ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Ռազմիկ Փանոսեան «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն նշանակուեցաւ Փետրուար 1, 2013ին։ Անոր ընտրութիւնը եղած է միջազգային մասնագէտներ որոնող Ligature Partners հաստատութեան կողմէ։ Ընտրուած է՝ նկատի առնելով Գանատայի մէջ իր մասնագիտական փորձառութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ մեծ դրամագլուխ ու նպաստներ հաւաքելու եւ բաշխելու, մարդասիրական ու ընկերային դաշտէն ներս զանազան ծրագիրներու անոր վարչարարական փորձառութիւնները, լեզուներու տիրապետումը, Սփիւռքի զանազան ընկերութիւններու եւ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայութեան իր ընդարձակ ծանօթութիւնը։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ձեր պաշտօնին նշանակուելէ ետք բաւական ճամբորդած էք։ Կրնա՞ք մեզի հակիրճ կերպով ներկայացնել թէ ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները այդ ճամբորդութիւններէն եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէիք։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Երբ ստանձնեցի այս պատասխանատւութիւնը առաջին գործս եղաւ աշխատանքի ծրագիր մը մշակել մեր բաժանմունքին համար, թէ ինչի՞ վրայ շեշտ պիտի դրուի, ի՞նչ նիւթերու կամ ձեռնարկներու վրայ պիտի կեդրոնանանք։ Հակառակ անոր, որ ես Սփիւռքը մօտէն կը ճանչնամ, յարմար չնկատեցի այսպէս ըսած՝ Լիզպոն նստած ծրագիր մշակել, առանց սփիւռքահայ կարեւոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ խորհրդակցելու։ Ուրեմն ութ երկիրներ ճամբորդեցի. կարգ մը վայրեր, օրինակ՝ Լատին Ամերիկա, հեռաւորութեան պատճառով չէի կրնար երթալ, թերեւս յետագային այցելեմ, որպէսզի տեղեկանամ անոնց կարիքներուն։ Պէտք էր կամուրջներ կերտուէին կամ վերակերտուէին, նաեւ ինքզինքս ծանօթացնէի, անցեալէն մնացած որոշ բարդութիւններ հարթէի։ Այս ընթացքին գաղութներու մէջ հանդիպեցայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն՝ ուսուցիչ-տնօրէններէն, մտաւորականներէն, նախարարներէն մինչեւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ ու կաթողիկոսներ։ Եւ այս բոլորի ընդմէջէն երեւան եկան մեր ծրագրի կարեւոր կէտերը։ Չմոռնամ ըսելու, թէ այս ճամբորդութեանց ընթացքին է, որ մօտէն ականատես եղայ դառն իրականութեան մը՝ արեւմտահայերէնի (բանաւոր թէ գրաւոր) կորուստին, որ իբրեւ ամէնօրեայ գործածական լեզու անհետանալու ընթացքի մէջ կը գտնուի։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կրնայի՞ք ներկայացնել ձեր եզրայանգումները եւ թերեւս ալ ուրուագծած ծրագիրը։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Մեր ծրագրին ողնայարը պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի ամրապնդումը, իսկ ատոր համար հարկ է զարկ տալ դպրոցներուն։ Կը մտածենք, փոխանակ փոքր գումարներ տրամադրելու այս կամ այն դպրոցի կարիքներուն, ինչպէս ցարդ եղած է, աւելի մեծ գումար յատկացնել այն վարժարաններուն, որոնք ունին յստակ ծրագիր՝ արեւմտահայերէնի ամրապնդման ուղղութեամբ։ Յետոյ՝ պէտք է ելքեր փնտռել Միջին Արեւելքի եւ անկէ դուրս գտնուող դպրոցներու միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար։ Ինչպէս յայտնի է, վերջին տարիներուն քաղաքացիական պատերազմներու կամ ներքին անկայուն պայմաններու հետեւանքով մեր հայաշատ գաղութները պարպուեցան եւ հետեւաբար դպրոցներու աշակերտութեան թիւն ալ նուազեցաւ։ Մենք ունէինք կարեւոր երեք գաղութ, ուր արեւմտահայերէնը իբրեւ գործնական լեզու կը գործածուէր՝ Լիբանան, Սուրիա եւ որոշ չափով ալ Պոլիս (հոս չեմ խօսիր Կլէնտէյլի կամ Մոնրէալի մասին, ատիկա առանձին նիւթ է, ունենալով տարբեր մարտահրաւէրներ ու կարելիութիւններ)։
