26.10.13

Նորվան արք. Զաքարեան եւ Թեմական Խորհուրդին ճշմարտութիւնը խոստովանելու վախը

Ժ.Չ.

Մին­չեւ Հոկ­տեմբե­ր 19ի Թե­մական Պատ­գա­մաւո­րական Ժո­ղովի (ԹՊԺ) նիս­տը, Նոր­վան Սրբա­զանին հրա­ժարա­կանին պատճառը կը ներ­կա­յացուէր իբր անձնա­պէս նուաս­տա­ցու­մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ.ի կող­մէ։ Ոչ ոք հար­ցա­կանի կ՚են­թարկէր Թե­մական Խոր­հուրդի (ԹԽ) կրա­ւորա­կանու­թիւնը այս խնդրին կա­պակ­ցութեամբ։ Սա­կայն ահա՛ Սրբա­զանը ի՛նքը վերջապէս հար­ցը կ՚ար­ծարծէ իր հրա­ժեշ­տի պա­հուն ու զար­մանք կը յայտնէ ԹԽ-ի անդամներու «ճշմար­տութեան խոս­տո­վանու­թենէն խու­սա­փու­մէն». կը մէջ­բե­րենք՝ «Ո՛չ ցա­սում, ո՛չ գան­գատ, բայց սա­կաւիկ մը այս վեր­ջերս զար­մա­ցած եմ ի տես Թե­մական Խորհուրդի կե­ցուած­քին՝ Տէր Վա­չէի դրա­մական հար­ցե­րուն վե­րաբե­րեալ։ …Տէր Վա­չէն Ամերիկա­հայոց հե­ռատե­սիլէն ելոյթ կ՚ու­նե­նայ, Սար­գիս Պե­տոյեան Nouvelle d'Arménie-ի մէջ Տէր Հօր պա­հակու­թեան մա­սին ան­ճիշդ տե­ղեկու­թիւններ կը հա­ղոր­դէ, Խորհրդի ան­դամնե­րէն ո՛չ մէ­կը կ՚ար­ձա­գան­գէ, սրբագ­րե­լու պա­տաս­խա­նատ­ուութիւ­նը չի ստանձներ, միւս կող­մէ անտե­ղի դի­ւանա­գիտա­կան զգու­շա­ւորու­թիւն մը կը ցու­ցա­բերէ, խու­սա­փելու հա­մար ճշմարտութեան խոս­տո­վանու­թե­նէն»։
Սրբա­զանին՝ Գե­րագոյն Հո­գեւոր Խոր­հուրդին յղած բա­ցատ­րա­կանէն յայտնի կ՚ըլ­լայ որ ԹԽ-ի վար­չա­կան­նե­րը վկայ եղած են փա­րիզեան շքեղ ճա­շարա­նին մէջ, Ամե­նայն Հա­յոց Կաթողիկոսի կող­մէ, մե­ծահա­րուստ նուիրա­տուի մը ներ­կա­յու­թեան՝ բո­լորին առ­ջեւ, Առաջնորդ Սրբա­զանին վար­կա­բեկու­մին։ Ոեւէ մէ­կը չէ յանդգնած Ֆրան­սա­յի թե­մի ընտրեալ առաջ­նորդը պաշտպա­նելու։
Թե­մական Խոր­հուրդի ատե­նապե­տին հետ «Նոր Յա­ռաջ»ի կա­տարած հար­ցազրոյ­ցին մէջ, «Իսկ ար­դեօք դուք վկան եղա՞ծ էք տե­սարա­նի մը, ուր Կա­թողի­կոսը կը նուաս­տացնէ Սրբազան Հայ­րը» հար­ցումին, պա­տաս­խա­նը եղած էր. «Կրնամ ըսել որ ես ոչ թէ Սրբա­զանը նուաստացնող տե­սարա­նի մը ներ­կայ եղած եմ, այլ այն որ Կա­թողի­կոսը գոհ կամ ու­րախ չէ եղած, ակա­նատես եղած եմ Կա­թողի­կոսի բար­կութեան պա­հերուն»։ Ճա­շարա­նի տե­սարա­նը ամ­բողջո­վին նուաս­տա­ցու­մի տե­սարան է եւ ո՛չ բար­կութեան։
Եւ ահա բուն հար­ցումը. ի՞նչն է որ ԹԽ-ի ան­դամնե­րը կը խու­սա­փեց­նէ ճշմար­տութիւ­նը խոստո­վանե­լէ։ Լիոնի եւ Ռոն-Ալ­փեան շրջա­նի եկե­ղեցի­ներու պա­տաս­խա­նատու­նե­րը իրաւունք ու­նին պնդե­լու որ Ֆրան­սա­յի թե­մին ընտրեալ առաջ­նորդին հան­դէպ գոր­ծադրուած վի­րաւո­րան­քը՝ ֆրան­սա­հայու­թեան վի­րաւո­րանքն է։ Առաջ­նորդ Սրբազան Հօր հրա­ժեշ­տի խօս­քը կը հաս­տա­տէ այս իրո­ղու­թիւնը։ Ան կը հրա­ժարի իր պաշ­տօ­նէն կրած կրկնա­կի վիրաւորան­քին պատ­ճա­ռով՝ առա­ջին, Կա­թողի­կոսէն եւ երկրորդ՝ Թե­մական Խոր­հուրդէն, անոր կրա­ւորա­կանու­թե­նէն, ճշմար­տութիւ­նը խոս­տո­վանե­լու ան­կա­րողու­թե­նէն։ Աւե­լի քան Կա­թողի­կոսը՝ հար­ցը մենք ենք, որ Եւ­րո­պայի տա­րած­քին ազատ պայ­մաննե­րու մէջ ապ­րե­լով հան­դերձ՝ ճշմար­տութեան հե­տամուտ ըլ­լա­լու յանդգնու­թիւնը չու­նինք։
Հոկ­տ. 17ի Թե­մական Պատ­գա­մաւո­րական Ժո­ղովի պաշ­տօ­նական հա­ղոր­դագրու­թեան Բ. կէտը կը յայտնէ՝ «ԹՊԺ-ն խո­րապէս կ՚ափ­սո­սայ այն դրդա­պատ­ճառնե­րուն հա­մար, որոնք մղե­ցին Սրբա­զան Հօր հրա­ժարե­լուն։ Հիմ­նուելով քրիս­տո­նէական ոգիին վրայ, ԹՊԺ-ն կը հրաւիրէ Վե­հափառ Հայ­րա­պետը՝ Գա­րեգին Բ.ը եւ Նոր­վան Սրբա­զանը երկխօ­սու­թիւն մը սկսե­լու, որ­պէսզի նուազա­գոյն ժա­մանա­կամի­ջոցին մէջ հաս­նինք բո­լորին կող­մէ սպասուած հաշ­տութեան, եւ որուն Ֆրան­սա­յի թե­մը կը ցան­կայ նե­ցուկ հան­դի­սանալ իր ամե­նայն ուժերով»։
Նախ­քան Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսին հետ հաշ­տուիլը, Ֆրան­սա­յի թե­մը պէտք է հաշ­տուի ինքն իր հետ, իր Առաջ­նորդին հետ։ Եւ որ­պէսզի ան, ինչպէս որ նշուած է, կա­րենայ նե­ցուկ հանդի­սանալ առաջ­նորդին, պէտք է քա­ջու­թիւնը ու­նե­նալ ճշմար­տութեէն չխուսափելու։


«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), Հոկտեմբեր 24, 2013

No comments:

Post a Comment