7.1.14

Հարցազրոյց «Saberatours»ի տնօրէն Լեւոն Պաղտասարեանի հետ

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
 
«Կ՚ենթադրեմ որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպա համոզած են Հայաստանը, թէ՝ ազատ երկինք ունենալը կը նպաստէ երկրի տնտեսական զարգացման, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն հազարաւոր աշխատատեղիներ կը բացուին, ներքին արտադրութիւնը շուրջ 1,5 կէտ կը բարձրանայ, եւայլն։ Իմ տեղեկութիւններով միա՛յն Հայաստանն է որ հարիւր տոկոսով բաց երկինք պիտի ունենայ՝ երբ օրէնքը մշակուի ու կիրարկուի եւ այս գործին պատասխանատուն Տնտեսութեան նախարարն է։ Հետեւաբար այս ընթացքով հայկական ազգային ընկերութիւն մը դժուար թէ կարողանայ յաջողիլ եւ գոյատեւել»։
 

«Նոր Յառաջ» - Ե՞րբ սկսած էք դէպի Երեւան չարթըրի ուղղակի թռիչքները։
Լեւոն Պաղտասարեան.- 1989-1994 տարիներուն «Saberatours» եւ «Sevan Voyages» ընկերութիւնները աշխարհի մէջ միակն էին որոնք շաբաթական ուղղակի թռիչքներ կը կազմակերպէին դէպի Երեւան...

«ՆՅ» - Սակայն արդէն 23 տարի անցած է Հայաստանի անկախութենէն եւ անկախ Հայաստանը տակաւին չէ կրցած հիմնել իր օդային ազգային ընկերութիւնը։ Անշուշտ եղան փորձեր, որոնք դժբախտաբար ձախողեցան։ Ձեր կարծիքով որո՞նք են այս կարեւոր խնդրին պատճառները։
Լ.Պ. - 1994 Ապրիլին երբ սկսաւ բանիլ պետական «Armenian Airlines»ը, մենք մեր աշխատանքը դադրեցուցինք։ Այդ փորձը դիմացաւ մինչեւ 2002 թուականը։ Անկէ վերջ գործեցին այլ ընկերութիւններ, ինչպէս «Արմաւիա»ն, որ Փարիզի մէջ սկսաւ աշխատիլ 2005ին եւ դադրեցաւ 2013 Մարտի վերջաւորութեան։ Հարկ է նշել որ ընդհանրապէս այս ասպարէզին մէջ գործառնութիւնը շատ դժուար է եւ քարիւղի սակերու բարձրացման պատճառով հետզհետէ աւելի ալ կը դժուարանայ։ Վստահութեամբ կրնամ ըսել, թէ այսօր աշխարհի տարածքին ո՛չ մէկ օդային ընկերութիւն այս գործէն դրամ կը շահի, անշուշտ բացառութիւն են ցած գինով (low cost) գործող քանի մը հաստատութիւնները եւ Պարսից Ծոցի երկիրներու ընկերութիւնները, ուր քարիւղը գրեթէ ջուրի արժէք ունի։ Յամենայն դէպս այս ասպարէզին մէջ մրցակցութիւնը շատ մեծ է։ Այս ուղղութեամբ Հայաստան կրնայ «պայքարիլ» եթէ ունենայ պետութեան հովանաւորութիւնը վայելող պետական հիմնարկ մը։ Իսկ մեր կառավարութիւնը ազատական քաղաքականութիւն կը վարէ, իր երկինքը բանալով այն ընկերութեանց դիմաց, որոնք կ՚ուզեն հոն աշխատիլ։ Ես իմ կարգին շատ փորձեցի համոզել, ըսելով որ մենք շրջափակուած երկիր ենք եւ դժբախտաբար մեր մօտ պակաս է բարիդրացնութեան հանգամանքը եւ մեզի համար ռազմավարական իմաստ ունի ազգային-պետական օդային ընկերութիւն մը ունենալու հարցը, սակայն չյաջողեցայ, վերոնշեալ պատճառներով, թէ՝ միմիա՛յն ազատական քաղաքականութիւնն է որ տնտեսական զարգացում կ՚ապահովէ Հայաստանին։

