26.6.15

Արփիկ Միսաքեան եւ իր օրինակը



ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

Ճակատագիրը նման խաղեր ունի։
Արփիկ Միսաքեան «Յառաջ»ի վերջին թիւը (22.214) լոյս կ՚ընծայէր Շաբաթ, 30 Մայիս – Կիրակի, 31 Մայիս 2009 թուականով։ Ներքին էջերուն նիւթերը, ըստ սովորութեան, եւ թերեւս առաջին էջին մէկ մասը, ներառեալ Ա.Մ.ի «Խօսք հրաժեշտի»ն, որուն կցուած էր («Յառաջ»ը հազուադէպ լուսանկարներ կը տպէր) հիմնադիր Շաւարշ Միսաքեանի լուսանկարը՝ իր գրասեղանին առջեւ, պէտք է աւարտած ըլլային Մայիս 28ին։ Հայաստանի անկախութեան 81րդ տարեդարձի օրը կը սկսէր փակումը Սփիւռքի միակ անկախ օրաթերթին (Պոլիսը դեր չէր սկսած բանավիճիլ Սփիւռք ըլլալու թէ չըլլալու մասին)։
Դարաշրջան մը կ՚աւարտէր։
Անցեալ Յունիս 9ին թղթատարը ինծի բերաւ հայերէն հատոր մը՝ Շաւարշ Միսաքեանի Մեծ Եղեռնի տարիներուն (1916-1918) բանտային օրագրութիւնը. «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը»։ Մեծարժէք վկայութիւն մը, որ 1934ին «Յառաջ»ի մէջ թերթօնով տպուելէ եւ հեղինակին մահուան նոյն տարին՝ 1957ին Պէյրութ առանձին գիրքով լոյս տեսնելէ ետք, մնացած էր վերստին չհրատարակուած, փաստօրէն անյայտացած էր։ Գիտէի, որ Արփիկ Միսաքեանի ֆրանսերէն թարգմանութիւնը լոյս տեսած էր քանի մը շաբաթ առաջ, բայց մտքիս ծայրէն չէր անցած, որ հայկական նիւթերով ֆրանսերէն որակաւոր գիրքեր հրատարակող Editions Parenthèsesը հայերէն հատոր մը կրնար հրատարակել։ Յետոյ պիտի իմանայի, որ այդ եղած էր ի գործադրութիւն Շ.ի արժանաւոր ժառանգորդի կամքին։
Ու ահա հատորը իմ աչքիս առջեւն էր, վերջին էջն ալ կը յայտնէր, թէ տպագրութիւնը աւարտած էր... Մայիս 28, 2015ին։ Գիտէի նաեւ, որ տիկին Արփիկին (աւելի քան քսան տարուան ընթացքին, թէ՛ մեր նամակագրութեան եւ թէ՛ մեր դէմ առ դէմ հանդիպումներուն ընթացքին միշտ այդպէս կոչած էի զայն) առողջական վիճակը բնաւ լաւ չէր։ Բայց, հակառակ վեց տարիներու լռութեան, ան չէր մոռցած իր վաղեմի աշխատակիցը եւ հասցուցած էր թելադրել ձօնագրութիւնը. «Վարդանին՝ Արփիկէն. 28 Մայիս 2015»։
Այդ գիրքը վերջին յարգանքի արտայայտութիւնն էր՝ թէ՛ հօր եւ թէ՛ այն լեզուին հանդէպ, որուն տէր կանգնած էին հայր ու աղջիկ 90 տարի շարունակ։ Թէ՛ ֆրանսահայութեան, թէ՛ սփիւռքահայութեան եւ թէ՛ բովանդակ հայութեան համար։
Երեք շաբաթ ետք, կը հասնէր բօթը։ Այսօր՝ Արփիկ Միսաքեանի մահով, «Յառաջ»ի դեռ անպեղ պատմութեան վերջին տողը կը գրուի։ 

