ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Ինչպէս յայտնի է, վերջերս ֆրանսական
լրատուական գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Սուրիոյ նախագահ Պաշար
ալ-Ասատ բաղդատած էր Մեծ Եղեռնը եւ Սուրիոյ անմեղ քաղաքացիներու վայրագ
սպանութիւնը օտար զինեալներու կողմէ. «Առաւել մօտ ժամանակաշրջանի մէջ անոնք մեզ կը յիշեցնեն օսմանցիներու կողմէն հայերուն դէմ իրականացուած զանգուածային ջարդերը, երբ Սուրիոյ մէջ եւ Թուրքիոյ տարածքին սպաննուեցան մէկ ու կէս միլիոն հայեր ու կէս միլիոն ուղղափառ ասորիներ»:
Իր վերջին անգլերէն շաբաթական սիւնակին
մէջ («Ասպարէզ», Յունուար 29, 2014. «Արմինիըն Ուիքլի», Փետրուար 1, 2014. հայերէն
թարգմանութիւնը տե՛ս www.yerakouyn.com, Յունուար
29, 2014), ամերիկահայ հրապարակագիր Յարութ Սասունեանը խորհրդածած է այս
յայտարարութեան մասին. «Առաջին անգամն է, որ սուրիական պետութեան ոեւէ ղեկավար կ’ընդունի հայկական զանգուածային սպանութիւնները եւ յանցաւոր կը ճանչնայ Օսմանեան Թուրքիան»: Թերեւս առաջին անգամ ըլլայ, թերեւս ոչ։ Կ՚արժէ պրպտել, եթէ այդ պրպտումը
կատարուած չէ արդէն, թէ Սուրիոյ անկախութենէն ի վեր (1946), սուրիացի որեւէ
նախագահ «հայկական», «ջարդ» եւ «Թուրքիա» բառերը քով-քովի չէ՞ դրած նոյն
պարբերութեան մէջ։
Ըստ Սասունեանի, երկու օր ետք, ՄԱԿի մօտ (Ժընեւ) Սուրիոյ դեսպան Պաշար Ժաֆարի նմանօրինակ արտայայտութիւն մը ունեցած է. «Իսկ ի՞նչ կ’ըսէք Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ուր սպաննուած է 1.5 միլիոն մարդ»։ Ի պէտս զարգացելոց, ահա Ժաֆարիի խօսքերուն հայերէն բառացի թարգմանութիւնը, զոր քաղած ենք Յունուար 22, 2014ին մամլոյ ասուլիսի անգլերէն բանաւոր թարգմանութենէն (Ժաֆարի արաբերէն խօսած է, եւ անգլերէն թարգմանութիւնը ձայնագրուած է անոր խօսքին վրայ). «Ամէն անգամ որ խնդիր մը երեւան կու գայ, մարդիկ կը պնդեն, որ միջազգային դատարանի մը կարիքը կայ։ Այդ պարագային, ինչո՞ւ չեն դատած Պուշը, Սարքոզին, Օլանտը եւ ուրիշներ, որոնք պատերազմ մղած եւ շատ մարդիկ սպաննած են։ Իսկ ի՞նչ կ՚ըսէք հայոց ցեղասպանութեան մասին, ուր սպաննուած է հինգ [sic] միլիոն մարդ»։ Թիւերու ակնյայտ վրիպումին աղբիւրը (բանախօ՞սը, թէ՞ թարգմանիչը) չենք կրնար ճշդել, ի հարկէ։
Յօդուածագիրը նոյնպէս յիշած է Սուրիոյ
խորհրդարանի նախկին նախագահ Ապտել Քատեր Քատտուրան որպէս «միակ այլ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը»։ Քատտուրա, որ իր պաշտօնը վարած է
մինչեւ 2002 եւ մահացած է անցեալ տարի, Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի
այցելուներու տոմարին մէջ արձանագրած է բուռն տպաւորութիւն մը՝ Յուլիս 16, 2001ին,