«ՆՅ» - Իսկ անդին «Թըրքիշ Էյրլայնզ»ը բարւոք վիճակի մէջ է։ Ի՞նչն է պատճառը։
Լ.Պ. - Պարզ այն պատճառով որ պետական է եւ պետութենէն նպաստ կը ստանայ։ Ի միջի այլոց ըսեմ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու օդային ընկերութիւնները իրաւունք չունին պետութենէն նպաստ ստանալու, Պրիւսէլ արգիլած է ատիկա։ Աւելցնեմ, որ Թուրքիան այսօր հաղորդակցութեան կապի տեսակէտէն շատ զօրաւոր է, ինչ որ կ՚օգնէ իր ընկերութիւններու տնտեսական բարելաւումին։ Ան լաւ կազմակերպուած է, ունի նոր օդանաւեր եւ լաւորակ սպասարկում։ Պէտք է ըսել, որ կարելի չէ Հայաստանը բաղդատել Թուրքիոյ, քանի որ վերջինս 80 միլիոն ժողովուրդ եւ հաստատուած ներքին շուկայ մը ունի։ Հայաստանի հարստութիւնը Սփիւռքն է, իսկ ներսը ապրող ժողովուրդը զրկուած է բարեկեցիկ կեանքի պայմաններէն։ Հետեւաբար կարեւոր է բնակչութեան թիւը եւ կենսամակարդակը։

«ՆՅ» - Ծանօթ է որ Հայաստան դիմած էր ամերիկեան «Մաքքէնզի» ընկերութեան՝ օդային թռիչքներու մարզի ուսումնասիրութեան համար։ Արդեօք արդիւնաւէ՞տ էր այդ գործընթացը։
Լ.Պ. - Բացի նշեալ ընկերութենէն, նոյն նպատակով Հայաստան դիմած էր նաեւ Եւրոպական Միութեան։ Արդիւնքը միեւնոյն է՝ մեր պետութիւնը ազատ եւ բաց յայտարարած է իր երկինքը կամեցող ընկերութեանց դիմաց եւ այսօր կը պատրաստուի այդ ուղղութեամբ օրէնսդրութիւն քուէարկելու։ Միջանկեալ ըսեմ, թէ քաղաքացիական միջազգային օդանաւային կազմակերպութիւնը (Organisation Internationale de l'Aviation Civile) ունի օրէնքներ, այսինքն իւրաքանչիւր երկիր իր շահերը պաշտպանելու համար պարտի քուէարկել իրեն պատշաճող օրէնք մը եւ ասիկա կը գոյանայ երկկողմանի բանակցութիւններու ճամբով, որու արդիւնքին կը ստորագրուի համաձայնագիր մը, որու տառն ու ոգին պէտք է յարգուի։ Այդպէս չէ սակայն Հայաստանի պարագան։ Հանրապետութեան երկինքը բաց է եւ ով ինչ ճամբով որ փափաքի կրնայ հոն թռիչք կատարել եւ հոնկէ ալ ճամբորդ առնել եւ իր ուզած երկրին ուղղութեամբ մեկնիլ։