Հալէպի եւ ընդհանրապէս սուրիահայ գաղութի կացութիւնը ծանօթ է բոլորին, Պէյրութը միշտ պայթուցիկ վիճակի մէջ է եւ հոն կրկին քաղաքացիական պատերազմի վախը կայ, իսկ Պոլիսն ալ իր խնդիրները ունի, որուն քաջատեղեակ էք։ Այս բոլորի հիմամբ սկսած ենք մտածել Սփիւռքի այլ գաղութներու մասին, թէ ի՛նչ կրնանք ընել արեւմտահայերէնը փրկելու համար, օրինակ՝ Փարիզի «Մկնիկ» աշխատանոցը եւ անոր նման այլ կառոյցներ, որոնք ամէնօրեայ դպրոցէն դուրս լեզու կը սորվեցնեն նորագոյն ձեւեր ու եղանակ օգտագործելով։
Կայ նաեւ ուսուցիչներ պատրաստելու հարցը. տեղեկացանք, թէ հայերէն խօսող մտաւորականներու եւ հայերէնի ուսուցիչներու պակաս կայ։ Այս կարեւոր հարցը լուծելու համար որոշած ենք մասնայատուկ կրթաթոշակներ յատկացնել հայերէն լեզուն սորվող այն ուսանողներուն, որոնք կ՚ուզեն ընտրել ուսուցչական ասպարէզը, կամ այն ուսուցիչներուն, որոնք կ՚ուզեն կատարելագործել իրենց մասնագիտական կարողութիւնները, անշուշտ միշտ ի մտի ունենալով արեւմտահայերէնը։ Կը մտածենք հիմնել նաեւ հայերէնի եւ մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի ուսուցիչ պատրաստելու կեդրոն կամ ծրագիր մը։
Շրջագայութիւններուս ընթացքին անդրադարձայ, որ մեծ հեռաւորութիւն մը կայ հայ մշակոյթի եւ հաղորդակցական արդիական միջոցներու միջեւ, երիտասարդներու եւ մանաւանդ պատանիներու համար հայերէնը դարձած է անցեալի լեզու մը (antique), իսկ նորը եւ ապագան՝ իրենց համակարգիչն ու անոր բաղադրիչներն են… մենք պէտք է քաջալերենք ծրագիր մը, որ պիտի կարենայ այս երկուքը իրարու միացնել, այլ խօսքով հինը պատշաճեցնել նորին, մեր հրատարակութիւններու կամ թերթերու համար կայքեր ու ցանցեր ստեղծել եւայլն։ Եւ մեր օժանդակութիւնը կը ստանան այն կեդրոնները, որոնք կը փափաքին իրագործել նշեալ ծրագիրները։
Հարկ է նշել, թէ որոշած ենք աշխարհի տարածքին մեծագումար չորս կրթաթոշակներ յատկացնել այն հայ ուսանողներուն, որոնք շատ յառաջադէմ են եւ փայլուն ապագայ կը խոստանան եւ այս՝ իրենց ընտրած որեւէ ճիւղին մէջ (շուրջ 50.000 տոլար կամ համապատասխան եւրօ)։ Նուազագոյնը 6 կրթաթոշակներ պիտի յատկացնենք հայագիտականի շատ փայլուն ուսանողներուն։ Կ՚ուզէի շեշտել, թէ այսօր չմոռնալով պատմութիւնը պէտք է առաւել զբաղիլ ներկայի հարցերով, քանի որ հայ ժողովուրդը շատ անգամ այնքան կը սիրէ պատմութիւնը, որ ներկան կը մոռնայ։ Նաեւ կրթաթոշակ պիտի յատկացնենք այն աշակերտներուն որոնք ունին նիւթական դժուարութիւններ, կեդրոնանալով այն երկիրներուն վրայ, ուր պետութիւնը կամ չ՚օգներ եւ կամ շատ քիչ օժանդակութիւն կը ցուցաբերէ։ Օրինակի համար՝ կը նախընտրենք օգնել Միջին Արեւելք հաստատուած հայ ուսանողի մը, քան ըսենք ֆրանսահայու մը, որ իր բնակած երկրի բարիքներէն ինքնաբերաբար կ՚օգտուի։ Ի վերջոյ կրթաթոշակ՝ նաեւ հրատապ պարագաներու, ինչպիսին է այսօր սուրիահայ գաղութի պարագան։
Մեր ծրագրին մէջ նաեւ բաժին մը յատկացուած է Հայաստանին։ Այս պարագային շեշտը պիտի դրուի քաղաքացիական ընկերութեան (société civil) ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու վրայ, որոնք կ՚աշխատին քաղաքացիական դաստիարակութեան ուղղութեամբ, որովհետեւ այս մարզը Սփիւռքի կազմակերպութիւններու կողմէ ընդհանրապէս անտեսուած է։ Նաեւ կը խորհինք Հայաստանի համալսարանական ու մտաւորական դասի կապերը սերտացնել արեւմտեան երկիրներու համալսարանական շրջանակներու հետ։ Օրինակ՝ կրթաթոշակներու ձեւով առիթ ընծայել հայաստանցի ուսանողներուն երթալ եւ արեւմտեան երկիրներու մէջ մասնակցիլ խորհրդաժողովներու։ Այս տեսակի ծրագիր մը արդէն ունինք Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ, զոր կը փափաքինք ընդլայնել, ընդգրկելով ուրիշ համալսարանի աշակերտներ։ Առաւել՝ կը մտածենք Հայաստանի մէջ օժանդակել ծրագրի մը «ամառնային դպրոցի» դրութեամբ, երկու շաբթուան դասընթացքներ կազմակերպելով այնպիսի նիւթերու մասին, որոնք օգտակար կ՚ըլլան ուսանողներու եւ մասնակիցներու հետազօտութիւններուն համար, մանաւա՛նդ ընկերային գիտութիւններու ճիւղէն ներս։ Մեծ հաւանականութեամբ պիտի գործակցինք նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան հետ եւ կը յուսանք օժանդակել ծրագիրներու՝ կապուած Սփիւռքի մշակութային ամրապնդումին։ (Ի դէպ, աւելցնեմ որ Սփիւռքի նախարարութեան հետ վերջերս համաձայնեցանք ծրագրի մը շուրջ՝ Բարեգործականի ու մեր հաստատութեան միջեւ, որ կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ սուրիահայ համալսարանական աշակերտներու կրթաթոշակներու վճարումը)։
Կը խորհինք նաեւ գումարներ յատկացնել հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրին, որպէսզի շարունակուի եռախօսութիւնը հայերու, թուրքերու եւ քիւրտերու միջեւ, առաւելաբար քաղաքացիական ընկերութեանց գետնի վրայ։
Կ՚ուզենք նաեւ մեր երիտասարդ եւ նոր սերունդին համար՝ յառաջիկայ տասը տարիներու ընթացքին զարկ տալ ելեկտրոնային հրատարակութիւններուն, որոնք պիտի փոխարինեն հին ձեւերը։ Առաւել՝ պիտի քաջալերենք թարգմանութիւններ օտար լեզուներէ հայերէն եւ հայերենէ օտար լեզուներ։
Ունինք նաեւ այլ նոր ծրագիր մը։ Որքան որ տեղեակ եմ, մեր հիմնարկութիւնը Փորթուկալի մէջ երբեք մշակութային ձեռնարկ մը չէ կազմակերպած եւ կը խորհիմ որ ատիկա շատ կարեւոր է։ Օրինակ մը բերեմ։ Երբ ստանձնեցի հայկական բաժանմունքին տնօրէնութիւնը, պաշտօնակիցներս եկան եւ ըսին, թէ գիտենք որ Գալուստ Կիւլպէնկեանը հայ եղած է, բայց չենք գիտեր ո՞վ է հայը եւ ես այդ տեսնելով շատ զարմացայ։ Ուրեմն որոշած ենք Փորթուկալի մէջ գոնէ տարին անգամ մը կազմակերպել հայկական մշակութային ճոխ ձեռնարկ մը, որպէսզի փորթուկալցիները ծանօթանան մեր մշակոյթին… Այդ ծրագիրներէն առաջինը պիտի կայանայ 2014 Հոկտեմբերին։ Կը մտածենք նաեւ քով-քովի բերել որեւէ շրջանակի կամ կազմակերպութեան չպատկանող հայերը եւ խօսիլ ո՛չ թէ այսօրուան, այլ ապագայի մեր ընելիքներու մասին, թէ որպէս ազգ ո՛ւր կ՚երթանք… Օրինակ՝ «Հայերը 2115ին» խորագրով գիտաժողովներու շարք մը պիտի կազմակերպենք։
Ահաւասիկ մեր ծրագրի ամփոփ պատկերը։ Ըսեմ, որ ան գրուած է անգլերէնով, բայց պիտի թարգմանուի փորթուկալերէնի ու հայերէնի, հաւանաբար նաեւ ֆրանսերէնի։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըստ երեւոյթին այս ծրագրին իրագործումը նախատեսուած է յառաջիկայ հինգ տարիներու համար, ու հաւանաբար իւրաքանչիւր տարի վերատեսութեան պիտի ենթարկուի։ Հիմնարկի հայկական բաժինը ունի՞ յանձնախումբեր, խորհրդատուներ, որոնք ձեզի կ՚օգնեն ընտրութիւններու գործընթացին մէջ։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Բաժինը ունի գիտական յանձնախումբ մը, կազմուած՝ մեծ մասամբ ֆրանսահայ մասնագէտներէ, որ կը զբաղի հայագիտական ուսանողներու կրթաթոշակներու դիմումնագրերով։ Այսպիսի յանձնախումբերու
