1.7.16

Դէպի Սիլիվրի՝ Ռուբէն Սեւակի հետքերով

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ


Յիշո­ղու­թեան վայ­րե­րուն հետ մեր­ձա­ւորու­թիւնը ներ­քին ան­հանգստու­թիւն մը կու տայ մեզի։ Վայ­րը, որ յի­շողու­թիւն կը կրէ կամ ու­նի, ու­ծա­ցած է ինքնին եւ այ­ցե­լու­թիւննե­րը կը դառ­նան առիթ­ներ վե­րագ­րե­լու անոնց նախ­կին կամ բո­լորո­վին նոր իմաստ, արթնցնե­լու, վերադարձնելու իրենց յու­շը, յի­շեց­նե­լու իրենց թէ ի՛նչ էին ու ե՛ն ալ տա­կաւին։ Առանց անդրա­դար­ձումի՝ թե­րի պի­տի ըլ­լայ այդ վայ­րը։ Մենք պէ՛տք է յի­շենք, որ­պէսզի անոնք ըլլա՛ն։
Ռուբէն Սեւակի տան աւերակները՝ Սիլիվրիի մէջ
Այսպէս սկսաւ մխիթարեանցի աշակերտներուս հետ ճա­նապար­հորդու­թիւնը Ռու­բէն Սեւակի հետ­քե­րով։ Սի­լիվ­րի ծնած բա­նաս­տեղծը իրենց ըն­տա­նեկան տան վայ­րին վե­րաբե­րեալ որոշ տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցէր ար­դէն «Ման­չե­րուն գե­րեզ­մա­նը» արձակին մէջ՝ գրուած Լոզան, 1913-ին։ «Բժիշ­կին գիր­քէն փրցուած էջեր» շար­քին այս պատու­մը ման­կութեան ան­հոգ օրե­րու յի­շատակ մը կը բե­րէ հե­ղինա­կէն. կը յի­շէ Սե­ւակ «այն օրհնեա՜լ օրե­րը, երբ ու­ղե­ղիս, ջի­ղերուս, մարմնիս բո­լոր բջիջ­նե­րը այնպէ՜ս լե­ցուած էին կեան­քով՝ որ մա­հուան գաղափարին հա­մար տեղ չէր մնա­ցած...»։ Այդ էջե­րուն վրայ է որ կը յիշա­տա­կուի պապենական տու­նը։ «Սի­լիվ­րիի այդ աշ­տա­րակը ճիշդ մեր տան դէմն էր. բարձր ու խարխուլ մի­նարէ մը՝ յու­նա­կան հին մե­հեանի վրայ թա­ռած. մե­հեանը դեռ կանգուն է՝ մինարէն փլած...»։
Յի­շատա­կի այս փշրան­քը սրբու­թեան մը նման ար­ձա­նագ­րե­լով ծո­ցատետ­րիս մէջ՝ կապ հաստա­տեցի Ռու­բէն Սե­ւակի եղ­բօր՝ Քե­րով­բէ Չի­լին­կի­րեանի զաւ­կին՝ պր. Յով­հաննէս Չիլինկի­րեանին հետ։ Առա­ջին օրէն մին­չեւ վեր­ջի­նը զօ­րակից ու խորհրդա­կից էր ան մե­զի այս ձեռ­նարկին մէջ։ Պր. Չի­լին­կի­րեան տրա­մադ­րեց լու­սանկար­ներ՝ 1960-ին Ռու­բէն Սեւակի զաւկին՝ Լե­ւոնին դէ­պի Սի­լիվ­րի կա­տարած ու­ղե­ւորու­թե­նէն, որու ըն­թացքին իրեն ըն­կե­րացած էին կո­ղակի­ցը՝ Ժա­նեթ եւ Սե­ւակի քրոջ աղ­ջի­կը՝ Ատ­րի­նէ Յա­կոբո­վիչ-Մա­լակեան։ Ռու­բէն Սե­ւակի հա­տըն­տիր հա­տորի մը մէջ հան­դի­պած էի տու­նը ցուցնող այլ լու­սանկա­րի մըն ալ, զոր նոյնպէս հետս ու­նէի այ­ցե­լու­թեանս օրը։ Թէեւ գի­տէի որ ո՛չ թէ ասի­կա, այլ պր. Չիլինկիրեանի ու­ղարկածն է ճիշ­դը։
