ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ ԵՒ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Շուրջ ամիսէ մը ի վեր յայտարարուած թուականին՝ Դեկտեմբեր 2ին, Վլատիմիր Փութին Հայաստան այցելած է՝ հոծ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ:
Ռուսաստանի նախագահը անմիջապէս Գիւմրի գացած է, ուր իր պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ մասնակցած է հայ-ռուսական միջշրջանային երրորդ համաժողովին: Իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ նշելով այն տնտեսական առաւելութիւնները, զորս Հայաստանին պիտի ապահովէ Մաքսային Միութեան անդամակցութիւնը:
Շուրջ ամիսէ մը ի վեր յայտարարուած թուականին՝ Դեկտեմբեր 2ին, Վլատիմիր Փութին Հայաստան այցելած է՝ հոծ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ:
Ռուսաստանի նախագահը անմիջապէս Գիւմրի գացած է, ուր իր պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ մասնակցած է հայ-ռուսական միջշրջանային երրորդ համաժողովին: Իր խօսքին մէջ նախագահ Սարգսեան կարեւոր նկատած է հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ նշելով այն տնտեսական առաւելութիւնները, զորս Հայաստանին պիտի ապահովէ Մաքսային Միութեան անդամակցութիւնը:
Վերջին երեք ամիսներու զարգացումներէն ետք, մինչ դեռ հազիւ երեք օր առաջ եւրոպացի ղեկավարներու հետ լեզու գտնելու դժուար իրավիճակին մէջ յայտնուած էր, նախագահ Սարգսեան այս անգամ ալ սիրաշահ խօսքեր արտասանած է իր ռուս պաշտօնակիցին: Ըսած է, թէ երեք ամիս անցած է Մաքսային Միութեան անդամակցելու Հայաստանի մտադրութեան մասին յայտարարութեան պահէն, սակայն արդէն հսկայական աշխատանք կատարուած է: Ընդունուած է Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի համապատասխան որոշումը: Ստորագրուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբերու միջեւ յուշագիր մը: Հայաստանի նախագահը շատ փայլուն պատկեր մը պարզած է Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններէն եւ ընդհանրապէս անոնց յարակից բոլոր ոլորտներէն:
Փութին եւս իր խօսքին մէջ ընդգծած է տնտեսական այն բոլոր առաւելութիւնները, զորս Հայաստան պիտի ստանայ Մաքսային Միութեան անդամակցութեան շնորհիւ: Ռուս ղեկավարը ի մէջ այլոց շեշտած է նաեւ իր երկրին տարածաշրջանային վճռական քաղաքականութիւնը՝ ըսելով, որ Ռուսաստան պիտի չհեռանայ Կովկասէն եւ հոն աւելի պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը:
Անդրադառնալով Հայաստանի ընտրութեան՝ ան շեշտած է, որ հարցը նախ եւ առաջ կը վերաբերի Մաքսային Միութեան միանալուն, բայց կայ նաեւ այնուհետեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելու հեռանկարը: Աւելցուցած է, որ իր ժամանումէն ետք նախագահ Սարգսեանի հետ ճամբուն վրայ ունեցած կարճ զրոյցին ընթացքին վերջինս իրեն յայտնած է, թէ հայաստանցի փորձագէտները եւ տնտեսագէտները ըրած են անհրաժեշտ բոլոր հաշիւները, դրականն ու բացասականը կշռած, ու կատարած են իրենց ընտրութիւնը Մաքսային Միութեան ի նպաստ: «Ատիկա Հայաստանի ժողովուրդին եւ հայաստանեան ղեկավարութեան գերիշխան ընտրութիւնն է: Բնականաբար, Ռուսաստան ամէն ինչ կ՚ընէ Հայաստանի հետ գործակցութեան զօրավիգ կանգնելու համար»,- ընդգծած է ռուս ղեկավարը:
Գիւմրիի մէջ երկու նախագահները այցելած են ռուսական սահմանապահ 102րդ զօրամասի կեդրոնատեղին: Ապա, անոնք այցելած են Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ քով գտնուող Սպիտակի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին բարձրացած յուշակոթողը եւ ծաղկեպսակներ զետեղած են:
Հոնկէ, Փութին եւ Սարգսեան մեկնած են Ծիծեռնակաբերդ, ուր նոյնպէս ծաղկեպսակներ զետեղած են Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձանին:
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ԵՒ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐԻնչպէս կ՚ակնկալուէր՝ բոլորը չէ, որ գրկաբաց կը սպասէին Ռուսաստանի նախագահին: Անոր այցելութեան եւ Մաքսային Միութեան Հայաստանի անդամակցութեան դէմ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցած է Երեւանի կեդրոնը՝ բաւական լարուած մթնոլորտի մէջ:
Ոստիկանները փորձած են կասեցնել ցուցարարներու երթը Ազատութեան հրապարակէն դէպի կառավարութեան շէնք, ինչ որ պատճառ դարձած է բախումներու: «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի հետ բանակցութիւններէն ետք՝ ոստիկանները համաձայնած են բանալ ճամբան, որմէ ետք կառավարութեան շէնքին շուրջ նոյնպէս պատնէշ կազմած են:
Ցուցարարները «Ազա՛տ, անկա՛խ Հայաստան», «Սերժի՛կ, հեռացի՛ր», «Ո՛չ՝ Խորհ. Միութեան» եւ այլ կոչերով, պաստառներով քալած են դէպի կառավարութեան շէնք, ուրկէ կը ծրագրէին երթալ դէպի նախագահական նստավայր, ուր տեղի կ՚ունենար երկու ղեկավարներուն հանդիպումը:
Ոստիկանութիւնը, որ արտօնութեան բացակայութեան պատճառաբանութեամբ՝ ապօրինի յայտարարած էր ցոյցը, անոր մասնակիցներուն երթը կասեցուցած է կառավարութեան շէնքէն դէպի նախագահի նստավայր հատուածին: Ապահովութեան ուժերուն կողմէ կազմուած պատնէշը ճեղքելու փորձեր կատարած 110 ցուցարարներ ձերբակալուած, ապա ազատ արձակուած են:
ՌՈՒՍԵՐԸ ԿԱԶԻ ՍԱԿԱԳԻՆԻ ԶԵՂՉ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ, ՓՈԽԱՐԷՆԸ՝
«ՀԱՅՌՈՒՍԳԱԶԱՐԴ»Ի
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏԿԱՆՈՂ 20%ԻՆ ԱԼ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՆ
«ՀԱՅՌՈՒՍԳԱԶԱՐԴ»Ի
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏԿԱՆՈՂ 20%ԻՆ ԱԼ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՆ
Փութինի պատուիրակութեան մաս կազմող «Գազպրոմ»ի նախագահ Ալեքսէյ Միլլէր Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 2ին յայտարարած է, որ նոյն օրը ստորագրուելիք պայմանագրով «Գազպրոմ»ին կ՚անցնի «Հայռուսգազարդ»ի` Հայաստանի կառավարութեան պատկանող 20% բաժինը:
Իր խօսքին մէջ «Գազպրոմ»ի նախագահը յատկապէս նշած է. «Այսօր իսկապէս պատմական օր է, քանի որ կը ստորագրուի փաստաթուղթ մը ըստ որուն "Գազպրոմ"ը ձեռք կը բերէ "Հայռուսգազարդ"ի բաժնեթուղթերուն 20 տոկոսը եւ կը դառնայ ընկերութեան լիակատար բաժնետէր: Այսպէսով, "Հայռուսգազարդ"ը կը ներգրաւուի "Կազփրոմ"ի քոյր ձեռնարկութիւններու համերաշխ ընտանիքին մէջ”:
Ալեքսէյ Միլլէր աւելցուցած է, որ «այսօր նաեւ կը ստորագրուի Հայաստանի համար շատ կարեւոր պայմանագիր կազի մատակարարման վերաբերեալ: Կը սահմանուի նոր գին, եւ Հայաստան մատակարարուող կազի այդ գինը կապուած կ՚ըլլայ Ռուսաստանի մէջ կիրարկուող ներքին գիներուն: Անկասկած, ասիկա չափազանց հզօր ազդակ է Հայաստանի ընկերա-տնտեսական զարգացման համար»:
Թէ իսկապէս այս կարգադրութիւնը ի՛նչ հետեւանքներ կ՚ունենայ՝ կանխատեսելի է: Պետութիւնը իր ունեցած 20%ն ալ յանձնելով ռուսական կողմին՝ այս ոլորտին մէջ եւս բոլորովին կախեալ դարձած է անկէ: Թէ, գոնէ անմիջականին մէջ՝ սովորական քաղաքացին պիտի կարենա՞յ օգտուիլ կազի սակագինի խոստացուած զեղչէն, այդ ալ հարցական է: Շատեր վերապահութեամբ կը մօտենան երեւոյթին:
Սակայն, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ, Հանրապետական Կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով, որ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի Հայաստան կատարած պետական այցը դրական գնահատած է, անդրադարձած է նաեւ կազի սակագինի հարցին: «Եթէ այսօր 270 դոլար է, ապա փոխւում է 189 դոլարի, եւ ես կարծում եմ՝ դա շօշափելի դրական տեղաշարժ է մեր հասարակ քաղաքացու կեանքում: Մեր տնտեսվարողները կարող են նաւթամթերքը գնել առանց երեսուն տոկոս մաքսատուրքի, ինչը եւս առաջընթաց է: Պարոն նախագահը շատ ճիշդ նշեց, որ այս այցը նոր էջ է խորհրդանշում հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններում: Հիմա սա լա՞ւ է, թէ՞ վատ հասարակ քաղաքացու համար, հարցնում եմ սկեպտիկներին», հարց տուած է ան, պնդելով, որ «Հայռուսգազարդ»ի 20%ին ռուսական կողմին յանձնումն ալ գերիշխանութեան կորուստ չէ:
ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱՅՑԸ ԱՆՀԱՆԳՍՏԱՑՈՒՑԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻԱՆ
Ռուսաստանի նախագահին Հայաստան այցը չէ վրիպած թրքական մամուլի ուշադրութենէն, աւելին` ան լայնօրէն եւ ընդհանրապէս չափազանցութիւններով մեկնաբանուած է որոշ լրատու միջոցներու կողմէ:
Մինչ Cihan եւ IHA գործակալութիւնները եւ զանոնք մէջբերող միւս աղբիւրները ընդգծած են Երեւանի մէջ Փութինի դէմ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը, «Զաման» օրաթերթին մէջ, բացի բուն տեղեկատւութենէն, տեղ գտած է նաեւ սիւնակագիր Ֆիքրէթ Էրթանի «Փութին Գիւմրիի մէջ» յօդուածը: Էրթանի յօդուածին հիմքը կը կազմէ Գիւմրիի մէջ հաստատուած ռուսական 102րդ զօրամասին տրուած այցելութիւնը եւ Գիւմրիի` հայ-թրքական սահմանին գտնուելու պարագան: Սիւնակագիրը չափազանցեալ կերպով կը ներկայացնէ ռուսական այդ խարիսխին մէջ գտնուող զինուորներու թիւը:
«Փութինի այցելութիւնը Գիւմրի, որ մեր քիթին տակ է, կարեւոր է Թուրքիոյ համար: Ատով, անկասկած, Ռուսաստանի նախագահը անգամ մը եւս կ՚ընդգծէ հայ-ռուսական ռազմական գործակցութիւնը, կը շեշտէ անոր կարեւորութիւնը՝ անգամ մըն ալ յիշեցնելու համար, որ Հայաստանի ապահովութիւնը Ռուսաստանի երաշխաւորութեան տակ է», կը գրէ «Զաման»ի սիւնակագիրը՝ այն համոզումը յայտնելով, որ այդ հանդիպումը գրեթէ չէ մեկնաբանուած հայկական կամ ռուսական լրատու միջոցներուն կողմէ, ինչ որ անշուշտ իրականութեան չի համապատասխաներ:
Յօդուածագիրը, գիտակցելո՞վ հանդերձ թէ անգիտանալով, կը յիշեցնէ վերջերս 102րդ զօրամասի հրամանատար Անտրէյ Ռուզինսքիին վերագրուած յայտարարութիւնը, որ հերքուեցաւ Ռուսաստանի կողմէ: Կը գրէ, թէ Գիւմրիի այդ զօրամասը Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ատրպէյճանի յարձակման պարագային կրնայ միջամտել ռազմական գործողութիւններուն՝ յայտնելով այն կարծիքը, որ ռուսական այդ խարիսխը ոչ միայն Ատրպէյճանի, այլեւ Թուրքիոյ դէմ է եւ զայն սթափեցնելու նպատակ ունի:
Փութինի` Գիւմրիի ռուսական զօրամաս կատարած այս այցելութիւնը եւ Ռուսաստանի՝ Հարաւային Կովկասէն հեռանալու ոչ մէկ տրամադրութիւն ունենալու մասին յայտարարութիւնը մտահոգութեան զարմանալի խառնուրդ մը բաղադրած ըլլալ կը թուի թուրք մամուլին համար: Արդարեւ, թուրքերը կը մեկնաբանեն՝ «եթէ հայոց հետ խնդիր ունենանք, խնդիր կ՚ունենանք նաեւ ռուսերուն հետ»:
«Նոր Յառաջ», Դեկտեմբեր 5, 2013
No comments:
Post a Comment