«ՆՅ» - Բացի Հայաստանէն այլ երկիրներ ալ կա՞ն որ նոյն քաղաքականութիւնը որդեգրած են։
Լ.Պ. - Այո՛ կան, բայց շատ չէ անոնց թիւը, որոնք որոշակի ազատութիւններ կու տան։ Օրինակ՝ Հոլանտան կամ Լիբանանը որոշ թոյլտուութիւններ ունին, իսկ միւս կողմէ ափրիկեան երկիրները այդ առումով շատ խիստ են։ Յամենայն դէպս այսպէսով կրնաս կորսնցնել քու վերահսկողութիւնը։ Ես անձնապէս դէմ եմ նման ռազմավարութեան, նկատի ունենալով որ այդ ճամբով Պետութիւնը ո՛չ կրնայ գիներու վրայ հակակշիռ հաստատել եւ ոչ ալ՝ ուղղութիւն տալ զբօսաշրջութեան իր քաղաքականութեան: Բայց կրնայ ըլլալ որ կը սխալիմ։ Կ՚ենթադրեմ որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպա համոզած են Հայաստանը, թէ՝ ազատ երկինք ունենալը կը նպաստէ երկրի տնտեսական զարգացման, թէ յառաջիկայ չորս տարիներուն հազարաւոր աշխատատեղիներ կը բացուին, ներքին արտադրութիւնը շուրջ 1,5 կէտ կը բարձրանայ, եւայլն։ Իմ տեղեկութիւններով միա՛յն Հայաստանն է որ հարիւր տոկոսով բաց երկինք պիտի ունենայ՝ երբ օրէնքը մշակուի ու կիրարկուի եւ այս գործին պատասխանատուն Տնտեսութեան նախարարն է։ Հետեւաբար այս ընթացքով հայկական ազգային ընկերութիւն մը դժուար թէ կարողանայ յաջողիլ եւ գոյատեւել։ Յիշենք «Էյր Արմինիա»ն որ արդէն տասը տարիէ ի վեր գոյութիւն ունէր, սակայն անցեալին միայն բեռ կը փոխադրէր եւ այսօր բացուած է առաւել դէպի ռուսական շուկան, քանի որ ճամբորդատար ուղեւորութիւնը ապահովել դէպի Եւրոպա աւելի դժուար է ընկերութեան համար՝ մրցակցութեան եւ ճամբուն երկար ու ծախսալից բնոյթին պատճառով։

«ՆՅ» - Ինչպէս ծանօթ է «Էռ Ֆրանս»ը յայտարարեց, թէ շաբաթական 6 թռիչք պիտի ունենայ դէպի Երեւան, իսկ ամրան ամիսներուն (Յուլիս-Օգոստոս) այդ թիւը կը բարձրանայ 7ի։ Ձեր կարծիքով ի՞նչ էր այդ յայտարարութեան դրդապատճառը։
Լ.Պ. - Անշուշտ «Արմաւիա»ի դադրեցումը նպաստեց թռիչքներու յաւելումին։ Պէտք է ըսել թէ ընկերութիւնը գոհ է այս աշխատանքէն, օդանաւերը լեցուն են եւ սկսած է շահ ալ արձանագրել։ Չմոռնանք որ հաստատութիւնը Ֆրանսայի ներքին գիծերէն մեծապէս կը վնասէ, ուրեմն իրեն համար շահաւէտ է հայկական շուկան։ Անշուշտ հոս խօսքը «Էռ Ֆրանս»ի եւ Փարիզ-Երեւան ուղղակի թռիչքներու մասին է, որովհետեւ անուղղակի թռիչքներ ալ կան, ինչպէս՝ իտալական, չեխական, լեհական, աւստրիական, ուքրանական ընկերութիւնները, Մոսկուայի «Աէրօֆլոթ»ը եւ ռուսական տասնեակ մը այլ հաստատութիւններ, Պէյրութէն՝ «Միտըլ-Իսթ»ը սկսած է աշխատիլ, կայ նաեւ «Էյր Արաբիա»ն…։

«ՆՅ» - Այս ընթացքով գիներու նուազում պիտի ըլլա՞յ։
Լ.Պ. - Կը հաւատամ, որ տոմսակներու արժէքը պիտի պակսի, քանի որ աթոռներու քանակը ինքնաբերաբար պիտի բարձրանայ։ Օրինակ «Էռ Ֆրանս»ը շաբաթը շուրջ 320 տեղ կ՚առաջարկէ եւ անցնող Նոյեմբերին ան Լիոնէն եւ Մարսիլիայէն մեկնող յաճախորդներուն 280 եւրօ արժէքով տոմս կը վաճառէր, իսկ Փարիզէն 410 եւրօ (տուրքերը ներառեալ)։

