26.10.13

Բացատրողագիր ի մասին Նորվան արք. Զաքարեանի հրաժարման

Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեանը Յուլիս 29, 2013 թուակիր բացատրողագիր մը յղած էր Էջմիածնի Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդին, որ Յուլիս 30-31ին կոչուած էր քննելու Սրբազան Հօր հրաժարականը։ «Նոր Յառաջ» զայն լոյս ընծայած է իբր պատմական փաստաթուղթ եւ իբր լրացուցիչ նիւթ Նորվան Սրբազանի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովին արտասանած խօսքին, որուն ընթացքին պատգամաւորներ պահանջած են որ այդ բացատրողագիրը ընթերցուի։
Վեհա­փառ Տէր,
Գե­րաշ­նորհ եւ պա­տուար­ժան ան­դամներ Գե­րագոյն Հո­գեւոր Խոր­հուրդի,
1 Յու­լիս 2013ի մեր հրա­ժարա­կանին ի պա­տաս­խան, Վե­հափառ Հայ­րա­պետը 3 Յու­լիս 2013 թուակիր նա­մակով մը մեզ հրա­ւիրած է Գե­րագոյն Հոգե­ւոր Խոր­հուրդի ատեան, փաս­տե­րով ներ­կա­յաց­նե­լու մեր հրա­ժարա­կանի դրդա­պատ­ճառնե­րը:
Շառլ տը Կօլ օդա­կայա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քը, որ դար­ձաւ մեր որո­շու­մին դրդապատճա­ռը, մե­զի հա­մար ու­նի վճռո­րոշ նշա­նակու­թիւն: Քան­զի առանց նկա­տի առ­նե­լու վայրն ու պայ­մաննե­րը, Վե­հափառ Հայ­րա­պետը ան­տե­ղի չգտաւ հրա­պարա­կային կեր­պով մեզ վար­կա­բեկե­լը: Ան 3 Յու­լիս 2013 թուակիր իր պա­տաս­խան նա­մակին մէջ մե­զի դէմ գործա­ծած նա­խատա­կան խօս­քե­րը որա­կած է «զրոյց», ինչ որ չի հա­մապա­տաս­խա­ներ իրականու­թեան: Սր­տանց պի­տի ու­զէինք որ մեր մի­ջեւ պա­տահա­ծը զրոյց եղած ըլ­լար: Եւ զրոյ­ցէն ան­դին երկխօ­սու­թիւն, գա­ղափար­նե­րու փո­խանա­կում, փո­խադարձ հասկացողութիւն: Այդ յան­կարծա­կան բուռն յան­դի­մանու­թիւնը բարձրա­կէտն էր բազ­մա­թիւ ու­րիշ մի­ջադէ­պերու: Մե­զի հա­մար բա­ցայայտ է այ­լեւս որ մենք իբ­րեւ թե­մակալ առաջ­նորդ ար­հա­մար­հուած էինք, զրկուած Կա­թողի­կոսի հայ­րա­կան հո­գածու­թե­նէն: Վե­հափառ Հայրապետի յան­դի­մանու­թիւնը խնդրա­կան կը դարձնէր մեր ան­դա­մի հան­գա­մանքը իբ­րեւ Մայր Աթոռ Ս. էջ­միած­նի միաբան: Աւե­լի ծան­րակշիռ պա­րագայ դժուար էր երե­ւակա­յել մե­զի հա­մար, որ 45 տա­րի ան­սա­կարկ ոգիով բե­րած ենք մեր ծա­ռայու­թիւնը Հայ Եկե­ղեց­ւոյ եւ Մայր Աթոռ Ս. էջ­միած­նին, գի­տակից՝ մեր եկե­ղեցա­կան կո­չու­մին եւ հայ կղե­րակա­նի դե­րին Սփիւռքի դժուար պայ­մաննե­րուն մէջ: Հետե­ւաբար մենք մեր նշած դէպ­քի տա­րողու­թիւնը հասկցած ենք խո­րապէս եւ մեր հրա­ժարա­կանը չենք ներ­կա­յացու­ցած սոսկ ան­մի­ջական տպաւո­րութիւննե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ:
