11.2.16

Շտապող Պոլիսին հմայքը

ԱՆՈՅՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
 
Պո­լի­սը մեզ կը դի­մա­ւո­րէ պաղ ե­ղա­նա­կով: Օ­դա­կա­յա­նէն դէ­պի այն շրջա­նը, ուր պի­տի իջեւանինք Պո­լիս կարճ հանգ­րուա­նի մը ըն­թաց­քին, ճա­նա­պար­հին անձ­րեւ կը սկսի, թաք­սիի վարորդը շատ ա­րագ կը վա­րէ, ին­չ որ տագ­նապ կը յա­ռա­ջաց­նէ, կը խնդրենք քիչ մը դանդաղեց­նել ըն­թաց­քը, սա­կայն այդ ե­րե­ւոյ­թին ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք նաեւ հե­տա­գայ օրերուն՝ ինքնաշարժնե­րու ըն­թաց­քը շատ ա­րագ կը թուի, բայց ա­ւե­լի ուշ կը հասկ­նանք, որ արագ ու շտա­պող քա­ղա­քի՝ Պոլ­սոյ ըն­թացքն է այդ մէ­կը: Քա­ղա­քը կար­ծես վազ­քի ե­լած է եւ կայ այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ շու­տով տեղ մը պի­տի հաս­նի՝ իր բազ­մա­մարդ պո­ղո­տա­նե­րով, լեցուն հրա­պա­րակ­նե­րով, ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րոնն­նե­րով, ան­վերջ ա­մէն տեղ ա­ճա­պա­րող մարդոց հոծ խում­բե­րով: Մեծ քա­ղաք­նե­րու կշռոյ­թի ներ­քոյ Պո­լի­սը կը պա­հէ իր հա­մա­չափ քայլ­քը՝ Արեւելքի եւ Եւ­րո­պա­յի սահ­մա­նին մնա­լով յա­ւերժ փա­ռա­բա­նուած մայ­րա­քա­ղա­քը քա­նի մը կայս­րու­թիւն­նե­րու:
Եւ այդ փառ­քի մէջ մենք կը փնտռենք հայ­կա­կան հետ­քը, հայ­կա­կան փառ­քը: Հա­յու, ա­ռա­ւե­լ եւս՝ հայ լրագ­րո­ղի «վատ սո­վո­րու­թիւն­ն» է՝ ա­մէն տեղ, ուր որ եր­թայ, հայ­կա­կա­նը կը փնտռէ եւ կը փոր­ձէ տուեալ երկ­րին կամ տուեալ տա­րած­քին նա­յիլ հա­յու ճա­կա­տագ­րի ընդ­մէ­ջէն, հա­յու աչ­քով:
Պոլ­սոյ մէջ ա­մէն մէկ փո­ղո­ցի, ա­մէն մէկ ան­կիւ­նի, շէն­քի, պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող ա­մէն մէկ կա­ռոյ­ցի ճա­կա­տին թէեւ գրուած չէ, բայց կը տես­նենք կայս­րու­թե­նէ կայս­րու­թիւն փոփոխուած քար­տէ­սի նշմար­նե­րը՝ Հռո­մէա­կա­նէ մին­չեւ Բիւ­զան­դա­կան, Լա­տի­նա­կա­նէ մինչեւ Օս­մա­նեան: Շէն­քե­րը, բիւ­զան­դա­կան, օս­մա­նեան, ա­րե­ւե­լեան եւ եւ­րո­պա­կան միախառնուած ճար­տա­րա­պե­տու­թեամբ ի­րենք ար­դէն կը խօ­սին ի­րեր­այա­ջորդ քաղաքակրթու­թիւն­նե­րու եւ վե­րագ­ծուած քար­տէս­նե­րու մա­սին, եւ պէտք չու­նիս մօ­տէն սերտե­լու պատ­մու­թիւ­նը, երբ ան ա­մէն քայ­լա­փո­խի քու առ­ջեւդ է: Այդ միա­խառ­նու­մը կը տես­նենք նաեւ Իս­թիք­լա­լի մէջ, ո­ր հա­ւա­նա­բար աշ­խար­հի հե­տաքրք­րա­կան պո­ղո­տա­նե­րէն մէկն է՝ զա­նա­զան