Վերջին քանի մը օրերուն հայ մամուլի եւ համացանցի լուսարձակները իր վրայ
կեդրոնացուցած է Հասան Ճէմալ անունով թուրք մտաւորական մը, որ շաբաթ մը
առաջ Երեւան այցելած էր եւ հրապարակային երկու ելոյթներ ունեցած էր, որոնք
առիթ ծառայեցին բողոքի ու բանավէճի բուռն ալիքի մը շղթայազերծման։
Հասան Ճէմալի անցեալ շաբթուան Երեւան այցելութեան շարժառիթը հիւրաբար
անոր մասնակցութիւնն էր հայեւթուրք երկխօսութիւնը քաջալերող ու Եւրոպական
Միութեան կողմէ հովանաւորուած հասարակական կեդրոնի մը կազմակերպած
զոյգ հանդիպումներուն։
Հասան Ճէմալ թոռն է հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած
ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ տխրահռչակ Ճէմալ փաշայի, որ
ատենին «հանրածանօթ» էր նաեւ իբրեւ «մսագործ» մարդասպանը արաբ ազատատենչ
մտաւորականութեան։
Ի տարբերութիւն եւ հակադրութիւն ազգայնամոլ ու եղեռնագործ իր մեծ հօր՝
Հասան Ճէմալ ծանօթ է իբրեւ ազատախոհ թուրք մտաւորական գործիչ մը, որ
տասնամեակներէ ի վեր թրքական մամուլի էջերուն ուշադրութիւն կը գրաւէ ի
նպաստ ժողովրդավարական ազատութեանց ու քրտական շարժման պաշտպանութեան իր
հրատարակած յօդուածներով, նաեւ՝ քաղաքական ելոյթներով։
Իսկ վերջին տարիներուն Հասան Ճէմալ յաճախ կը յայտնուի հայեւթուրք
յարաբերութեանց այսպէս կոչուած «բնականոնացումը» քաջալերող ելոյթներու եւ
նախաձեռնութեանց լուսարձակին տակ։
Կարեւորութեամբ պէտք է ընդգծել, որ Հասան Ճէմալ հեղինակն է «1915. Հայոց
Ցեղասպանութիւնը» խորագրով 2012-ին լոյս տեսած թրքերէն գիրքին, որ Թուրքիոյ
մէջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող գործ մըն է։ Պոլսոյ «Տինք Հիմնադրամ»ը
արդէն լոյս ընծայած է գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը, որ Հայաստանի մէջ թէ
Սփիւռքի տարածքին հայ մտաւորականոթեան մօտ առաջացուցած է զգալի
հետաքրքրութիւն։
Յայտնապէս Հասան Ճէմալ կը պատկանի թուրք յառաջդիմական գործիչներու եւ
մտաւորականներու հո- սանքին։ Իբրեւ ժողովրդավարական կարգերու ջերմ
պաշտպանի՝ ան 1970-ականներուն շուրջ չորս տարուան բանտարկութեան ենթարկուած
է ատենի Թուրքիան ղեկավարող զինուորական իշխանութեանց կողմէ։
Հրանդ Տինքի անարգ սպանութենէն ետք, ինչպէս ինք կը խոստովանի, Հասան
Ճէմալ ապրած է հիմնական շրջադարձ մը.- Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողի իր
անցեալի դիրքորոշումէն հրաժարելով՝ ան վերջին ութ տարիներուն դարձած է
հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած զանգուածային
տեղահանութիւնն ու սպանդը «ցեղասպանութիւն» որակող թուրք համարձակախօս
դէմքերէն մէկը։
Սեփական պատմութեան հետ առերեսումը անհրաժեշտ, անխուսափելի եւ ապագայի
հաշտութեան նախապայման քայլ համարելով՝ Հասան Ճէմալ 2008-ին այցելած է
Երեւան եւ ծաղկեպսակ զետեղած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ։ Այնուհետեւ՝ տարբեր
առիթներով մասնակից դարձած է Պոլսոյ թէ Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի
տարածքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ու հայեւթուրք յարաբերութեանց կնճռին
