ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Վերջերս Հայկական Յիշատակի Կեդրոնը հրատարակած է իրաւաբան Վարդգէս
Եղիայեանի համադրած «Հայերը եւ Օխրանան. 1907-1915» վերնագրով հատորը, ուր
ամփոփուած են 20-րդ դարու սկիզբին ռուսական ցարական շրջանի արխիւներէն
թարգմանուած աւելի քան 50 վաւերաթուղթեր, որոնք կ՚առնչուին
հայկական յեղափոխական կազմակերպութիւններուն։ Այս փաստաթուղթերը, որոնք
գտնուած են Ռուսաստանի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Օխրանա»-յի արխիւներուն մէջ,
նոր լոյս կը սփռեն ոչ միայն ցարական գաղտնի սպասարկութեան, այլեւ անոր
կողմէ հալածուողներու գործունէութեան վրայ։ Նախաբանը
գրած է Արմէն Մանուկ Խալոյեան։
Երեւանի մէջ պրն. Վարդգէս Եղիայեանի հետ պատահական հանդիպումը «Հայերը եւ
Օխրանան. 1907-1915» գիրքին շուրջ զրոյցէն մեկնած՝ վերածուեցաւ
տեսակցութեան, որ հասաւ մինչեւ AXA-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու
շառաւիղներու հատուցման հիմնադրամի բաշխումի զեղծարարութիւններու
մանրամասնութիւններուն։
AXA-ի դէմ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն նիւթական հատուցման դատը,
որ բացուած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ Վարդգէս Եղիայեան - Պրայան Քապաթէք -
Մարք Կիրակոս փաստաբաններու երրեակին կողմէ, յանգեցաւ 18 միլիոն տոլարի
յատկացման հիմնադրամի ստեղծումին, որ սակայն
բաշխումի ընթացքին բազմաթիւ զեղծարարութիւններու եւ գայթակղութիւններու
առիթ տուաւ։ Փաստաբանները զիրար ամբաստանեցին մինչեւ իսկ Քապաթէք եւ
Կիրակոս դատ բացին Եղիայեանի դէմ երբ այս վերջինս թափանցիկ հաշուետւութիւն
պահանջեց իր գործակիցներէն։ Յետագային AXA-ն երեք հոգինոց
յանձնախումբ մը կազմեց, որոնց անդամներն էին Սամուէլ Շնորհօքեան - Հիլտա
Չոպոյեան - Զաւէն Գաբրիէլեան, որոնք պատրաստեցին ամբողջական թղթածրար մը,
ուր մանրամասնօրէն կը նկարագրուի զեղծարարութիւններուն ձեւը, ծաւալը,
դերակատարները եւ առաւել՝ հարցադրումներ, որոնք կը
մնան բացատրութեան կարօտ։ Այս թղթածրարը լայնածաւալ կերպով ներկայացուցած
էինք 2014 Յուլիս 17-ի «Նոր Յառաջ»ի թիւ 670-ին մէջ։
«Նոր Յառաջ» - Դուք ցարդ փաստաթուղթերու ութ գիրքեր հրատարակած էք, որոնցմէ
վերջինը՝ «Հայերը եւ Օխրանան. 1907-1915» է։ Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ այս
հրատարակչական գործը։
Վարդգէս Եղիայեան - Խօսելով այս վերջին գիրքին մասին ըսեմ, թէ հոն
ամփոփուած են փաստաթուղթեր դաշնակցական յեղափոխականներուն վերաբերեալ,
որոնք 1907-էն 1915 յեղափոխական գործունէութիւն ծաւալած էին կովկասեան
շրջանին մէջ եւ զորս գաղտնի ոստիկանութիւնը կը հետապնդէր, մանաւա՛նդ
Աւետիս Ահարոնեանը, որ Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավարներէն էր։ Այդ ընթացքին
յեղափոխականները հարիւրէ աւելի ոստիկաններ սպաննած են եւ վիրաւորած՝ 15
