16.6.14

Քեսապը ազատագրուած է եւ տասնեակ ընտանիքներ՝ վերադարձած

14-15 Յունիսին, սուրիական բանակը զինեալներու տիրապետութենէն ազատագրած է Քեսապը՝ երեք ամիս անոնց գրաւման տակ մնալէ ետք:
Քեսապի գրաւման սկզբնական օրերուն, հայկական բնակավայրը գրաւած զինեալները յատուկ տեսերիզներ սփռելով ցոյց կու տային, թէ հայկական եկեղեցիները ոչ մէկ վնասի կամ սրբապղծման արարքի ենթարկուած են եւ թէ անոնք կը գտնուին իրենց հոգածութեան ու խնամքին տակ...
Քեսապի ազատագրումէն ետք, սուրիական «Ալ Իխպարիա Սուրիա» հեռատեսիլի կայանը ցոյց տուած է Քեսապի Ս. Երրորդութիւն հայ աւետարանական եկեղեցին, որուն գմբէթներուն խաչերը ծռած ենռ իսկ եկեղեցւոյ ներսը աւերած ու նստարաններն ու կահոյքը քանդած են։ Ահաւասիկ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներու «հոգածութիւնը»
«Քեսապահայ տասնեակ ընտանիքներ 16 Յունիսին վերադարձած են իրենց բնակարանները», հաղորդած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ վրդ. Լուիզեան՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն՝ Քեսապի մէջ ներկայիս ջուրի, ելեկտրականութեան, համացանցի եւ հեռախօսի հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներ կան: Ղեկավարութիւնը դիմած է սուրիական իշխանութիւններուն եւ յոյսով է, որ աստիճանաբար բոլոր խնդիրները կը լուծուին:
Վարդապետը դիտել տուած է, որ առաւել վատ վիճակի մէջ են բնակարաններու խոհանոցները, զորս օգտագործած են զինեալները, ուստի ջուրի առկայութիւնը չափազանց կարեւոր է կենցաղային հարցեր լուծելու եւ ապրելու համար:
Հ. Նարեկ նաեւ յայտնած է, որ Քեսապի ազատագրումէն առաջ հայկական եկեղեցիները, հաստատութիւնները, մշակութային միութիւնները աւերուած, հրկիզուած կամ նիւթական լուրջ վնասներու ենթարկուած են: Ըստ անոր՝ զինեալները սուրբի մը գերեզման քանդած եւ աճիւնը հանած են:
Գիւղաքաղաքին ղեկավարութիւնը կոչ ուղղած է քեսապահայերուն՝ վերադառնալու իրենց բնակարանները, սակայն միշտ զգուշանալով օտար կողոպտիչներէն, որոնք սկսած են ներխուժել Քեսապի բնակարաններ:
«Կրկին պիտի ծաղկեցնենք ու շէնցնենք Քեսապը՝ մեր հայրենիքը», հաստատած է վարդապետը՝ աւելցնելով, որ հեռաւոր երկիրներու մէջ գտնուող քեսապահայերը, գիտնալով հայրենիքի ազատագրման մասին, փափաք յայտնած են վերադառնալու:
Քեսապ վերադարձած հայերուն մեծապէս ուրախութիւն պատճառած է բերքատու ծաղկած ծառերու ու բազմերանգ ծաղիկներու առկայութիւնը։ «Այս տարի առատ բերք պիտի ունենանք», ուրախութեամբ նշած է վարդապետը:
Kessab.net կայ­քէ­ջը կը յայտնէ, թէ Քե­սապի Հայ կա­թողի­կէ եկե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նող կո­ղոպ­տո­ւած հնա­տիպ աղօ­թագիր­քեր, Ճա­շոցի, Ս. Աւե­տարա­նի եւ Մաշ­տո­ցի ութ օրի­նակ­ներ վեր­ջերս ծա­խու դրո­ւած են Լա­թաքիոյ մէջ: Հ. Նա­րեկ Լո­ւիզեան յա­ջողած է գնել հո­գեւոր մա­տեան­նե­րը՝ զա­նոնք ծա­խու դրած «վա­ճառա­կանէն»:



«Հորիզոն», Յունիս 15, 2014
«Ասպարէզ», Յունիս 16, 2014
«Նոր Յառաջ», Յունիս 17, 2014

No comments:

Post a Comment