Թրքական
«Հիւրրիյէթ»
թերթի
աշխատակիցներէն
Իզզէթ
Չափա
հանդիպում
մը
ունեցած
է պոլսահայ
աշխարհահռչակ
լուսանկարիչ,
86ամեայ
Արա
Կիւլէրի
հետ։
Արուեստագէտը
պատմած
է Սեպտեմբեր
6-7ի
դէպքերուն մասին,
կախաղան
հանուած
երբեմնի
թուրք
վարչապետ
Ատնան
Մէնտէրէսէն
մինչեւ
Փիքասօ։
Խօսելով
իր
յուշերուն
մասին,
Կիւլէր
խոստովանած
է, որ առիթը
ունենալով
հանդերձ
Չարլի
Չափլինը
լուսանկարելու
երբ
ան
անդամալոյծ
էր
այլեւս,
չէ
ըրած
ատիկա։
Ըստ
անոր,
գեղեցկագոյն
կինը,
զոր
լուսանկարած
է, իտալուհի Անթոնելլա
Ռինալտին
եղած
է։
Ստորեւ
այդ
զրոյցը՝ թարգմանաբար։
-
Արա
աղբարիկ,
ո՜վ
գիտէ
ինչե՜ր
ունիս
պատմելիք,
բայց
չեմ
գիտեր,
թէ
ո՛ւրկէ
սկսիմ։
-
Ծօ,
ուրեմն
ինչո՞ւ
եկար
դիմացս
նստեցար:
-
Առաջին
վայրկեանէն
կոլ
մը
նետեցիր։
Ըսելիքս
ալ
մոռցայ։
Գոնէ
լրագրական
գոց
սորված
ճամբով
յառաջանամ։
Սկսինք
մանկութենէդ։
-
Ամառնային
օր
մըն
է եղեր,
Օգոստոս
16… Հինգշաբթի…
Սկսեր
են
մօրս
ցաւերը
եւ
ժամը
6.15ին
ալ
ես
ծներ
եմ:
Այդ
օրուընէ
այսօր
ալ
կ՚ապրինք,
ահաւասիկ:
-
Աստուած
դեռ
երկար
կեանք
շնորհէ։
Քիչ մը խօսի՞նք հայրիկին,
մայրիկին
մասին։
-
Հայրս
բնիկ
Շապինքարահիսարցի
էր,
իսկ
մայրս՝
պոլսեցի:
Երկուքն
ալ՝
Հայ:
Մեծհայրս
միայն
Պոլսոյ
մէջ
վեց
տուն
ունէր,
այդ
պատճառով
ալ
չեմ
գիտեր,
թէ
մօրս
ընտանիքը
ճի՛շդ
ուր
կ՚ապրէր
Պոլսոյ
մէջ:
-
Այսինքն,
մայրդ
հարուստ
ընտանիքի
զաւակ
էր։
-
Այո,
այդպէս
էին:
-
Իսկ
հօրենակա՞ն
կողմը։
-
Հօրս
կողմէ
մարդ
չկայ
որ…
ընտանիքին՝
1915ի
տարագրութեան
աքսորուելէ
ետք
անգամ
մըն
ալ
լուր
չէ
ստացեր
անոր
անդամներէն
ոեւէ
մէկէն:
Մարդը
մնացեր
է որբ:
Առեր,
մերինը
որբանոց
դրեր
են,
այդպէսով
ալ
ողջ
մնացեր
է: Եթէ
դպրոցը
չ՚ըլլար՝
զինք
ալ
սպաննած
կ՚ըլլային:
Այս
երկրին
մէջ
մեծ
աղէտներ
պատահած
են:
Աստուծոյ
փորձանք
երկիր
մըն
էր,
ե՞րբ,
ի՞նչ
պիտի
պատահի
յայտնի
չէր…
-
Ինչ
որ
է. երկիրը
մէկդի
ձգենք
հիմա.