հոգի (ամբողջական անուանացանկը կայ այս հատորին մէջ), այսինքն մարդիկ որոնք
հակառակ էին յեղափոխականներուն։ Սպաննողներուն մէջ կուսակցութեան
անդամ քանի մը հայ լրտեսներ ալ եղած են, որոնք դաւաճանելով Հ.Յ.Դ.-ին,
դրամ շահելու համար դիմած են այդ քայլին։ Ես այդ մասին ալ գրած եմ որպէսզի
ցոյց տամ թէ մենք ալ տկար կէտեր ունինք։
Ըսեմ, թէ, նախագահ Ելցինի օրերուն, ծանօթներուս հետ Մոսկուա կը գտնուէի,
երբ ինծի ըսուեցաւ, թէ Քրեմլինը ամերիկացի փաստաբան մը կը փնտռէ։ Իրաւաբան
ըլլալով հետաքրքրուեցայ եւ յաջորդ օրը հանդիպում ունեցայ Ելցինի
օգնականներէն 35 տարեկան երիտասարդ տղու մը հետ։ Ան ըսաւ,
թէ իրենք լուրջ խնդիր մը ունին եւ պատմեց թէ ի՛նչպէս Բ. Աշխարհամարտի
աւարտին ռուսերը, անգլիացիները եւ ամերիկացիները ամէն բան գրաւեցին, պատմեց
նաեւ այն ամբողջ թոյնի տակառներուն մասին, որոնք Գերմանացիներուն մօտ կը
գտնուէին։ Այդ թոյնի տակառները բարձեցին գերմանական
70 ռազմական նաւերու վրայ եւ ընկղմեցին Պալթիկ ծովուն մէջ։ Իսկ հիմա այդ
թոյները ծովուն երեսը կու գան եւ Լեհաստանն ու անկախացած Պալթեան երկիրները
Ռուսաստանի դէմ դատ պիտի բանան։ Ես մտածեցի թէ պէտք է երթամ եւ ամերիկացիներուն հետ ալ խօսիմ։ Այդպէս ալ ըրի։ Բայց վերջիններս
զարմացած հարցուցին թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ ես տեղեակ եմ այդ գաղտնի
արարքներուն մասին։ Ես դիմեցի Սպիտակ Տան ազգային ապահովութեան
սպասարկութեան մարմիններուն եւ հարցում ուղղեցի, թէ արդեօք անոնք ռուսերէն
գիտե՞ն…, ո՛չ ըսին, ես ալ ըսի թէ՝ լաւ կ՚ըլլայ որ սորվին, որովհետեւ
այդ ամբողջ տեղեկութիւնները ռուսերէնով լոյս տեսնող թերթերուն մէջ
հրատարակուած են, որոնց պատճէնները ունիմ։ Քովս են նաեւ գիտնականներուն
զեկոյցները։ Ինչ որ է, ես ռուսական կողմին զեկուցեցի թէ ասիկա իրաւաբանական
հարց մը չըլլալով, պէտք է թաղել…։ Աւարտին Քրեմլինի
պաշտօնեան հարցուց թէ ի՞նչ գին պիտի վճարէ ծառայութեանս համար։ Ես անշուշտ
մերժեցի որեւէ նիւթական հատուցում։ Ան փոխարէնը առաջարկեց որ եթէ
Քա.Կէ.Պէ.-էն թուղթ մը ուզելու ըլլամ ինք կրնայ այս հարցը կարգադրել։ Իմ
պատասխանս անշուշտ դարձեալ բացասական էր։ Նոյն իրիկունը
սենեակիս մէջ կը կարդայի նախագահ Քենետիի ու զինք սպաննող Օսուալտի
(Harvey Oswald) պատմութիւնը։ Յաջորդ օրը, երիտասարդին քովը գացի. սեղանին
առջեւ թուղթ մը կար։ Ըսի, թէ Օսուալտի մասին Քա.Կէ.Պէ.-ի տեղեկութիւնները
կ՚ուզեմ։ Ան իր առջեւ դրուած թուղթը դարձուց… զարմանալիօրէն
իմ ուզածն էր։ Կը մտածէի, թէ նկատի ունենալով որ Օսուալտը ռուս կին ունէր,
Ռուսաստան գտնուած էր, ո՞վ գիտէ ի՞նչ գաղտնիքներ կային այդ սպանութեան
ետին։ Ան ըսաւ, թէ այդ տեղեկութիւնները չի կրնար տալ ինծի, փոխարէնը՝ 120
տոլարի դիմաց կրնայ տալ այլ փաստաթութղեր։ Վճարելէս