* * *
Մեր յարաբերութիւնը վերջացաւ, ինչպէս որ սկսած էր. գիրքով։  1987ի Օգոստոսին առաջին անգամ ովկէանոսը կտրեցի Պուէնոս Այրէսէն՝ Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի ու մշակոյթի ամառնային դասընթացքին մասնակցելու համար։ Հ. Լեւոն Զէքիեանի (այժմ՝ արքեպիսկոպոս, բայց որ մտերմօրէն կը մնայ «Հայր Լեւոն») ձեռակերտը հանդիսացող այդ դասընթացքին երկրորդ տարին էր։ 1985ին փորձած էի Հ. Լեւոնի՝ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի ծիրին մէջ կազմակերպած նոյնաբնոյթ դասընթացքին մասնակցիլ, բայց ինչ-ինչ պատճառներով, չէի յաջողած։ Երկու տարի ետք, Մարկ Նշանեանի (որ այդ տարիներուն գրականութեան դասախօսն էր) մասնակցելու առաջարկը պիտի զուգադիպէր ներքին պահանջիս՝ հայագիտական դասընթացքի մը հետեւելու, ինքնաշխատութեամբ հաւաքուած գիտելիքներս նժարի զարնելու։ Այդպիսի խտացեալ դասընթացք՝ հայերէնով, համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ հայ մշակոյթի վաւերական փոխանցումի -- ոչ թէ՝ սոսկ ամառնային հաճելի զբօսապտոյտի – իր տեսլականով, գոյութիւն չունէր այլուր։ (Այդ ժամանակ, կ՚երազէի՝ համալսարանը աւարտելէ ետք, տարի մը Հայաստան երթալ ստաժ ընելու, ինչպէս կ՚ըսէին այդ ժամանակ. կեանքը տարբեր բաներ տնօրինեց, թէեւ գոհացում տուաւ այլ կերպով)։ Աշակերտներու թիւը ինքնին պատկառելի էր՝ 70 հոգի, Արժանթինէն մինչեւ Լեհաստան եւ Իտալիայէն մինչեւ Գանատա, բաշխուած՝ հինգ մակարդակներու վրայ (յետագային՝ մակարդակներու թիւը պիտի իջնէր չորսի)։ Ըստ յետագայի վկայութիւններու, բացառիկ խումբ մը հաւաքուած էր այդ տարին, որուն մէկ քանի անդամները այնուհետեւ պիտի դառնային հայագիտական կամ մշակութային աչքառու վաստակի տէր անուններ։
Դասընթացքը անուղղակի պատճառ պիտի դառնար, ի շարս այլ բարիքներու, որ «Յառաջ»ի հետ կապս սկսէր։ Քանի մը տարի, հանգամանքներու բերումով, առիթը ունեցած էի մօտէն հետեւելու թերթին, նաեւ՝ «Միտք եւ Արուեստ» յաւելուածին, եւ սկսած էի ուրիշ աշխարհ մը յայտնաբերել։ Այդ անուղղակի կապը խզուելէ ետք, բացառուած չէր, անշուշտ, որ այս կամ այն ձեւով, ի վերջոյ, ուղղակի կապը ստեղծուէր։ Բայց լաւ էր, որ այսպէ՛ս եղաւ։ Նոյեմբերի 1987ի օր մը անակնկալօրէն ստացայ օրինակ մը յոբելինական «Յառաջ – 60»էն՝ թերթի 1975-1985 տասնամեակի հաւաքածոյէն յօդուածներու ծաղկաքաղ մը։ Գիրքին ընկերացող քարտի մը մէջ, Արփիկ Միսաքեան կը գրէր, թէ «Վենետիկէն վերադարձողներ» դրական բաներ խօսած էին նուաստիս մասին, եւ առ ի գնահատանս՝ հատորը կ՚ուղարկէր։ Մեկնաբանութեան կարիք չունի, հաւանաբար, Հարաւային Ամերիկայի մէկ համայնքէն անծանօթ մէկուն հասնելու եւ խրախուսելու կեցուածքը՝ հայ խմբագրապետի մը կողմէ, որ օրական 12 ժամ կը տքնէր հազար ու մէկ մտահոգութիւններով։
Քաջալերուած այս անսպասելի վերաբերմունքէն, շնորհակալական նամակ մը գրեցի, խնդրելով ստանալ «Յառաջ»ը եւ փոխարէնը խոստանալով աշխատակցութիւնս։ Այստեղ պէտք է աւելցնեմ, որ մինչեւ այդ ժամանակ երկտասնեակ մը հայերէն գրութիւններ ստորագրած էի մամուլին մէջ, բայց 1980-1984 տարիներուն «արտադրութիւնը» չնչին, նկատառութեան անարժան բան էր՝ թէ՛ քանակով եւ թէ՛ մանաւանդ որակով, ընդամէնը՝ նախապատրաստական գործ ու պատանեկան մրոտումներ, երբ այսօր յետադարձ հայեացքով կը դիտուին։
Վրայ հասաւ պատասխանը, որ գոհունակութիւն կը յայտնէր եւ խնդրանքս կը գոհացնէր, մօտաւորապէս հետեւեալ ձեւակերպումը աւելցնելով. «Ուրախ կ՚ըլլամ, եթէ երբեմն գրէք թերթին»։
Ու ես ամէն ջանք թափեցի՝ խոստումիս տէր կանգնելու,  Յունուար 1988էն մինչեւ Մայիս 2009...։

