6.1.14

Զրոյց-քննարկում. «Հայատառ մամուլին դիմագրաւած խնդիրները»

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
 
Կիրակի, Դեկտեմբեր 15, երեկոյեան ժամը 7ին, Նիկոսիոյ (Կիպրոս) Ազգային առաջնորդարանի «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց-քննարկում, ընդհանուր նիւթ ունենալով՝ «Հայատառ մամուլին դիմագրաւած խնդիրները»: Ձեռնարկը նուիրուած էր Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանի մամլոյ-հրատարակչական գործունէութեանց 25ամեակին, որոնց մէջ յատկապէս՝ «Արծիւ» ամսաթերթի եւ «Գառնի» մատենաշարի խմբագրական աշխատանքները: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր կիպրահայ հայատառ մամուլի օրկաններուն, ի մասնաւորի պրն. Հրայր Ճէպէճեանի կողմէ, եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը՝ կիպրահայ պետական ներկայացուցիչ պրն. Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ ներկայութիւնը՝ հայ մամուլով հետաքրքրուող ազգայիններու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ պրն. Հրայր Ճէպէճեան, շեշտելով յատկապէս, որ սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ, հայատառ մամուլը՝ տեղեկատուական այլ միջոցներուն մէջ, բացառիկ նշանակութիւն ունեցեր էր՝ հայապահպանման մեր ճիգերուն մէջ, հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին եւ հայ եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ միութեանց եւ ակումբներու կողքին: Ան անդրադարձաւ որ ներկայիս, համացանցը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ որ մամուլը աւելի լայն հաղորդակցութեան դաշտ ունենայ եւ յետադարձ կապ ստեղծուի ընթերցողին եւ մամուլին միջեւ: Ապա ան ներկայացուց օրուան զեկուցաբերներն ու նիւթերը: Յաջորդաբար խօսք առին՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեան՝ «Հայատառ մամուլին դերը հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման մէջ», տիկ. Երան Գույումճեան՝ «Հայատառ մամուլը եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամբողջացումը», պրն. Ահարոն Շխրտըմեան՝ «Հայատառ մամուլը եւ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան հոլովոյթները» եւ պրն. Արթօ Դաւիթեան՝ «Կիպրահայ հայատառ մամուլը- ազգային մշակութային եւ ինքնութեան պահպանման ներկայի եւ ապագայի գործօնները» նիւթերուն շուրջ:
Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան շեշտը դրաւ առաւելաբար այն կարեւոր իրականութեան, որ մամուլը վերապրելու գաղափարախօսութիւն մըն է, որ կ՚ընդգրկէ լեզուապահպանման, յատուկ ինքնութեան, միասնականութեան, պատմական հաւատարմութեան եւ փայլուն ապագայի հեռանկարի պահպանման գործօնները: Ան աւելցուց, որ հայ մամուլը հայ ժողովուրդին համար դարձաւ՝ մշակութային, ազգային եւ աստուածատուր այբուբենին վերապրումի խորհրդանիշ: Յատկապէս նշեց. «Հայ մամուլի հիմնադրութիւնը մեծապէս սատարեց արմատախիլ եղած հայ ժողովուրդին, որ կարիքը ունէր կարեկցութեան եւ հարազատութեան՝ պանդխտութեան օրերուն՝ առաջնահերթ դասելու հայոց լեզուն, վերակազմաւորուելու եւ վերահաստատելու իրենց ազգային միասնականութիւնը»: Իր խօսքի աւարտին, դոկտ. Արտա Ճէպէճեան ցաւ յայտնեց, որ այսօր, Սփիւռքի տարածքին, սերունդ մը մէջտեղ կու գայ, որ չի գիտեր հայերէն գրել, կարդալ եւ խօսիլ: «Անոնք պիտի կորսնցնեն ազգային ինքնութիւն, ազգային մշակոյթի սէր, պատկանելիութիւն եւ պատմական հասկացողութիւն», շարունակեց ան, եւ այս առումով, խիստ գնահատելի եւ կարեւոր համարեց հայ մամուլի, «օրինակ "Ազդակ"ի, "Երեբունի"ի, "Ազատ Խօսք"ի, "Կիպրահայեր"ու համացանցի օգտագործումը, որ նաեւ կը ստեղծէ համասփիւռքեան հաղորդակցութեան ցանց մը, եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութները յուզող եւ ուրախացնող լուրերու սփռումի արդիական միջոց մը»:
Տիկ. Երան Գույումճեան սահմանեց մամուլին եւ լրագրողին գերագոյն առաքելութիւնը, ըսելով. «Արթնցնել հայ հանրութիւնը՝ իր անտարբերութեան, ինքնախաբէութեան եւ ստրկամտութեան թմբիրէն, զայն ազատագրել իր քարացած կարծրատիպերէն եւ զայն մղել խորունկ ինքնաճանաչման»: Ան աւելցուց, որ ընթերցողին հետ սիրտէ-սիրտ, հոգիէ-հոգի անկեղծ, ճշմարիտ, անկաշկանդ այլեւ պատասխանատու խօսքն է, որ անմիջապէս կը կապէ ընթերցողը մամուլին եւ փոխադարձաբար, աւելցնելով որ ազատ եւ յանձնառու մամուլը պարտի մինչեւ վերջ անկեղծ ըլլալ իր խօսքին մէջ, քանզի՝ «ճիշդ ախտանշումն է որ կրնայ դարմանել մեր ազգային-հաւաքական վէրքերը, եւ որ վէրքը ծածկելը ջայլամային վարքագիծ է պարզապէս, որ միայն ինքնախաբէութեան կրնայ առաջնորդել մեզ»: Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, ան կարեւորեց հայրենօգնութեան սրբազան նպատակը, որուն սատարեր էր Սփիւռքը լիաբուռն, հաւատալով որ անկախ պետականութիւնն է որ կ՚երաշխաւորէ հայութեան լինելութիւնը, անոր անկատար իղձերուն եւ երազներուն կենսագործումը: «Սփիւռքը Հայաստանով կ՚ըլլայ զօրաւոր եւ՝ փոխադարձաբար»: Մանրամասնօրէն նշեց այն խոչընդոտները, որոնք կան՝ Հայաստան-Սփիւռք բաղձալի գործակցութեան, ուժերու եւ կարելիութեանց միաւորումին դիմաց, կարեւոր համարելով այդ խոչընդոտները բառնալու խնդիրը: Իր խօսքի աւարտին, ան յատկապէս ըսաւ. «Հայ մամուլին կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մէկն է՝ Հայաստան-Սփիւռք իրա՛ւ միասնականութեան, մէկ ու միասնական հայութեան խորհուրդին, տեսլականին նպաստելը», որուն իրագործման ճամբուն վրայ, շարունակեց ան, «էական է ախտանշել զայն խոչընդոտող ազգային մեր ցաւերը, դարմանումներ առաջարկելով անոնց համար, սթափ հայեացքով, գիտակից անկեղծութեամբ, յանդուգն ճշմարտախօսութեամբ…Միասնականութիւն՝ որ հիմնուած ըլլայ ազգային մէկ գաղափարախօսութեան, հոգեւոր-մշակութային արժէքներու միեւնոյն համակարգին վրայ»:
Պրն. Ահարոն Շխրտըմեան, Պէյրութէն յատկապէս հրաւիրուած, պատմականը ըրաւ հայ մամուլի անցած ուղիին, «Ազդարար»էն մինչեւ մեր օրերը, շեշտելով որ Ցեղասպանութենէն ետք, տասնամեակներ շարունակ, հայ մամուլը Սփիւռքի մէջ իր ներուժը վատներ էր Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ թեր կամ դէմ դիրքորոշումներով: Ցեղասպանութեան արծարծումը գերազանցօրէն թափ հաւաքեր էր Եղեռնի Յիսնամեակին եւ անկէ ետք, երբ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, հայ մամուլով թէ գիրքերու հրատարակութեամբ, այդ թեման կը դառնար հայ հանրութեան ուշադրութեան կիզակէտը: Սակայն տասնամեակներ շարունակ, հայոց վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը դարձեր է մեր պահանջատիրութեան կորիզը, ինչ որ միայն բարոյական բնոյթ ունի եւ ոչ քաղաքական, շեշտեց ան: Իսկ հիմա, նշեց Պ. Շխրտըմեան, ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդ առաջ, հայագաղութներու մէջ կը կազմուին յատուկ յանձնախումբեր, ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան՝ քարոզչական, մշակութային եւ այլ, սակայն չունինք միասնական իրաւական ծրագիր, մեր պահանջատիրութեան հետապնդման ուղղութեամբ, ինչ որ կրնայ յանգիլ՝ ծաղկեպսակներու զետեղման միայն մեր նահատակներու շիրիմին: Իսկ Հայաստանի պետականութիւնը, շեշտեց ան, երբեք տէր չեղաւ մեր պահանջատիրութեան, հողային հատուցումի պահանջին։
Պրն. Արթօ Դաւիթեան նշեց հայկական այն բոլոր թերթերու անունները՝ իրենց հիմնադրումի եւ փակումի թուականներով, որոնք լոյս տեսեր էին Կիպրոսի մէջ, ժամանակ առ ժամանակ: Ան մասնաւորաբար շեշտեց, որ, Կիպրոսէն ներս ապագան շատ փայլուն չէ հայ թերթին, քանի որ երիտասարդները չեն հետաքրքրուած հայերէնով, հայ գիրով, մամուլով թէ գիրքով, աւելցնելով յատկապէս, որ անոնք նոյնիսկ իրենց առօրեայ խօսակցութեանց մէջ, սկսած են մտածել յունարէն կամ անգլերէն լեզուներով եւ տակաւ կը հեռանան հայերէն լեզուամտածողութենէն: Ներկայիս, հայ թերթի ընթերցողը միջին տարիքէ վեր է, ընդգծեց ան, իսկ թերթի հրատարակութիւնը գործն է առաւելաբար անհատական նախաձեռնութեան, հաւատքի, հոգիի տենչի կամ երազի: Չկայ նաեւ նիւթական ներդրում հայ թերթի յարատեւութեան ի խնդիր եւ հարց կը յառաջանայ, նշեց ան, թէ ասկէ մէկ-երկու տասնամեակ ետք, պիտի ունենա՞նք արդեօք Կիպրոսի մէջ լոյս տեսնող հայ թերթ, մանաւանդ անոր համար նաեւ որ նոր սերունդին մօտ չկայ այդ փափաքը, երազը՝ խմբագիր կամ հրատարակիչ դառնալու:
Կարճատեւ հարցում-քննարկումէ ետք, պրն. Հրայր Ճէպէճեան բարձր գնահատեց զեկուցաբերներու աշխատանքը, միաժամանակ դրուատելով յատկապէս Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ. Վարուժան արքեպիսկոպոսի մամլոյ եւ հրատարակչական քառորդ դարեայ բեղուն գործունէութիւնը, որուն ընթացքին ան քառասուն անուն գիրք հրատարակեր էր «Գառնի» հրատարակչութեամբ, խմբագրեր էր եւ կը շարունակէ հրատարակել «Արծիւ» պարբերաթերթը, նպաստելով հայ գիրին, մամուլին եւ հայ մշակոյթին: Ան նաեւ գեղեցիկ խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնեց Սրբազանին այս առիթով:
Ներկաները նաեւ առիթը ունեցան՝ համացանցային սարքով դիտելու Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի գնահատական խօսքը ուղղուած հայ մամուլին, լրագրողներուն եւ խմբագիրներուն, եւ յատկապէս Վարուժան արքեպիսկոպոսին, անոր քառորդ դարեայ արդիւնաշատ անխոնջ նուիրումին՝ հայ գիրին, գիրքին, մամուլին, հայ մշակոյթին:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, Վարուժան արքեպիսկոպոս ընդգծեց որ պէտք չէ յոռետես ըլլալ ապագայի նկատմամբ եւ պատգամեց որ ամէն մարդ իր գործը պէտք է ընէ առանց յուսահատելու: “Խաւարը անիծելու տեղ, մոմ մը վառէ՛”, ըսաւ ան: Հուսկ, Պահպանիչով վերջ գտաւ այս հետաքրքրական, մտորելու, մտածելու առիթ տուող ձեռնարկը:

«Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 28, 2013

No comments:

Post a Comment