ետք կրցայ ունենալ ցարական գաղտնի ոստիկանութեան՝ «Օխրանա»-յի 55
փաստաթուղթերը, որոնց մէջ նշմարեցի Աւետիս Ահարոնեանի մասին գրութիւններ՝
ցարական ոստիկանութեան հետապնդումներու վերաբերեալ: Յետոյ, Լեւոն Տէր
Պետրոսեանի օրերուն երբ մէկու մը ցոյց տուի զանոնք, անմիջապէս
ըսին թէ՝ չըլլայ որ այդ մասին գրես, որովհետեւ այդ փաստաթուղթերը կը
հերոսացնեն Դաշնակցութիւնը…։ Անկէ 25 տարի ետք, օր մը Ամերիկայի մէջ
գրասենեակիս փոխադրութեան ատեն դարակի մը մէջէն դուրս հանեցի Ելցինի
օգնականէն իմ գնած այդ 55 փաստաթուղթերը, որոնք երկար ատեն
հոն մնացած էին…։ Խորհեցայ որ պէտք է թարգմանել գաղտնագիրերով գրուած այդ
թղթածրարը։ Եւ այդպէս ճամբայ ելանք։ Այս հատորը երկու յատկանշական կողմ
ունի. նախ որ կայսեր համար աշխատող առաջին գաղտնի ոստիկաններուն (որոնց
հետեւած են «Չեկան» եւ Քա.Կէ.Պէ.-ն) գործունէութիւնը
շատ կը հետաքրքրէ պատմաբանները։ Իսկ երկրորդը՝ հայերու ռուսական հատուածի
պահանջատիրութիւնն էր (թրքականի մասին արդէն գիտէինք)։
«ՆՅ» - Իսկ ի՞նչ նիւթեր ամփոփուած են ձեր նախորդ գիրքերուն մէջ։
Վ.Ե. - Անոնք կը վերաբերին Սողոմոն Թեհլիրեանի, Միսաք Թոռլաքեանի եւ
Արշաւիր Շիրակեանի դատավարութիւններուն։ Այդ տղոց յաճախ կը հանդիպէի
Դաշնակցութեան ակումբին մէջ՝ Սան Ֆրանսիսքօ։ Ինծի «արգիլած» էին Թեհլիրեանի
հետ իր դատավարութեան մասին խօսիլ՝ վերջինիս առողջական
պատճառներով։ Զանազան նիւթերու մասին կը խօսէինք, բացի բուն նիւթէն, որ կը
վերաբերէր Թալէաթի սպանութեան։ Օր մըն ալ ան ըսաւ՝ խօսակցութեան ուրիշ
նիւթ չունի՞ս, ըսի՝ անշուշտ թէ ունիմ, որովհետեւ իր դատավարութեան հարցը կը
հետաքրքրէր զիս։ Ու սկսաւ պատմել Թալէաթի սպանութեան
պարագաներուն մասին։ Յետագային անգլերէնի թարգմանեցի Թեհլիրեանի դատավարութեան մասին թղթածրարը, որուն հետեւեցաւ Միսաք Թոռլաքեանինը,
որ Պոլսոյ մէջ անգլիացիներու զինուորական դատարանի մը կողմէ
դատապարտուեցաւ։ Ինծի ծանօթ անգլիացի գաղտնի ոստիկանէ մը (որուն կինը հայ
էր) իմացայ (կուսակցականները կ՚ըսէին, թէ տեղեակ չեն այդ մասին)
որ Թոռլաքեանի դատավարութեան թղթածրարը Նիւ Եորքի հրէական փոքրիկ
թանգարանի մը դարակներուն մէջ կը գտնուի։ Ի վերջոյ զանոնք գտայ՝ Ռաֆայէլ
Լեմքինի թուղթերուն կողքին…։ Ի մէջ այլոց Ռ. Լեմքինի Հայոց պատմութեան
մասին գրութիւններն ալ ձեռքս անցան, զորս առանձին գրքոյկով
հրատարակեցի։ Յետոյ, անգլիական թանգարանէ մը (Լոնտոն) ձեռք ձգեցի Մալթայի
մէջ 1921-22-ին տեղի ունեցած 59 երիտ. թուրքերու 300 էջնոց դատավարութեանց
փաստաթուղթերն ալ եւ հաւաքագրեցի հատորի մը մէջ։ Աւելի ուշ այս գիրքը
Զարաքօլուի կողմէ թրքերէնի ալ թարգմանուեցաւ եւ
օրին օրինակ մըն ալ ղրկեցի Հրանդ Տինքին։ Սոյն հատորը պիտի
վերահրատարակեմ, որովհետեւ ուրիշ փաստեր ալ գտայ այդ աւազակներուն մասին։
Պատմեմ նաեւ ուրիշ դէպք մը. Աթաթուրքի ժամանակ կոմիտէ մը կազմուած էր՝ հայ
