ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ
Հայրենի գրավաճառանոցներու մէջ չէ հաւանօրէն, ոչ ալ մանաւանդ՝ մատենադարան-գրադարաններու, որ հանդիպած պիտի ըլլաք այս հրատարակութեան։ Ինչպէս ես, դուք ալ կրնաք զայն տեսած ըլլալ (թերեւս), բայց նուազ «պատկառելի» վայրերու մէջ - կեդրոնի բանուկ սրճարաններ, հանրախանութներու գանձարկղեր, հիւրանոցներու ընդունելութեան գրասեղաններ...։
Իր էջաչափը, թապլոյիտի մօտեցող, այսինքն տարածուն։ Շապիկը՝ գունագեղ-նկարազարդ։ Ընդհանուր երեւոյթը՝ գովազդային մամուլի։ Այս բոլորը կրնան թելադրած ըլլալ թեթեւութեան, անլրջութեան նախնական տպաւորութիւն, որ նոյնիսկ հաստատուիլ կը թուի հապճեպ նայուածքով մը առաջին էջերուն - ոչ-աւանդական էջադրում, ինքնատիպ գովազդներ, տեղ-տեղ՝ երեւանեան ժողովրդական լեզուի ցուցական ներկայութիւն...։
Առանց դեռ մոռնալու փաստը, որ «Երեւան (քաղաքի ամսագիր)»ը «տարածւում է անվճար», ինչպէս կը ճշդէ շապիկին ներքեւի մասը զարդարող պիտակը, թերթի «ապրանքային» ինքնութիւնը ճշդող ցպիկաւոր ծածկանիշին՝ քոտին կողքին։
ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ…
ՄԱՍՆԱԿԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ…
Բոլոր այս յատկութիւնները «նպաստած են», ըստ երեւոյթին, որ մտքի-մշակոյթի ոլորտի բնակիչ կամ հաղորդ շատ անձնաւորութիւններ, գոնէ ինծի ծանօթ հայրենի թէ սփիւռքեան շրջանակներէ, յաճախ անտեսեն չորս տարիէ ի վեր ու տարին վեց անգամ իրենց աչքին առջեւ կանոնաւորաբար ներկայացող երկամսեայ պարբերաթերթը, այս բային թելադրած մէկ կամ միւս իմաստով՝ անգիտանալու կամ արհամարհելու...
Այս անտեսումն է որ հաստատած եմ՝ գոնէ -կը կրկնեմ- իմ ծանօթներու անմիջական շրջանակին մէջ։ Երեւի զայն սրբագրելու չեն բաւած ո՛չ հրատարակութեան իւրաքանչիւր թիւի շապիկին վրայ յայտարարուած եւ ներսը ամբողջական թղթածրարով մը ինքզինք արդարացնող շատ լուրջ թեման, ո՛չ առաջին իսկ էջի ամփոփ, բայց միշտ կուռ եւ պատասխանատու առաջնորդող գրութիւնը՝ գլխաւոր խմբագիր Արտաւազդ Եղիազարեանէն (արդէն ծանօթ անուն՝ իբր արձակագիր), ո՛չ ալ հետեւող էջ 2ի ներքեւ՝ ներկայացումը խմբագրական ճոխ կազմի մը՝ գրական, գեղարուեստական թէ վարչական։ Այսպէս՝ թերթի գրական խմբագիր Արքմենիկ Նիկողոսեանը (Գրողներու Միութեան երիտասարդական բաժանմունքի նախագահ եւ եռանդուն մշակութային-ակադեմական գործիչ). ու անոր կողքին՝ գրական-հրապարակագրական երիտասարդ սերունդի ուրիշ ներկայացուցիչներ։
Տուեալներ՝ ասոնք, որ կարծեմ պէտք էր բաւէին գոնէ աւելի հեռու տանելու ծանօթացման փորձը, եւ ի վերջոյ «լուրջի առնելու» այս հրատարակութիւնը։
ԱՆՁՆԱԳԻՐ…
ՄԱՅՐ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ
«Երեւան քաղաքի ամսագիր»ը (այս ծաւալուն տարազը հոս կրկին կը գործածեմ, իմ կարգիս, խուսափելու համար նմանանուն ուրիշներու հետ հաւանական շփոթէ), սկսած է հրատարակուիլ չորս տարի առաջ, եւ 2014ի աւարտին՝ լոյս ընծայած է իր 30րդ համարը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, կ՚ըսէի, յատկացուած է կեդրոնական թեմայի մը՝ աւելի կամ նուազ ծաւալուն թղթածրարի ձեւին տակ։ Անջատ շրջանակի մէջ, կը բերեմ օրինակներ նիւթերէ, որոնց թղթածրարները տրուած են իրենց հարցերով կամ/եւ յարակից լրացումներով։
