Ներկան կը փոխուի շարունակ, որովհետեւ դատապարտուած է
ակնթարթի մը մէջ դառնալու անցեալ։ Միակ բան մը անփոփոխ է իր
պարագային. ներկան միշտ անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին է…
Մարդիկ, աշխարհ տեւականօրէն իրենց ետին կը թողուն ներկան եւ
իւրաքանչիւր քայլափոխին կը դիմաւորեն նո՛ր ներկայ մը եւ ամէն
անգամ կը յայտնուին խաչմերուկի մը առջեւ, ուր կը դիրքաւորուին
անցեալի եւ ապագայի միջեւ։ Եւ այսպէս շարունակաբար…
Երեւոյթը, ինչ խօսք, ընթացիկ է, միանշանակ, բայց կան
հանգամանքներ կամ նրբութիւններ, որոնք կը կանխեն անոր
միապաղաղութեան սահմաններուն հասնիլը։ Սա ներկայի լա՛ւ
արժեւորումն է եւ հերթական խաչմերուկին վրայ տուեալ ժամանակի
ոգիին համահունչ դիրքաւորուիլը։ Ներկայի արդարացումը կը
բանայ լա՛ւ ապագայի մը դուռը։ Գրաւակա՞ն… Իսկ այդ լա՛ւ ապագան,
շատ յաճախ ուրիշ բան մը չէ, եթէ ոչ իւրաքանչիւր նո՛ր ներկան
վերանորոգ եռանդով մը ողջունելու ընդունակութիւնը։
«Ժամանակ» օրաթերթը, որպէս հայ մամլոյ նահապետ, իր գոյութեան արդէն երկրորդ դարուն մէջ ճանապարհորդութիւնը կը շարունակէ վերանորոգ եռանդով։ Շուրջ հարիւր եւ ութ տարիներէ ի վեր անոր առաքելութեան անխափան շարունակուիլը, առանց համեստութենէ հեռանալու, ինքնաբերաբար մտածել կու տայ, որ այս թերթը ընթացած է յարափոփոխ ժամանակներու ոգիին համահունչ, նաեւ տարիներու հոլովոյթին մէջ հնարաւորինս ճիշդ դիրքաւորուած՝ անցեալի ու ներկայի խաչմերուկներուն վրայ։ Մօտաւոր անցեալին նշուած «Ժամանակ»-ի դարադարձը պատեհ առիթ մըն էր այդ հաշուեկշիռը ընելու տեսանկիւնէն։ Յոբելենական բազմակողմանի ու երկարաշունչ ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ՝ ստեղծելով լայն արձագանգ։ Տօնախմբութիւններու բարձր տրամադրութեան, բարեմաղթանքներու տարափի մը մէջ եզրափակուեցաւ դարադարձի յոբելենական շրջանը։ Եւ այդ հանգրուանը, այդ մթնոլորտը ծնունդ տուաւ մատենաշարի մը։ «Ժամանակ»-ի դարադարձի խորհուրդը յաւերժացնելու ճանապարհին վրայ առնուած վիթխարի քայլ մըն էր այս մէկը, մեր իրականութեան պայմաններով՝ իրատես ոստումի մը ենթագետինը, նախադրեալը։ Ահա՛, նման որոնումներու պտուղը դարձաւ «Ժամանակ-100» մատենաշարը։
Որպէս առաջին արտադրութիւն՝ այս մատենաշարէն լոյս տեսաւ
թերթիս բարեյիշատակ հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ)
հրապարակագրական յօդուածներու ժողովածուն, որ կոչուեցաւ
«Օրուան Մտածումներ (1908-1913)»։ Գիրքը ձօնուած էր հեղինակի
ծննդեան 150-ամեակին ու մահուան 100-րդ տարելիցին։
Շուտով վրայ հասաւ 2015 թուականը… Մեծ Եղեռնէն դար մը անց
ոգեկոչման, համազգային խոկումի հանգրուանէ մը անցաւ
հայութիւնը, ազգերու ընտանիքի վերաբերմունքին մէջ փնտռելով իր
ցաւին դարմանը եւ արդարութեան պահանջին յագեցումը։
Համամարդկային արժէքներու հասարակաց յայտարարին վրայ՝
հարիւրերորդ տարելիցը արձագանգ գտաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ։ Իբրեւ
վերապրած օրաթերթ՝ «Ժամանակ»-ն ալ բարոյական պարտք համարեց այդ
տխուր փուլին բնորոշ գործ մը ի կատար ածել։ Ուրեմն այսպէս
հրատարակուեցան մատենաշարի միւս երկու գիրքերը։ Երկու
նահատակ հեղինակներու՝ Երուանդ Սրմաքէշխանլեանի (Երուխան) եւ
Ռուբէն Զարդարեանի գործերն են անոնք. «Փոքր Ասիոյ Մէջէն» եւ
«Յօդուածներ»։
«Ժամանակ»-ի ընտանիքը բարձր կը գնահատէ այս երեք գիրքերու
հրատարակութեան ուղղութեամբ թերթիս խմբագիր ու բանասէր Սեւան
Տէյիրմենճեանի կողմէ տարուած աշխատանքը։ Ան մղիչ ուժն է այս
մատենաշարին եւ այս առաջին երեք գիրքերը կը հանդիսանան իր
նախանձախնդրութեան արդիւնքը, կը ցոլացնեն իր մասնագիտական
պաշարը ու կը կրեն անոր տեսլականին դրոշմը։
«Ժամանակ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած այս երեք գիրքերը կու
գան խորհրդանշել ջանք մը՝ այժմու դարուն, արդի
մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ, ճի՛շդ դիրքաւորուելու