եւ յոյն պատրիարքներէ, նաեւ անգլիական գաղտնի ոստիկանութենէ,
ուսումնասիրելու համար թէ ի՞նչ կը պատահի Թուրքիոյ մէջ՝ հայերու եւ թուրքերու հարցով։ Այս կոմիտէն երկու շաբաթը անգամ մը ժողով կը գումարէր։
Այդ մասին ես Լոնտոնի մէջ գտայ մօտ 60 տարբեր նիստերու արխիւները, ուր
յիշատակութիւն կար Հայերու եւ Յոյներու ջարդերու մասին։
Այս բոլորը ամփոփած եմ հատորի մը մէջ, որ մեծ ընդունելութիւն գտած է,
նկատի ունենալով որ բացի Հայերէ, Յոյներն ալ կը հետաքրքրէր։ Նաեւ Հայ Դատի
հիմնական գործիչներէն փաստաբան Վահան Քարտաշեանի արխիւներն ալ ձեռքս անցան։ Ըսեմ որ վերջինս 1920-ական թուականներուն
(*) Թուրքիայէն Ամերիկա հաստատուած է եւ Ամերիկուհիի մը հետ ամուսնացած։ Ան
նոյնիսկ հարկ եղած պարագային մեր դատը պաշտպանելու համար նախագահին քով
կ՚երթար…, նաեւ հայապաշտպան կոմիտէ մը կազմած էր որուն
անդամները - բացի իրմէ - բոլորն ալ ամերիկացի էին։ Վերջապէս այդ բոլոր
փաստաթուղթերն ալ հրատարակած եմ։
Ինչպէս գիտէք, ես 17 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ հայերու ինչքերու
ապահովագրութեան «New York Life AXA» հարցին կապակցութեամբ քանի մը դատեր
պաշտպանեցի՝ հետեւելով Ամերիկայի հրեաներուն դատական ուղեգիծին։ Ինչպէս
ծանօթ է, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն հրէական դրամատուները Գերմանիոյ
կողմն էին եւ այդ երկրին դրամ կը յատկացնէին, իսկ ատիկա այն պատճառով էր,
որ Գերմանիա կը կռուէր Ռուսաստանի դէմ, այս վերջինն ալ հրեաներու
մաքրագործումով զբաղած էր։ Բայց յամենայն դէպս հրեաները այն օրերուն
հայանպաստ կեցուածք չունէին։ Սակայն այս առնչութեամբ արխիւ
մը գտայ, որու համաձայն՝ Պաղեստինի հրեաները հայերուն կողմն էին։ Այս
մասին բոլոր փաստաթուղթերն ալ մէկ այլ գիրքի մը մէջ ամփոփած եմ։ Հոն կը
խօսուի հրէական «Նիլի» կազմակերպութեան մասին որու անդամները Պաղեստինի մէջ անգլիացիներու լրտեսներն էին։ Անոնք գրած են թէ՝
«Հայերուն գլխուն եկածը մեզի ալ բաժին կ՚իյնայ…, արդէն իսկ զէնքերը մեր
ձեռքէն առին, այր մարդիկը բնաջնջելէ ետք կարգը կիներունն է…»։ Այդ
կազմակերպութեան ղեկավարը «Փրօ Արմենիա» անունով ուսումնասիրութիւն մը
կատարած է։ Ատոր մասին արխիւ մը գտայ եւ տեսայ, թէ այն ինչ
որ Գերմանիոյ հետ կապ ունի վրան գիծ քաշուած է՝ գերմանացիները
չքմեղացնելու մտադրութեամբ։ Ասկէ կարելի է հետեւցնել, թէ Գերմանիան ալ
մեղսակից էր թուրքերուն՝ հայերը բնաջնջելու ծրագրին կապակցութեամբ։
Տեղեկացնեմ, թէ վէպ շատ կը կարդամ եւ ընթերցումներուս ատեն հանդիպեցայ
Հրեայի մը գրած 450 էջնոց ոստիկանական մէկ վէպին։ Իրեն պէս ես ալ ձեռնարկած
եմ ոստիկանական վէպ մը գրելու աշխատանքին, ուր քանի մը էջով ալ պիտի
անդրադառնամ հայերու ջարդերուն։
«ՆՅ» - Բայց ինչո՞ւ այժմ գրական այս ժանրը…։ Ինչպէ՞ս ժամանակ կը գտնէք ձեր
