27.12.15

Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ Տարօն-Տուրուբերանի Հայր. Միութեան 2016-ի պատի օրացոյցը

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Պատերազմական վիճակը իր ամբողջ սաստկութեամբ կը շարունակուի Հալէպի մէջ։
Ասիկա գլխաւոր պատճառներէն մէկն է՝ որ մարդիկ գաղթեն անվարան, կամ անմիջական ծրագիրներ մշակեն գաղթելու համար, մանաւանդ որ արեւմտեան երկիրներ այնքա՜ն դիւրութեամբ բացեր են իրենց դռները…։
Գաղտնիք չէ, որ ներսը մնացողները կ՛ապրին տաժանելի ու դժուար պայմաններու մէջ։ Ամէն ոք, ամէն ընտանիք, կքած է առօրեայ սպառիչ հոգերու ծանրութեան տակ։
Հակառակ այս բոլորին, մենք նստանք ու պատրաստեցինք (հերթական 14-րդ տարին ըլլալով) Տարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական Միութեան պատի օրացոյցը։
Այրուող քաղաքի մը մէջ՝ օրացոյցը հաւանաբար վերջի՜ն մտահոգութիւնն էր մարդոց…։ Ճի՛շդ էք։ Բայց այս աշխատանքը մեր ճիտին պարտքն էր, ու մտածեցինք որ պէտք էր չթերանալ այդ պարտականութեան մէջ։
Կաղանդի սեմին ենք, ու մեր օրացոյցը լոյս տեսաւ արդէն «Արեւելք» տպարանէն։ Անկէ հարիւրաւոր օրինակներ ղրկուեցան նաեւ Լոս Անճելըսի եւ Պէյրութի Տարօնի Հայր. Միութեանց մասնաճիւղերուն։
Գեղատիպ ու բազմաէջ է մեր օրացոյցը։
Հոս որդեգրած ենք յստակ ու նպատակային ուղեգիծ մը։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր տարի օրացոյցին նիւթ կը դարձնենք մշակոյթի կամ գրականութեան մարզերուն մէջ վաստակ շահած տարօնցի վեցեակ մը դէմքեր՝ իրենց կենսագրութիւններով եւ գործերով։ Ցարդ ներկայացուած էին 80-ի չափ դէմքեր, թէ՛ հին դարերէն, թէ՛ մեզի ժամանակակից։ Տարօնի Հացեկաց գիւղի մեծանուն զաւակ Մեսրոպ Մաշտոցէն սկսեալ մինչեւ պատմահայր Խորենացի, Կոլոտ պատրիարքէն մինչեւ Շղթայակիր պատրիարք ու գրագէտներ Սիմոն Սիմոնեանէն կամ Օննիկ Սարգիսեանէն մինչեւ Խաչիկ Դաշտենց, Վաղարշակ Նորենց եւ Մուշեղ Գալշոյեան՝ տողանցեր էին մեր օրացոյցներուն վրայ։ Հրատարակուած այս նիւթերն ու նկարները այսպիսով, տարուէ տարի կուտակուելով՝ մօտիկ ապագային վստահաբար կորիզը պիտի կազմեն հայրենակցական իւրայատուկ յուշամատեանի մը։ Եթէ նիւթական միջոցներ կարենանք ճարել՝ պիտի ուզենք բոլոր նիւթերը մէկտեղել առանձին հատորի մը կողքին տակ։
2016-ի օրացոյցը եւս մէկ օղակն է մեր հեռագնաց աշխատանքին։
Այս տարուան օրացոյցը լուսարձակ կը բանայ ե՛ւս վեց դէմքերու վրայ, բոլորն ալ ընդհանրապէս քիչ ծանօթ (կամ անծանօթ) անուններ, նոյնիսկ մտաւորական շրջանակներու համար։
Տարօն Աշխարհի զաւակ կամ շառաւիղ այս վեց դէմքերն են՝
-Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներէն Սահակ Բ. Ուղկեցին ( Զ. դար)։
-Մշեցի վաղամեռիկ բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Կորիւն Մկրտիչեանը (1866-1892)։
-Տարօնի ազգագրական երգերու յայտնի մեկնաբան Արմենուհի Գեւոնեանը (Մշոյ Գեղամին դուստրը, 1902-2002)։
-Խորհրդահայ բանաստեղծ ու վիպագիր Վահան Գրիգորեանը (բնիկ մշեցի, 1905-1989)։
-Խորհրդահայ արժէքաւոր վիպագիր Վարդան Գրիգորեանը (1950-1989)։
-Տիթրօյթի երբեմնի հովիւներէն Տ. Սուրէն աւ. քհնյ. Բաբախեանը (1897-1978)։
Կենսագրութիւններէն անկախ՝ գունաւոր օրացոյցը կու տայ տակաւին վերոնշեալ դէմքերուն առընչուող շահեկան այլ տեղեկութիւններ ալ, լուսանկարներ, հեղինակային գիրքերու անուանաթերթեր եւայլն։
Նշենք, որ Տարօն-Տուրուբերանի Հայր. Միութիւնը հիմնուած է 99 տարի առաջ, 1917-ին, Միացեալ Նահանգներու Իլինօյ նահանգի Կրանիթ Սիթի քաղաքին մէջ։ Սկզբունքով, ան իր հովանիին տակ կ՚առնէ սփիւռքի տարածքին ցրուած այն բոլոր հայերը՝ որոնց արմատները կու գան Սասունէն, Մուշէն, Պիթլիսէն, Խնուսէն, Մանազկերտէն, Ախլաթէն ու Սղերդէն։
Յառաջիկայ տարի միութիւնը կը բոլորէ իր ծննդեան 100-րդ տարին։

www.facebook.com (Aleppo Armenians), 25 Դեկտեմբեր 2015

No comments:

Post a Comment