համար անցեալի ու ներկայի խաչմերուկին։ Եւ այդ երեք գիրքերուն
համար այսօր կազմակերպուած համատեղ շնորհանդէսը կու գայ մեզ
համախմբել մտաւորական անանտեսելի աշխատանքի մը պատկառելի
արգասիքին շուրջ։ Այո՛, գուցէ շատերու համար թուի տարօրինակ,
սակայն կարգ մը մարդիկ տակաւին յամառօրէն հայերէն գիրք կը
հրատարակեն արդի ժամանակներու բազկերակը լիարժէք զգալու,
անոնց խորհուրդին ամբողջութեամբ ներթափանցելու ձգտումին մէջ։ Ու
տակաւի՛ն, կարգ մը մարդիկ հայերէն գիրքի նկատմամբ իրենց տածած
վստահութեամբ, Մեսրոպեան տառերուն նկատմամբ անխախտ հաւատքով կը
ջանան դիրքաւորուիլ, ճի՛շդ դիրքաւորուիլ անցեալի եւ ներկայի
միջեւ։ Այս շնորհանդէսը կ՚ընձեռէ հնարաւորութիւնը՝ այդ ջանքը
յանձնելու իսթանպուլահայ գրասէր հասարակութեան դատին։
Այս առթիւ ջերմօրէն կ՚ողջունենք ձեռնարկին համար
արտասահմանէն մեզի միացած մեր մտաւորական բարեկամները՝ Իշխան
Չիֆթճեանը, Վարդան Մատթէոսեանը, Վահէ Թաշճեանն ու Սագօ Արեանը,
ինչպէս նաեւ մեր խմբագրակազմէն Այլին Գօչունեանը, որոնց
ներկայութիւնը կը պայմանաւորէ այս հաւաքոյթին խորքը։ Իշխան
Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան գրի առած են
մատենաշարի այս առաջին երեք գիրքերուն յառաջաբանները, իսկ
Այլին Գօչունեան ստորագրած է գրախօսականներ, ինչ որ
անգնահատելի նշանակութիւն ունի մատուցուած նիւթերու ընկալման
տեսանկիւնէն։ Անոնց փայլուն ներդրման շնորհիւ ամբողջացած է նաեւ
Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ կատարուած լուրջ աշխատասիրութեան
իմաստը։
Իսթանպուլահայ իրականութիւնը ներկայիս ունի
ծանրաբեռնուած օրակարգ մը։ Վարչական ու ելմտական խնդիրներէ
սկսեալ, մինչեւ կրթական եւ ինքնութեան պահպանման հարցերը, որոնց
վրայ կու գան աւելնալ քաղաքական մարտահրաւէրները։ Մեր
հաւաքական կեանքը բաւական խոցելի դարձած է մտահոգիչ
բեւեռացումներու հետեւանքով։ Հայախօսութեան հետամուտները
կը պիտակաւորուին՝ որպէս ազգայնականներ, տկարացած է
մամուլ-դպրոց կապը, ազդեցութեան պայքարները անդամալուծութեան
վտանգ կը ստեղծեն համայնքին առջեւ։ Նոյն նաւուն մէջ գտնուելու
գիտակցութիւնը այնքան տկարացած է, որ հորիզոնին վրայ
ուրուագծուած է արդէն միջնաբերդը պահպանելու հրամայականը։
Ճգնաժամի մը չափազանցուած ահազանգը չէ այս մէկը, այլ՝
սթափութեան կոչ մը, զոր մեզ կը կանչէ նորովի արժեւորել մեր
ժառանգութիւնը, ճի՛շդ դիրքաւորուելու համար անցեալի եւ
ներկայի խաչմերուկին։
Որոնումներու թափ տալու, նոր պատուհաններու բացումը
խրախուսելու ակնկալութեամբ կազմակերպուած է այս եզակի
գինեձօնը, որ այս շաբաթավերջին ժամադրած է իսթանպուլահայ
գրասէր հասարակութիւնը։ Յայտագրին ողնայարը կը կազմէ ասուլիս
մը, զոր կը վարէ Երեւանէն բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Սագօ
Արեան, որ կ՚աշխատակցի նաեւ «Ժամանակ»-ին։ Համպուրկէն Իշխան
Չիֆթճեան, Նիւ Եորքէն Վարդան Մատթէոսեան եւ Պերլինէն Վահէ Թաշճեան
կ՚անդրադառնան այն գիրքերուն, որոնց յառաջաբանը գրի առած են։
Այլին Գօչունեան ընդհանուր ակնարկ մը կը ներկայացնէ այս երեք
գիրքերու բովանդակութեան ձեւաւորուած ժամանակաշրջանին շուրջ։
Բնականաբար օրուան ծրագիրը կ՚ընդգրկէ «Ժամանակ»-ի խմբագիր ու
բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի խօսքը, որով կը բիւրեղանան իր
արգասաբեր աշխատանքին պտուղները։ Հարկ է նշել, որ ձեռնարկը
կ՚իրականացուի «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ։ Անկարելի է
մոռնալ նաեւ Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ պատուարժան
թաղային խորհուրդի հիւրընկալ ու ջերմ վերաբերմունքը։
Լիայոյս ենք, որ այս շնորհանդէսը առիթ կը հանդիսանայ մեր
բոլորի մտքին մէջ թէ՛ նոր հարցումներու եւ թէ նոր պատասխաններու
առումով պատուհաններու բացման. պատուհաններ, որոնք կը բացուին
ներկայի եւ ապագայի խաչմերուկին վրայ։
Բարի վայելում…
«Ժամանակ», 11 Փետրուար 2016
No comments:
Post a Comment