Հոկտեմբեր 19, 2013ին գումարուած է Ֆրանսայի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի արտակարգ նիստը՝ Մարսէյլի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ։ «Նոր Յառաջ» հրատարակած է հրաժարեալ Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժեշտի խօսքը նիստին ընթացքին.
«Տրուած ըլլալով այս ժողովին շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը, մանաւանդ Նորվան Սրբազանին հրաժեշտի խօսքին ստեղծած յուզումնալից պահը՝ մասնակից 50էն 60 անդամներուն մօտ, կը հրատարակենք անոր արտասանած խօսքերը՝ բաժնեկից ընելու համար մեր ընթերցողները ներկայ հանգրուանին տիրող խիստ կարեւոր անցուդարձերուն, որոնց ճիշդ ըմբռնումը ճամբայ պիտի հարթէ Ֆրանսայի թեմին վաղուան նախաձեռնութիւններուն։
Ստորեւ տպուած տողերը էական են հասկնալու համար Սրբազան Հօր հրաժարականին դրդապատճառները, նաեւ անդրադառնալու համար իր հրաժարականին կարգ մը ծալքերուն, որոնք մինչեւ հիմա չէին բացայայտուած։
Սրբազան Հայրը շատ քաղաքավար կերպով կը մատնանշէ Թեմական Խորհուրդին թերացումները՝ ըլլա՛յ թեմին նիւթական ու վարչարարական պատասխանատւութեան, յատկապէս՝ Տէր Վաչէի վարձատրութեան վերաբերեալ, որ ուղղակի Թեմական Խորհուրդի աշխարհական դասուն պարտականութիւնն է, ըլլա՛յ այն ժողովներուն ներկայ գտնուած վարչականներու կրաւորական դիրքին վերաբերեալ՝ Կաթողիկոսին կողմէ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին ուղղուած նուաստացուցիչ արտայայտութիւններուն առթիւ»։
Սիրելի պատգամաւորներ,
Թեմական Պատգամաւորական այսօրուան արտակարգ ժողովին, որու օրակարգին գլխաւոր կէտը կը հանդիսանայ հրաժարականիս ատենաբանութիւնը, պիտի ցանկայի չարծարծել երբեք այդ նիւթը, նոյնիսկ բացակայիլ ժողովէն, որպէսզի ինծի հարցումներ չուղղուէին։ Քանի որ ինծի ուղղուած հարցումներուն եթէ ճշմարտութիւնը բացայայտեմ, որոշ անձեր կրնան խծբծուիլ, իսկ ես սիրտ չունիմ ոեւէ մէկը դատելու, նոյնպէս ալ ճշմարտութիւնը ծածկելու։ Հետեւաբար այս կացութեան առջեւ աւելի լաւ պիտի ըլլար ձեռնպահ մնալ։
Ուստի եթէ եկայ, պարզապէս առ ի յարգանք Թեմական Պատգամաւորական պատկառելի ժողովին, որմէ ընտրուած էի 2007ին Ֆրանսայի Հայոց Թեմի իբրեւ առաջին առաջնորդ։
Դուք բոլորդ ալ գիտէք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, 1 Յուլիս 2013ին ներկայացուցած հրաժարականիս դրդապատճառը։ Աւելորդ է այստեղ կրկնաբանել այդ մասին։ Բայց ձեզմէ շատեր կրնան մտածել թէ առաջնորդի մը կողմէ վայել չէր խիստ եւ ծանր ոճով այդպէս հրաժարական գրել կաթողիկոսի մը։ Ձեզմէ ոեւէ մէկէն աւելի գիտակից եմ այդ իրողութեան։ Քահանայական ծառայութեանս 45 տարուան ամբողջ շրջանին, ո՛չ մէկ ժամանակ չեմ թերացած նուիրապետական կարգ ու կանոնի պատշաճութիւնները յարգելու։ Բայց պէտք է գիտնալ որ նուիրապետութեան կարգ ու կանոնի յարգանքը միակողմանի չէ, ատիկա նոյնքան կը վերաբերի անոր, որ տէրն ու հսկիչն է նուիրապետական օրէնքին։ Մենք բոլորս ալ ծառաներն ենք այն սրբազան հաստատութեան որու անունն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցի, եւ որու գլուխն է մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս։ Մենք հաւասարապէս սպասաւորներն ենք այդ հաստատութեան, իւրաքանչիւրս ըստ իր կարգին ու աստիճանին։
