10.2.16

Հայաստանի օրեր Շուէտի մէջ


Շուէ­տի հնա­գոյն թան­գա­րա­նի՝ Թա­գա­ւո­րա­կան զի­նա­պա­լա­տին մէջ տեղի կ՚ունենան  Հայաստա­նի օ­րեր, ո­րոնք կազ­մա­կեր­պուած են թան­գա­րա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի մօտ Շուէ­տի դես­պա­նու­թեան հա­մա­տեղ ջան­քե­րով:
Փետ­րուա­րի 4-ին, Սթոք­հոլ­մի թա­գա­ւո­րա­նիստ պա­լա­տին մէջ տեղաւորուած թան­գա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած է «Հայ-շուէ­տա­կան պատ­մա­կան ա­ռն­չու­թիւն­նե­րը» խո­րա­գրեալ դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, ո­րուն ներ­կայ ե­ղած են Շուէ­տի թա­գա­ւո­րա­կան ար­քու­նի­քի ան­դամ­ներ, խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, Սթոք­հոլ­մի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­ներ, մշակու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ մա­մու­լի ներկայացու­ցիչ­ներ եւ շուէտահայ հա­մայն­քի ան­դամ­ներ:
Դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ակա­դե­միայի Պատմու­թեան Հիմնարկի ա­ւագ գի­տաշ­խա­տող, հայ-շուէ­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վերա­բե­րեալ մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու եւ յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ Ար­ծուի Բախ­չի­նեան ներկայացու­ցած է վաղ միջ­նա­դա­րէն մին­չեւ 20-րդ դա­րու սկիզ­բը հա­յե­րու եւ շուէտ­ացինե­րու միջեւ ե­ղած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, տնտե­սա­կան եւ մշա­կու­թա­յին առն­չու­թիւն­նե­րը, Շուէ­տի հա­նրային-քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած հայ ազ­նուա­կան­նե­րու, դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու եւ ար­քու­նի պա­լա­տա­կան­նե­րու դե­րը: Ար­ծուի Բախչինեան նաեւ պա­տաս­խա­նած է ներ­կա­նե­րու բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն:
Հա­յաս­տա­նի օ­րե­րու ծի­րին մէջ կազ­մա­կեր­պուած կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկն է «Մե­տաք­սի առեւ­տու­րի հետ­քե­րով. հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րը Քարլ ԺԱ.-ի ար­քու­նի­քին մէջ» խո­րագ­րեալ ցուցա­հան­դէ­սը: Ա­ն նուի­րուած է 1687-ի Նոր Ջու­ղա­յի հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու կող­մէ Շուէտ ա­ռա­ջին ան­գամ մե­տաքս ներածելու պատ­մու­թեան: Շուէ­տի յա­տուկ դես­պան Լիւտ­վիկ Ֆապ­րի­ցիու­սի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, ա­նոնք այ­ցե­լած են Սթոք­հոլմ՝ «Մե­տաք­սի ճա­նա­պար­հի» հիւսի­սա­յին հա­տուա­ծի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու նպա­տա­կով, որոնք ա­ւար­տած են Քարլ ԺԱ.-ի հետ ա­ռեւտ­րա­կան պայ­մա­նագ­րի ստո­րագ­րու­մով: Այս վեր­ջի­նով հայ վաճառական­նե­րը ի­րա­ւունք ստա­ցած են ար­տօ­նեալ պայ­ման­նե­րով ի­րենց ապ­րանք­նե­րը Ռու­սաս­տա­նի ճա­նա­պար­հով ներածել Շուէտ եւ այ­նու­հե­տեւ՝ եւ­րո­պա­կան այլ եր­կիր­ներ:
Ցու­ցա­հան­դէ­սի ծի­րին մէջ ներ­կա­յա­ցուած է պայ­մա­նագ­րի բնօ­րի­նա­կը, վա­ճա­ռա­կան­նե­րու կող­մէ շուէտացի միա­պե­տին նուի­րա­բե­րուած եօթ ոս­կե­պատ թու­րե­րէն մէ­կը, հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րու ա­րա­րո­ղա­կար­գա­յին գա­ւա­զա­նը եւ այլ ե­զա­կի ցու­ցան­մոյշ­ներ: Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ ամ­բողջ 2016-ի ըն­թաց­քին:

«Ժամանակ», 10 Փետրուար 2016

No comments:

Post a Comment