Պոլ­սոյ մեր­ձա­կայ, ծո­վափ­նեայ այս գիւ­ղը մին­չեւ 1915-ը 160 տան մէջ բնա­կող 1000 հայ կը հա­շուէր իր բնա­կիչ­նե­րու շար­քին։ Աս­քա­նազեան վար­ժա­րանի կող­քին, կար նաեւ Ս. Գէորգ եկե­ղեցին։ Չի­լին­կի­րեան­նե­րը գիւ­ղա­քաղա­քի հա­րուստ ըն­տա­նիք­նե­րէն էին։ Իրենց ու­նե­ցած աւե­լի քան տա­սը կա­լուա­ծաթուղթե­րը տա­կաւին կա­րելի է տես­նել Յովհաննէս-Իր­մա Չիլինկի­րեանի յի­շատա­կի տան մէջ, Նիս։ Ռու­բէն Սե­ւակ նա­մակի մը մէջ կը խոս­տո­վանէր, թէ եթէ բժիշկ չըլ­լար, ապա պի­տի ու­զէր զբա­ղիլ հո­ղագոր­ծութեամբ։ Եւ իր երազն էր օր մը վերադառ­նալ Սի­լիվ­րի ու զբա­ղիլ հո­ղագոր­ծութեամբ։ «Ամենավերջին փա­փաքս է օր մը կարենալ գիւղ քա­շուիլ ու կեան­քիս վեր­ջին տա­րինե­րը դաշ­տե­րուս ու հո­ղերուս վրայ ան­ցը­նել լռու­թեան ու բնու­թեան մէջ», կը գրէր ան 1912 թուակիր նա­մակի մը մէջ։
Սե­ւակին այս տո­ղերը դա­տապարտուած էին երա­զանք մը մնա­լու։ Պր. Չի­լին­կիրեանի տրամադ­րած լու­սանկար­նե­րուն մէջ կա­յին դրուագ­ներ ալ, որոնք կը յա­ւեր­ժացնէին Սեւակը որ­պէս որ­սորդ։ Եւ­րո­պական հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ բժշկա­գիտա­կան կրթութիւն ստա­ցող ու այնտեղ ալ պաշ­տօ­նավա­րող Սե­ւակին հա­մար, վստա­հաբար, վերադար­ձի վայր մը ու ապաստան մըն էր հայ­րե­նական այս ոս­տա­նը, Սի­լիվ­րին։
Մեր այ­ցե­լու­թիւնը նշա­նակա­լից դարձնե­լու նպա­տակով կապ հաս­տա­տեցինք Սի­լիվ­րիի քա­ղաքա­պետու­թեան հետ։ Փոխ-քա­ղաքա­պետը, որ ու­ղե­կից ազ­նիւ պաշ­տօ­նեայ մըն ալ տրամադ­րեց մե­զի, կա­րելի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով օժան­դա­կեց մեր ձեռ­նարկի յա­ջողութեան համար։ Սի­լիվ­րին փոք­րիկ բնա­կավայր մըն է, հե­տեւա­բար դիւ­րին եղաւ մօ­տաւո­րապէս գտնել այն թա­ղը, ուր բնա­կած ըլ­լա­լու էր Չի­լին­կի­րեան գեր­դաստա­նը։ Ու­րա­խու­թիւն էր նաեւ յայտնա­բերել մնա­ցորդնե­րը այն տան, որու լու­սանկա­րը սխալ­մամբ տե­ղադ­րուած էր հատընտիր ժո­ղովա­ծոյի մը մէջ։ Ու­րեմն, կը զգա­յի, որ ան­հա­ւանա­կան չէ յայտնա­բերել նաեւ Սե­ւակին իրա­կան տու­նը։
