Յունիս
24-ին, 85 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հրանդ Սամուէլի որդին՝
Արմէն Սամուէլեան, որու անունը սերտօրէն առնչուած պիտի մնայ
Փարիզի հայ մտաւորական կեանքի պատմութեան:
Իր հօրմէն վարակուած՝ գրականութեան սիրահար, ողբացեալը անոր
«Սամուէլեան» գրատան գիրքերու բոյրին եւ փոշիներուն մէջ հասակ
առած էր:
Արեւելագիտութեան մատենագիտութեան ճիւղին մէջ հմտանալու
համար Արմէն Սամուէլեան յաճախած էր Փարիզի Արեւելեան
լեզուներու ամպիոնը, հետեւելով փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի դասընթացներուն,
սորված՝ հայերէն եւ արաբերէն։ Ինչպէս այս մասին կը վկայէր
պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեան՝ Փարիզի Հայ Ուսանողաց Տան մէջ,
«Սամուէլեան» գրատան
նուիրուած Արման Ֆրանժիւլիէնի
լուսանկարներու ցուցահանդէսին զուգահեռ
2015 Յունիս
10-ին
տրուած բանախօսութեան ընթացքին՝
«Աւելի ուշ
գրատուն այցելող մտաւորականները իրմէ խորհուրդ
կ՚առնէին
արեւելագիտութեան մարզէն ներս հրատարակութեանց
վերաբերեալ։
Արմէն Սամուէլեան մեծ սէր ունեցած է գիրքերու նկատմամբ եւ շատ բան
սորված է հին հատորները պրպտելով։ Նոյնիսկ հինցած գիրքերու հոտն
ու բուրմունքը հրապուրած է զինք։ Արմէնը ի տարբերութիւն իր հօր,
մեծ հռետոր չէ եղած եւ երբեք բեմերէն չէ խօսած...»։
Արմէն Սամուէլեան, 1945-ականներէն արդէն խորասուզուած էր
Մէօսիէօ-լը-Փրենս փողոցի միջազգային հռչակ վայելող այս գրատան
հազարաւոր գիրքերուն մէջ, որ Եղեռնէն ետք Փարիզի մէջ
կազմաւորուող հայ համայնքի, բայց նաեւ գաւառաբնակ ամբողջ
հայութեան հանդիպման վայրը դարձած էր: Իսկ 1977-ին, Հրանդ Սամուէլի
մահէն ետք, Արմէն Սամուէլեանի եւ իր քրոջ՝ Ալիս
Սամուէլեան-Ասլանեանի անունները անմիջականօրէն պիտի կապուէին
գրատան հետ, որ դեռ երկար տասնամեակներ պիտի հանդիսանար
ֆրանսահայ մտաւորականութեան, եւ ոչ միայն, ժամադրավայրը,
ակունքը, դարբնոցը:
Արմէն Սամուէլեան եւ քոյրը մեծ ներդրում ունեցած են նաեւ
հրատարակչական գործին մէջ, ինչ կը վերաբերի հայկական հարցի
թեմաներով լոյս տեսած ֆրանսերէնով հատորներուն, որոնց
հեղինակները անպայման անցած էին Սամուէլեան գրատունէն, որոնք
պէտք էր վայելէին հայ կազմակերպութիւններու նեցուկը։
Նաեւ իրենց ա՛յդ վաստակին համար է, որ 2007 թուականին,
Հայաստանի տարուան առթիւ Արմէն եւ Ալիս պարգեւատրուած էին
Պատուոյ Լեգէոնի ասպետի շքանշանով:
Արմէն Սամուէլեանի մահով՝ Փարիզի հայ համայնքի երբեմնի
փառաւոր խմբանկարէն կը պակսի մէկը եւս, որու տեղը պիտի մնայ
պարապ:
«Նոր Յառաջ», 30 Յունիս 2016
No comments:
Post a Comment