ԱՆԱՐԺԱՆ ԴՊԻՐ
Հասան Ճէմալի «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» հատորին հայերէն թարգմանութեան երեւանեան շնորհահանդէսով ծնունդ առած բանավէճը իրականութեան մէջ եզակի առիթ մը հանդիսացաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ «խակ» հաւաքականութիւն ենք։ Ու անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ, որ նոյնիսկ երբ այսինչ կամ այնինչ նախաձեռնութիւնը դատապարտելի է եւ կամ դատապարտելի կէտեր կը բովանդակէ, կամ առնուազն այդպէս կը գնահատենք, չենք գիտեր ձեւակերպել մեր դատապարտումն իսկ, ամէն ինչ կը շփոթենք։
Արդարեւ, Ճէմալի գիրքին պարագային, ճիշդ է, որ սկսած՝ նախաձեռնութեան էութենէն՝ հայ-թուրք մերձեցման ջանքերով հետապնդուած նպատակներէն մինչեւ խնդրոյ առարկայ հատորին մէջ տեղ գտած որոշ արտայայտութիւններ, շատ ու շատ բան կայ քննարկելի, վիճարկելի։ Բայց, երբ Երեւանի Պետական Համալսարանի փոխտեսուչ ակադեմական մը նման սխալ մօտեցում ցուցաբերէ, բողոքելով՝ թէ թարգմանութեան մէջ իր կատարած նշումներն ու մեկնաբանութիւնները ջնջուած են, ալ ի՞նչ ըսել մնացեալին մասին։
Վիճարկելի բոլոր նիւթերը մէկդի, առնուազն այս հարցին մէջ բոլորովին արդարացի է «Հրանդ Տինք» Հիմնադրամը, երբ յայտարարութեամբ մը՝ Ճէմալի գիրքի յարգելի թարգմանիչին կը յիշեցնէ թարգմանչական արհեստի (ու նաեւ արուեստի) նախնական սկզբունքները: Երկրի մը պետական համալսարանի փոխտեսուչ ակադեմական մը ինչպէ՞ս կրնայ անգիտանալ, թէ թարգմանչական որեւէ աշխատանքի մէջ կարելի չէ ներմուծել անձնական գնահատականներ կամ մեկնաբանութիւններ եւ վերջն ալ վրդովիլ՝ ի տես անոնց ջնջումին։
Սովորութիւն ունինք շատ յաճախ զգացական, սիրողական մօտեցումներ ցուցաբերելու նոյնիսկ ամենէն ճակատագրական հարցերու նկատմամբ։ Ժամանակը հասած ու անցած է աւելի արհեստավարժ ու մասնագիտական կեցուածք որդեգրելու եւ մեր սլաքները ճիշդ թիրախներուն, նամանաւա՛նդ ճիշդ ձեւով ուղղելու։
Այսքանը՝ առաջին կէտ։
Կայ նաեւ երկրորդ կէտ մը, որ շատ աւելի կարեւոր է, եւ ուղղակի առնչուած՝ վերոյիշեալ հրամայականներուն։
Այդ կէտը կ՚առնչուի թրքական դիւանագիտութեան բեմադրած «երկխօսութեան» ստեղծած հարցին: Հոս, մեր շրջագիծին մէջ կ՚առնենք թէ՛ թրքական պետութեան կողմէ ուղղակի, թէ՛ ալ զանազան ճապկումներով՝ աւելի «շպարուած» միջոցներով անոր ի գործ դրած «կարծեցեալ երկխօսութեան» փորձերը:
Որքան ալ մեզմէ շատեր վանեն, բացառեն նման փորձ(երու) ընդառաջում, այս եւ այլ բազմաթիւ ձեռնարկներով՝ ակամայ (՞) յայտնուած ենք արդէն այդ դիւանագիտութեան ծոցը:
Եւ եթէ պիտի ընդառաջենք այդ խաղին, պէտք է գիտնանք զայն դիմաւորել, դիմագրաւե՛լ, աւելի լուրջ եւ կազմակերպեալ, ներքնապէս համաձայն ձեւով, Հայաստան-Սփիւռք միաձայնութեամբ, անկէ քաղել կարենալու համար մեզի շահաւէտը… եթէ կայ անշուշտ։ Թէ ոչ՝ կը ստացուի ներկայ խճանկարը, որ առանց որեւէ կասկածի՝ նման քայլերու կրկնութեամբ խճանկարէն պիտի վերածուի ընդհանուր երեւոյթի… այլ խօսքով՝ հայկական ներքին պառակտումներու համայնապատկերի մը, ինչ որ «երկխօսութիւն» փնտռողին գլխաւոր նպատակներէն մէկն է անկասկած, բուն նպատակին քով, որ ինքզինք արար աշխարհին «համերաշխութեան» գործընթացի վրայ ցոյց տալն է։
Շատեր, վստահաբար, պիտի մտածեն, թէ արդէն ուշ մնացած ենք։ Ճիշդ է։ Բայց ինչպէս կ՚ըսուի՝ աւելի լաւ է ուշ, քան՝ երբեք։

(Յատուկ «Հայկականք»ի համար)
No comments:
Post a Comment