աշխատանքը կարեւոր նկատելով, որոշած ենք նման խորհրդատու քանի մը յանձնախումբեր ստեղծել, նաեւ ես իմ շուրջը պիտի հաւաքեմ խորհրդատու մասնագէտ խումբեր՝ մեր գործունէութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու ակնկալիքով։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լեզուն հաղորդակցութեան, ստեղծագործութեան ու մտածումի միջոց է, որու գործադրութեան ու զարգացման դաշտը մշակոյթն է, մշակութային ստեղծագործութիւնը։ Արդեօք նեցուկ պիտի հանդիսանա՞ք մշակութային գործունէութիւններու։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Անպայմա՛ն։ Պէտք է ըսեմ, որ մեզի համար դպրոցի եւ լեզուի չափ կարեւոր է նաեւ մշակոյթը, որու ամրապնդման համար պէտք է միջոցներ փնտռել։ Կ՚ուզեմ շեշտել, որ արեւմտահայ սփիւռքի համար մշակոյթը միայն հայերէն չէ, ան է՛ նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ ուրիշ լեզուներ, իսկ այս ուղղութեամբ եթէ հետաքրքրական նոր առաջարկներ ըլլան կամ ծրագիրներ մշակուին, անպայման նկատի կ՚առնուին մեր օժանդակութեան համար։
Մեր կարծիքով հայկական մշակոյթը ոչ թէ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի, այլ՝ իւրաքանչիւր սերունդ կը կերտէ զայն տարբեր հիմքերու վրայ եւ տարբեր տուեալներով եւ մենք պէտք է այդ նոր մշակոյթի կերտումը քաջալերենք։ Բայց կը խորհիմ թէ ընդհանրապէս գաղութի մը մշակութային կեանքը պէտք է կարենայ գաղութը հոգալ, որովհետեւ եթէ գաղութի մէջ մշակոյթ պահելու հետաքրքրութիւն չկայ ատիկա չի կրնար դուրսէն ըլլալ։ Անշուշտ ասիկա ընդհանուր գործնական փիլիսոփայութիւն է եւ գիտակից ենք, որ որոշ գաղութներ այդ կարելիութիւնը չունին։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արդեօք կարելի չէ՞ մշակութային գործունէութեան եւ գործիչներու նկատմամբ որդեգրել՝ լեզուի զարգացման օժանդակութեան ծրագիրը։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Լեզուի զարգացման ուղղութեամբ կառոյցներ ստեղծելու ծրագիրներ ունինք, բայց մեր օժանդակութիւնը չի կրնար յաւիտեան ըլլալ։ Ի դէպ ըսեմ, որ ես տարիներու ընթացքին Սփիւռքի մասին գրած իմ գիտական աշխատութիւններուս մէջ երբեք չեմ ըսած թէ լեզուն ինքնութեան միակ ազդակն է։ Պատմականօրէն հայերէն աշխարհաբար լեզուն միայն հարիւր յիսուն տարուան անցեալ ունի իբրեւ ինքնութեան կարեւոր մէկ մասը, նախքան այդ՝ շեշտուած է կրօնքի կարեւորութիւնը։ Սակայն, երբ ականատես կ՚ըլլանք լեզուի անկումին, այլեւս չենք կրնար ձեռնածալ նստիլ, պէտք է բան մը ընել զայն ամրապնդելու համար։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Եթէ ըլլան անձեր, որոնք մշակութային գետնի վրայ նորարար գաղափարներ ունենան, անոնք կրնա՞ն Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նեցուկը վայելել։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Այո՛, եւ մեր նպատակն ալ այդ է, կ՚ուզենք գանձատրել նո՛ր ծրագիրները, խրախուսել նոր գաղափարները։ Իսկ այս բոլորի դիմաց շատ աւելի խստապահանջ պիտի ըլլանք եւ հաշուետուութիւն պիտի ուզենք։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ կը մտածէք հայկական գիր ու գրականութեան տարածման վերաբերեալ, նկատի ունենալով որ Սփիւռքը միշտ ցրուումի, աւելի ու աւելի անջատուելու, հեռանալու ընթացք մը կ՚ապրի։ Օրինակ կարելի չէ՞ տեղեկատու եւ վաճառքի կեդրոն մը ստեղծել, որ կարենայ հրատարակուած գիրքերու բաշխումի դերը ստանձնել։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Նման կեդրոններ արդէն գոյութիւն ունին Գալիֆորնիոյ մէջ, ինչպէս այլուր, գրատուներ կան, եկեղեցիներն ու մշակոյթի կեդրոնները իրենց գրատուները ունին…
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բայց ատոնք մասնատուած պատկեր մը կը ցուցաբերեն, կեդրոնացուած չեն…
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ես այդ տեսակի կեդրոնացումի չեմ հաւատար, քանի որ եթէ կեդրոնը կորսնցնես շատ բաներ կը կորսնցնես։ Ես կը հաւատամ ապակեդրոնացած աշխատանքին։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ուրեմն հարցումը այլ կերպ ուղղեմ։ Կարելի չէ՞ այդ ապակեդրոնացած կեդրոններու համար կեդրոնացած ցանց մը ստեղծել որպէսզի համադրէ աշխատանքները։ Օրինակի համար, մենք Ֆրանսայի մէջ տեղեակ չենք, թէ, օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու կամ Լիբանանի մէջ ի՞նչ հրատարակութիւններ կան, ի՞նչ գիրքեր լոյս կը տեսնեն։ Անշուշտ չենք խօսիր անհատական կապերու մասին։ Ըսել է, թէ մենք տեղեկատւութեան կեդրոնացումի խնդիր ունինք։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Համակարգչային կամ ելեկտրոնային աշխարհի մէջ ատիկա գործադրելը դժուար չէ, հոյակապ գործ մը կ՚ըլլայ եւ ընդհանրապէս նմանատիպ գաղափարներ մեր կողմէ ողջունելի են։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այլ հարցում մը. այսօր բազմազբաղութեան կամ աշխատանքի պատճառով ծնողներ իրենց նախադպրոցական տարիքի երեխաները կը տանին մանկամսուր կամ կը յանձնեն մանկախնամի մը, իսկ ինչպէս յայտնի է առաջին երեք տարիները լեզուի իւրացման եւ ամրապնդման համար ամենէն կարեւոր տարիներն են։ Ուրեմն հարկաւոր է անձ մը որ նախաձեռնութիւնը առնէ եւ երիտասարդ ծնողներու ցանց մը ստեղծէ, որպէսզի այն ծնողները որոնք կարիքը ունին մանկախնամի կամ մանկամսուրի, ճիշդ տեղը առաջնորդուին, հայ երեխաները հայերէն թոթովեն մանուկ հասակէն։
ՌԱԶՄՒԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Անկեղծօրէն այս մասին չեմ մտածած, սակայն կ՚ենթադրեմ թէ իւրաքանչիւր գաղութ կարելիութիւնը կ՚ունենայ նման ցանց մը ստեղծելու։ Ծրագիրը հետաքրքրական է։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսօր հայ զանգուած մը կայ որ հայութենէ հեռու մնացած է լեզուի պատճառով եւ կը պակսին զինք տեղեկացնելու միջոցները։ Եթէ հայկական տեղեկատու համակարգ մը ստեղծելու ծրագիր մը ներկայացուի, արդեօք ձեր նեցուկին կ՚արժանանա՞յ։
ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Լաւ գաղափար մըն է։ Ճիշդ է, որ մեր գաղութներու մէջ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ունի իր փոքրիկ ցանցը, բայց ինչպէս ըսիք, միշտ աշխատանքը համադրելու խնդիրը կայ եւ պէտք է խոր մտածուած ծրագիր մը մշակուի, որ արդիւնաւէտ ըլլայ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ ցանց մը եւս չստեղծուի ուրիշ եօթը հարիւր ցանցերու կարգին…
- Շնորհակալութիւն։
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 19, 2013
No comments:
Post a Comment