«ՆՅ» - Իսկ «Էռ Ֆրանս»ի նշեալ գործարքին մէջ ի՞նչ դեր վերապահուած է «Saberatours»ին։
Լ.Պ. - Երեւանի մեր գրասենեակը (9, Ալեք Մանուկեան) «Էռ Ֆրանս», «Քա-Էլ-Էմ», «Տելթա»ի ներկայացուցիչն է, մենք գլխաւոր վաճառքի գործակալն ենք, մեր անձնակազմը կը ներկայանայ «Էռ Ֆրանս»ի տարազով։ Ըսեմ որ Երեւանի մեր գրասենեակը կը կրէ «Executive travel» անունը։ Իսկ անոր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ «Էռ Ֆրանս»ի շուկան կազմակերպելն է՝ ծանուցումներու եւ հաղորդակցութեան կապի միջոցով։ Գրասենեակին համար վեց հոգինոց աշխատակազմ ունինք, հինգ հոգի ալ օդակայանը կ՚աշխատին։

«ՆՅ» - Այս նոր ծրագրով Հայաստան կրնա՞յ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի փլաթֆորմը դառնալ։
Լ.Պ. - Արդէն նպատակը այդ է։

«ՆՅ» - Բայց «Զուարթնոց» օդակայանը այդքանի տարողութիւնը ունի՞։
Լ.Պ. - Այո՛, աւելի՛ն, ան այսօր իր տարողութեան հազիւ 50 կամ 60 առ հարիւրը կը լեցնէ՝ տարեկան շուրջ երեք միլիոն, որ տակաւին կրնայ աւելնալ, նկատի ունենալով որ հոն օրուան 24 ժամերուն ալ կարելի է վայրէջք եւ թռիչք կատարել։ Յիշենք նաեւ որ օդակայանի տարածքը շատ մեծ է։

«ՆՅ» - Ինչ կը վերաբերի Ստեփանակերտի օդակայանին, շուրջ երեք տարի է որ այդ մասին կը խօսուի, բայց բացումը չի կատարուիր։ Ի՞նչն է պատճառը։
Լ.Պ. - Անկեղծօրէն այդ հարցին քաջատեղեակ չեմ, սակայն իբրեւ պարզ քաղաքացի հեռուէն դիտելով կ՚ենթադրեմ որ պատճառը քաղաքական պիտի ըլլայ։ Այս նիւթին լաւատեղեակ անձը Արցախի ներկայացուցիչն է։ Յամենայնդէպս եթէ օդակայանը բացուի կրնայ որոշ տնտեսական զարգացում ապահովել Ղարաբաղին, որովհետեւ օրինակ գործարար անձ մը եթէ կ՚ուզէ ներդրում կատարել այսօր վեց ժամ պիտի յատկացնէ Երեւանէն Ստեփանակերտ երթալու եւ նոյնքան ժամանակ ալ՝ վերադարձի համար...։

«ՆՅ» - Բայց երբ որ բացուի Վարդենիսի ճամբան այդ հեռաւորութիւնը կը կիսուի։ Այդպէս չէ՞։
Լ.Պ. - Ատիկա կը դիւրացնէ գործը, սակայն միակ ելքը չէ, օդակայան ունենալը անխուսափելի է։

«ՆՅ» - Վերադառնալով «Արմաւիա»ի դադրեցման հարցին, կ՚ըսուի թէ հոն եղած են նաեւ վարչարարական սխալներ։ Այդ վարկածը իրականութեան կը համապատասխանէ՞։
Լ.Պ. - Ես ալ այդպէս լսած եմ։ Կ՚ըսուի թէ աւելի քան 120 միլիոն տոլար պարտք ունի ընկերութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է այս ասպարէզը շատ զգայուն ու ծախսալից է. քաղաքական, տնտեսական եւ նոյնիսկ օդերեւութաբանական ազդակներ կրնան դեր խաղալ հաստատութեան մը անկումին կամ յաջողութեան մէջ։ Օրինակի համար մառախուղ մը կամ ձիւնի հաստ շերտ մը կրնան է նոյնիսկ քու հաւասարակշռուած տարեկան հաշուեցոյցը խախտել։