վերադառնանք
հայրիկին…
-
Դեղարանատէր
հարուստ
մարդ
էր:
Այն
ժամանակներուն
Պոլսոյ
մէջ
ընդամէնը
4, թերեւս
ալ
5 դեղարան
կար:
Բացի
ատկէ,
այդ
շրջանին,
հիմակուան
նման՝
նպարավաճառին
երթալու
պէս
«ինծի
ասկէ
տո՛ւր,
անկէ
տո՛ւր»
չկար:
Դեղերը
տեղւոյն
վրայ
կը
պատրաստէին
դեղարանին
յետնամասին
մէջ:
Իմս
մեծ
քիմիագէտ
էր: «Էճզազըպաշը»ի (Թուրքիոյ
դեղագործութեան
մեծագոյն
ընկերութիւնը
- «ՆՅ»)
հիմնադիր
Սիւլէյման
Ֆէրիտ
Պէյն
ալ
իր
դասընկերը
եղած
է:
- «Էճզաճըպաշը»
այնուհետեւ
շատ
յառաջացաւ,
սակայն…
-
Հօրս
քով
շատ
փոքր
կը
մնար
իրականութեան
մէջ:
Սակայն
1956ին,
Ատնան
Մէնտէրէս
Բարգաւաճման
հիմնադրամէն
մեծ
նպաստներ
յատկացուց
թուրք
գործատէրերուն
եւ
դեղագործներուն:
Ատկէ
ետք
է, որ
«Էճզաճըպաշը»ն՝
«Էճզաճըպաշը»
դարձաւ:
-
Ինչպիսի՞
մթնոլորտ
կը
տիրէր
ձեր
տան
մէջ։
-
Այն
ժամանակներուն,
այստեղի
հայ
ընտանիքները
կ՚ապրէին
ֆրանսացի
ընտանիքներու
նման:
Մտաւորական
կառոյց
ունէինք:
Մեզմէ
իւրաքանչիւրը
առնուազն
2-3 լեզու
կը
խօսէր:
Զիս
ալ
լաւագոյն
դպրոցները
ղրկած
են
միշտ:
-
Իսկ
դուն
քանի՞
լեզու
գիտես։
-
Թրքերէն,
ֆրանսերէն,
անգլերէն,
հայերէն
գիտեմ:
Մնացեալը
չթուեմ…
ԴԱՍԱՐԱՆԸ
ՉԿՐԿՆՈՂ
ԱՇԱԿԵՐՏԸ
ՄԱՐԴ
Չ՚ԸԼԼԱՐ
-
Արա
աղբարիկ,
քեզ
կ՚երեւակայեմ
որպէս
երեխայ
մը,
որ
դասարանը
նստած
կը
հետեւի
ուսուցչին
ըսածներուն։
Իսկապէս
ալ,
ինչպիսի՞
աշակերտ
էիր։
-
Ի՞նչ
կը
կարծես,
չարաճճիին
մէկն
էի:
Երեք
անգամ
դասարանս
կրկնած
եմ:
Արդէն,
եթէ
կ՚ուզես
իմանալ
կարծիքս,
համոզուած
եմ,
որ
դասարանը
չկրկնող
երախան
մարդ
չ՚ըլլար:
Իրենց
դասերուն
մէջ
յաջողունակ
աշակերտները
միշտ
վախի
մէջ
են.
այդ
վախին
պատճառով
ալ
լաւ
կը
սերտեն
իրենց
դասերը:
-
Իսկ
տունէն
ի՞նչ
կը
մտածէին
մարդ
ըլլալու
քո՛ւ
«ռազմավարութեանդ»
մասին։
-
Որպէսզի
փողոցային
սրիկայ
չդառնամ,
միջնակարգի
աւարտին
հայրս
զիս
«Իփէք
Ֆիլմ» տեղաւորեց՝
աշխատանքի:
Շարժանկարի
ընկերութիւններուն
տէրը,
Իսմայիլ
Ճէմ
Պէյի
հայրը՝
Իհսան
Պէյ,
դեղարանէն՝
հօրս
ընկերն
էր:
-
Ի՞նչ
գործ
կ՚ընէիր
ֆիլմի
ընկերութեան
մէջ։
-
Ի՞նչ
պիտի
ընեմ,
ծօ:
Կը
վազվզէի
ինծի
տրուած
բոլոր
գործերուն
համար:
-
Այսինքն,
փոքր
տարիքէն
շարժարուեստի
մարդ
եղած
ես։
-
Ինձմէ
զատ, բոլոր հոն աշխատողներն ալ
շարժարուեստագէտ
դարձան.
իմ
արկածախնդրութիւնս կիսատ մնաց:
-
Ինչո՞ւ։
-
Նոր
ժապաւէնի
մը
ներկայացման
համար
տասնեակներով
հիւրեր
հրաւիրած
էին
ընկերութիւն:
Իմ
ցուցադրութեան
ընթացքին
երբ
սրահին
դուռը
բացի,
տեսայ
որ
ամէն
կողմ
կրակներու
մէջ
է: Հսկայ
հրդեհ
մը
ծագած
էր:
Տանիքէն,
հրշէջներու
վերջին
փրկած
անձը
ես
եղայ:
Մայրս
յուզումէն
շաքարախտի
հիւանդ
դարձաւ:
Հայրս
անգամ
մըն
ալ
չարտօնեց,
որ
շարժարուեստով
զբաղիմ:
-
Դուն
ալ՝
«եթէ
շարժարուեստ
չըլլայ,
թատրոնով
կը
զբաղի՞մ»,
ըսիր։
-
Մուհսին
Էրթուղրուլ
(հռչակաւոր
թուրք
բեմադիր
եւ
դերասան
- «ՆՅ»)
հօրս
ընկերն
էր:
Ներկայացումներուն
համար
անհրաժեշտ
շպարումի
բոլոր
նիւթերը
հօրս
դեղարանին
մէջ
կը
պատրաստուէին:
Թատրոնին
հետ
կապս
միշտ
իւրայատուկ
եղած
է: Ամէն
իրիկուն,
ներկայացումներուն
կը
հետեւէի
բեմին
ետեւէն:
Արդէն,
ուսումս
ալ
թատրոնի
մասնագիտութեամբ
ըրած
եմ:
-
Թատրերգութիւններ
ալ
գրած
ես,
որքան
որ
լսեցի…
-
Ք..ի մը
չծառայող
ինը
թատերգութիւն
գրած
եմ:
Ամէն
բանաստեղծութիւն
գրող
ինքզինք
բանաստեղծ
կը
կարծէ,
չէ՞…
Մանկական
փափաք
մըն
էր
իմս:
Չեմ
կրնար
ելլել ու ըսել,
թէ
ես
թատերագիր
եմ:
Վիպագրութիւններ
ալ
ունիմ:
Նոյնիսկ
«Ենի
Իսթանպուլ»
թերթին
կազմակերպած
վէպի
մրցումին
մասնակցած
եմ
Ալի
Իհսան
Այկիւն
ծածկանունով:
-
Ինչո՞ւ
ծածկանուն
գործածեցիր,
Արա
աղբարիկ։
-
Ինչո՞ւ
համար
կը
կարծես.