 Պր. Չի­լին­կի­րեանի առա­քած լու­սանկար­նե­րը ի ձե­ռին՝ փո­ղոց առ փո­ղոց տուն կ՚որո­նէինք, քա­ղաքի տա­րեց բնա­կիչ­նե­րուն կը հարցնէինք, քա­նի որ հսկայ տու­նը կան­գուն էր գո­նէ մին­չեւ 1960-ական­նե­րը։ Եւ վեր­ջա­պէս մե­զի ցոյց տուին ազատ տա­րածու­թիւն մը, ուր կը նշմա­րուէին տան հիմ­քե­րը, ալա­թուրքա ճե­միշ­նե­րը, սե­նեակ­նե­րը իրար­մէ զա­տող պատերուն հետ­քե­րը։ Ահա՛ տու­նը, աւե­լի ճիշդ՝ Սե­ւակենց տան մնա­ցոր­դը։ Ու­րա­խու­թիւն ու տխրու­թիւն կը զգանք միաժա­մանակ։ Ու­րախ ենք որ գտած ենք տու­նը, սա­կայն տխուր՝ որ այս վի­ճակի մէջ է ան։ Բո­լոր այս ըն­թացքին կը զրու­ցէինք ան­շուշտ քաղաքապետարանի պաշ­տօ­նեային հետ, կը պատ­մէի իրեն Ռու­բէն Սե­ւակին մա­սին։ Հետաքրքրուած էր, կը մտա­ծէր կազ­մա­կեր­պել ծանօթա­ցու­մի ներ­կա­յացում մը հայ բանաս­տեղծին մա­սին, հրա­ւիրել զիս՝ որ­պէսզի խօ­սիմ իրենց, թե­րեւս կա­րելի ըլ­լար յուշաքար մը, յի­շատա­կի ցու­ցա­նակ մը տե­ղադ­րել ի յի­շատակ սի­լիվ­րի­ցի այս ան­ծա­նօթ բա­նաս­տեղծին (ինչպէս որ ըրած էին սի­լիվ­րի­ցի Ս. Նեկ­տա­րիոսի, 1846-1920, տան համար)։
Սե­ւակ, գի­տենք, կը նա­հատա­կուի 1915-ին։ Սի­լիվ­րին, ինչպէս վերն ալ ըսի, ան­կիւն մըն էր իրեն հա­մար, ուր թե­րեւս վե­րադառ­նար հե­տագա­յին։ Տու­նը կան­գուն էր իր­մէ ետք ալ։ Հայրն ու մայ­րը այնտեղ էին։ Հայ­րը կը մա­հանայ 1920-ական­նե­րուն, Սի­լիվ­րիի մէջ, երբ գիւ­ղա­քաղա­քը կը գտնուէր յու­նա­կան բա­նակի գրաւ­ման տակ։ Յոյ­նե­րը Սե­ւակենց տան վեր­նա­յար­կը վերածած էին բա­նակա­յին կեդ­րո­նատե­ղիի։ Սե­ւակին հայ­րը՝ Յով­հաննէս երբ կը մա­հանայ, յուղարկա­ւորու­թիւնը կը կա­տարուի զի­նուո­րական պա­տիւ­նե­րով, քա­նի որ ան հայրն էր օսմանեան բա­նակի հա­րիւ­րա­պետ Ռու­բէն Սե­ւակի։ Բա­նաս­տեղծին մայ­րը՝ Ար­մա­ւենի Չիլինկի­րեան, յու­նա­կան բա­նակին հետ կը լքէ հայ­րե­նի քա­ղաքը։ Ան կը վախճա­նի 1934-ին, Սե­լանի­կի մէջ, ուր կը թա­ղուի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նատան մէջ։
Յի­շողու­թիւնը վառ պա­հելու հա­մար կա­րիքն ու­նինք այս ջան­քին, այս եր­թին, Սե­ւակ կամ այլ անուն մը կա­պելու հա­մար վայ­րի մը, վե­րադարձնե­լու հա­մար զի­րենք իրենց քա­ղաք­նե­րուն։

«Ակօս», 1 Յուլիս 2016

No comments:

Post a Comment