ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի վերջին որոշումը, որ կը վերաբերի ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու չեղեալ հռչակումին, խորքին մէջ առանձնապէս ծանրակշիռ երեւոյթ է եւ առիթ՝ լուրջ խորհրդածութիւններու։
Քանի մը օրէն իր անկախութեան 25-ամեակը նշելու պատրաստուող Հայաստանի Հանրապետութիւնը գրեթէ նոյնքան տարիներէ ի վեր վարչական յուսախաբութեան եւ հսկայ դժգոհութիւններու թատերաբեմ է համայն հայութեան համար։ Եթէ սփիւռքահայերուս միայն յուսախաբութիւն եւ ցաւ կը պատճառէ, թէկուզ՝ խոր, պարագան շատ աւելի ծանր է Հայաստանի բնակչութեան, որուն հանապազօրեայ կեանքն է, որ կը թունաւորուի. չքացած են արդարութեան, հաւասարութեան, փտածութեան դէմ պայքարի եւ անոնց զուգահեռ տնտեսական բարօր պայմաններու արդէն 25 տարի ուշացած ակնկալիքներու իրագործման յոյսերը, մէկ խօսքով՝ չքացած են ապագայի նկատմամբ անոր հաւատքը, բոլոր տեսիլքները։ Եւ ատոր արդիւնքն ալ բացայայտ է այսօր՝ տարեկան տասնեակ հազարներով հաշւուող արտագաղթը արիւնաքամ կ՚ընէ երկիրը։
Այս պայմաններուն մէջ, իմաստութեան թելադրած առաջին եւ բնական հարցումը պիտի ըլլար՝ ուրեմն ի՞նչ կ՚ընեն իշխանութիւնները դարմանելու համար այս իրավիճակը։
Դժբախտաբար, ոչի՛նչ։ Եւ, աւելի՛ն նոյնիսկ։ Աւելի՛ն, քանի որ արուեստական, ի սկզբանէ կիրարկումի դոյզն տրամադրութենէ զուրկ քայլերով կը մրճահարեն բնակչութեան խաբկանքի զգացումը։ Թէեւ, համոզուած եմ, որ ժողովուրդը այլեւս ի՛նք ալ նախապէս գիտէ, թէ ո՛ր նախագիծը կեանքի կը կոչուի, որը՝ ո՛չ, ըստ տուեալ նախագիծին՝ իշխանութիւններուն ձեռնտու կամ ոչ-ձեռնտու ըլլալու հանգամանքին։
Այս եղաւ նաեւ ընտրական փոփոխութիւններու նախագիծին պարագան։ Արդար ընտրութիւններու կազմակերպման այնքա՜ն կարեւոր եւ զգայուն հարցը իբրեւ թէ դարձաւ Հայաստանի կառավարութեան օրակարգի առաջնակարգ խնդիրը, սահմանադրական փոփոխութիւններուն հետ. առաջինը ոչ ձեռնտու՝ իշխանութիւններուն համար, երկրորդը՝ հակառակը։ Մինչ նախագահականէն խորհրդարանական համակարգ անցումի խորքով սահմանադրական փոփոխութիւնները «իւղի պէս» անցան, շնորհիւ աւելի քան խնդրայարոյց հանրաքուէի մը, ժողովրդավարական համակարգի ողնասիւնը հանդիսացող արդար ընտրութիւններ վերջապէս կազմակերպելու անհրաժեշտ պայմաններու հաստատման միտող ընտրական փոփոխութիւնները մնացին դուռը, նիւթականի չգոյութեան «ճարպիկ» պատրուակով։ Այդ փոփոխութիւնները կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ 16 միլիոն տոլարը «կարելի չէ եղած ապահովել»։
Հոս նաեւ անշրջանցելի է այն հաստատումը, թէ վերոնշեալ երկու նախագիծերը սերտօրէն իրարու առընչուած են։ Իշխանութիւններուն կողմէ յղացուած եւ ոգի ի բռին պաշտպանուած խորհրդարանական համակարգ անցումի բարեփոխումը ինքնին կարելի եղաւ արդար ընտրութեան բացակայութեամբ։ Ապա նաեւ, ի՞նչ իմաստ պիտի ունենար նման բարեփոխում, եթէ ներկայի իշխանութիւնները չկարենային վստահ ըլլալ, թէ յաջորդ ընտրութիւններուն դարձեալ իրե՛նք պիտի գրաւեն այդ նոյն դիրքերը։
Ճարահատութեան հետեւանք՝ «Սասնայ ծռեր»-ու գործողութենէն ետք, որոշ լաւատեսներ կը մտածէին, թէ պատահածէն վստահաբար դասեր պիտի քաղեն իշխանութիւնները։
Այս նոր փաստը՝ այդ գործողութեան աւարտէն նուազ քան ամիս մը ետք, կու գայ ապացուցել, որ անտեղի էր լաւատեսութիւնը։
Հայաստանի բնակչութիւնը քիչ մը աւելի կը խրի ճարահատութեան ճահճին մէջ։
«Նոր Յառաջ», 3 Սեպտեմբեր 2016
No comments:
Post a Comment