ազ­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հաշ­տօ­րէն կը քա­լեն ե­լեկտ­րա­կան գծուղիներով ըն­թա­ցող կար­միր կառ­քե­րու շչակ­նե­րու ներ­քոյ եւ եր­բեք չեն ձանձ­րա­նար: Պոլիսը չի ձգեր, որ ձանձ­րա­նաս. ինչ­պէս ալ ըլ­լայ՝ ան­կիւն մը կը գտնես՝ թէյ մը խմե­լու եւ դիտե­լու այն զար­մա­նա­լի ան­ցու­դար­ձը, որ տա­կա­ւին Իս­թան­պու­լի օ­դա­կա­յա­նէն սկիզբ ա­ռած է, եւ վստա­հա­բար միայն գի­շե­րը քիչ մը դան­դա­ղի:
Շտա­պող Պո­լի­սը… այս­պէս զգա­ցինք ա­մէն քայ­լա­փո­խի՝ քա­ղա­քը կը շտա­պէ, յա­պա­ղե­լու ժա­մա­նակ չու­նի:
Պո­լիս հաս­նե­լու յա­ջորդ օ­րը Պոլ­սոյ մեր բա­րե­կամ­նե­րուն եւ գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ հանդիպումէն ետք կ՚ու­ղե­ւո­րուինք հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ, Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րան, Սուրբ Փրկի­չ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց, իսկ օ­րուան ա­ւար­տին կ՚այ­ցե­լենք նաեւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ գոր­ծող «Հրանդ Տին­ք» վար­ժա­րան:
Պոլ­սոյ պատ­րիար­քա­րա­նին կից թա­ղե­րու մէջ կը հան­դի­պինք աշ­խա­տան­քի նպա­տա­կով Պոլիս ե­կած բազ­մա­թիւ հա­յաս­տան­ցի­նե­րու, ո­րոնց հետ զրոյց­նե­րու ըն­թաց­քին պարզ կը դառնայ, որ հա­կա­ռակ ի­րենց փաս­տաթղ­թա­յին ան­կա­նոն դրու­թեա­ն, հան­գիստ կ՚ապ­րին ու կ՚աշ­խա­տին Պոլ­սոյ մէջ: Այլ ազ­գե­րու եւ կրօն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ՝ հա­յաս­տան­ցի տղա­մար­դիկ, կի­ներ ո­րե­ւէ բա­ն կը վա­ճա­ռեն, եւ ի­րենց այդ խա­նութ­նե­րը կամ սե­ղա­նիկ­նե­րը հա­յաս­տա­նեան խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րու աղ­քա­տիկ խա­նութ­նե­րը կը յի­շեց­նեն՝ ռու­սա­կան խտաց­ուած կաթ, եր­շի­կե­ղէն, հնդկա­ձա­ւար, քո­նեաք, գի­նի, ա­րե­ւա­ծա­ղի­կի սեր­մեր… Որոշ հար­ցում­նե­րու տե­ղի կու տայ ա­նոնց այդ­տեղ գտնուի­լը, ան­կեղծ ը­սած՝ չէինք ու­զեր տես­նել օրուան հա­ցի ե­տե­ւէն ոչ-բա­րեն­պաստ պայ­ման­նե­րու մէջ գտնուող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու վիճա­կը: Ցաւ կ՚ապ­րինք, բայց կը յի­շեմ նաեւ ռու­սա­կան ա­ռեւտ­րա­կան շու­կա­նե­րէն ներս կամ Ռու­սաս­տան այլ աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ ներգ­րա­ւուած հա­յաս­տան­ցի­նե­րը, ո­րոնց վի­ճա­կը նոյնպէս նա­խան­ձե­լի չէ: Գում­գա­բու­ի մէջ կին մը՝ Ստե­փա­նա­ւա­նէն, ցած­լիկ սե­ղա­նի­կի ե­տին նստած, կ՚ը­սէ, որ դժգոհ չէ, օ­րուան հա­ցը կը հա­նէ, կրնայ նաեւ վար­ձած պզտիկ սե­նեա­կին վարձ­քը վճա­րել… Հիմ­նա­կա­նը Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րէն են, ո­րոնք Պո­լիս ե­կած են դրամ շահելու հե­ռան­կա­րով եւ վստա­հա­բար չգտնե­լով ա­ւե­լի շատ դրամ շա­հե­լու եւ կու­տա­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն, պար­զա­պէս մնա­ցած են այդ­տեղ եւ ի­րենց հա­նա­պա­զօ­րեայ հա­ցի ե­տե­ւէն են: Թէ­պէտ ո­րու հետ որ զրու­ցե­ցինք, կը հա­մո­զէր, թէ կ՚ու­զէ Հա­յաս­տան եր­թալ եւ նո­րէն ետ չգալ: Կիւմ­րիէն կին մը կ՚ը­սէ, որ ամբողջ շա­հած դրա­մը Հա­յաս­տան՝ հա­րա­զատ­նե­րուն կը ղրկէ, ին­ք ձե­ւով մը կը գո­յա­տե­ւէ: «Հա­րա­զատ­ներս պա­հե­լու հա­մար ե­կած ե­մ», կ՚ա­ւելց­նէ ան: Կը յայտ­նեն նաեւ, որ հար­ցեր ու­նե­նա­լու պա­րա­գա­յին կը դի­մեն Պոլ­սոյ Հա­յոց Պատրիարքարան, ո­րու շուրջ թա­ղե­րու մէջ սո­վո­րա­բար հա­ւա­քուած են հա­յաս­տան­ցի­նե­րը: Բազ­մա­թիւ հար­ցա­կան­նե­րով կը լքենք այն թա­ղե­րը, ուր ա­մէն քայ­լա­փո­խի ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն կը լսենք:
Պատ­րիար­քա­րան կը մտնենք… Պոլ­սոյ ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թիւ­նը, ան­ցեա­լը, աւանդոյթները կա­րե­լի է պահ­պա­նուած տես­նել պատ­րիար­քու­թեան շէն­քին եւ Սուրբ Աստուա­ծա­ծին Մայր ե­կե­ղե­ցիի ու յա­րա­կից կա­ռոյց­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ պատրիարքութեան են­թա­կա­յու­թեան տակ գտնուող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ: Ան­ցեա­լի կա­րե­ւոր յի­շա­տակ­ներ, հա­յու­թեան ան­խախտ ըն­թաց­քը՝ Վոս­փո­րի ա­փե­րուն հաս­տա­տուած դա­րա­ւոր կա­ռոյց­ներ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի զան­գե­րը հնչեց­նող ե­կե­ղե­ցի­ներ…
Լսած էինք Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ գոր­ծող Յով­հան­նէս Թ. Կո­լոտ Պատ­րիար­քի ա­նուան թանգա­րա­նին մա­սին, սա­կայն մեր այ­ցե­լու­թեան օ­րը թան­գա­րա­նը ինչ-ինչ կազ­մա­կերպ­չա­կան դրու­թեան մէջ էր, ուս­տի բա­ւա­րա­րուե­ցանք շրջե­լով Պատ­րիար­քա­րա­նի յար­կե­րով եւ դահլիճնե­րով, ուր մեր ու­ղե­կի­ցը՝ Վա­ղար­շակ Սարկաւագ Սե­րո­վբեան, ման­րա­մասն ներկայա­ցուց ա­մէն մէկ մուտ­քի, դահ­լի­ճի, պա­տե­րէն կա­խուած նկար­նե­րու եւ ի­րե­րու պատմու­թիւնն ու նշա­նա­կու­թիւ­նը: Ա­մէն