որպէսզի
սեպ
չխրեն
Հայ
ըլլալուս
պատճառաւ:
Բայց
մրցումը
շահելէ
ետք,
գացի
եւ իրենց
ըսի,
որ
անունս
Արա
Կիւլէր
է:
-
Ճի՞շդ
է, որ
փոքր
տարիքիդ
ծանօթացեր
ես
Աթաթիւրքին։
-
Ֆլորիայի
դղեակին
քով,
հանրային
ծովափին
վրայ
տուն
ունէինք:
Աթաթիւրք
ալ
երբեմն
հոն
կու
գար՝
ծով
մտնելու:
Տեսած
եմ
Աթաթիւրքը:
Որովհետեւ
միշտ
հոն
կը
նստէր,
գծաւոր
իր
ծովազգեստով:
Յատուկ
ցանկապատ
եւայլն
ալ
չկար:
Երբ
ան
կու
գար,
բոլոր
լակոտներս
կը
հաւաքուէինք։
Փոքր
էինք,
անշուշտ,
չէինք
գիտեր,
թէ
ո՛վ
է Աթաթիւրք:
-
Գոնէ
այնուհետեւ
ծանօթացա՞ր
հետը։
-
Ծօ,
ի՞նչ
ծանօթանալ:
Քեզի
կ՚ըսեմ՝
փոքր
էինք.
գլուխդ
չի՞ մտներ:
Յետնամասը
կրճատուած
նաւակ
մը
ունէր:
Ես
այդ
նաւակին
ետեւէն
կախուելով
լողացած
լակոտներէն
մէկն
եմ
միայն:
Եղածը-չեղածը
ա՛յս
է:
-
Գանք
ուրեմն
թղթակիցի
«ժահր»էն
վարակուելուդ…
-
Շարժանկարի
ընկերութեան
հրդեհէն
ետք,
հայրս
զիս
«Ենի
Իսթանպուլ»
թերթ
տեղաւորեց,
նկատի
ունենալով
որ
վէպեր
կը
գրեմ:
1950ին
թղթակից
դարձայ:
Ատկէ
ետք
ալ
ք..ը կ՚երայ…
ահա
հասայ
մինչեւ
օրերս:
-
Սեպտեմբեր
6-7ի
օրերուն
թղթակից
էիր
ուրեմն։
-
Անշուշտ.
շատ
լաւ
կը
յիշեմ
այդ
օրերը:
Տարին՝
1955: Ժողովրդական
խաղերու
տարածման
եւ
վերապրեցման
հիմնարկ
մը
կար:
Բացօթեայ
թատրոնին
մէջ
ներկայացում
տեղի
պիտի
ունենար:
Պարտականութիւնս
էր
երթալ,
լուսանկարել:
Ինչ
որ
է. ճամբայ
ելայ,
կը
քալեմ
Իսթիքլալ
պողոտային
վրայ:
Յանկարծ,
ի՞նչ
տեսնեմ:
Ամէն
կողմ
դուռ-պատուհան
վար
կ՚առնեն:
-
Լաւ,
ի՞նչ
ըրիր։
-
Թաքսիմի
շարժանկարի
սրահին
դիմացը՝
պատշգամ
ունեցող
սրճարան
մը
կար:
Անմիջապէս
հոն
ապաստանեցայ:
Դուրսը,
մէկը
միւսին
վրայ
կը
պոռար,
ապակիներ
կը
կոտրուէին,
խանութներ
կը
թալանուէին…
մէկ
խօսքով,
իսկական
քաոս
մը
կը
տիրէր:
Ամբոխը
խանութներէն
ներս
կը
խուժէր
եւ
նոր
հագստեղէններով
դուրս
կ՚ելլէր:
Պատկառելի
տարիքով
մարդիկ՝
իրարու
վրայ
երեք
բաճկոն
կը հագուէին:
Ուղղակի
կողոպուտ
կատարուեցաւ,
կողոպո՛ւտ:
-
Կատարեալ
լղրճութիւն…
-
Մեհմէտ
Ճէմալի
մայրը
«Կիլտա»
անունով
խանութ
մը
ունէր.
