աշ­­խա­­­տանքնե­­րը Մա­­տենա­­դարա­­նի իր իսկ գի­­տաշ­­խա­­­տող­­նե­­­րուն։
Հրա­­չեայ Թամ­­րա­­­զեանի տնօ­­րէնու­­թեան տա­­րինե­­րուն հիմ­­քը դրուեցան եւ զար­­գա­­­ցան զանազան ծրա­­գիր­­ներ Մաշ­­տո­­­ցի անուան Մա­­տենա­­դարա­­նը ապա­­հովե­­լու շա­­րու­­նա­­­կական նիւ­­թա­­­կան աղ­­բիւրնե­­րով։ Յա­­ճախ ան­­տե­­­սուած հայ­­կա­­­կան կա­­ռոյցնե­­րու մէջ, այս ուղղուածութիւնը ինքնին բա­­ւարար պի­­տի ըլ­­լար յա­­ւիտեանս երախ­­տա­­­պարտ մնա­­լու հա­­մար Հրա­­չեայ Թամ­­րա­­­զեանի վաս­­տա­­­կին, որուն շնոր­­հիւ Մա­­տենա­­դարա­­նը այ­­սօր այլ դիր­­քի վրայ է, քան միւս, ոչ աւե­­լի պա­­կաս կա­­րեւոր գրա­­դարան­­նե­­­րը եւ ար­­խի­­­ւային հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րը Հայաս­­տա­­­նի կամ հայ­­կա­­­կան աշ­­խարհին մէջ։ Մա­­տենա­­դարա­­նի Բա­­րեկամ­­ներ ծրա­­գիրը այս ոլոր­­տին մաս կը կազ­­մէ։
Վեր­­ջին տա­­րինե­­րուն կազ­­մա­­­ւորուած Մաշ­­տոց Հիմ­­նադրա­­մը կու գայ լրաց­­նե­­­լու այս ցան­­կը։ Վեր­­ջինս հիմ­­նուած է բա­­րերար­­նե­­­րու նուիրա­­տուու­­թեամբ, եւ կը հո­­գայ Մա­­տենա­­դարա­­նի երիտասարդ գիտ­­նա­­­կան­­նե­­­րու հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու, ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րու, ար­­խի­­­ւային նիւթեր ձեռք բե­­րելու ծախ­­սե­­­րէն, մին­­չեւ Մա­­տենա­­դարա­­նի յու­­շա­­­նուէ­­րային բա­­ժինի կազմաւորու­­մը, բան մը, որ ինքնին նիւ­­թա­­­կան աղ­­բիւր ապա­­հովե­­լու մի­­տուած է։ Օրի­­նակե­­լի այս մօ­­տեցումնե­­րը ոչ միայն կ՚ապա­­հովեն Մա­­տենա­­դարա­­նի կեան­­քը, այ­­լեւ անոր հաւաքածունե­­­րու պահ­­պա­­­նու­­մը, ընդլայ­­նումը, հարստա­­ցու­­մը եւ ար­­դիական պատ­­շա­­­ճեցու­­մը։
Դժուար է պատ­­կե­­­րաց­­նել Մա­­տենա­­դարա­­նը առանց Հրա­­չեայ Թամ­­րա­­­զեանի։ Սա­­կայն անոր ձգած հսկա­­յական աւան­­դը, ոչ միայն պի­­տի ապ­­րի հա­­րիւ­­րա­­­ւոր երախ­­տա­­­պարտնե­­րու ընդմէջէն, ոչ միայն հնա­­մեայ ձե­­ռագիր­­նե­­­րուն վե­­րապ­­րած էջե­­րէն, այ­­լեւ իր գծած ու ձե­­ւած ուղի­­­ներէն։ Իր յա­­ջորդնե­­րը պի­­տի ներշնչուին իր եռան­­դուն աշ­­խա­­­տելաոճի սկզբունքնե­­րէն, նուիրուած, հե­­ռատես եւ նոյնքան ճար­­տար ու ակա­­դեմա­­կան։ Անոր յա­­ջորդնե­­րը պի­­տի նա­­յին ետեւ ու պի­­տի տես­­նեն ապա­­գան։
Այժմ Մատենադարանի տնօրէնութիւնը ժամանակաւորապէս վստահուած է Մատենադարանի գիտական քարտուղար Վահան Տէր Ղեւոնդեանին: Ան պիտի վարէ այս պաշտօնը մինչ նոր տնօրէնի ընտրութիւնը: Վահան Տէր Ղեւոնդեան հայագէտ-արեւելագէտ, ունի դիւանագիտական փորձ, վարած է ՀՀ գլխաւոր դեսպանի պաշտօն Ֆրանսայի, Արժանթինի և Լիբանանի նման հայաշատ երկիրներու մէջ: Յայտնի իր արա­­բերէ­­նի իմացութեամբ եւ իս­­լա­­­մական ձե­­ռագիր­­նե­­­րու մաս­­նա­­­գիտու­­թեամբ, Վա­­հան Տէր Ղե­­ւոն­­դեան կու գայ Մա­­տենա­­դարա­­նին շա­­հեց­­նե­­­լու նոր ուղղու­­թիւններ։ Տա­­կաւին այս տա­­րուան ընթացքին Մա­­տենա­­դարա­­նի մա­­տենա­­շարէն լոյս տե­­սած է Վա­­հան Տէր Ղե­­ւոն­­դեանի խմբագրութեամբ Մա­­տենա­­դարա­­նի ձե­­ռագիր­­նե­­­րու հա­­ւաքա­­ծոյին Ղու­­րաննե­­րու ձեռագրացու­­ցա­­­կը։ Խիստ ժա­­մանա­­կային գի­­տակ­­ցութեամբ այս հրա­­տարա­­կու­­թիւնը Հայաստա­­­նը եւ հա­­յագի­­տու­­թիւնը կը դնէ իս­­լա­­­մագի­­տ­­թեան քար­­տէ­­­սի կեդ­­րո­­­նին։ Վա­­հան Տէր Ղե­­ւո­­դեանի տար­­բեր հա­­յերէն­­նե­­­րու իմա­­ցու­­թիւնը, գի­­տական բարձր զգօ­­նու­­թիւնը, դիւանագէտի հե­­ռատե­­սու­­թիւնը, վստա­­հաբար շա­­հեկան պի­­տի դառ­­նան Մա­­տենա­­դարա­­նին եւ անոր ողջ անձնա­­կազ­­մին հա­­մար։
Վեր­­ջա­­­պէս, յստակ է թէ Մա­­տենա­դարա­նը առանցքա­յին կա­ռոյց է Հա­յաս­տա­նի պէս երկրի մը հա­մար։ Իր բարձրա­դիր դիր­քով Երե­ւան քա­ղաքի մէջ­տե­ղը, զբօ­սաշրջիկ­նե­րու առա­ջին հասցէներէն մէ­կը, երկրին թե­րեւս առա­ջին հպար­տութիւ­նը, ազ­գա­յին գան­ձա­տան իր համբաւով, Մա­տենա­դարա­նը եղած է ու կը մնայ իր հմայ­քին վրայ։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեանի եւ իր նման նուիրեալ­նե­րու շնոր­հիւ։

«Ակօս», 9 Սեպտեմբեր 2016

No comments:

Post a Comment