ինչ տպա­ւո­րիչ էր, մա­նա­ւանդ՝ պատ­րիարք­նե­րու գա­հա­կա­լու­թեան մա­սին սուլ­թա­նի ձե­ռա­գիր հրո­վար­տակ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ Այ­վա­զովս­քիի ծո­վան­կար­նե­րը, ո­րոնք կը զար­դա­րէին սե­նեակ­ներն ու մի­ջանցք­նե­րը: Ան ը­սաւ, որ Պո­լի­սը հարուստ է Այ­վա­զովս­քի­նե­րով: Տոլ­մա­պահ­չէի պա­լա­տէն եւ թան­գա­րան­նե­րէն զատ Այվազովս­քիի ծո­վան­կար­ներ կան նաեւ մաս­նա­ւոր հա­ւա­քա­ծո­նե­րու մէջ: Պատ­մու­թե­նէն յայտնի է, որ մեծ ծո­վան­կա­րի­չը նկար­ներ գծած է նաեւ սուլ­թա­նին հա­մար, եւ առ­հա­սա­րակ, Թէո­դո­սիա ծնած, Խրիմ ապ­րած, Ռու­սա­կան կայս­րու­թեան պատ­ուոյ ծո­վա­կալ հռչա­կուած եւ մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող հայ մեծ ա­րուես­տա­գէ­տի ա­րուես­տի հետ­քը չէր կրնար չըլ­լալ ծո­վա­յին ու նա­ւա­հանգս­տա­յին ան­ցեա­լով ու ներ­կա­յով ապ­րող Իս­թան­պու­լի մէջ…
Սուրբ Փրկի­չ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը Պոլ­սոյ թե­րեւս ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր կա­ռոյց­նե­րէն մին է, որու մա­սին նիւ­թեր, յօ­դուած­ներ ու հրա­պա­րա­կում­ներ պատ­րաս­տուած են նաեւ Հայաստանի մա­մու­լի մէջ: Հի­ւան­դա­նո­ցի բո­լոր բա­ժան­մունք­նե­րը, ար­դիա­կան սարքաւորում­նե­րով կա­հա­ւո­րուած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կեդ­րոն­նե­րը, դե­ղատ­նա­յին ու եկեղեցա­կան հա­մա­լի­րը շրջե­լէ ետք, նա­խաս­րա­հին մէջ կը հան­դի­պինք ու կը ծա­նօ­թա­նանք Սուրբ Փրկի­չ ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի հետ: Ան կը ներ­կա­յաց­նէ հի­ւան­դա­նո­ցի ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը, ը­սե­լով, որ Պոլ­սոյ լա­ւա­գոյն առող­ջա­պա­հա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մին է, եւ նաեւ կը յայտ­նէ, որ կա­ռոյց­նե­րու շուրջ սկսած նո­րո­գու­թիւ­նը, ո­րուն ա­կա­նա­տես ե­ղանք, պի­տի ամ­բող­ջա­նայ, եւ յա­ռա­ջի­կա­յին ա­մէն կողմ նո­րո­գուած պի­տի ըլ­լայ: Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու քիչ մը կը խօ­սի հա­յու­թեան խնդիր­նե­րու, Հա­յաս­տա­նի մա­սին, նշե­լով, որ հա­մախմ­բուե­լու, յա­ռաջ նա­յե­լու կա­րիք ու­նի մեր ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր, քա­նի որ մար­տահ­րա­ւէ­նե­րը շատ են: Կը տե­ղե­կաց­նէ, որ Հա­յաս­տա­նէն մաս­նա­գէտ­ներ յա­ճախ կու գան իր