փաստաբանական աշխատանքներու կողքին գրական ասպարէզն ալ զարգացնելու։
Վ.Ե. - Որովհետեւ ընթերցողներու մեծամասնութիւնը թերեւս փաստագրական
հատորներ չի կարդար, բայց վէպ կը կարդայ։ Այս փորձն ալ կ՚ընեմ, որպէսզի
ժողովուրդիս պատմութեան մասին աւելի շատ մարդիկ տեղեակ ըլլան։ Իսկ ինչ կը
վերաբերի ժամանակի հարցին, ապա պէտք է ըսեմ թէ շատ քիչ
կը քնանամ։ Աւելցնեմ, որ միաժամանակ 6-7 վէպի վրայ կ՚աշխատիմ։
«ՆՅ» - Կ՚ուզէի գիտնալ թէ գիտական աշխարհին մէջ ինչպիսի՞ ընդունելութիւն կը
գտնեն ձեր գործերը, օրինակ՝ ընդհանրապէս պատմաբանները կամ Հայաստանի
ցեղասպանութեան թանգարանը ինչպէ՞ս կը գնահատեն ձեր վաւերագրութիւնները։
Վ.Ե. - Ընդհանրապէս գիրքերս լաւապէս գնահատուած են։ Երբեմն որոշ
կուսակցականներ քիչ մը կը դժգոհին. օրինակ այս հատորներուս մեծ մասին մէջ
կը խօսիմ դաշնակցականներու մասին եւ բնականաբար անկէ դժգոհ կը մնան
հնչակեաններն ու ռամկավարները։ Բայց իմ ըրածը ոեւէ մէկուն դէմ
չէ, ես կը գրեմ այն ինչ որ Հայերուն կը վերաբերի։ Պատմական արժէք
ներկայացնող փաստաթուղթերը կ՚ուսումնասիրեմ ու կը վերահրատարակեմ։
«ՆՅ» - Ինչպէս ծանօթ է Գերմանիան ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Արդեօք
այդ քայլը հատուցման առումով կրնա՞յ ծառայել հայութեան դատին։
Վ.Ե. - Ես կրնամ իմ տեսակէտը արտայայտել որուն ամէն մարդ համամիտ չէ։ Ես
կ՚ուզէի որ Գերմանիան ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն, նկատի ունենալով
իր մեղսակցութիւնը։ Ըստ իս, իրաւական առումով ճանաչումը իմաստ չունի, ան
միայն քաղաքական արժէք կրնայ ներկայացնել։
Տեղեկացնեմ, թէ այժմ Ինճիրլիքի դատով կը զբաղիմ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ինճիրլիքի
օդակայանի հողերը հայերուն կը պատկանին։ Ես ունիմ 14 կալուածատէր ընտանիքի
կալուածաթուղթերը։ Ներկայիս 3 ընտանիքի անունով Ամերիկայի մէջ խմբային դատ
բացած եմ (դժուար պիտի ըլլար բոլորին ներառումը,
քանի որ այդ պարագային տարիներ կրնայ տեւել)։ Սկիզբը երբ ես փաստերը
դաշնակցային դատարան ներկայացուցի, դատաւորը ըսաւ թէ ատիկա ո՛չ թէ
իրաւաբանական, այլ քաղաքական հարց մըն է։ Անկէ ետք դիմեցի բարձր դատարանին
եւ Օգոստոս 4-ին տեղի պիտի ունենայ դատավարութիւնը։ Աւելցնեմ,
թէ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով քրիստոնեաները դիմում կատարած են ԱՄՆ-ու
Արտաքին Գործոց նախարար Ճոն Քերրիին, ըսելով որ հոն տեղի ունեցածը
ցեղասպանութիւն է։ Իսկ վերջինս ալ պատասխանած է, որ ատիկա կառավարական հարց
մը չէ, այլ՝ դատական, եւ դատարանն է որ պէտք է որոշում
կայացնէ։ Ճիշդ ատիկա է մեր ուզածը եւ դատական նիստին բանաւոր պիտի
ներկայացնենք այդ հարցը։ Յուսամ, որ կը շահինք դատը։ Գիտէք, ամերիկեան
դիւանագիտութիւնը միշտ փախուստ կու տայ ցեղասպանութեան հարցէն։ Բայց
ամերիկեան դատական օրէսգիրքին մէջ յստակօրէն ըսուած է հետեւեալը.