որուն մասին որեւէ այլ գրաւոր յիշատակութեան չենք հանդիպած. «Երբ այցելեցինք յուշարձանն ու թանգարանը Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը 1915 թուականին, մենք խորին հիացումով եւ յարգանքով կանգնեցանք այն հերոսներուն առջեւ, որոնք մահն ընդունած են խիզախութեամբ ու հերոսութեամբ: Անոնց զաւակներն ու թոռնիկները կը շարունակեն անմահացնել իրենց նախնիներու խիզախութիւնն ու պայքարը… Մեծ յարգանքով մեր գլուխը կը խոնարհենք հայ ժողովուրդի` մեր ընկերներուն նահատակներուն յիշատակին առջեւ, եւ կ’ողջունենք վճռակամութեան ու յաղթանակի համար անոնց կարողութիւնը: Մենք կ’աշխատինք միասին, որպէսզի բոլոր մարդոց ազատագրենք ճնշումներէն եւ կեղեքումէն»: Մեզի կը թուի, ի դէպ, որ այս յայտարարութիւնը լայնօրէն տարածուած չէ մինչեւ
Սասունեանի հրատարակութիւնը (համացանցի մէջ որեւէ յիշատակութեան հանդիպած չենք),
որ լոյս կը տեսնէ Քատտուրայի մահէն ամիսներ ետք։ Ոչ-հանրային փաստաթուղթ մըն է, որ
թերեւս հրապարակման ենթակայ չէր, գէթ անոր ողջուցը։
Սասունեան նշած է բացայայտ այն երեւոյթը,
որ Ասատի խօսքերը մաս կը կազեն Թուրքիոյ կառավարութեան թշնամական քաղաքականութեան
հակադարձութեան, եւ եզրակացուցած. «Հակառակ նախագահ Ասատի քաղաքական
դրդապատճառներուն՝ հայ ժողովուրդը պէտք է ողջունէր անոր ուշացած յայտարարութիւնը
Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն այսքան երկար ժամանակ
անընդունելի պատճառներով ձեռնպահ մնալէն ետք, գոնէ հիմա Սուրիոյ նախագահը պաշտօնապէս
կ՚ըսէ ճշմարտութիւնը անցեալի եւ ներկայի թրքական վայրագութիւններու մասին»։
Քաղաքական պարզամտութեան զարմանալի
օրինակ մը պէտք է նկատել, սակայն, երբ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր աւելի
քան երեսնամեայ պայքար տանող վեթերան ու ծանօթ գործիչ մը առօք-փառօք կ՚ընդունի, որ
Սուրիոյ նախագահը 2014ին հայկական
ցեղասպանութիւնը ճանչցած է առանց «ցեղասպանութիւն» բառը գործածելու, եւ ասիկա
«ճշմարտութիւն ըսել» կ՚որակէ։
Անհրաժե՞շտ է յիշեցնել, որ Միացեալ
Նահանգներու այժմու նախագահը Ասատի նմանօրինակ եւ նոյնիսկ աւելի ուժեղ բառապաշար
օգտագործած է իր բոլոր յայտարարութիւններուն՝ 2009էն ի վեր։ Եւ սակայն, զանազան հրապարակագիրներ,
որոնց առաջին գծին վրայ գտնուած է նոյնինքն Յարութ Սասունեանը, ինչպէս եւ այլեւայլ
հայկական կազմակերպութիւններ, չեն մոռցած տեւաբար յուշել միեւնոյն ժամանակաշրջանին,
կարելի ու անկարելի բոլոր ձեւերով, որ Պարաք Օպամա հայկական ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած որովհետեւ «ցեղասպանութիւն» բառը չէ
գործածած, եւ կրկնել, որ խոստմնադրուժ եղած է... ճշմարտութիւնը չըսելով։
Ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Ասատ «արձանագրած
է ճշմարտութիւնը թրքական անցեալ ու ներկայ վայրագութիւններուն մասին» եւ մեզի
կ՚ըսուի, թէ հայերս պէտք է ողջունենք անոր յայտարարութիւնը՝ «Սուրիոյ նախագահը
վերջապէս ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը» մոլորեցուցիչ խորագրով, իսկ Օպամա
անդադար պախարակուած է՝ հակառակ ա՛լ աւելի բուռն արտայայտութիւններ ըրած ըլլալուն,
եւ անոր նոյնիսկ ըսուած է, սեւով ճերմակի վրայ, թէ «ամերիկահայերը կը մերժեն ձեր
նախատական բառախաղերը ցեղասպանութեան մասին» (2)։
Արդ, Մեծ Եղեռնի հարիւրամեակի սեմին,
ժամանակն է Հայ Դատի բոլոր տիտղոսաւոր եւ անտիտղոս, նշանակեալ եւ ինքնահռչակ
պաշտպաններէն խնդրել, որ վերջնական համաձայնութեան յանգին. ի՞նչ կը նշանակէ «հայկական ցեղասպանութեան ճանաչում»։
Եթէ 1915ի եւ յաջորդական տարիներու
թրքական վայրագութեան ճանաչումն է, ուրեմն պարտաւոր ենք յիշեցնել, որ Թուրքիոյ
Արտաքին Գործոց նախարար Ահմէտ Տաւուտօղլու վերջերս «անմարդկային» բառը գործածած
էր՝ 1915ի տեղահանութիւնները որակելու համար։ Ի՞նչ տարբերութիւն անմարդկայինի եւ
վայրագի միջեւ։ Թերեւս մէկը գտնուի, որ ըսէ մեզի, թէ Տաւուտօղլուն ալ
ցեղասպանութիւնը ճանչցած է...։
Եթէ «ցեղասպանութիւն» իրաւական եզրի կամ
նոյնիսկ համազօր արտայայտութեան մը կիրարկումն է, ուրեմն պարտաւոր ենք դիտել տալ,
որ հինգ տարի շարունակ Օպաման մեղադրելէ ետք՝ «ցեղասպանութեան» տեղ «Մեծ Եղեռն»
բառը գործածելու համար (եւ մեր սեփական բառը, որ հայերէնի ժամանակակից բառապաշարին մէջ ցեղասպանութիւն կը նշանակէ, «ժխտումի եզրաբանութիւն» տգէտ խօսքին
արժանացնելէ եւ նոյնքան տգիտաբար ութը տարի «աղէտ» թարգմանելէ ետք), այժմ կը
նախաձեռնենք Ասատը ծափահարելու՝ «ցեղասպանութեան» տեղ «ջարդեր» բառը գործածելու
համար։
Ի դէպ, հարցը Մարկոսը կամ Կիրակոսը, Ասատը
կամ Օպաման չեն։ Հարցը փաստն ու տրամաբանութիւնն
են։ Այս ընթացքով, վաղը մէկը կրնայ ձեռնարկել... Թուրքիոյ վարչապետ մը ծափահարելու
«ջարդեր» բառը արտաբերած ըլլալու համար։
Քաղաքաբան կամ քաղաքագէտ չըլլալով, ոչ ալ
քաղաքական խաղերու հեռաւոր կամ մօտիկ մասնակիցներ, կրնանք կարդալ անգլերէն կամ
հայերէն... եւ ինքնուրոյն մտածել։
Աւելի՛ն. կրնանք նոյնիսկ... յիշել մեր
կարդացածը։
Եւ ուրիշներ ալ կրնան շահագործել իրենց
կարդացածը մութ նպատակներու համար։
____
(1) http://www.youtube.com/watch?v=UWzZ58sYayY, 40:58էն մինչեւ 41:27 վայրկեաններու հատուած։
(2) Harut Sassounian, "Mr. President, Armenian American Reject Your Offensive Word Games on Genocide," The Armenian Weekly, April 28, 2011.
«Նոր Յառաջ», Փետրուար 6, 2014
No comments:
Post a Comment