ղե­կա­վա­րած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հաս­տա­տու­թիւ­նը՝ հետազօտութիւններու, հա­մա­ժո­ղով­նե­րու կամ պար­զա­պէս ծա­նօ­թու­թեան նպա­տա­կով: Ան կ՚ա­ռա­ջար­կէ դի­տել հի­ւան­դա­նո­ցի թան­գա­րա­նը, ո­ր նոյն­պէս տպա­ւո­րիչ է՝ իր հա­զուա­գիւտ ցու­ցան­մոյշ­նե­րով, հի­ւան­դա­նո­ցի պատ­մու­թիւնն ու ներ­կան ներ­կա­յաց­նող փաստաթուղթերով, ի­րե­րով, լու­սան­կար­նե­րով:
Ա­ւե­լի վերջ կ՚այ­ցե­լենք հի­ւան­դա­նո­ցի են­թա­կա­յու­թեան տակ գտնուող գրա­դա­րա­նը, ուր թուայ­նաց­ման աշ­խա­տան­քի ա­կա­նա­տես կ՚ըլ­լանք գրա­դա­րա­նի հա­րուստ նմոյշ­նե­րու։ «Օրաթեր­թե­րէն սկսած ենք, փաս­տա­թուղ­թե­րով կը շա­րու­նա­կենք, այ­նու­հե­տեւ կ՚անց­նինք գիրքերու­ն», կը յայտ­նէ գրա­դա­րա­նի աշ­խա­տակ­ցու­հին, ա­ւելց­նե­լով, որ գրա­դա­րա­նը հետազօտա­կան վայր մը դար­ձած է շատ մը ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար, կու գան նաեւ Հայաս­տա­նէն, այլ եր­կիր­նե­րէ: Հե­տաքրք­րա­կան էր տես­նել 1900-ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բի ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րը՝ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­նե­րու ա­ռօ­րեա­յի մա­սին, ինչ­պէս նաեւ տպա­ւո­րիչ էին ա­րեւմ­տա­հայ մա­մու­լի փա­ռա­ւոր պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող հնա­գոյն օրաթեր­թե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րը, ո­րոնք ար­դէն դեղ­նած ու գունատած էին, եւ թուայ­նա­ցու­մը թե­րեւս միակ ճա­նա­պարհն է զա­նոնք ա­ռա­ւել լաւ պահ­պա­նե­լու հա­մար: Եւ այս պա­հուն ալ մտո­րում­ներ կը պա­տեն հայ մա­մու­լի ան­ցած ճա­նա­պար­հի մա­սին, եւ ան­գամ մը եւս կը համո­զուինք, որ հա­յոց գրա­կան ոս­տա­նը ե­ղած Պո­լի­սը կեդ­րոն ե­ղած է նաեւ հայ մա­մու­լի փառաւոր ան­ցեա­լին: Այ­սօր ալ, հա­կա­ռակ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, հա­յա­տառ մա­մու­լը կը տպագ­րուի եւ մեծ հպար­տու­թիւն է Պոլ­սոյ օ­տար վա­ճա­ռա­տու­նե­րու մէկ ան­կիւ­նը տես­նել հայ­կա­կան թեր­թե­րը:
Հայր Լե­ւոն Զէ­քիեան այն բա­րե­կամ­նե­րէն է, ո­րուն հա­ճոյ­քով կը հան­դի­պինք Ե­րե­ւան իր այցերուն եւ ա­հա­ւա­սիկ Պո­լիս ալ տե­սանք զին­քը՝ Թաք­սի­մի մօ­տա­կայ­քը գտնուող Հայ Կաթողի­կէ ե­կե­ղե­ցիին կից գրա­սե­նեա­կին մէջ, ուր ան իր սուղ ժա­մա­նա­կէն տրա­մադ­րեց զրու­ցե­լու հա­մար այ­սօ­րուան հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րուն շուրջ, հա­յոց մշա­կոյ­թի, լե­զուի պահ­պան­ման եւ հար­ցե­րու մա­սին իր խիստ տե­ղին դի­տար­կում­նե­րը կա­տա­րեց, բայց յայտ­նեց, որ վեր­ջին շրջա­նին հե­ռու է հար­ցազ­րոյց­ներ տա­լէ: Գե­րա­պայ­ծա­ռը իր մտահոգութիւն­նե­րը կը փո­խան­ցէ անձ­նա­կան զրոյց­նե­րու, հան­դի­պում­նե­րու եւ առ­հա­սա­րակ, իր գոր­ծու­նէու­թեան ընդ­մէ­ջէն, եւ յու­սանք մտա­ւո­րա­կա­նի խիստ տե­ղին դի­տար­կում­նե­րը կը գտնեն ի­րենց հաս­ցէա­տէ­րե­րը:
Մեր բո­լոր զրու­ցա­կից­նե­րու խօս­քե­րուն մէջ, ուր ալ ըլ­լանք, Պո­լիս կամ այլ վայր մը, ե­թէ կը խօ­սի հայ մտա­ւո­րա­կա­նը, ա­պա ան­պայ­ման Հա­յաս­տա­նը կայ բո­լո­րի խօս­քե­րու, ցանկութիւննե­րու, փա­փաք­նե­րու մէջ, եւ ան­պայ­ման՝ բան մը շտկե­լու, բան մը փո­խե­լու եւ թե­րա­ցում­նե­րը սրտցա­ւօ­րէն մատ­նան­շե­լու ճիգ կայ Հա­յաս­տա­նի հան­դէպ:
Կրկին հա­կա­սա­կան մտո­րում­ներ ապ­րե­ցանք, երբ այ­ցե­լե­ցինք Կէ­տիկ­փա­շա­յի Հայ Աւետարա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կի­սան­կու­ղա­յին յար­կի վրայ գոր­ծող «Հրանդ Տին­ք» վար­ժա­րա­նը, ո­րու փոխ-տ­­նօ­րէ­նը՝ Դա­ւիթ Խա­չատ­րեա­ն ներ­կա­յա­ցուց դպրո­ցի ան­ցած ճա­նա­պար­հը եւ ի պա­տաս­խան մեր հար­ցու­մին, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ այս ա­շա­կերտ­նե­րու ա­պա­գան, ը­սաւ, որ մեծ ճի­գեր կը գոր­ծադ­րեն՝ ա­շա­կերտ­նե­րը Հա­յաս­տան վե­րա­դարձ­նե­լու հա­մար։ «Մեր նպա­տա­կը հոս բե­րե­լը չէ, մեր նպա­տա­կը այս­տե­ղէն Հա­յաս­տան ղրկելն է», ը­սաւ փոխ-տ­­նօ­րէ­նը, որ չորրորդ տա­րին կը բո­լո­րէ այս վար­ժա­րա­նին մէջ։ Ան ը­սաւ, որ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­քը, հակառակ այս­տեղ գտնուե­լու բա­ցա­սա­կան կող­մե­րուն, բա­նով մը հան­գիստ են, որ օ­րուան հաց ու­նին, սա­կայն Դա­ւիթ նոյն­պէս հա­մա­միտ էր, որ այդ մէ­կը լու­ծում չէ հայ մար­դու՝ իր հողէն կտրուե­լու եւ նման պայ­ման­նե­րու մէջ օ­րուան հաց վաս­տ­­կե­լու ա­ռու­մով: Գրե­թէ այդ կար­ծի­քին էին նաեւ վար­ժա­րա­նի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րը։ Ա­նոնց ա­մէն մէ­կը պատ­ճա­ռաւ մը յայտ­նուած է Թուր­քիոյ մէջ, իսկ յե­տոյ՝ ձե­ւով մը՝ գտած է վար­ժա­րա­նը կամ վար­ժա­րա­նի տնօրէ­նու­թիւ­նը զի­րենք գտած եւ կան­չած է, բայց Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան ը­սաւ, որ ի­րենք առհասա­րակ, ու­սու­ցիչ չեն հրա­ւի­րեր Հա­յաս­տա­նէն, այդ մէ­կը սխալ նկա­տեց ի­րենց գործունէու­թեան մէջ, շեշ­տե­լով, որ հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ կ՚աշ­խա­տին՝ Թուր­քիա­յէն Հայաս­տան ղրկե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն որ­դեգ­րած են: Տասն­եօ­թ ու­սու­ցիչ եւ հա­րիւր յիսուներ­կու աշակերտ կայ «Հրանդ Տին­ք» վար­ժա­րա­նին մէջ, որ Տին­քի ա­նու­նը ստա­ցած է ա­ւե­լի վերջ, իսկ վարժա­րա­նը գոր­ծե­լու սկսած է 2003 թուա­կա­նին: Ան խոր­հուրդ տուաւ, որ­պէս­զի մար­դիկ անի­մաստ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ չկա­տա­րեն դպրո­ցին շուրջ, ա­ռանց գիտ­նա­լու, թէ ծնող­քը, որոնց ե­րա­խա­նե­րը դպրոց կը յա­ճա­խեն, ինչ դժուա­րու­թիւն­նե­րով յայտ­նուած են այս քա­ղա­քին մէջ: Դպրո­ցը Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան կրթա­կան ծրագ­րե­րով գոր­ծող միակ միջնակարգ կրթական հաս­տա­տու­թիւնն է Հա­յաս­տա­նէն դուրս, իսկ ե­թէ ա­շա­կեր­տը Հայաստա­նի մէջ ուսու­մը շա­րու­նա­կե­լու ցան­կու­թիւն ու­նի, ա­պա այդ մէ­կը կրնայ ը­նել՝ ըստ Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ած հա­ւաս­տագ­րի: Նոյն պատ­րիար­քա­րանն ալ, ինչ­պէս յայտ­նեց փոխ-տնօրէ­նը, դպրո­ցի ա­ջա­կից­նե­րէն է։ Վար­ժա­րա­նին կ՚օ­ժան­դա­կեն նաեւ համայնքա­յին այլ կա­ռոյց­ներ, ան­հատ­ներ:
Հա­ւա­տա­լով Դա­ւիթ Խա­չատ­րեա­նի խօս­քե­րուն, որ ա­մէն ջանք կը գոր­ծադ­րեն, որ­պէս­զի աշակերտ­նե­րը վե­րա­դառ­նան Հա­յաս­տան, կը լքենք դպրո­ցը, ուր ար­դէն վեր­ջին ժա­մերն են եւ աշ­խա­տան­քէ տուն դար­ձող ծնող­քը ճամ­բուն կ՚առ­նեն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը, դպրո­ցը երախաները կը պա­հէ, մին­չեւ որ աշ­խա­տող ծնող­քը տուն վե­րա­դառ­նան… Ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը ձեռ­քե­րով անշ­տապ հրա­ժեշտ կու տան մե­զի եւ կը թուի, թէ «Հրանդ Տինք» վարժա­րա­նը Պոլ­սոյ ա­րագ կշռոյ­թէն կտրուած վայր մըն է, ուր պա­տե­րու մէջ պզտիկ Հա­յաս­տան մը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս տե­ղա­ւո­րուած է եւ … ոչ մէկ տեղ կը շտա­պէ:
Դուր­սը կրկին շտա­պող Պո­լիսն է՝ խե­լա­յեղ վազ­քով կ՚ըն­թա­նան ինք­նա­շար­ժնե­րը, լոյ­սե­րու խաղե­րուն, ծո­վե­րու ձայ­նին միա­խառ­նուած Պոլ­սոյ ցե­րե­կնա­յին ու գի­շե­րա­յին կեան­քը կը վազէ…

«Ժամանակ», 11 Փետրուար 2016

No comments:

Post a Comment