- Եթէ հողեր գրաւելու ատեն միաժամանակ մարդկային իրաւունքներու խախտում
եղած է, այդ պարագային ամերիկեան դատարանները իրաւունք ունին այդ հարցը
քննարկելու, իսկ ասիկա կը համապատասխանէ մեր պահանջներուն։
«ՆՅ» - Ասիկա հասկնալի է, սակայն կարելի չէ՞ հատուցման պահանջով դատ բանալ օրինակ՝ Գերմանիոյ դրամատուներուն դէմ։
Վ.Ե. - Մենք արդէն «Deutsche Bank»-ի դէմ դատ բացած ենք եւ փաստեր
ներկայացուցած՝ 1915-ին հայերու դրամատնային հաշիւներուն մասին։ Անոնք
ըսին, թէ գերմանական օրէնքին համաձայն պայմանաժամը անցած է եւ չենք կրնար
այդ գծով պահանջ ներկայացնել (ըսեմ թէ ամերիկեան օրէնքով
դրամատնային հաշիւներու պարագային պայմանաժամու հարց չկայ եւ որեւէ ատեն
կարելի է դրամատունէն անցեալին պահ դրուած դրամը պահանջել), այդ պատճառով
ալ դատը կորսնցուցինք եւ դժբախտաբար նոյն օրէնքին համաձայն վերստին դատի
դիմելու կարելիութիւնը չունինք։ Տեղեկացնեմ, թէ
այս հարցով նոյնիսկ Ֆրանքֆուրթ գացինք եւ հանդիպում ունեցանք այդ դրամատան
պատասխանատուին հետ։ Վերջինս ըսաւ, թէ հայերու հաշիւներուն հարցով իրեն
հրահանգած են Թուրքիա երթալ եւ փակել (liquidation) հաշիւները։ Ինք ալ
առանց նոյնիսկ արխիւները նայելու գործադրած է հրահանգը։
«Իսկ արխիւները ի՞նչ եղան» մեր հարցումին պատասխանելով, շատ սառնասրտօրէն
ըսաւ, թէ այդ բոլորը իր կողմէ վարձուած թուրք փաստաբանը այրած է։
Ուրիշ հետաքրքրական բան մը պատմեմ. երբ ռուսերը Պերլին մտնելով քաղաքին
կէսը գրաւեցին եւ «Deutsche Bank»-ի արխիւները իրենց ձեռքը անցան, այդ
բոլորը տարին Ռուսաստան։ Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք արխիւները շատ
սուղ գինով վերադարձուցին «Deutsche Bank»-ին։ Ըսել
է, թէ այդ դրամատունը Թուրքիայէն բացի ամբողջ աշխարհի արխիւները ունի։ Այս
գծով բարեկամ մը նոյնիսկ մինչեւ Թուրքիա գնաց։ Հոն իրեն ըսին, թէ Քարտաշլը
անունով մէկու մը քով պահուած են արխիւները։ Քարտաշլը իրեն ըսեր է, թէ
այստեղ տուփեր կան որոնց մէջ գերմաներէնով արխիւներ
կան։ Բարեկամս կ՚ըսէ, թէ առաջին տրցակը բանալով հոն գտած է «Deutsche
Bank»-ի տնօրէնին մէկ նամակը՝ ուղղուած Թալէաթին, ուր գրուած էր
հետեւեալը.- Մեծայարգ պրն. Թալէաթ, ձեր ուզածին պէս կը փոխանցեմ Հայերուն
եւ Յոյներուն կողմէ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներու
եւ հաշիւներու երկար ցանկը…։ Քարտաշլը անշուշտ այդ փաստաթուղթը չէ տուած
բարեկամիս եւ չէ ձգած նոյնիսկ լուսանկարել զայն։ Վերջը փորձեցինք զանազան
ճամբաներով ձեռք ձգել այդ արխիւները, բայց չյաջողեցանք։
Տեղեկացնեմ, թէ երբ ռուսերը «Deutsche Bank»-ին փոխանցեցին այդ բոլոր
փաստաթուղթերը, անոնց մէջն էին նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան
արխիւները։ Ես գիտէի, որ Ս. Թեհլիրեանի տղան տեղեակ է այդ
մանրամասնութիւններէն։ Բարեկամէ մը խնդրեցի, որ երթայ Թեհլիրեանի տղուն
հետ հարցազրոյց մը ընէ եւ ձայնագրէ։ Վեց ժամ տեւած էր այդ հարցազրոյցը։ Ես
մտիկ ըրի։ Հոն Թեհլիրեանի տղան ի մէջ այլոց շատ յուզիչ բաներ ալ կը պատմէ.