զարդարանքի
իրեր
կը
վաճառէին:
Երբ
հոն
հասանք,
“Այս
մէկը
Ճէմալ
փաշային
խանութն
է” ըսելով
կը
փորձէին
արգելք
ըլլալ:
“Կիլտան թուրք
չէ:
Կիլտա
ի՞նչ
կը
նշանակէ”
բացագանչելով
սկսան
քանդել:
Այդ
մտայնութիւնը
եթէ
այսօր
գոյութիւն
ունենար,
ամբողջ
Թուրքիան
կը
կործանէր,
նոյնիսկ
մէկ
հատ
խանութ
չէր
մնար,
որովհետեւ
ամէն
կողմ
կեավուրի
անուններով
լեցուն
է:
-
Խելքդ-միտքդ
վստահաբար
ձեր
դեղարանին
վրայ
էր…
-
Սեպտեմբեր
6ի յետմիջօրէին
սկսած
եւ
մինչեւ
Սեպտեմբեր
7ի առտուն
տեւած
դէպքերու
ընթացքին
73 եկեղեցի,
7 այազմա
(յոյներու
կողմէ
սրբազան
ու
բուժիչ
նկատուած
ջուրերու
հանք
- «ՆՅ»),
2 վանք,
գործատուն
մը
եւ
5.538 անշարժ
գոյք
քանդուեցան
եւ
այդ
դէպքերուն
Պէյօղլուի
վրայ
միակ
խանութը
որուն
ձեռք
չտրուեցաւ
հօրս
դեղարանը
եղաւ:
-
Բախտաւոր
մարդ
է եղեր
հայրիկդ…
-
Ի՞նչ
բախտաւորի
մասին
կը
խօսիս,
ծօ:
Մեր
դեղարանը
բժշկական
առաջին
օգնութեան
կեդրոնի
վերածեր
են,
ատոր
համար
չեն
քանդեր:
Բոլոր
վիրաւորները
հոն
են
եղեր:
Որովհետեւ
պէտք
ունէին,
ատոր
համար
ձեռք
չեն տուեր:
Թէ
ոչ,
շուրջի
բոլոր
խանութները
թալաներ
են:
Նախնական
երկիր
էր
այս,
նախնակա՛ն…
-
Այդ
շրջանի
վարչապետ
Ատնան
Մէնտէրէսին
հետ
շատ
ժամանակ
անցուցեր
ես…
-
Բնաւ
մի՛
հարցներ:
Այդ
շրջանին,
Ատնան
Մէնտէրէս
խերս
անիծած
է:
-
Խեր
է, ինչո՞ւ։
-
Որովհետեւ,
սեփականազրկումներու
ընթացքին
կ՚ուզէր
որ
միշտ
քովը
գտնուիմ:
Այդ
պատճառով:
-
Մինչդեռ
շատ
չես
նմանիր
մէկու
մը,
որ
կը
մնայ
հոն՝
ուր
չի
փափաքիր
մնալ…
-
Այդ
շրջանին
կ՚աշխատակցէի
«Հայաթ»
հանդէսին:
Սկիզբը
նախատեսեր
էինք
100.000 տպաքանակ
եւ
ըստ
այդմ
ալ
թուղթի
պահեստ
նախատեսեր
էինք,
բայց
երբ
400.000 հատ
վաճառուեցաւ
ք..ը կերանք:
Անգամ
մը
երեւակայէ…
թուղթն
ալ
Հունգարիայէն
կու
գար:
-
Թուղթի
նոր
ապսպրանք
տայիք…
-
Ծօ,
դուն
կ՚անդրադառնա՞ս,
թէ
ո՛ր
շրջանին
մասին
կը
խօսինք:
Տպարանին
մէջ
գործածուելիք
թուղթին
բաշխումը
կառավարութենէն
կախեալ
էր:
Չէին
մատակարարեր
թուղթ
ու
մուղթ
անոնց
որոնք
չէին
հրատարակեր
իրենց
փափաքած
լուրերը:
Մենք
ալ
ստիպուած
ոտք
կը
յարմարցնէինք
այդ բոզաւագին:
Եւ
քանի
որ
Մէնտէրէս
զիս
կը
սիրէր,
զինք
շողոքորթելու
պարտականութիւնն
ալ
ինծի
վստահուած
էր:
Այդ
պատճառով
է, որ
անոր
ետեւէն
կը
վազէի
ամէնուր,
որ
ան
կ՚երթար:
-
Այդ
ալեկոծ
շրջանին
քու
գործընկերներուն
մեծ
մասը
կա՛մ
քննութեան
տակ
առնուեցան
կամ
ալ
բանտարկուեցան։
Դուն
նման
փորձառութիւն
ունեցա՞ր։
-
Այս
երկիրը
արդեօք
երբեւիցէ
առանց
ալեկոծութեան
շրջան
ունեցա՞ծ
է: Մայիս
27ի
յեղափոխութեան
գացի
լուսանկարեցի,
հրասայլերը
եւայլն…
Այդ
տարիներուն
«Time Life»ի,
«Stern»ի
եւ
«Paris Match»ի
տեղական
ներկայացուցիչն
էի:
-
Անմիջապէս
ներս
խոթեցին
անշուշտ։
-
Տուած
հարցումիդ
պատասխանե՞մ,
թէ՞ դուն
պիտի
պատմես:
-
Եղաւ.
կը
լռեմ։
Կը
լսեմ
քեզ։
-
Ինչ
որ
է. յեղափոխութիւն
կատարուեցաւ,
լուսանկարեցի:
Ժապաւէնները
առանց
լուալու
հինգ
պատատ
պատրաստեր
եւ
արտասահման
առաքելու
համար
անոնց
վրան
պիտակներ
փակցուցեր
էի:
Ժապաւէնները
տեսնող
մաքսային
պաշտօնեան՝
“Աղբարիկ,
ամէն
օր
հոս
ես:
Քեզ
կը
ճանչնանք:
Սակայն,
հրասայլի
այս
պատկերները
ինչպէ՞ս
կրնանք
ղրկել:
Մեր
բերանը
կը
ք..նեն” ըսաւ:
-
Դուն
ի՞նչ
ըրիր
ուրեմն։
-
Ի՞նչ
պիտի
ընեմ,
լուսանկարները
վաւերացնել
տալու
համար
Ձայնասփիւռի
Տուն
գացի:
Ի վերջոյ
ամէն
ինչ
հոն
վերջացաւ:
Քէնան
կոչեցեալ
գնդապետ
մը
հարցուց.
“Ի՞նչ
են
ասոնք”:
Ծօ,
կարծես բոզաւագը
այս
երկրին
մէջ
չ՚ապրիր:
Սկսաւ
իր
չհաւնած
լուսանկարները
նետել:
Խելքովը՝
ինծի
գրաքննութիւն
կը
կատարէ:
“Բոլորը
կը
նետես,
բայց
ես
"Times"ի
թղթակիցն
եմ.
