Փետրուար 26ին Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ, Միսաք Քէլէշեան պիտի դասախօսէ «Ղազիր» գորգին մասին, անդրադառնալով Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ազատած հայ որբ աղջիկներու ձեռքով գործուած իւրայատուկ գորգին մասին։
Ատրպէյճանական կողմը այս անգամ եւս դիմած է սադրանքի, յայտարարելով, թէ գորգն ու իր զարդանախշերը իբր թէ «ատրպէյճանական ծագում ունին»։ Ըստ ատրպէյճանական Pia.az լրատուական կայքի նիւթին, գորգը կը պատկանի «ատրպէյճանական Թաւրիզի գորգագործական դպրոցին» եւ գորգի կեդրոնը տեղադրուած ութանկիւն աստղը ատիկա կը վկայէ։
Ասիկա ատրպէյճանական միակ «փաստարկն» է։ Իրականութեան մէջ, հայկական գորգին կեդրոնը ութանկիւն աստղ չկայ։ Պարզօրէն տեսանելի է, որ կեդրոնական զարդանախշը, բացի 8 սրածայր վերջաւորութիւններէն, ունի նաեւ 4 դուրս եկած մասեր՝ կլորաւուն ծայրերով, որոնք միասնաբար խաչի տեսք ունին, իսկ կեդրոնական զարդանախշը ամբողջութեամբ կը ներկայացնեն հայ միջնադարեան մշակոյթին մէջ տարածուած խաչի տեսակ մը՝ «ծաղկած խաչ»ը։
Եթէ նոյնիսկ զարդանախշը ութանկիւն աստղ ըլլար, այդ պարագային եւս փաստարկը արժէք չունի, քանի որ այդպիսի խորհրդանիշ վաղ քրիստոնէական արուեստագէտներու գործերուն մէջ իսկ օգտագործուած է եւ կոչուած՝ «Դաւթի աստղ», որ իր կարգին աւելի հին արմատներ ունի։ «Ատրպէյճանական զարդանախշ» բառակապակցութիւնը անթոյլատրելի է, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Թաւրիզի գորգագործական դպրոցը իրականութեան մէջ իրանական է։
Այս հայկական գործը աւելի քան 4 միլիոն հանգոյց ունի եւ զարդարուած է Դրախտի ծաղկած այգին խորհրդանշող բուսական ու կենդանական նախշերով։ Գորգին զարդանախշերու համակարգը թոյլ կու տայ ենթադրել, որ անոր վրայ պատկերուած են Ադամի ու Եւայի աստուածաշնչական պատմութեան հետ կապուող տեսարաններ։
Ինչպէս յայտնի է, հայ որբ աղջիկներուն կողմէ գործուած գորգը նուիրուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Գալվին Գուլիճին՝ 1925ին, ի նշան երախտագիտութեան Մեծ Եղեռնի ընթացքին ԱՄՆի օգնութեան համար։ Գորգը մնացած էր Գուլիճի եւ իր ընտանիքին քով մինչեւ 1980։ Գորգը Սպիտակ Տուն վերադարձուած էր 1982ին։ Նոյեմբեր 18-23ին «Ղազիր» գորգը վերջապէս ներկայացուած է հնգօրեայ ցուցահանդէսի մը ընթացքին։
Panorama.am, Փետրուար 10, 2015
No comments:
Post a Comment