Վե­հափառ Հայ­րա­պետը որոշ չա­փով աշա­կեր­տի տեղ կը դնէ մեզ երբ կը գրէ. «Այս տա­րինե­րի ըն­թացքին Մեր կող­մից Ձեզ կա­տարուած թե­լադ­րութիւննե­րը մի­տուած են եղել, որ դուք գտնուէք առաջ­նորդա­կան Ձեր պար­տա­կանու­թիւննե­րի կա­տար­ման բարձրու­թեան վրայ», ար­հա­մար­հե­լով մեր 45 տա­րուան հո­վուա­կան եւ կա­թողի­կոսա­կան պա­տուի­րակի փոխանորդի պաշ­տօ­նավա­րու­թեան փոր­ձա­ռու­թիւնը: 70ական թուական­նե­րուն, տա­կաւին 30ամեայ նո­րըն­ծայ աբե­ղայ, կու­սակցա­կան եւ քա­ղաքա­կան բուռն վէ­ճերուն եւ 25 տա­րուան պայ­քարնե­րուն վերջ դնել կու տա­յինք Իսի-լէ-Մու­լի­նոյի հա­յահոծ գա­ղու­թին մէջ եւ կը կազմա­կեր­պէինք տեղ­ւոյն եկե­ղեց­ւոյ շի­նու­թիւնը: Չենք խօ­սիր եկե­ղեցա­շինու­թե­նէն ետք որպէս հո­գեւոր հո­վիւ յա­ջոր­դած 5 տա­րինե­րու ընթաց­քին մեր կա­տարած հո­վուա­կան ծառայութեան նուաճումնե­րուն մա­սին: Այ­նուհե­տեւ 29 տա­րինե­րու եր­կայնքին Կեդ­րո­նական Ֆրան­սա­յի մէջ մեր ար­ձա­նագ­րած յա­ջողու­թիւննե­րը հո­գեւոր, կրթա­կան, էքիւ­մէնիք եւ այլ մար­զե­րէ ներս, տա­րեգ­րութիւննե­րը պէտք է կար­դալ, իմա­նալու հա­մար թէ ի՛նչպէս մեր առաջ­նորդա­կան պար­տա­կանու­թիւննե­րու կա­տար­ման բարձրու­թեան վրայ գտնուած ենք: Ֆրան­սա­յի մեր առաջ­նորդա­կան պաշ­տօ­նին գլուխ գա­լէ առաջ եւ յե­տոյ զբա­ղեցանք Ֆրանսա­յի թե­մի կազ­մա­կեր­պութեամբ, զոր յա­ջողե­ցանք ի վեր­ջոյ իրա­կանաց­նել յետ երկարատեւ ջան­քե­րու: Այ­սօր ծխա­կան կա­նոնագ­րութիւննե­րու մէջ մի քա­նի աննշան, մանր մունր կէ­տերու վրայ խո­շորա­ցոյ­ցով նա­յիլ, ստո­րագ­նա­հատե­լու հա­մար կա­տարուած աշխատան­քին կա­րեւո­րու­թիւնը եւ այդ մի­տու­մով մեր ճակ­տին զար­նել «խար­դախ», «խա­բեբայ», «ստա­խօս» ածա­կան­ները իբ­րեւ կշտամ­բանք, մեղմ ասած չա­փազան­ցութիւն է: Սիրտ կ՚ու­զէր դի­մանա­լու հա­մար: Դժուարու­թիւննե­րու բա­խեցանք Նի­սի մէջ: Այդտեղ ի յայտ եկան Վե­հափառ Հայ­րա­պետի եւ մեր գոր­ծե­լակեր­պի ու ոճի տար­բե­րու­թիւնները: Տե­ւական միջամտութիւնները մեր թե­մական կա­ռոյցնե­րու մէջ ան­դա­դար խո­չըն­դո­տեցին մեր վար­չա­կան գոր­ծը եւ ոչ մէկ ձե­ւով նպաս­տա­ւոր եղան տե­ղական հար­ցե­րու կար­զա­ւոր­ման:
Աւե­լի ան­դին կը նշուի.- «…Ձեր առա­քելու­թեան մէջ որո­շումնե­րի կա­յաց­ման պատասխանատուու­թիւնը ստանձնէք ինքներդ առանց Մեր անու­նը ան­հարկի առնչե­լու խնդիր­նե­րին, առանց յա­պաղե­լու խնդիր­նե­րի լուծման գոր­ծում»: Իրա­կանու­թեան մէջ Վեհափառ հայ­րա­պետի անու­նը կ՚առնչուէր խնդիր­նե­րուն այնքա­նով որ­քա­նով Ինք կը միջամտէր այդ խնդիր­նե­րուն: Այն պա­րագա­յին երբ խնդի­րը չէր կար­գա­ւորուեր, կը նե­ղանար որ իր անու­նը ան­հարկի առն­չուած է խնդիր­նե­րուն: Անոնցմէ վառ օրի­նակ մըն է Նի­սի պարագա­յին «Առաջ­նորդա­կան Տնօ­րինում»ը, որ Վե­հափառ Հայ­րա­պետի պնդու­մով գոր­ծադրուեցաւ, եւ որ ու­նե­ցաւ ծան­րակշիռ հե­տեւանք:
Ֆրան­սա­յի օրէնսդրու­թեան մէջ, կրօ­նական ըն­կե­րակ­ցութիւնները պար­տին հե­տեւիլ ժողովրդա­վար սկզբունքնե­րու: Թե­մակալ առաջ­նորդի կամ ըն­կե­րակ­ցութեան ատե­նապե­տի տե­սակէտ­ները իրենց պաշ­տօ­նին բեր­մամբ պար­տա­դիր չեն կրնար ըլ­լալ, եւ գե­րիվեր չեն ժողովա­կան որո­շումնե­րու մէջ: Վե­հափառ Հայ­րա­պետը գու­ցէ կ՚ակնկա­լէր, որ առաջ­նորդը որո­շումներ պար­տադրէր, եւ երբ նկա­տեց որ Նոր­վան Սրբա­զան կը կա­րեւո­րէր վար­չա­կան խոր­հուրդի հա­սարա­կաց որո­շու­մը, եզ­րա­կացուց որ մենք առաջ­նորդա­կան պարտականութիւննե­րու կա­տար­ման բարձրու­թեան վրայ չէինք եւ մեր առա­քելու­թեան մէջ որո­շումնե­րու կա­յաց­ման պա­տաս­խա­նատուու­թիւն չէինք ստանձներ: Մեր ըն­կա­լու­մով, թե­մակալ առաջ­նորդը վար­չա­կան խոր­հուրդի հա­սարա­կաց որո­շու­մը կը կի­րար­կէ, հրա­ման­ներ կ՚ար­ձա­կէ կամ կը փո­խան­ցէ հա­մաձայն թե­մի կա­նոնագ­րութեան:
Ինչ կը վե­րաբե­րի «ձգձգում»նե­րու եւ «բար­դութիւն»նե­րու, ասոնք խնդրոյ առար­կայ են Նի­սի տագ­նա­պին, որոնք կը մտնեն դա­տական իշ­խա­նու­թիւննե­րու սահ­մաննե­րուն մէջ: Իսկ եթէ կան ձգձգումներ եւ բար­դութիւններ Նի­սի տագ­նա­պէն դուրս, անոնք կա­խեալ չեն մեր կամքէն: Բե­րենք միայն վեր­ջին օրի­նակը: Մար­սիլիոյ Ս. Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ հա­մար հո­գեւոր հովիւ մը ու­ղարկե­լու գծով հա­մաձայ­նութեան մը եկանք, Վե­հափա­ռը մե­զի ներ­կա­յացու­ցած էր Իր յար­մար դա­տած եկե­ղեցա­կանը՝ Տէր Կո­միտաս Քհնյ. Տիգ­րա­նեանը: Մար­սիլիոյ մէջ վարչա­կան­ները բնա­կարա­նային կար­գադրու­թիւննե­րը ըրին, նո­րոգե­ցին ու կա­հաւո­րեցին, մենք վի­զայի