մարդոց
զբօսաշրջական
բացի՞կ
ղրկեմ:
Դուն
յեղափոխութիւն
կատարէ,
որքան
որ
կ՚ուզես,
բայց
եթէ
այդ
լուսանկարները
չղրկեմ,
աշխարհ
ոչ
մէկ
բանէ
տեղեակ
կ՚ըլլայ”
ըսի:
Ան
ալ
իր
քովիններուն
հրահանգեց
“Շատ
կը
խօսի,
տարէք
սա
ո. տուողը”:
-
Ո՞ւր
տարին
քեզ։
-
Օր
մը
առաջ
ինքնաշխատ
հրացաններով
այդ
Ձայնասփիւռի
Տունը
գրաւած
մարդիկը
թեւէս
բռնեցին,
տարին
ընդհանուր
տնօրէնին
պարապ
գրասենեակը:
Դուռին
առջեւ
ալ
զինուոր
մը
տնկեցին,
որպէսզի
խոյս
չտամ:
Երբեմն-երբեմն
տղուն
(զինուորին
- «ՆՅ»)
“ծօ
ինծի
ծխախոտ
մը
տուր”
եւայլն.
կ՚ըսէի:
Առաւօտեան
դէմ
վարինը
զիս
կանչեց,
լուսանկարները
տուաւ
եւ “կորսուէ՛,
գնա՛”
ըսաւ:
-
Ի վերջոյ
կրցար
լուսանկարներդ
արտասահման
ղրկել…
-
Ղրկելը՝
ղրկեցի:
Բայց
այս
դէպքին
պատճառով
Թուրքիոյ
մէջ
տեղի
ունեցած
յեղափոխութիւնը
աշխարհի
մէջ
24 ժամ յապաղումով
իմացուեցաւ:
-
Քիչ
մը
թեթեւցնենք
մթնոլորտը։
Քու
լուսանկարած
գեղեցկագոյն
կինը
ո՞վ
էր։
-
Անկասկած
Անթոնէլլա
Ռինալտին:
Բացառիկ իտալուհի
մըն
էր:
-
Սոֆիա
Լօռէնէ՞ն
ալ
գեղեցիկ։
-
Ծօ
ձգէ
ասիկա-անիկա.
Անթոնէլլան
բացառիկ
էր:
-
Բայց
այդուամենայնիւ
Սոֆիան
ալ
լուսանակարած
ես,
չէ՞։
-
Եւ
թէ
ի՜նչ
լուսանկարում:
Տասնըմէկ
անգամ
գացած
եմ
շարժանկարի
Գաննի
փառատօն:
Անգամ մը
լսեցինք,
թէ
Սոֆիա
Լօռէն
պիտի
գայ
իր
ամուսնոյն՝
Գառլօ
Փոնթիի
հետ:
Պանդոկին
առջեւ
ահաւոր
եռուզեռ,
ամէն
կողմ
լուսանկարիչ
կը
վխտայ:
Շատ
ալ
հոգս
չէ.
ես
արդէն
միլիոն
անգամ
լուսանկարեր
եմ
Սոֆիա
Լօռէնը…
Ես
անոնց
մէջ
չեմ
մտներ,
լիւքս
թղթակից
եմ,
ժամադրութեամբ
կ՚աշխատիմ,
կը
հասկնա՞ս:
Ինչ
որ
է. “Ո՜վ
պիտի
սպասէ
անոնց”
մրթմրթալով
ուղղուեցայ
դէպի
վերելակ:
Մէյ
մ՚ալ
ո՞վ
կ՚ուզես
որ
գայ
իմ
ետեւէն:
-
Գնդապետ
Քէնա՞նը։
-
Պարապ
խօսքեր
մի
ըսեր:
Մէյ
մըն ալ
տեսայ,
որ
Սոֆիան
եւ
Գառլօն
եւս
կը
քալեն
դէպի
վերելակ:
Հօ՜փ,
իրենց
ետեւէն,
ես
ալ
պանդոկի
յաճախորդի
նման
մտայ
վերելակ:
Դէմքս
իրենց
ծանօթ
է, բայց
չեն
գիտեր
թէ
ո՞վ
եմ:
Եթէ
իմանան,
որ
լրագրող
եմ,
զիս
անմիջապէս
դուրս
կը
շպրտեն:
Իջան
իններորդ
յարկը:
Շարունակեցի
հետեւիլ:
Բոլորս
միասին
կը
քալենք,
կարծես՝
նոյն
ընտանիքին
անդամները
ըլլայինք:
Ինչ
որ
է, հասանք
իրենց սիւիթը: “Օ՜խ,
վերջապէս
փրկուեցանք
ժխորէն”
ըսին:
Գործիքս
մէկդի
դրի,
սկսայ
իրենց
հետ
շաղակրատել:
-
Դուն,
Սոֆիան
եւ
Գառլօն՝
առանձի՞ն
էիք
սենեակին
մէջ։
-
Չէ
սիրելիս,
քանի
մը
հոգի
եւս
կար:
Ես
ալ
սահեցայ
անոնց
միջեւ:
Տեսայ,
որ
Սոֆիան
ննջասենեակ
անցաւ:
Կօշիկները
հանեց
հանգստանալու
համար
եւ
բազմեցաւ
անկողինին
վրայ:
Անմիջապէս,
“այսպէս
քանի
մը
քառակուսի
լուսանկարե՞մ”
հարց
տուի:
Ան
ալ
“լուսանկարէ՜”
պատասանեց:
Դեռ
կը
կարծէր,
թէ
իր
ընկերներէն
մէկն
եմ:
-
Արան
աղերսեց
մէկ
աչք,
Սոֆիան
շնորհեց
նշաձեւ
աչք…
(«Կոյրը
աղերսեց
մէկ
աչք,
Աստուած
շնորհեց
երկու
աչք»
թրքական
ասացուածքէն
- «ՆՅ»):
-
Լուսանկարեցի,
Պոլիս
ղրկեցի:
Բայց
եկուր
ալ
խայտառակութիւն
տես:
Թերթը
մեծ
տառերով
խորագրած
էր՝
«Մեր
թղթակիցը
Սոֆիա
Լօռէնի
ննջասենեակին
մէջ»:
Այնպէս
ստացուեցաւ,
որ
ես
այդ
կինը
«կարգադրեր»
եմ…
-
Համբաբաւոր
բոլոր
անձնաւորութիւններն
ալ
այդ
ձեւով,
դիւրութեամբ՝
«լուսանկարէ՛»
չեն
ըսած
կ՚ենթադրեմ։
-
Դիւրութեամբը
ի՜նչ
խօսք.