նուիրուած խորհրդաժողով- ներու կամ ելոյթներու։
Հասան Ճէմալի անցեալ շաբթուան Երեւան այցելութեան շարժառիթը հիւրաբար անոր
մասնակցութիւնն էր հայեւթուրք երկխօսութիւնը քաջալերող ու Եւրոպական
Միութեան կողմէ հովանաւորուած հասարակական կեդրոնի մը կազմակերպած զոյգ
հանդիպումներուն։
Առաջինը դէմ առ դէմ հրապարակային երկխօսութիւն մըն էր Հասան Ճէմալի եւ
Մարիա Թիթիզեանի միջեւ, յատուկ լսարանի մը ներկայութեան։ (Մարիա Թիթիզեան
Ընկերվար Միջազգայնականի կանացի թեւին փոխ-նախագահն է՝ իբրեւ միջազգային
այդ կառոյցին մօտ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչը, նաեւ՝ գլխաւոր խմբագիրն է
հայաստանեան Սիվիլիթաս կեդրոնի)։
Երկրորդը Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ կայացած հանդիպում-լսարան մըն
էր, որու ընթացքին Հասան Ճէմալ պատասխանած է ներկաները յուզող հարցերուն։
Յատկանշականօրէն, Երեւանի մէջ իր ունեցած հրապարակային երկու ելոյթներուն
ընթացքին, Հասան Ճէմալ ըստ էութեան նոր բան չաւելցուց քանի մը տարիէ ի վեր
մամուլով թէ բեմերէ իր առաջադրած տեսակէտներուն վրայ։ Դարձեալ կրկնեց իր
ծանօթ եւ բազմիցս բանաձեւուած տեսակէտները, թէ՝
– Թուրքիա պէտք է նախ ընդունի, որ անցեալին ցեղասպանութիւն գործած է հայ
ժողովուրդին դէմ եւ, ապա, պատրաստակամութիւն դրսեւորէ հատուցման հարցով
երկխօսութեան նստելու Հայաստանի ու Սփիւռքի հետ։
– Թուրքիոյ մէջ իշխող մեծամասնութիւնը դեռ պատրաստ չէ դիմելու այդ քայլին
եւ, այդ պատճառով ալ, Հասան Ճէմալի պէս մտածողները – իրենց այս
մտածումներուն համար – «հայրենիքի դաւաճան» կը հռչակուին ազգայնական
թուրքերու կողմէ։
– Հայերը կը դժուարացնեն թուրքերու հետ երկխօսութիւնը, երբ ատոր համար
նախապայման կը դնեն, որ Թուրքիա նախ ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ իր
գործադրած ցեղասպանութիւնը։
– Հայ ազգայնականները պէտք է անդրադառնան, որ Թուրքիան ու թուրք ժողովուրդը
կրնան բարեփոխուիլ. սխալ է եւ պէտք չէ արհամարհել Հայոց Ցեղասպանութեան
պատմական փաստը անուղղակիօրէն ճանչնալու թուրք պետական ներկայացուցիչներու
նետած փոքր, բայց դրական քայլերը, ինչպիսին է (միշտ Հասան Ճէմալի կարծիքով) Էրտողանի անցեալ Ապրիլ 24ի «ցաւակցական» ելոյթը…
Կարելի է ընդլայնել ու խորանալ Ճէմալ փաշայի թոռան արտայայտած տեսակէտներու
մեկնաբանութեան, նաեւ՝ անոնց ըստ էութեան քննադատութեան մէջ, որովհետեւ
հոն տեղ գտած դրականի կողքին՝ բացասական եւ անընդունելի կէտեր շատ կան։
Բայց մեզ յուզող հարցը, այսօր, Հասան Ճէմալի մտածումներուն քննարկումը չէ
այնքան, որքան անոր երեւանեան ելոյթներուն առիթով բարձրացած բողոքի եւ
դժգոհութեան ալիքն է։
Հասան Ճէմալի երեւանեան ելոյթներուն դէմ ծաւալած դժգոհութեան ու բողոքի
ալիքը նախ կը մեկնի այն իրողութենէն, որ հայեւթուրք երկխօսութիւնը խթանելու
փոխարէն, առաջին ելոյթը առիթ չէ տուած լսարանին, որպէսզի հարցեր տրուին
թուրք մտաւորականին, իսկ երկրորդ լսարանի ընթացքին՝ Հասան Ճէմալ
խուսափողական պատասխաններով ուզած է շրջանցել իրեն ուղղուած հարցերն ու
