Ժ.Չ.
Հայաստանի անկախացումը տնտեսական ճգնաժամի առաջնորդեց երկիրը։ Ղեկավար դասը կը մեղադրէ ազերիները, թուրքերը, ռուսերը, սովետական կարգերը, երկրաշարժը … սակայն ո՛չ մէկ պահու խնդրոյ առարկայ դարձուցած է իր գործելակերպը։ Յաջորդական կառավարական վարչախումբերը, անձնական ու գլանային շահերէ մեկնած՝ կողոպտեցին երկիրը եւ անտանելի դարձուցին անկախութիւնը եւ Արցախեան յաղթանակը գործածեցին ժողովուրդը ստրկացնելու համար։ Այսօր անկախութենէն 22 տարի անց կարելի է առանց վարանումի պնդել, որ Հայաստանի երեք կառավարութիւններու լաւագոյն արտադրութիւնը, մեծագոյն ձեռքբերումը՝ «արտագաղթ» արտադրելը եղած է։ Նախարարական բոլոր կոչերը կը հաստատեն այս կարեւոր արտադրութեան իրականութիւնը՝ հայրենադարձութիւն, ներդրում, նուիրատուութիւն … եւ պէտք է ըսել «նպարավաճառ»ի հաշիւով, լրիւ շահ է.
ա- երկրի ներքին անդորրը պահպանելու համար. դժգոհողներուն, գանգատողներուն, գործազուրկներուն, ընդդիմադիրներուն՝ արտասահմանի ճամբան ցոյց տալով.
բ- արտագաղթածներէն դէպի երկիր օգնութիւն ստանալու համար. երբ անոնք տնտեսապէս ապահովուին բնականաբար երկրի իրենց մնացորդացին կ՚օգնեն նիւթապէս.
գ- զբօսաշրջութիւն եւ երկիր այցելութիւնները զարգացնելու համար. այդպէսով ալ տնտեսութեան կը նպաստեն.
դ- ներդրումներ ապահովելու համար. մեկնողները երբ ձեռնհաս գործատէր դառնան, կրնան գործատեղի բանալ, ապրանք ներածել կամ արտածել։ Մեծ բարեսիրութիւն կ՚ընեն, իրենց ծննդավայրի բարգաւաճման կը սատարեն …
ե- քանի մը յաջողակ արտագաղթողներու վերադարձը ապահովելու համար. եթէ դեռ անոնք քաջութիւնն ունենան, տնտեսապէս ապահովուած ըլլալով եւ կարօտախտէ տառապելով, վերադառնալու երկիր։
Այսպիսով շրջանը բոլորուած կ՚ըլլայ։ Կառավարութեան երազած դիպաշարն է։ Փաստարկումի կարիք կա՞յ։ Լաւագոյն խօսուն օրինակը՝ դերասան Վարդան Պետրոս-
եան։ Հայաստանէն արտագաղթած է՝ Սփիւռքի մէջ ամուսնացած, ընտանիք կազմած, տուն-տեղ, ճանաչում վաստակած, ֆրանսական քաղաքացիութիւն ստացած եւ վերադարձած՝ Հայաստան, իր ներդրումը բերելու իր հայրենիքին, այսինքն՝ իսկական տիպար հայրենասէր մը, որ կրնար իսկապէս Հայաստանի կառավարութեան վա-
րած քաղաքականութիւնը արդարացնել։
Սակայն, Վարդան Պետրոսեանի պարագային, միակ սխալ հաշուարկումը որ եղած է, այն է որ հակառակ հայրենասէր, տաղանդաւոր, մտաւորական տղայ ըլլալուն … դժբախտաբար՝ ընդդիմադիր է եւ աւելին՝ պերճախօս, սիրուած հանրային դէմք մը, ուրեմն՝ դժուար խոցելի թիրախ մը ղեկավար դասուն համար։
Այսուհանդերձ, Հոկտեմբեր 20ին պատահած ինքնաշարժի ծանր արկածի մը կապակցութեամբ, որ երկու մեռեալ եւ հինգ վիրաւոր կը ձգէ ետին, Պետրոսեան ինք ալ կը վիրաւորուի ծանրօրէն, գործողութիւններու կ՚ենթարկուի, վիրահատուած վիճակի մէջ կը կալանաւորուի, Հոկտեմբեր 21ին։ Կը ստիպուի դատարան ներկայանալ անտանելի անմարդկային պայմաններու մէջ։ Յստակ է որ իշխանութիւնը վրէժ կը լուծէ։ Բայց վասն ինչի՞։ Որ անոր ձայնը կտրե՞լ տայ։
Պետրոսեան բաւական համբաւ ունի Ֆրանսայի մէջ, իր ազգական-բարեկամները համացանցի վրայ ստորագրահաւաքի ձեռնարկած են, որ մինչ օրս արդէն գրեթէ տասը հազար ստորագրութիւն հաւաքած է։ Ասոր գտած արձագանգը կրնայ գէշ ազդել ընդհանրապէս արեւմտեան երկիրներու Սփիւռքի տարեվերջի դրամահաւաքին վրայ։ Հայաստանի իշխանութիւնները 20 տարի «արտագաղթ» արտադրելէ վերջ, ընդդիմադիրներու վախէն ո՛չ միայն կը խափանեն «արտագաղթ»ի շահաբեր բաժինը, կը խանգարեն նուիրագործուած մոտէլը՝ ներդրում, նուիրատուութիւն, հայրենադարձութիւն, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան աւանդական նուիրատուութեան մղումը, որ հակառակ կառավարութեան անարդարութիւններուն, կը փորձէ կարգ մը ծառայութիւններ մատուցանել։
«Նոր Յառաջ», Նոյեմբեր 21, 2013 (խմբագրական)

No comments:
Post a Comment