Այստեղ կ՚ուզեմ անդրադառնալ իրողութեան մը։ Մեր հասարակութեան մէջ շատեր դժուարութիւնը ունին զատորոշելու տարբերութիւնը եկեղեցականի անձին եւ եկեղեցականութեան միջեւ։ Եթէ եկեղեցականութեան սիրոյն եկեղեցականին թերութիւնները պիտի ծածկուին, օգնած չենք ըլլար եկեղեցականութեան բարոյականին, ընդհակառակն, մուր քսած կ՚ըլլանք անոր սուրբ երեսին։ Չեմ ուզեր աւելի խորանալ այլ օրինակներ մէջբերելով։
Վեհափառ Հայրապետը 3 Յուլիս թուակիրով պատասխանեց նամակիս, զիս հրաւիրելով Մայր Աթոռ «…զիս յուզող դժգոհութիւններն ու խնդիրները բարձրաձայնելու Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստի մը», որ գումարուեցաւ Յուլիս 30-31ի օրերուն։ Այդ նիստին հրաւիրուած էին «…ցանկութեան դէպքում նաեւ Ֆրանսիայի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի անդամները»։
Թեմական խորհուրդէն ո՛չ մէկ անդամ տրամադրութիւն չյայտնեց երթալու այդ նիստին։ Գալով ինձ 4 էջնոց բացատրողագիր մը պատրաստեցի ուր կը հիմնաւորէի հրաժարականիս դրդապատճառները։ 29 Յուլիս 2013ին կը ղրկէի վերոնշեալ բացատրողագիրը Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստին ընթերցումի խնդրանօք։ Այդ գրութեանս վերջին պարբերութեան մէջ կը նշէի նաեւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստին չներկայանալու որոշումս։
Ինչպէս գիտէք Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստին ընդունուեցաւ հրաժարականս որ ուժի մէջ կը մտնէ 1 Նոյեմբեր 2013էն սկսեալ։ Հրաժարականիս մասին Մայր Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ բացատրողականիս վերաբերեալ ակնարկութիւն կատարուած չըլլալով, ստիպուեցայ յայտարարութիւն մը հրապարակել։
Ո՛չ ցասում, ո՛չ գանգատ, բայց սակաւիկ մը այս վերջերս զարմացած եմ ի տես Թեմական Խորհուրդի կեցուածքին, Տէր Վաչէի դրամական հարցերուն վերաբերեալ։ Չէ՞ որ մեր կանոնագրութեան համաձայն, թեմի եւ եկեղեցւոյ նիւթական մատակարարումներով աշխարհական վարչականները կը զբաղին, ապա ինչո՞ւ Վեհափառի մօտ չեն միջամտեր որ իրենց առաջնորդը իրաւունք չունի ֆինանսական հարցերով զբաղելու, եւ Վեհափառը նման պարագաներու իրենց հետ ուղղակի պէտք է կապ հաստատէր կամ հաշուի նստէր։ Յետոյ, Տէր Վաչէն ամերիկահայոց հեռատեսիլէն ելոյթ կ՚ունենայ, Սարգիս Պետոյեան Nouvelle d’Arménie-ի մէջ Տէր Հօր պահակութեան մասին անճիշդ տեղեկութիւններ կը հաղորդէ, խորհուրդի անդամներէն ո՛չ մէկը չ՚արձագանգեր, սրբագրելու պատասխանատուութիւնը չի ստանձներ, միւս կողմէ անտեղի դիւանագիտական զգուշաւորութիւն մը կը ցուցաբերէ, խուսափելու համար ճշմարտութեան խոստովանութենէն։
Սիրելի պատգամաւորներ, այսօր օրը չէ անցնող վեց տարուան գործունէութեանս համարատուութիւնը ներկայացնելու. պատիւ մըն էր ինծի համար ձեր վստահութեան, ձեր սիրոյն, համակրանքին արժանացած ըլլալը. խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այն բոլոր տարիներուն համար որ մենք միասին կերտեցինք թեմը եւ եղբայրաբար գործեցինք անոր բարւոք յառաջընթացին։ Կը հեռանամ Առաջնորդի պաշտօնէս, վարչական պատասխանատւութենէս, բայց չեմ հեռանար եկեղեցւոյ ծառայութենէս եւ դպրոցի յանձնառութենէս։
Կը թողում պաշտօնս առանց յուզումի, ինքզինքիս հետ հաշտ ու խաղաղ, հանդարտ խղճով որ պարտականութիւնս, իմ կարողութեան չափով, լի ու լի կատարեցի։
Հպարտութեամբ ու պատիւով շարունակեցէ՛ք այն գործը որ սկսանք ասկէ 6 տարիներ առաջ, ներկայի տագնապէն դասեր քաղեցէք։
Կը սեղմեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին ձեռքը։
Մնաք բարով:

No comments:
Post a Comment