* * *
Կին խմբագիրներ ունեցեր էինք։ Քանի մը անուն կրնամ յիշել՝ Էլպիս Կեսարացեան, Մարի Պէյլէրեան, Հայկանոյշ Մառք, Սիրան Սեզա...։ Բայց իրենց թերթերը՝ 19րդ դարու վերջին քառորդէն մինչեւ 1930ական թուականները սկսած, կնոջական ամսագրեր։ Արդեօք 1957էն առաջ որեւէ հայկական օրաթերթ կին խմբագրապետ ունեցե՞ր է։ Թոյլ տուէք որ իմ խոր կասկածս յայտնեմ, առնուազն արեւմտահայ-սփիւռքահայ իրականութեան պարագային։ 1970ական թուականներէն էր, որ կին խմբագիրներ պիտի սկսէին անցնիլ կարգ մը շաբաթաթերթերու ղեկին, բայց չեմ յիշեր որեւէ օրաթերթի պարագայ։ Իսկ «Յառաջ»ի վերջին երեսուն տարիներուն, Արփիկ Միսաքեանի եւ Արփի Թոթոյեանի կազմած խմբագրական կազմը մնաց բացառիկ երեւոյթ մը սփիւռքեան աշխարհին մէջ։
Արդարեւ, երբ 30 Յունուար 1957ին՝ հօր մահուան գոյժը տրուելու յաջորդ օրը, «Յառաջ»ի անուանաթերթին կողքին կ՚երեւէր “Directrice: Arpik Missakian” տողը, հաւանաբար շատեր կարծած պէտք է ըլլան, որ 31ամեայ Արփիկ Միսաքեանը պարզապէս տնօրէնուհի կ՚ըլլար, թերեւս՝ վարչական պատասխանատու, բայց թերթը պիտի մնար այլոց ձեռակերտը։ Ֆրանսական վարժարան աւարտած կինը ինչպէ՞ս աշխարհի ամենէն հեղինակաւոր հայերէն օրաթերթերէն մէկուն խմբագիրը կրնար ըլլալ։ Թերեւս այդ էր թաքուն պատճառներէն մէկը, որ շատեր թերահաւատ էին «Յառաջ»ի կեանքին եւ լաւագոյն պարագային՝ հինգ տարուան յետ-շաւարշեան կեանք կու տային անոր։ Բայց փարիզեան յաճախակի այցելութիւններէն Շ. Միսաքեանի մտերմութիւնը վայելած լիբանահայ խմբագիր Տիգրան Թոսպաթը նախորդ օրը արդէն վկայած էր «Վարպետին շունչին ներքեւ հրաշալիօրէն կազմաւորուած նրբամիտ Արփիկ Միսաքեան»ի մասին (1) եւ 1974ի Ամանորին ոչ այլ ոք, քան Շահան Շահնուր կը գրէր եգիպտահայ երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանին. «Ուրախ եմ, որ համակրեր ես այդ ձեռներէց ու ողջամիտ կնոջ, որ գիտէ չափ ու կշիռ դնել ամէն բանի մէջ եւ անաղարտ պահել իր ազատութիւնը, հակառակ իր վրայ գործուած ճնշումներուն» (2)։ 1957էն մինչեւ 2009 Շաւարշ Միսաքեանի շունչը յարատեւեց «Յառաջ»ի մէջ, որ մնաց չափ ու կշիռ դնող եւ պարտադրող թերթ մը, ժամանակի բոլոր մարտահրաւէրներուն ու «իր վրայ գործուած ճնշումներուն» տոկացող, շնորհիւ Արփիկ Միսաքեանի անկոտրում կամքին եւ անզիջող նուիրումին։ Եօթանասունեօթամեակին գրուած այս տողերը նորէն պիտի ստորագրէի այսօր.
«Արդարեւ, Ռիւ տ՚Հօթվիլի համեստ խմբագրատունէն, իր “ժամանակավրէպ կազմածներով”, իր նիւթական ու մարդկային նեղ միջոցներով, ամէն օր լոյս աշխարհ կու գայ օրաթերթ մը, որ հայոց աշխարհի հանդիպումի վայր մըն է ու նաեւ՝ կամուրջ մը։ Թող ներուի չափազանցութեան հնարաւոր բաժինը, բայց աւելորդ չէ ըսել՝ Ամենայն Հայոց Կամուրջը։
“Յառաջ”ը դարձած է կամուրջ, որովհետեւ երբեք չէ իջած յանձնառու կեցուածքի իր պատուանդանէն։ Լրատուութեան կողքին ու անկէ վեր՝ լրագրութիւն։ Լրագրութեան կողքին ու անկէ վեր՝ պատասխանատու լրագրութիւն։ Իրերը կոչել իրենց անունով։ Ընթերցողը թերեւս ամէն ինչի հետ համաձայն չըլլայ, ինչո՞ւ չէ։ Բայց իր անհամաձայնութիւնը երբեք չի ներառներ յարգանքի պակաս մը՝ անհամաձայնութեան առարկային, այսինքն, թերթին հանդէպ, քանի որ ան ինքզինքը շատոնց պարտադրած է իր լրջութեամբ»։
Ահա թէ ինչու, ինչպէս գրուած էր թերթին մօտալուտ փակումին բօթը աւետող «Առ որ անկ է» բացատրագրին մէջ (16-17 Մայիս 2009), «թերթին հետ Շաւարշին վերջնական մահն է, որ կը պատահի, քանի զինք ողջ պահած էինք աւելի քան յիսնամեակ մը ի՛ր թերթով»։

