ԱՐԱՄ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ուշադրութեամբ կարդացի «Մենք երազում ենք, միասին» բնաբանով գրութիւնը մամուլի մէջ։ Նոյնը չէ՛ իմ «երազս»։ Պիտի ըսէի՝ իմ «երազս» կը սկսի այնտեղ, ուր կը վերջանայ ներկայացուած երազը։ Որովհետեւ, եթէ իմ «երազս» վերջանար նո՛յնպէս՝ գրութեան հետ միասին, ազգիս ապագային համար գէշ երազ մը պիտի ըլլար ան։
Ի՞նչ է իսկական միտումը այնտեղ նկարագրուած ճանաչման երազին. անդորրութիւն տալ յանցաւորի՛ն, եւ ո՛չ թէ զոհին։ Անդորրանալու համար, զոհը պէտք ունի ոչ միայն Պատմութեան պատշաճող ճիշդ խօսքերով ճանաչուելու որպէս զոհ, այլ նաեւ հատուցուելու, եւ կենսակա՛ն է այդ։ «Վէրքերը ամոքել»ը չի նշանակեր միայն իրեն արտօնել որ «տեսնէ» իր նախնիներուն ապրած երկիրը, կամ զայն հրամցնել ի տես անոր թոռներուն։ «Վէրքերը ամոքել»ը այնտեղ ապրելու կարելիութի՛ւնն է մա՛նաւանդ. այնտեղ կեանք մը, ապագայ մը հաստատելու ազատութիւնը։ Կ՚ըսուի՝ «յիշողութեան եւ կեանքի թելերը սկսեցին միաւորուել». ես պիտի ըսէի՝ թոյլ տանք Պատմութեան, որ շարունակէ ընդհատուած տեղէն։ Հրաւիրել Հայերը, լիովին վերագրաւելու իրենց տեղը։ Ահաւասիկ սպասուած հրաւէրը՝ Երկրի իրաւունքը։
Իրօք, Հայուն համար ի՞նչ կարեւորութիւն ունի թէ դահիճը ընդունի անոր զոհի կարգավիճակը, եթէ ան չի հատուցաներ պատճառած վնասները։ Եւ աւելին՝ չհատուցանելը, ցաւօք, կը նշանակէ՝ քանդումը շարունակել։ Այսպէս, Պատմութիւնը ա՛լ աւելի ենթակայ կը դառնայ ժամանակի իշխանութեան, քան որքան ոճիրը պարտադրած էր անոր։ Ընդհակառակը, հատուցանելը, այսինքն աշխատիլ, ստեղծելու համար այն հաւասարակշռութիւնները որոնց կը ձգտէին Հայերը եղեռնէն առաջ, կը նշանակէ ճի՛շդ այն, որմէ երբեք պէտք չէր զրկուեր Պատմութիւնը։
Իրականութեան մէջ, արդարութեան տեսակէտէն, զոհին արտայայտած ներումը կ՚ընկերակցի յանցաւորի կիրարկած հատուցման։ Ահաւասիկ երկու ընթացք, որոնք փոխադարձ ընծաներ կրնան ըլլալ, տակաւին կարելի՝ հասարակ ապագայ մը կերտելու, եղբայրութիւն մը հաստատելու համար։ Զոհը կը ներէ ա՛յնտեղ, ուր յանցաւորը կը գործէ եւ կ՚ապաշխարէ։ Սխալ գործողը պէտք է գործէ նաեւ սրբագրելու համար։
Ցեղասպանութեան ամբողջական հատուցումով, զոհ ժողովուրդը կը վերածնի այն մահէն որուն մէջ յանցաւորը զայն մխրճած էր։ Զոհը վերստին կեանք կ՚առնէ, երբ հատուցման ճիգին մէջ, յանցաւորը կը գործէ հասցուցած վնասը սրբագրելու նպատակով։ Անշուշտ անկարելի՛ է այդ, եւ ա՛յդ իսկ պատճառով ալ ոճիրը կը մնայ անսրբագրելի։ Իրօք, անկարելի է զոհերուն վերադարձնել՝ շունչը որ անոնցմէ խլուեցաւ։ Սակայն կարելի՛ է որ դահիճներուն զաւակները ցանկան աւելի լաւ շունչ մը տալ մարտիրոս ժողովուրդի զաւակներուն։ Միասին ապրուած Պատմութիւնը, զոհերուն կու տայ օրինականութիւն եւ յանցաւորներուն՝ պարտաւորութիւն։
Կը մնայ արժեւորել վնասը, արժեւորելու համար հարկաւոր հատուցումները։ Յետոյ, հարկաւորին մէջէն իրականացնել ինչ որ կարելի է, ամէ՛ն ինչ որ կարելի է, վերաշինելու փոխադարձ ուխտով մը։
Սրբագրել՝ զոհին դէմ գործուած արարքը. միթէ այս չէ՞ միակ եւ իսկական ձեւը, որպէսզի յանցաւորը համայնական Բարիքին եւ իր Պատմութեան համակերպի։
Այսպիսով հատուցումը կը կրկնապատկուի, վերաբերելով թէ՛ դահիճին եւ թէ զոհին։
Հո՛ս է իմ «երազս», ան, որ կ՚ուզեմ բաժնել մերձաւորիս, եւ Թուրքիոյ եղբօրս հետ։
Անկարելի՞ երազ մըն է այս. մտածի՞ն երազ մը միայն։
Վերջապէս, թերեւս այս բոլորը երազ չէ, այլ՝ նպատակ, աշխատանք, միասին յանդգնիլ, վտանգուիլն աչքի առնել, այսինքն՝ գործել։ Արարքներ, որոնք հիմնուած են ա՛յն գրաւականին վրայ, որ կ՚ըսէ թէ կարելի է ան, պէ՛տք է որ կարելի ըլլայ. կ՚ըսէ թէ անհրաժե՛շտ է ան, որովհետեւ կենսական է։ Կենսական՝ զոհերուն եւ յանցաւորներուն զաւակներուն համար, կենսական՝ Արդարութեան եւ Մարդկութեան համար։
«Նոր Յառաջ», Յունիս 12, 2014
No comments:
Post a Comment