Բայց համարի մը մէջ, լրագրական ակնարկներու շարքը չի սահմանափակուիր գլխաւոր թղթածրարով։ Անկէ առաջ ու ետք, կը տողանցեն պէսպիսուն ուրիշ նիւթեր ալ, նուազ ծաւալուն, յաճախ միակ էջի կամ զոյգ էջի վրայ տեղադրուած, գունագեղ էջադրումով եւ նկարազարդումով։
Ահա հոս՝ շարք մը այսպիսի «մանրաթեմա»ներ ալ (նոյնիսկ եթէ պարզ թւում մը շատ բան պիտի չըսէ), ճիշդ այն համարէն, որ արդէն կը պարունակէ Կոնդի ճոխ թղթածրարը.- Երաժշտական մրցանակներ, Կուկըլ-ի երեւանեան եռաչափ մանրանկար, գորգագործութիւն եւ գորգավաճառութիւն, Երեւանի փոխակերպումներ եւ քաղաք-բնակիչ կապ, երեւանեան նամակատուն, երեւանաբնակ երիտասարդ սփիւռքահայու ապրումներ, հայկական ժողովրդական գործիքներու հաւաքածոյ, մարզահամալիրի հարցեր, ազգային գրադարան, քաղաքի նստարանները - ու... շարունակաբար։ Այս բոլորը՝ միա՛կ համարի մը մէջ. ու այս բոլորը՝ բացի գրաւիչ արտաքին ներկայացումէ՝ նաեւ մշակեալ, թէեւ երիտասարդօրէն պարզ, հաճելի (յայտնօրէն՝ այդպէս ուզուած) լեզու-ոճի մը կնիքով, հետքը խմբագրողներու գրական խառնուածքին եւ ճաշակներուն։
Թերթը ունի մնայուն բաժանումներ՝ Քաղաքամէջ, Քաղաքացիներ, Քաղաք։ Ապա եւ աւելի կամ նուազ մնայուն էջեր, լուրջ՝ ինչպէս հարցազրոյցներ մշակոյթի կամ գեղարուեստի ծանօթ դէմքերու հետ (բայց միշտ՝ ընդհանրական հարցերու մասին)։ Կամ երեւութապէս նուազ լուրջ՝ ինչպէս Երեւանի թաքսիվարորդներէ մէջբերուած մենազրոյցներու էջը, այնքան տիպական՝ ժողովրդական լեզուի եւ մտածողութեան (երբեմն եւ՝ իմաստութեան) առումով։
ԱՐԴԱՐ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԻ ՄԸ ՀԱՄԱՐ…
Հաւանական անտեսումի մը կ՚ակնարկէի սկիզբը, յատկապէս «լուրջ» շրջանակներու կողմէ - հայրենի թէ արտաքին։ Բայց հոս՝ խօսքս մասնաւորեմ սփիւռքահայերու, անշուշտ յանձնառու այն զանգուածին, որ՝ թէեւ կենսաձեւի եւ տեսանկիւնի առարկայական, անխուսափելի տարբերութիւններով՝ մօտէն կը հետեւի հայրենական կեանքին ու հոգերուն։
Ասոնց կողմէ, «Երեւան»ը կրնայ թերեւս ընկալուիլ որոշ հեռաւորութեամբ, չեմ ըսեր՝ վերապահութեամբ։ Թերթի էջերէն բաբախող հայեցիութիւնը՝ «քաղաքացիական հայեցիութիւն» մըն է, որ կրնայ անմիջականօրէն շատ ալ հարազատ չհնչել ազգային պետականութեան յստակ ծիրէն դուրս կազմաւորուած զգայնութիւններու։ Բայց մտաւոր որոշ ճիգ, որոշ վերլուծական գնահատում՝ պիտի բաւէ մեզի -կը հաւատամ- սրբագրելու այս թերարժեւորումը։
Հայրենի որոշ շրջանակներու, յատկապէս երէց սերունդի մօտ՝ անտեսումը, եթէ կայ, կրնայ բացատրուիլ այլապէս. տարբեր հարց է։
Պէտք չէ մոռնալ, որ երիտասարդ այս ամսագիրը բեմն է սերունդի մը՝ աճած-կազմաւորուած անկախութեան տասնամեակներուն, սեփական պետականութեան շրջանակին մէջ (թէկուզ դեռ տաժանքով՝ հասունացման գացող պետականութեան). սերունդի մը՝ որուն համար հայեցիութիւնը -եթէ կ՚ուզուի՝ հայրենասիրութիւնը- այդ ազգային պետականութեան, քաղաքացիական գիտակցութեան եւ կենսաձեւի գիծերով ու գոյներով է որ կը ներկայանայ բացառապէս։
Պէտք չէ նաեւ մոռնալ, որ անիկա թերթն է քաղաքային, քաղաքաբնակ հասարակութեան մը, նոյնիսկ՝ մայրաքաղաքաբնակ, որ՝ առանց անտեսելու համապետական իրականութիւններն ու հարցերը, իր հայրենա-քաղաքացիական գիտակցութիւնն ու կեանքը կ՚ապրի՝ նախ՝ մայրաքաղաքի շրջանակին մէջ։ Բայց ասիկա եւս, ինչպէս «քաղաքացիական հայրենասիրութիւն» բնորոշումի պարագային, իր սահմանումին իսկ մաս կը կազմէ...
