Հանրապետական Կուսակցութիւնը որոշած էր, նախապէս
յայտարարուած Երկուշաբթի օրուան փոխարէն, գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի
նիստերը օր մը առաջ կայացնել: Ըստ Սահմանադրութեան,
նախագահը վարչապետ կը նշանակէ կառավարութեան հրաժարականին ընդունումէն
առաւելագոյնը մինչեւ 10 օր:
Նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի (2008-2014) կառավարութեան հրաժարականի ընդունումը
տեղի ունեցաւ 3 Ապրիլին, ուստի 13 Ապրիլին կ՛աւարտէր տասնօրեայ ժամկէտը:
Սպասենք եւ տեսնենք, թէ Ազգ. Ժողովի նախագահ, 56ամեայ Յ. Աբրահամեանի ընտրութեամբ (2000-2008ին՝ Տարածքային Կառավարման նախագահ, 2008էն՝ Ազգ. Ժողովի նախագահ) նախագահ Սարգսեանի խոստացած լայնածաւալ փոփոխութիւնները տեղի պիտի ունենա՞ն։ Կա՞մ... լեռը մուկ մը պիտի ծնի։
No comments:
Post a Comment