Showing posts with label Ատնան Մէնտէրէս. Show all posts
Showing posts with label Ատնան Մէնտէրէս. Show all posts

9.11.14

Զրոյց պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի հետ



Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի աշխատակիցներէն Իզզէթ Չափա հանդիպում մը ունեցած է պոլսահայ աշխարհահռչակ լուսանկարիչ, 86ամեայ Արա Կիւլէրի հետ։ Արուեստագէտը պատմած է Սեպտեմբեր 6-7ի դէպքերուն մասին, կախաղան հանուած երբեմնի թուրք վարչապետ Ատնան Մէնտէրէսէն մինչեւ Փիքասօ։ Խօսելով իր յուշերուն մասին, Կիւլէր խոստովանած է, որ առիթը ունենալով հանդերձ Չարլի Չափլինը լուսանկարելու երբ ան անդամալոյծ էր այլեւս, չէ ըրած ատիկա։ Ըստ անոր, գեղեցկագոյն կինը, զոր լուսանկարած է, իտալուհի Անթոնելլա Ռինալտին եղած է։ Ստորեւ այդ զրոյցը՝ թարգմանաբար։