«ՆՅ» - Հայ օդաչուներու ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ։
Լ.Պ. - Անոնք հոս-հոն գործ կը գտնեն, սակայն ցաւալին այն է որ այդպէսով նախ ի՛րենք երկիրը կը ձգեն, յետոյ անոնց կը հետեւի իրենց ընտանիքը, բարեկամը եւ շրջանակը։ Գիտէք, հայ օդաչուները մեծ մասամբ Թուլուզ, «Էռպաս»ի մօտ կը վերապատրաստուին, լուրջ են, չեն գինովնար, մէկ խօսքով՝ փնտռուած են։ Այսօր շուրջ 40 օդաչուներ երկրէն դուրս կ՚աշխատին։

«ՆՅ» - Բայց հայ օդաչուներու հետ կապուած խնդիրներ եղան, օդանաւեր ջախջախուեցան…
Լ.Պ. - Ըսեմ, որ հայկական տասնեակ մը օդային ընկերութիւններ կան, որոնք Հայաստան արձանագրուած են, հայկական դրօշը կը կրեն, սակայն արտասահման կ՚աշխատին՝ Տուպայ, Արաբական Էմիրութիւններ կամ Ափրիկէ։ Անոնք մեծ մասամբ ռուսական ճամբորդատարներով թռիչք կը կատարեն, սակայն երբեմն տխուր դէպքեր կ՚արձանագրուին։

«ՆՅ» - Պետական տուեալներով Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը տարեկան 25 առ հարիւր աճ կ՚արձանագրէ։ Բայց ո՞րն է իրական պատկերը։
Լ.Պ. - Ես եւ իմ պաշտօնակիցներս, որ ճամբորդութեան, շրջապտոյտներու եւ պանդոկներու հարցերով կը զբաղինք, տարեկան միայն 5 կամ 6 առ հարիւրի զբօսաշրջութեան աճ կը նկատենք եւ ոչ աւելին։ Միաժամանակ ըսեմ, որ այս տարի չորս նոր պանդոկներ բացուած են Երեւանի մէջ, որոնք երեք, չորս եւ հինգ աստղանի են՝ միասնաբար շուրջ 450 սենեակներով։ Մինչեւ երեք տարի պիտի բացուին ուրիշներ, ինչպէս՝ «Իպիս»ը, «Մերքիւր»ը։ Հայաստանին կը պակսին այնպիսի պանդոկներ, որոնք քանի մը հարիւր սենեակ ունենան, բայց մանաւա՛նդ ժողովասրահներ՝ միջազգային համագումարներու համար։ Աւելցնեմ, որ Ծաղկաձորի մէջ ալ որակաւոր նոր երկու պանդոկ բացուած է։ Ջերմուկի համար ալ ծրագիրներ գոյութիւն ունին։ Մէկ խօսքով Հայաստանի մէջ ներդրումներ կան, բայց դանդաղ ընթացք ունին։
Յայտնեմ, որ ժողովուրդի կենսամակարդակը կախեալ է զբօսաշրջութեան մարզի զարգացումէն, պէտք է նաեւ հոգ տանիլ Հայաստանի գեղեցիկ բնութեան, յարգել բնապահական օրինաչափութիւնները, պայքարիլ օդի ապականման դէմ, արդիականացնել երթեւեկի միջոցները, եւայլն, եւայլն։ Աշխատանքի հսկայական դաշտ մը կայ, սակայն օր մը տեղէ մը պէտք է սկսիլ եւ յառաջանալ հանգրուան առ հանգրուան։ Զբօսաշրջութեան մարզը հայ ժողովուրդին համար հարստութիւն մըն է…

«Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 28, 2013

No comments:

Post a Comment