լուսանկարել
կարենալու
համար
նոյնիսկ
յիմարանոց
պառկած
եմ:
-
Ինչո՞ւ։
Ապրումներդ
ջիղե՞րդ
խանգարեցին։
-
Չէ
ծօ,
այդքան
ալ
չէ:
Յորդանանի
թագաւորը՝
Թալալ
յիմարանոց
փոխադրուած
էր:
Մարդը
այնպիսի
կին
մը
ունէր,
որ
անկարելի
էր
խելքը
չթռցնել:
Համայն
աշխարհի
մամուլը
գահընկէց
թագաւորին
գէթ
միակ
լուսանկարին
համար
մրցումի
մէջ
էր,
բայց
ոչ
ոք
կը
յաջողէր:
Ինչ
որ
է. ես
զայն
լուսանկարելու
համար
հիւանդանոց
գացի,
բայց
բնականաբար
չարտօնեցին
որ
ներս
մտնեմ:
Ես
ալ
սկսայ
տարօրինակ
շարժուձեւեր
ընելու,
«հիւանդ
եմ»
եւայլն
ըսելու:
Նպատակս
էր
որպէս
խենթ
հիւանդանոց
մուտք
գործել
եւ
լուսանկարել:
-
Գոնէ
յաջողեցա՞ր
լուսանկարել։
-
Մէյ
մըն ալ
առաջին
օրէն
ինծի
ասեղ
մը
չզարնե՞ն:
Ուրկէ
գալս
շուարեցայ:
Եւ
երբ
լուսանկարելու
փորձ
կատարեցի,
Թալալի
թիկնապահները
սպառնացին
ինծի
ըսելով՝
“եթէ
անգամ
մըն
ալ
քեզ
տեսնենք,
կը
սպաննենք”:
Նոյն
գիշերը
փախայ
հիւանդանոցէն:
-
Ուրիշ
որո՞նք
կան,
զորս
չես
յաջողած
լուսանկարել
եւ
սրտիդ
բեռ
դարձած
են։
- Մէկը կայ,
որ
հակառակ
գործադրած
բոլոր
ջանքերուս,
չեմ
կրցած
լուսանկարել, ուրիշ
մըն ալ կայ,
որ
դիտումնաւոր
կերպով
չեմ
լուսանկարած:
-
Քեզի
պէս
մարդու
մը
առիթը
ներկայանայ
եւ
կոճակը
չսեղմէ…
-
Որովհետեւ
ինծի
չէր
վայելեր
լուի
մը
նման
ցատկռտելով
աշխարհի
ամենէն
եռանդուն
կերպարը
ստեղծած
Չարլի
Չեփլինը
լուսանկարել
իր
անդամալոյծ
վիճակին
մէջ:
Չեփլինը,
որ
իմ
աշխարհիս
ստեղծարարն
է, իմ
աշխարհահայեացքը
կերտողը,
ինծի
կեանքը
դիտելը
սորվեցուցած
մարդը…
Այդ
տարիներուն
կ՚ապրէր
Զուիցերիոյ
մէջ
դղեակ
մը:
Կինն
ալ,
ամերիկացի
ծանօթ
գրագէտ
Էօճըն
Օ՚Նէյլի
դուստրն
էր՝
Ունան:
Անոնց
դղեակին
առջեւ,
երեք
օր
ձիւն
ու
փուք
չըսի,
սպասեցի:
Ի վերջոյ,
Ունա
այն
մտավախութեամբ
որ
պիտի
սառիմ,
ընդունեցաւ,
սակայն
ըսաւ.