* * *
Ժամանակի մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարը, ի վերջոյ, չէր կրնար յաւիտեան ըլլալ։ «Յառաջ»ի փակումին ժամանակ շատ գրուեցաւ, եւ դեռ կը գրուի, թէ ֆրանսահայ համայնքը չկարողացաւ տէր կանգնիլ իր օրաթերթին։ Նորութիւն չէր, անշուշտ. «Յառաջ»էն քանի մը տարի ետք, արդէն երկշաբաթաթերթ եւ զգալիօրէն ֆրանսերէնի կողմը դարձած «Աշխարհ»ը պիտի դադրէր, իսկ «Յառաջ»ի դադրեցումէն տարիներ առաջ, իրեն մրցակից երկրորդ, երկլեզու օրաթերթ մը՝ «Կամք»ը հրատարակելու փորձը հասած էր անփառունակ վախճանի։
Ասիկա կը փաստէ, որ խնդիրը երկլեզու ըլլալը չէ, ո՛չ իսկ՝ միալեզու (ոչ հայերէն)։
Ի յուշ Արփիկ Միսաքեանի ամէնօրեայ տագնապին ու պայքարին՝ յանուն մեր լեզուին, յանուն մեր ինքնութեան, թերեւս կ՚արժէ մէջբերել ծուէն մը 25 Սեպտեմբեր 1997ին գրած իր մէկ նամակէն.
«Հոս, նորութիւն չկայ։ Մռայլ հորիզոն մը, խանդավառուելիք բան կարելի չէ գրել։ Կը ներփակեմ վերջին նմոյշը մեր ողբերգութեան, այս մէկն ալ լեզուական մեր Բաբելոնին մէջ, նաեւ Արփիին օրը օրինը։ Հաւատա՛, դժուար է չյուսահատիլ, մանաւանդ երբ իմ տեղս ըլլաս, այսինքն հայերէն սփիւռքեան օրաթերթի մը գլուխը։ Մենք կը տագնապինք, միւս թերթերը՝ ո՛չ»։
Ձեռքիս տակ ո՛չ այդ թերթին կտրօնը, ո՛չ ալ Արփի Թոթոյեանի նշմարը կան։ Սակայն, եթէ Սփիւռքը անխուսափելիօրէն լեզուական Բաբելոն պիտի դառնար, պայման չէր որ տեղատուութիւնը կատարուէր մե՛ր ձեռքով ու անոր զոհ դառնային լեզու, դպրոց կամ մամուլ, ընդ որում՝  «Յառաջ»ի պէս ազգային հիմնարկութիւն դարձած օրաթերթ մը։ Ի վերջոյ, ո՛չ թէ ֆրանսահայութիւնը, այլեւ Սփիւռքը պարտաւոր էր տէր կանգնիլ անոր։ Եթէ չըրաւ, ատիկա պարզապէս իր անկարողութեան հերթական նմոյշն էր միայն։
Թերեւս նախընտրելի է այդ Պանդորայի տուփին չմօտենալ ա՛յս վայրկեանին։
Ու շարունակել տագնապն ու պայքարը, ինչպէս Արփիկ Միսաքեանը թելադրած է իր օրինակով։

«Նոր Յառաջ», 25 Յունիս 2015
--------------------------
(1) Տիգրան Թոսպաթ, «Շաւարշ Միսաքեան այնպէս ինչպէս ճանչցայ զինք», Այգ, 29 Յունուար 1957 (տե՛ս Յառաջ, 7 Փետրուար 1957)։
(2) Շահան Շահնուր, Նամականի, հատոր Գ., կազմեց ու ծանօթագրեց Գրիգոր Քէօսէեան, Ուաթըրթաուն, 2006, էջ 150։

No comments:

Post a Comment