20.10.14

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի ԼԴ. հատորի շնորհանդէսը Երեւանի մէջ

Երկուշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2014 կէսօրէ ետք ժամը 3ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի «Մեսրոպ արք. Աշճեան» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԴ. հատորի շնորհանդէսը, ներկայութեամբ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի, հայրենի մտաւորականներու, հայագիտութեան տարբեր գիտակրթական կեդրոններու ներկայացուցիչներու, գիտաշխատողներու, Հանդէսի հին ու նոր աշխատակիցներու:

«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի հին ու նոր աշխատակիցներու խմբանկարը՝ ձեռնարկի աւարտին 
Շնորհանդէսին բացումը կատարեց Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի Երեւանի ներկայացուցիչ Դոկտ. Արծուի Բախչինեանը, որ ներկայացնելէ ետք օրուան խորհուրդը հրաւիրեց Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանը: Վերջինս իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայրենի եւ սփիւռքահայ աշխատակիցներու առողջ համախմբումը Հանդէսին շուրջ եւ տիրող համագործակցութեան ոգին, մատնանշելով որ «բոլորս ալ այս ձեւով կը լիցքաւորուինք եւ իրարմով կ'ուժականանանք»:
Ապա խօսք առաւ Հանդէսի երկարամեայ աշխատակից բանասէր ու պատմաբան Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանը, որ «Հայաստանի եւ արտասահմանի հայ թէ օտար մասնագէտներու բազմալեզու ժամադրավայր» նկատեց Հանդէսը, «առանց ժամանակի թէ գիտակարգի խտրութեան»: Մատթէոսեան անդրադարձաւ 34րդ հատորին բովանդակութեան, նիւթերուն բնոյթին, քննարկուած հարցերուն եւ հաստատեց, թէ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը յարատեւ ու հետեւողական աշխատանքով կը շարունակէ պահել իր որակը, զուգորդուած խմբագրութեան բծախնդիր մօտեցումին, ամէն մէկ յօդուած վերջնական տեսքի բերելու, զայն անցընելու երկարատեւ զտումի ու մշակումի բովէն, ճոխացնելու եւ բարելաւելու՝ լեզուական խմբագրումով ու բովանդակային փոփոխութիւններով, որոնք այդ անտեսանելի գործին արգասիքն են»: Մատթէոսեան ափսոսանք յայտնեց որ «Հանդէսը հայագիտական մամուլի սակաւաթիւ ներկայացուցիչներէն մէկն է ... Տխուր է հաստատել, որ ան սփիւռքահայ հայագիտական պարբերականներու հայալեզու վերջին մոհիկաններէն մէկն է Սփիւռքի մէջ...»: Ան տագնապալի նկատեց Հանդէսին մէջ տեղ գտած 36 նիւթերէն միայն հինգին արեւմտահայերէն գրուիլը, հաւաստելով նաեւ որ «այս երեւոյթը խմբագրութեան մնայուն մտահոգութեան առարկան է»: Այս առթիւ Մատթէոսեան վկայակոչեց հատորին խմբագրականը, ուր բարձրացուած է հայաշխարհը յուզող անկիւնադարձային զարգացումներու շարք մը: Ան թուեց նաեւ նման կացութեան տուն տուող պատճառներ, ապա՝ «ուրախալի» գտաւ որ Հանդէսի «էջերէն տեւաբար նոր անուններ կը յայտնուին, որոնց մէկ մասը երիտասարդ ու միջին սերունդին կը պատկանին»: Հուսկ ան վկայակոչեց հատորի խմբագրականին՝ հայագիտութեան նոր տրամաբանութեան մեկնաբանութեան մէկ երեսակը՝ «հայագիտական ուսումնասիրութեանց բերքին օգտագործումը ի նպաստ հայ ազգային պետական, ընկերաբանական, քաղաքական միտքի զարգացումին եւ ազգային միասնութեան գաղափարին ամրապնդումին» ու մերժեց «գաղափարական երբեմնի կապանքները ... որոնք յղի են նորատեսակ կապանքներ ստեղծելու վտանգով» եւ եզրափակեց, թէ «գիտութեան յառաջընթացը կարծիքներու բախումէն կը բխի եւ ոչ թէ պարտադրումէն... Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը այդպիսի բացախօսութեան բեմ մըն է աշխարհի բոլոր հայագէտներուն համար եւ կը մաղթենք որ անշեղօրէն պահէ այդ սկզբունքը»:
Ապա խօսք առաւ ազգագրագէտ Դոկտ. Հրանոյշ Խառատեանը, որ մատնանշեց Հանդէսի «յաջող փորձը»՝ դեռեւս շատ փորձ չունեցողներու եւ փորձառուներու հաւասար ընդգրկումը: Խառատեան անդրադարձաւ Լիբանանի տագնապալի տարիներուն եւ գնահատեց «անընդմէջ» կանգուն մնալը Հանդէսին, նշելով որ Հանդէսը ունի իր դէմքն ու դերը հայագիտութեան մէջ եւ առաջարկեց որ թերեւս արդէն ժամանակն է որ Հանդէսի աշխատակցութիւններէն ընտրանի մը առանձինն հրատարակուի օտար լեզուով, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հրատարակուող օտարալեզու հայագիտական յօդուածներու ընտրանի մը հայերէն հրատարակուի՝ Երեւանի մէջ: Խառատեան կարեւորեց նաեւ Հանդէսի հրապարակումներու բաժինը եւ եզրափակեց իր խօսքը ընդգծելով Հանդէսի յառաջատար դերը նաեւ հայոց լեզուի օգտագործման միջավայրի ու դերի ընդարձակման ու զարգացման մէջ:
Հուսկ, խօսք առաւ «Հայկազեան» համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, որ հանրութեան համառօտակի ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական գործունէութեանց համապատկերը՝ «Տէրեան» հայագիտական գրադարան, Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն, «Հայկազեան» հրատարակչատուն եւ հայագիտական դասանիւթերու դասաւանդում: Վեր. Հայտօսթեան ընդգծեց, որ «Հանդէսը մեզի շունչ տուող իրականութիւն է, ան մեր միտքը կը պահէ մեր առաքելութեան մէկ մասը հանդիսացող հայագիտական ոլորտը», եւ շեշտեց որ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը յատուկ ֆոնտ մը չունի եւ թէ՝ «աշխատանքը կը հիմնուի հոգեկան մարդկային դրամագլուխին վրայ» ու մաղթեց՝ «Աստուած միշտ մեր մէջ պահէ այդ հոգեկան ու մարդկային դրամագլուխը»: Հուսկ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աշխատակիցներուն՝ Հանդէսին գեղեցիկ արդիւնքին համար:
Շնորհանդէսի աւարտին ներկաները խօսակցեցան եւ արծարծեցին Հանդէսի յառաջիկայ 35րդ հատորին բովանդակութեան, աշխատակցութեան, նիւթերուն ժամկէտերու եւ այլեւայլ հարցեր:


No comments:

Post a Comment