“Եթէ
պիտի
խօսիս՝
խօսէ,
բայց
մի
լուսանկարեր”:
-
Էէէ՜,
գաղտնօրէն
լուսանկարէիր
դուն
ալ…
-
Մարդը
չէր
ուզեր
անդամալոյծի
անուաւոր
աթոռին
վրայ
լուսանկարուիլ
եւ
իրմէ
նման
պատկեր
մը
թողուլ
մտքերու
մէջ:
Որովհետեւ
ա՛ն
ալ,
ինծի
նման,
գիտէր
թէ
ձեռքերուս
մէջ
գտնուող
գործիքը
անգութ
է:
-
Իսկ
ոսպնեակէդ
յարատեւօրէն
խոյս
տուողը
ո՞վ
էր։
-
Ժան-Փօլ
Սարթրը:
Ճիշդ
ոտքիդ
տակը
առնելու,
ծեծելու
արժանի,
շփացած
քարտուղար
մը
ունէր
մարդը:
Միտքէս
յաճախ
անցաւ,
որ
գիշերով
տեղ
մը
այդ
քարտուղարը
տեսնեմ, բոզաւագը
աղուոր
մը
«նմանցնեմ»:
Բայց
չեղաւ:
Իրականութեան
մէջ,
բուն
հարցը թուրք
ըլլալու
հանգամանքէն
կը
սկսի:
Երբ
կ՚իմանան,
թէ
թուրք
լրագրող
ես,
արդէն
կիսովին
կը
տուժես:
Յաւելեալ՝
այդ
էշը
սեպ
խրեց:
Ի վերջոյ,
յաջողեցայ
Սարթրը
լուսանկարել
քանի
մը
անգամ,
բայց
հետը
խօսելու
առիթը
չունեցայ:
-
Հոգ
չէ,
դուն
ալ
գացիր
մեծն
Փիքասօն
լուսանկարեցիր։
-
Ծօ
լուսանկարեցի,
բայց
մինչ
այդ
ինչե՜ր
ապրեցայ,
եկուր
ալ
ինծի
հարցուր:
Բոլորը
կ՚ուզեն
մարդուն
այնքա՜ն
ծանօթանալ,
բայց
նոյնքան
ալ
կը
քաշուին:
Տղան
ընկերս
էր:
Օր
մը
զիս
ճաշի
հրաւիրեց.
ընդառաջեցի:
Սեղանին
գլուխը
երբ
կը
զրուցէինք՝
“Ինձմէ
կ՚ուզես,
որ
քեզ
հօրս
ծանօթացնեմ,
բայց
ինք
զիս
բնաւ
չի
սիրեր
որ…”
ըսաւ:
-
Ինչո՞ւ
չի
սիրեր
եղեր։
-
Փիքասօ
չէր
գիտեր
նոյնիսկ,
թէ
քանի՞
զաւակի
հայր
է: Թաղին
մէջ
ասդին-անդին
ցատկռտեր-կեցեր
է: Արտասովոր
մարդ
մը…
-
Վերջապէս,
ինչպէ՞ս
զիրար
խաչաձեւեցին
ձեր
ճամբաները։
-
«Սքիրա»
հրատարակչատունը,
որուն
լուսանկարիչն
էի,
կը
պատրաստուէր
հրատարակելու
Փիքասոյի
մասին
գիրք
մը:
Հրատարակիչն
ալ
ընկերս
էր:
“Եթէ
զիս
հետդ
չտանիս,
այլեւս
երբեք
չեմ
լուսանկարեր
քեզի
համար,
ոչ
ալ
հետդ
կը
խօսիմ”,
ըսի:
Եւ
ձեռք
ձգեցի
մեծ
նկարիչին
միջավայրը
լուսանկարելու
առաքելութիւնը:
-
Այսինքն,
սպառնալիքով
կրցար
հասնիլ
Փիքասոյին…
-
Գացի,
երեք
օր
իր
տունը
մնացի:
Մէյ
մ՚ալ,
պահ
մը
ինծի
չդառնայ
ու
“դուն
զիս
այսքան
կը
լուսանկարես,
ես
ալ
քեզ
գծեմ
գոնէ”
չըսէ՞…
Երեւակայէ՛,
դարուս
ամենէն
մեծ
նկարիչը՝
Փոքասօն
զիս
պիտի
նկարէ.
բայց
մարդը
90 տարեկանէն
աւելի
է, ծօ:
Վախնալով,
որ
ըսածը
կը
մոռնայ
հինգ
վայրկեան
յետոյ,
սկսայ
ամէն
կողմ
մաքուր
թուղթ
մը
փնտռել:
Նայեցայ
ամէն
կողմ,
բայց
մաքուր
էջ
մըն իսկ
չգտայ:
Ի վերջոյ,
գրադարանէն
առի
գիրք
մը,
բացի
կողքը,
երկարեցի
Փիքասոյին:
Միանգամայն,
մտովին
ես
ինծի
կ՚ըսէի.
“Ինչպէս
որ
է, այդ
էջը
կը
պատռեմ
ու
կ՚առնեմ”:
-
Գծե՞ց,
առանց
մոռնալու
խոստումը։
-
Գծեց
անշուշտ:
Ստորագրե՛ց
ալ:
Թուրքիոյ
մէջ
Փիքասոյի
միակ
բնագիր
մը
գոյութիւն
ունի,
այն
ալ
տունս
կը
գտնուի:
-
Մարդուն
գիրքը
վերադարձնէիր
գոնէ։
-
Ծօ,
վերջը
նայեցայ,
որ
գիրքն
ալ
իւրայատուկ
բան
մըն
է եւ
անկարելի
է պատռել
էջերը:
Հետեւաբար
քովս
առի
եղածին
պէս
եւ
հետս
բերի:
ՏԱԼԻ
10 ՎԱՅՐԿԵԱՆ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼՈՒ
ՀԱՄԱՐ
25
ՀԱԶԱՐ
ՏՈԼԱՐ ՊԱՀԱՆՋԵՑ
-
Շարունակենք
նկարիչներով.