հակադիր տեսակէտները։
Հասան Ճէմալի դէմ ուղղուող քննադատութեանց առանցքը գլխաւոր երեք դիտողութիւններ են.-
ա) Պատմական ճշմարտութեանց հանդէպ անհրաժեշտ յարգանքը չի ցուցաբերեր Հասան
Ճէմալ, երբ իր մեծ հօր՝ եղեռնագործ Ճէմալ փաշայի ահաբեկումը կը նկատէ
«աւազակներ»ու կողմէ գործուած սպանութիւն, խեղաթիւրելով «Հայկական
Նեմեսիս»ի խորհուրդն ու նշանակութիւնը Արդարութեան եւ Իրաւունքի նուաճման
ճամբուն վրայ։
բ) Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին ու դատապարտումին կողմնակից
ներկայանալով հանդերձ՝ Հասան Ճէմալ կը սկսի բառերը ծամծմելով խօսիլ հայ
ժողովուրդի արդար հատուցման եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու
վերացման պահանջներուն մասին։
գ) Թուրք հանրային կարծիքի ճնշող թեւին կողմէ «դաւաճան» նկատուելու գնով fայեւթուրք երկխօսութեան սատարելու պատրաստակամութիւն յայտնելով հանդերձ՝
Հասան Ճէմալ ամբողջապէս կ’իւրացնէ Ղարաբաղի հարցով Ատրպէյճանի հակահայ
քարոզչական կեղծիքը, ձայնակցելով ու արդարացնելով Հայաստանի շրջափակումը…
Աւելի քան հասկնալի է, որ պահանջատէր հայութիւնը չի կրնար անտարբեր
անցնիլ նոյնիսկ հայեւթուրք երկխօսութեան ջատագով թուրք մտաւորականի մը
կողմէ կատարուած նման խեղաթիւրումներու, անտեսումներու կամ պարզ
վրիպումներու վրայէն։
Անշուշտ որ մեր նահատակներուն յիշատակը յարգող ամէն հայ իր ձայնը կը
միացնէ – երեք ուղղութիւններով ալ – Հասան Ճէմալի տեսակէտներուն դէմ
արտայայտուած բողոքի ելոյթներուն։
Հետեւաբար, Հասան Ճէմալ ոչ մէկ պատճառ ունի, հայերու կողմէ հնչած
տարակարծութեանց կամ դժգոհութեանց հետեւանքով, հարցականի տակ դնելու
հայեւթուրք երկխօսութեան… նպատակայարմարութիւնը։
Ի վերջոյ տարակարծութիւնները, տեսակէտներու բախումները եւ մինչեւ իսկ
բողոքի ելոյթները էական բաղադրիչներն են ժողովրդավարական երկխօսութեան։
Յատկապէս հայեւթուրք յարաբերութեանց արիւնալի ժառանգութեան պարագային,
երկխօսութեան ամէն լուրջ փորձ հետամուտ պէտք է ըլլայ բացառապէս
ժողովրդավարական եղանակով հասնելու հակադիր տեսակէտներու մերձեցման։
Մենք հաւատացողն ենք, որ պահանջատէր հայութիւնը անհրաժեշտ ճիգը պէտք է
թափէ, որպէսզի ընդլայնուի շրջագիծը Հասան Ճէմալի օրինակով թուրք
մտաւորականներուն եւ քաղաքական գործիչներուն, որպէսզի կողք-կողքի ապրելու
դատապարտուած հայ եւ թուրք ժողովուրդները կարենան արդար հիմերը գտնել ու,
հայկական իրաւունքներու վերականգնման խարիսխին վրայ, ամրապնդել իրենց
ապագայ համակեցութիւնն ու բարի դրացիութիւնը։
Մենք ամէն պատճառ ունինք երկխօսութեան ազատ բեմ տալու Հասան Ճէմալներուն,
որովհետեւ թուրք հասարակութեան մէջ այդպիսիք ուշ-ուշ կու գան եւ յաճախ
շուտ-շուտ լռութեան կը դատապարտուին՝ թրքական պետութեան հակահայ ճնշումի
եւ հալածանքի դաժան գլանին տակ։
Հայեւթուրք յարաբերութեանց կնճիռը լուծելու ճամբուն վրայ, մենք պէտք
ունինք Հասան Ճէմալի օրինակով «հանգոյց»ները մէկ առ մէկ ու ժողովրդավարական
երկխօսութեամբ քակելու եւ լուծելու հետեւողական աշխատանքին։
«Հայրենիք», Դեկտեմբեր 18, 2014
No comments:
Post a Comment