«Երեւան քաղաքի ամսագիր»ը լրիւ ստանձնած կ՚երեւի այս ինքնասահմանումները՝ իր իսկ կողմէ դրուած, եւ որ կը յաջողի չապրիլ բնաւ իբր սահմանափակումներ։ Փայլուն յաջողութիւն, որ կը պարտի հիմնական յատկութեան մը՝ քաղաքացիական ու լրագրական խորապէս ապրուած պատասխանատուութեան։ Որ երեւութապէս «թեթեւ» այս հրատարակութեան կու տայ ե՛ւ լրջութիւն, եւ մանաւանդ՝ դրականութիւն։
Աչքի առաջ ունենալով հայրենի լրագրական շատ օրգաններու ոչ-նախանձելի որակը, բնական հետեւանք՝ հաւաքաբար ապրուած ու դեռ աւարտի չհասած խոր վերափոխումներու. պետականութեան եւ իր բաղադրիչներու՝ իշխանութիւն / ընդդիմութիւն գործարկման ոչ-հասուն վիճակը, յաճախ եւ մամուլի մակարդակին դրսեւորուող,- կրնանք հաստատել, որ «Երեւան»ը փաստը կու տայ անխախտ պատասխանատուութեամբ բնորոշուող որակի մը։
Այսպիսի դիրք երբեմն կրնայ ստեղծել տպաւորութիւնը անքննադատ դրականութեան մը. բայց այդ չէ իրականութիւնը։ «Երեւան» կը խուսափի տուրք տալէ Երեւանի մէջ շատ տեղ ճարակող քննադատական մոլուցքին, բայց ի հարկին զիջում չ՚ըներ առարկայական քննադատութեան իրաւունքէն։ Պարզապէս, ժխտական երեւոյթներ եւ զարգացումներ մատնանշելու կողքին (Փակ Շուկայի այլանդակում, քաղաքային յուշարձան-թաղերու քանդում...), ունի մնայուն փոյթը՝ տալու երեւանեան առօրեան, հաւաքական կեանքն ու կառոյցները իրենց մարդկային բաբախումին մէջ, մաղձի ու գրգռութեան այնքան «սովորական» լիցքէն զերծ։ Փոյթ՝ որ ինքնին լի է զինաթափիչ հսկայ դրականութեամբ մը։
Ասոր կողքին՝ դեռ կայ ներկայացումը մասնաւոր դրական երեւոյթներու. մէկ օրինակ՝ ելեկտրոնային բարձր արհեստագիտութեան ճիւղերու նորագոյն թափանցումը Հայաստան, վերջին տարիներուն, եւ ասոր հետեւանք՝ արտագաղթած որոշ աշխատուժի ծայր տուած տունդարձը։
* * *
Այսպէս, «Երեւան քաղաքի ամսագիր»ի քննարկումը, երիտասարդական որոշ անկաշկանդութեան մը երեւոյթին տակ, կը յայտնաբերէ անվիճելի դրական խորք մը. լի միանգամայն հիւմուրով եւ ողջախոհութեամբ, ե՛ւ թեթեւաշունչ, ե՛ւ յանձնառու։
Հայրենի իրականութեան հաղորդ սփիւռքահայուն համար, յատկապէս երիտասարդ սերունդին, այս հրատարակութիւնը շահեկան է մէկէ աւելի իմաստներով։ Թէեւ «երեւանակեդրոն» քաղաքացիական գիտակցութեան վրայ հիմնուած, անոր դրական անկաշկանդութիւնը, նաեւ անոր կենսաձեւի արդիաշունչ ճաշակներն ու ընտրանքները, ասոնց ենթադրած աննախապաշարութիւնը, «բացութիւնը»՝ կարեւոր տուեալներ են հասարակաց գետինի, «նոյնալիք» կեցուածքներու ստեղծման համար։
Մտայնութիւններու «բացութիւն», որու ոչ-անտեսելի մէկ դրսեւորումն ալ՝ «անվճար տարածուող» այս թերթի առցանց տարբերակն է (տե՛ս ընկերացող նկարը), տարածումի իր հրաւէրով եւ ազատ ներբեռնումի կրկնուած թելադրանք-քաջալերանքով. «Կարդա՛ բոլոր համարները առցանց, ներբեռնի՛ր, ուղարկի՛ր ընկերոջդ»։
«Նոր Յառաջ», 14 Փետրուար 2015
No comments:
Post a Comment