եթէ
Սալվատոր
Տալի
ըսեմ…
-
Մարդը
Տալի
չէ,
քու
գիտցած
«տէլի»ն է (տէլի՝
թրքերէնով «խենթ»
- «ՆՅ»)
է: Ան
ալ
քիչ
աշխատանք
չպատճառեց
ինծի:
Մեր
առաջին
հանդիպումը
տեղի
ունեցաւ
փարիզեան
«Մէօրիս»
պանդոկի
իր սիւիթին
մէջ:
Դուռը
զարկի,
ներս
մտայ:
Մարդուն
հետ
քիթ-քիթի
ենք:
Զայրացկոտ
աչքերով
ինծի
նայեցաւ
ու
“Ինչո՞ւ
կ՚ուզես
զիս
լուսանկարել”
հարց
տուաւ:
Երբ
ինձմէ
ստացաւ
“Որովհետեւ
ծանօթ
անձնաւորութիւն
էք,
այդ
պատճառաւ”
պատասխանը,
սապէս
մէյ
մը
նայեցաւ
ու
յարեց.
“Լաւ.
10 վայրկեան
կը
տրամադրեմ,
25 հազար
տոլար
կ՚ուզեմ”:
-
Ձեռքդ
գրպա՞նդ
նետեցիր…
-
“Քովս
հնչուն
դրամ
չունիմ,
երթամ
բերեմ”
ըսի
եւ
հեռացայ
պանդոկէն:
Պահանջած
գումարը
մէկդի
ձգէ,
արդէն
պատշաճ
լուսանկարահանումի
մը
համար
ինծի
առնուազն
ժամ
մը
պէտք
էր:
Ինչ
որ
է, մենք
մեր
սակարկութիւնները
ըրինք
թէ՛
գումարին
եւ
թէ՛
ժամանակին
շուրջ:
Վերադարձայ
քովը:
Բայց
մարդը
հանգիստ
չի
կենար:
Կարծես
թէ
գործիքի
մը
հետ
սուսերամարտ
կ՚ընէ:
-
Ի՞նչ
է եղեր
մարդուն
հարցը։
-
Տալի
իր
առօրեայ
կեանքին
մէջ
ալ
գերիրապաշտ
տարրերու
ետեւէն
վազող
մըն
էր:
Այդպիսի
միջավայր
մը
կը
ստեղծէր:
Ամբողջ
ամիս
մը
զբաղեցուց
զիս:
Ի վերջոյ,
“կա՛մ
շնորհքով
կը
լուսանկարենք,
կա՛մ
ալ
կը
քաշեմ,
կ՚երթամ”
ըսի:
-
Տալիին
այս
վերջնագրէդ
ետք
ի՞նչ
պատահեցաւ։
-
Խոստացաւ
յաջորդ
օրուան
համար:
Գացի,
այս
անգամ
ալ ֆրանսացի
երեք
լրագրողներ կային սենեակին մէջ:
“Ասոնց
աչքին
առջեւ
չեմ
կրնար
աշխատիլ”
ըսի:
Խոստացաւ
զանոնք
ճամբել:
-
Մարդը
լուսանկարելու
տեղ
վերջնագիր
կը
յղես…
-
Ասիկա
լրագրողները
առաւ
դիմացը
եւ
անոնց
հարցուց՝
“Արդեօք
գիտէք
կուպրին
քիմիական
բաղադրութիւնը”:
Ծօ,
ուրկէ՞
գիտնան
մարդիկը:
Ինչ
որ
է, երբ
տեսաւ
թէ
ոչ
մէկէն
ձայն կ՚ելլէ,
Տալին՝
ինք
տուաւ
բաղադրութիւնը:
Վերջն
ալ, «Եթէ
ես
ցուպս
կուպրի
կաթսայի
մը
մէջ
թաթխեմ,
այդ
ցուպին
արժէքը
25 հազար
տոլար
կ՚ըլլայ:
Իսկ
եթէ
դուք
նոյնը
ընէք,
ձեզի
համար
խենթ
կ՚ըսեն:
Հասկցա՞ք»
ըսաւ:
Երբ
լրագրողները
շարժեցին
իրենց
գլուխները,
ան
շարունակեց. «Լաւ
ուրեմն.
հիմա
գացէ՛ք
ու
գրեցէք
այն
ինչ
որ
հասկցաք»:
Ու
ճամբեց
մարդիկը:
Ահաւասիկ,
ես
ալ
այդ
օրը
լուսանկարեցի
Տալին:
Լուսանկարներէն
մէկն
ալ
ստորագրել
տուի
իրեն:
Մարդը
ինչ
գործածեց,
չեմ
գիտեր,
ստորագրութիւնը
չչորցաւ
ամբողջ
24 ժամ:
Էէէ՜,
ալ
վերջացնենք,
յոգնեցայ,
ծօ:
-
Եղաւ,
եղաւ.
վերջին
հարցում
մը…
Ընդհանրապէս
գէշ
տրամադրութեամբ,
կամակոր
մէկու
մը
տպաւորութիւնը
կը
թողուս։
-
Որովհետեւ
միամտութիւնը
կը
զայրացնէ
զիս:
Մարդիկ
միամիտ
հարցումներ
կը
յղեն,
ես
ալ
կը
յանդիմանեմ:
Այն
ատեն
ալ,
կամակոր
մէկը
եղած
կ՚ըլլամ:
Հասկցա՞ր:
Վերջացա՞ւ
հիմա:
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 7 եւ 9, 2014
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 7 եւ 9, 2014
No comments:
Post a Comment