օրինակ կ՚ըսէ. «Հօրս տարին Ֆրէզնօ թաղեցին առանց իմ կարծիքը առնելու…»։
«ՆՅ» - Վերադառնալով հատուցման հարցին, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ Սիսի Կաթողիկոսութեան մասին անոր հետապնդած դատը։
Վ.Ե. - Ես անձամբ ճանչնալով Արամ Ա. Կաթողիկոսը, կրնամ ըսել, թէ վերջինս
այնքան ալ հետաքրքրուած չէ Սիսի կաթողիկոսական հողերու վերադարձի հարցով.
ան նիւթական հատուցում կը պահանջէ։ Աւելին, հոն վերստին կաթողիկոսութիւն
հիմնելու խնդիրը բացառուած է, նկատի ունենալով որ
շրջանին մէջ գրեթէ հայեր չկան։
«ՆՅ» - Հարցումս իրաւաբանական կալուածին կը վերաբերի։
Վ.Ե. - Որքան գիտեմ, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը ի սկզբանէ մերժած է
հարցը քննել եւ այժմ կ՚ուզեն դիմել եւրոպական ատեաններուն։ Ըստ իս, քիչ մը
երազներու մէջ կ՚ապրինք, որովհետեւ նախ պէտք է հարցը քննարկուի թրքական
դատարանին մէջ եւ մերժուելու պարագային է, որ կարելի
է դիմել Եւրոպական միութեան բարձրագոյն ատեաններուն։ Ես պիտի թելադրէի, որ
մեր հոգեւոր առաջնորդները զբաղէին եկեղեցական հարցերով, դատական բաժինը
ձգելով փաստաբաններուն։
«ՆՅ» - Եթէ օրինակի համար այս թղթածրարը ձեզի յանձնէին դուք ինչպէ՞ս կը մօտենայիք հարցին։
Վ.Ե. - Ես իւրաքանչիւր եկեղեցապատկան հողին համար առանձին-առանձին դատ կը
բանայի Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս որ ըրին Յոյները եւ երբ դատը կորսնցուցին
Թուրքիոյ մէջ այն ատեն է, որ դիմեցին միջազգային դատարաններուն…։
«ՆՅ» - Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը երբ առաջին անգամ յայտարարեց սոյն դատին մասին, յստակօրէն ըսաւ, թէ քաղաքական նպատակ կը հետապնդէ։
Վ.Ե. - Բայց քաղաքական նպատակը քաղաքական կուսակցութիւնները կը հետապնդեն։
Սիսի կաթողիկոսարանը եւ եկեղեցիներն ալ ժողովուրդին կը պատկանին։ Իսկ
դատական գործը Թուրքիոյ մէջ պէտք է յանձնել թուրք փաստաբաններուն։ Գիտէք,
այդ երկրին մէջ իրաւունք ունիք ուղղակի Սահմանադրական
դատարանին դիմելու, ինչ որ օրինակի համար նոյնը չէ Ամերիկայի կամ այլ
երկիրներու պարագային։ Պէտք է քայլ առ քայլ օրէնքով յառաջ երթալ։ Յամենայն
դէպս ես ճիշդ չեմ գտներ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին ձեռնարկած դատական քայլը։
«ՆՅ» - AXA-ի ապահովագրութեան հարցով ամերիկացի երեք փաստաբաններու միջոցաւ
դատ բացուեցաւ, ի միջի այլոց դուք այն երեքէն մէկն էիք (միւս երկուքը
ըլլալով՝ Մարկ Կիրակոսն ու Պրայան Քապաթէքը)։ Բայց յուսալի արդիւնքներու
չյանգեցաք։ Փաստաբաններու միջոցով բացուած դատերն
ալ անպայման չէ, որ արդար հատուցում կ՚ապահովեն։ Ուրեմն տեղ մը նաեւ
բարոյական կամ խղճի խնդիր մը կայ։
Վ.Ե. - Իմ կարծիքով արտասահմանեան երկիրներու մէջ հատուցման հարցը
հետապնդելու համար արտասահմանի հայերն է, որ պէտք է դատ բանան Թուրքիոյ
դէմ, ինչպէս որ ես ցարդ 6-7 դատեր բացած եմ։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը
ստիպուած է պատասխանել այդ դատերուն։ Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը
պէտք է զբաղի բանակցութեանց հարցով։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ այլեւս
ցեղասպանութիւն բառը թապու չէ եւ այդ մասին բացէ ի բաց կը խօսուի,
դասախօսութիւններ եւ վիճարկումներ կը կազմակերպուին։ Ներկայիս Էրտողանի
դիրքը զօրաւոր է եւ յարմար առիթն է անոր հետ խօսելու եւ յստակօրէն
մեր պահանջները ներկայացնելու։ Վստահաբար բանակցութիւնները երկար պիտի
տեւեն բայց քանի մը տարիէն կրնանք յուսալ, որ արդիւնքի մը կը հասնինք։
Օրինակի համար հրեաները Գերմանացիներուն դէմ դատ չբացին այլ քով-քովի եկան
եւ 100 միլիառ տոլարի մասին խօսեցան…։ Կարելի է դրամական
հատուցումը փոխարինել Հայաստանի մէջ շինարարական եւ տնտեսական
գործարարութեամբ, որմէ ուղղակի պիտի օգտուի ժողովուրդը։ Նաեւ ըսեմ, թէ
դատական գործերը հսկայական ծախսեր կը պահանջեն եւ այդ գծով օգնողներ չկան։
Իսկ մարդասիրական առումով դրամահաւաքի պարագային եթէ հաւաքուածին
միայն տասը տոկոսը տեղ հասնէր ես շատ գոհ պիտի մնայի…։
«ՆՅ» - Իսկ AXA-ի վերաբերեալ փաստաբաններու կողմէ ներկայացուած դատին հարցով եղած զեղծարարութիւններուն մասին ի՞նչ կ՚ըսէիք։
Վ.Ե. - Եղածը գողութիւն է, քանի որ դուրսէն փաստաբան մը մէջը մտաւ եւ սկսաւ
դրամ գողնալ. ան 26 «յաճախորդ»-ի դրամը իւրացուց, որ շուրջ 6 միլիոն տոլար
էր (յետագային յաջողեցանք մէկ մասը ձեռքէն առնել, բայց տակաւին շուրջ
երկու միլիոն տոլարը քովն է)։ Ես այդ գծով դատաւորին
դիմեցի բայց խօսքս տեղ չհասաւ, նկատի ունենալով, որ խնդրոյ առարկայ այդ
փաստաբանը դատաւորին ամուսնոյն հետ դատական այլ գործեր կը հետապնդէր…։ Այդ
փաստաբանը Պերճ Պօյաճեան անունով գող-աւազակին մէկն է, որուն քրոջը փեսան
եւս անցեալ տարի «Հայաստան» հիմնադրամէն 600 հազար
տոլար իւրացուց։ Իսկ հիմնադրամն ալ այդ մասին չի խօսիր որպէսզի չկորսնցնէ
ժողովուրդին վստահութիւնը։ Վերադառնալով AXA-ի հարցին նաեւ տեղեկացնեմ, թէ
քանի մը հոգի, որ նոյնիսկ դատ չէին բացած դրամ ստացան…։ Երբ
հետաքրքրուեցայ, անդրադարձայ որ այս վերջիններու մասին ո՛չ
արխիւ կայ եւ ո՛չ ալ դիմումնագիր, այլ խօսքով ամէն մարդ իր բարեկամը «կը
սնանէ»…։ Մենք ամենայն պարկեշտութեամբ հետապնդեցինք New York Life-ին դատը։
Ես անձնապէս երբ դատական գործ մը յանձն կ՚առնեմ դրամական հարցերով չեմ
զբաղիր եւ այդ բաժինը կը վստահիմ այդ գործի մասնագէտներուն։
«ՆՅ» - Ուրեմն AXA-ի «օրինակով» հատուցումներու գծով մի՛շտ «իւրացման» վտանգը կայ։
Վ.Ե. - Այո՛, բայց միշտ ալ դրամ իւրացնող փաստաբանները ջուրին երեսը
բերելու միջոցը կա՛յ եւ առիթը կը գտնուի։ Հրեաներու օրինակին հետեւելով,
զեղծարար փաստաբանները պէտք է դատի տալ: Կարելի է միջազգային համբաւ
վայելող իրաւաբաններ վարձել, որոնք մասնագէտ են այդ գործերուն
մէջ։ Գիտէք, խարդախութիւնները երեւան հանած ըլլալու պատճառով այսօր ես
անոնց կողմէ դատի տրուած եմ եւ ստիպուած եմ ինքզինքս պաշտպանելու։
«Նոր Յառաջ», 9 եւ 12 Յուլիս 2016
No comments:
Post a Comment