հա­մար պէ­տք եղած կար­գադրու­թիւնները ըրած էինք, Տէր Հայ­րը շա­տո՜նց վի­զան ստա­ցած էր, կազմ ու պատ­րաստ էր գա­լու ար­դէն Յու­նի­սին եւ ծա­ռայու­թեան անցնե­լու: Բայց ահա­ւասիկ մին­չեւ օրս կը ձգձգուի Տէր Հօր ժա­մանումը: Նո­րին Սրբու­թիւնը երբ Յունիսին Փա­րիզ Իր այ­ցե­լու­թեան ընթաց­քին ըսաւ թէ Տ. Կո­միտաս քա­հանան պի­տի չու­ղարկէ եւ անոր փո­խարէն Տ. Վա­չէն պէտք է ղրկենք Մար­սիլիա, վար­չութեան կող­մէ մեր­ժումը եղաւ բուռն եւ ան­մի­ջական: Եւ մին­չեւ հի­մա ծուխը մնա­ցած է առանց հո­գեւոր հո­վիւի:
Նա­մակին մէջ կը կար­դանք նաեւ. «Մեր յոր­դորները, պա­հանջները եւ ի հար­կին տնօրինումները դուք ըն­կա­լել էք իբ­րեւ վի­րաւո­րանք՝ ուղղուած ձեր ան­ձին…». Վե­հափառ Հայ­րա­պետը կը մեղ­մէ իր հրա­պարա­կային յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն տա­րողու­թիւնը: Յոր­դո՞ր էր մի­թէ, երբ 4 Յու­լիս 2012-ին, Փա­րիզի շքեղ ճա­շարա­նի մը մէջ, ուր հրա­ւիրուած էին նաեւ թե­մի եւ ծու­խի վար­չա­կան­նե­րէն պա­տաս­խա­նատու ան­ձինք, եւ ի մի­ջի այ­լոց երբ սե­ղանին շուրջ Ալ­ֆորվի­լի դպրո­ցաշի­նու­թեան նիւ­թը բա­ցուե­ցաւ, Նո­րին Վե­հափա­ռու­թիւնը մի­ջամ­տեց ըսե­լով. «Վար­չա­կան­նե՛ր, մի՛ հե­տեւիք ձեր առաջ­նորդին, անի­կա ան­կա­րող է դրամ հա­ւաքե­լու, ձեզ մէջ­տեղ կը թո­ղու, ու­թոփիա է իր ծրա­գիրը…», չենք շա­րու­նա­կեր պատ­մութեան մին­չեւ վեր­ջը, եթէ սա մեր ան­ձին դէմ վի­րաւո­րանք չէ, հա­պա ի՞նչ է..., յոր­դո՞ր... թե­լադ­րութի՞ւն...: Ան­շուշտ առ ի յար­գանք Նո­րին Սրբու­թեան բարձր հե­ղինա­կու­թեան, չպա­տաս­խա­նեցինք:
Առաջ­նորդի պաշ­տօ­նի բարձրու­թեան վրայ մնա­լու հնա­րաւո­րու­թիւն չկար այ­լեւս:
Յի­շենք այլ օրի­նակ մը եւս: Վե­րոն­շեալ հաց­կե­րոյ­թի նոյն օրը, այս ան­գամ օրուան ըն­թացքին, եր­կու ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, առանց որե­ւէ պատ­ճա­ռի, սկսաւ մեզ անար­գել, ըսե­լով. «Վե­ղարը գլխիցդ կ՚առ­նեմ, փի­լոնա­զուրկ կ՚ա­նեմ, կը կանգնեց­նեմ դա­սի մէջ, հա­ւատա­ցեալ­նե­րը կը գան կը տես­նեն որ դու պատ­ժուած ես. մկրտու­թիւն, պսակ, թա­ղում չես կա­րող անել»…: Մենք ճա­շակե­ցինք այս դառ­նութիւննե­րը, փո­խանակ սի­րոյ եւ շնոր­հի քաղցրու­թեան:
Այստեղ անհրա­ժեշտ չենք նկա­տեր յի­շատա­կել այլ պա­րագա­ներ: Մին­չեւ օրս չենք հասկցած թէ ին­չո՞ւ Վե­հափառ Հայ­րա­պետը չէր վա­րաներ միշտ ու­րիշնե­րու ներ­կա­յու­թեան ստոր­ացնել թե­մի կող­մէ ընտրուած եւ իր իսկ կող­մէ վա­ւերա­ցուած առաջ­նորդը: Այստեղ պի­տի նշեմ նաեւ ամե­նավեր­ջին օրի­նակը: Փա­րիզի Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Տիկ­նանց Յանձնա­խումբը այս տա­րուան Մա­յիսին ուխտագ­նա­ցու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պած էր դէ­պի Հա­յաս­տան եւ այս առ­թիւ Վեհափառ Հայ­րա­պետի մօտ ունկնդրու­թեան ժա­մադ­րութիւն մը առած էր: Վե­հափառ Հայրա­պետը մեր գա­ղու­թէն ժա­մանած պարզ ուխտա­ւոր­նե­րուն առ­ջեւ չէր վա­րանած մեր մա­սին ժխտա­կան ար­տա­յայ­տութիւններ ու­նե­նալու, զե­րոյի հա­ւասա­րեց­նելու մեր իրագործումներն ու կա­րողու­թիւննե­րը: Անոնք դառ­նա­պէս յու­սա­խաբ դուրս եկած էին Վե­հարա­նէն եւ իրենց վե­րադար­ձին դժգո­հու­թեամբ կը պատ­մէին այս մա­սին:
Զար­մա­ցած ենք տա­կաւին «սքե­մի պա­տիւ»ի հար­ցով: Այն յան­դի­մանու­թեան թի­րախը որ մենք հան­դի­սացանք, որ­պէս թէ յար­գած չենք քա­հանա­յի սքե­մի պա­տիւը, որով­հե­տեւ քա­հանան պա­հակու­թեան պաշ­տօն կը վա­րէր զու­գա­հեռ իր հո­վուա­կան ծա­ռայու­թեան, ար­դեօ՞ք խնդրոյ առար­կայ քա­հանան նոյնքան պա­տաս­խա­նատու չէ եւ նոյնքան կո­չուած չէ յար­գե­լու իր քա­հանա­յական սքե­մը եւ ասոր պա­տիւը, հի­մա այդ սքե­մին պատիւը մե՞նք անար­գե­ցինք... եւ ի՞նք յար­գեց...:
Փա­կելէ առաջ կ՚ու­զէինք ըսել, թէ մեր ճանչցած Հայաս­տա­նեայց Եկե­ղեցին սի­րոյ, շնորհքի, ար­դա­րու­թեան քաղցր մթնո­լոր­տի տակ շնչող հաս­տա­տու­թիւնն է, մինչդեռ ներ­կա­յիս՝ վա­խի մթնո­լորտ մը կը տի­րէ, իր բո­լոր դրսե­ւորումնե­րով եւ հե­տեւանքնե­րով:
Իսկ ինչ կը վե­րաբե­րի Գե­րագոյն Հոգե­ւոր Խոր­հուրդի «ատեան»ին ներ­կա­յանա­լու հրա­ւէրին, դժբախ­տա­բար կա­րելի չէ ըն­դա­ռաջել, որով­հե­տեւ նոյ­նիսկ եթէ աշ­խարհի ամե­նէն ան­մեղ եւ ար­դար մարդն ալ եղած ըլլա­յինք, բա­ցառուած է որ այդ ժո­ղովը յանդգնու­թիւնն ու­նե­նայ մեզ ար­դա­րաց­նե­լու: Ծա­նօթ է որ Ամե­նայն Հայոց Կա­թողի­կոսի խօս­քը վէ­ճի նիւթ չի կրնար դառ­նալ նուիրա­պետակա­նօրէն եւ ներ­կա­ները առ ի յար­գանս պար­տին լուռ մնալ: Այս առու­մով Գե­րագոյն Հոգե­ւոր Խոր­հուրդի ատեանին ներ­կա­յանա­լը մե­զի հա­մար զուրկ է նշա­նակու­թե­նէ:

2013 Յուլիս 29

«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 24, 2013

No comments:

Post a Comment