22.10.13

Հայաստանի Գրողներու Միութիւն. ընդհանուր իրավիճակ, այսօրուան պատկեր եւ նախագահի ընտրութիւններ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
 
Կիրակի, 20 Հոկտեմբերին,  Հայաստանի Գրողների Միութիւնը 520 գրողներով պիտի  գումարէ իր 17-րդ համագումարը: Համագումարը արտահերթ է, որովհետեւ կը կայանայ Լեւոն Անանեանի անակնկալ մահով նախագահական թափուր աթոռը լրացնելու կարեւոր  օրակարգին համար: Մինչեւ այս յօդուածին գրուիլը, ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուութիւնը դրած էին ՀԳՄ ներկայ քարտուղար Էդուարդ Միլիտոնեան եւ  նախկին  ՀՀ  մշակոյթի նախարար Յովիկ Յովէեան, սակայն վերջին օրերուն աւելցաւ նաեւ ազգային գրադարանի նախկին տնօրէն Դաւիթ Սարգսեանի անունը:

Այս առումով ընդհանուր իրավիճակին վերահասու դառնալու համար զրուցեցի  երկու գլխաւոր թեկնածուներուն եւ անոնց համակիր նկատուող գրողներուն հետ: Այսպէս, հերթաբար՝ Ալվարդ Պետրոսեան,Գուրգէն Խանճեան, Էտուարտ Միլիտոնեան, Ղուկաս Սիրունեան, Յովիկ Յովէեան, Արքմենիկ Նիկողոսեան, Արփի Ոսկանեան եւ Վահագն Մուղնեցեան: Բոլորն ալ արժանաւոր ու իրենց կարեւոր տեղն ու արժէքը ունեցող գրողներ են որոնք  պատարստակամ էին իրենց կարծիքները փոխանցելու:
Կը խուսափիմ ըսելէ որ նիւթս ամբողջական է. զայն հասցուցած եմ իր աւարտին  պարզ այն մտքով, որ Գրողներու Միութեան թեման բաւական տարածունակ, բազմակողմանի խնդիրներով շաղկապուած թեմա է ու անոր հարցերը դժուար թէ մէկ յօդուածով կարելի ըլլայ լուսաբանել: Այնուամենայնիւ, փորձած եմ կարելիս ընել որպէսզի ընթերցողը իմանայ, թէ ընդհանրապէս որո՞նք էին Գրողներու Միութեան խնդիրները երէկ եւ ինչ ապագայ կը սպասէ այս խիստ կարեւոր կառոյցին՝ իմ կարծիքով, որուն զաւակներն են,  վստահ եմ, Հայաստան աշխարհով ու Սփիւռքով մէկ տարածուած հայ գիրի ու դպրութեան զինուորները:

ԱԼՎԱՐԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. «ՄԱՔՐԵԼ ԳՐՈՂՆԵՐԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ»
Արձակագիր Ալվարդ Պետրոսեանի համար կարեւոր են 20 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահի ընտրութիւնները: «Ոչ իմ տրամադրութիւնը եւ ոչ ալ իմ հոգսերը թոյլ չեն տալիս մանրախնդիր գնահատականեր տալ էսօրուայ իրավիճակին մասին: Պարզ դրա համար  որ երկար ճանապարհ ենք անցել  երկու թեկնածուների հետ: Ասեմ նաեւ, թէ երբ լուսահոգի Հրանդ Մաթեւոսեանը իր գրական գործունէութիւնը դադարեցրեց ես շատ բուռն կերպով պայքարել եմ որ Լեւոն Անանեանը դառնայ Հայաստանի Գրողների Միութեան նախագահ: Ու հիմա չեմ ուզում գնահատականներ տալ էդ հանգրուանի մասին պարզ էն պատճառով, թէ.... մեռածների մասին կամ լաւ կամ ոչինչ»: Այստեղ Ալվարդ Պետրոսեան  փափաք կը յայտնէ որ  անցեալ շրջանին Գրողներու Միութենէն ներս պատասխանատուութիւններ ստանձնած  գրողներ այլեւս պատասխանատու դեր չստանձնեն միութենէն ներս, որովհետեւ «այդ թիմը շատ գործունեայ եւ զօրեղ ներկայութիւն էր եւ նրանք կարող էին կանխել այն փլուզումն ու հասարակացումը որի առջեւ այսօր յայտնուած է միութիւնը»: Այս առումով է որ Պետրոսեան կը մերժէ պաշտպանել ՀԳՄ քարտուղար եւ նախագահի թեկնածու  Էդուարդ Միլիտոնեանի թեկնածութիւնը նկատել տալով, որ Միլիտոնեան եւ իր կողմնակիցները  չեն յաջողած այսպէս ասած փրկել Գրողներու Միութիւնը ու բնական է որ ասկէ ետք ալ պիտի չկարողանան ոչինչ ընել ու կ'աւելցնէ. «Վերջին հանգրուանին Գրողների Միութեան անդամ դառնալը դարձաւ հեշտ բան  ու ամէն մի գրամոլ դարձաւ Գրողների Միութեան անդամ ու յետոյ բոլորով մէկ մեղքը բեռցնում ենք մեր ժողովրդի ուսերին ասելով որ նրանք գիրք չեն կարդում  ու սա անընդունելի է»։ Պետրոսեան այս առումով ըսաւ, թէ մինչեւ հիմա Միլիտոնեան չկարողացաւ փրկել Միութիւնը  ու ան վստահ է, որ ան պիտի չկարողանայ մաքրել, իր ըսելով, «Աւգեան ախոռ»ի վերածուած Միութիւնը ու այս պատճառներով ան պիտի նախընտրէ որ բանաստեղծ Յովիկ Յովէեան ընտրուի Գրողներու Միութեան նախագահ, որովհետեւ իր կարծիքով «Յովէեանը տաղանդաւոր  մարդ է, նկարագրի տէր մարդ է եւ յատկապէս իր մտածողութեամբ ու անհաւատալի արմատներով հայ է: Ու ամէն դէպքում նա աւելի ճաշակաւոր մարդ է»,  եզրակացուց Ալվարդ Պետրոսեան: Պետրոսեանի համար Գրողներու Միութիւնը հիմնական  ու կարեւորագոյն  առաքելութիւն ունի  գրականութեան  եւ արուեստի որակներու վերագնահատման  առումով,  որովհետեւ «այնքան  բան է խառնուած  մեր մշակութային կեանքին որ կաթը արդէն դադարել է այլեւս կաթ լինել»: Պետրոսեան իր խօսքի աւարտին յայտնեց, թէ ինք տեղեակ չէ ընտրութիւններու ընթացքին քուէարկութեան ընդհանուր  պատկերին մասին բայց վստահեցուց. «Եթէ կռուի ես գնում ապա գնալու ես յաղթելու կամքով»: Պետրոսեան Յովիկ Յովէեանի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դնելու քայլը  համարեց սխրանք, որովհետեւ Յովէեան լաւ գիտէ այսօրուան ընդհանուր պատկերը ու հակառակ ամէն ինչին քաջաբար նետուած է պայքարի հունին մէջ: «Մեզ  թարմութիւն է պէտք», կ'ըսէ Պետրոսեան, ու կը շարունակէ «Նախկինում Պարոյր Սեւակի նման մարդ կարող էր մի յօդուած գրել ու ամբողջ տարի  մաքրէր  մեր մշակութային օդը ու այդ վերահսկելի տարիներին դրութիւնը արդէն դառնում էր անվերահսկելի: Պատկերացրէք որ մի յօդուած կարող էր թարմութիւն բերել մեր գրական  կեանքին»։ Ու կը շարունակէ. «Էն ժամանակ տաղանդաւոր մարդու գոյութիւնը զգացւում էր ու նրա խօսքը կարելի էր լսել: Իսկ հիմա համահարթեցում է գնում ու գորշութիւնը շատացած է»: Իր խօսքի աւարտին, Պետրոսեան  գնահատանքով կը խօսի Սփիւռքի մէջ հայ գրականութիւն ստեղծելու ճիգերուն մասին եւ կը պահանջէ որ Սփիւռքի գրողները խստապահանջ ըլլան նախ իրենք իրենց հանդէպ եւ ստեղծեն ճշմարիտ գրականութիւն՝ շարունակելու  համար Յ. Մնձուրիներու եւ Յ. Օշականներու աւանդը, ու կ'ըսէ  «Սփիւռքի գրողները, կարծում եմ, պէտք է գրեն յատկապէս իրենց ոգուն համար»:

ԳՈՒՐԳԷՆ ԽԱՆՋԵԱՆ. «ԴՐՍԻ ԱՂՄՈՒԿԸ ԻՆՁ ԲԱՐԿԱՑՆՈՒՄ Է»
Արձակագիր Գուրգէն Խանջեանի համար անընդունելի է Գրողներու Միութեան շուրջ ստեղծուած  այս մթնոլորտը ու ան իրավիճակը բացատրելով կ'ըսէ. «Այս աղմուկը որ կայ էսօր ՀԳՄ նոր նախագահի ընտրութեան շուրջ տարօրինակ ու նոյնիսկ անհեթեթ է թւում»: Խանճեան նկատել կու տայ  թէ այն աղմուկը որուն կ'ակնարկէ ինք Միութենէն դուրս ստեղծուած աղմուկն է եւ կ'ըսէ. «Ներսում բնական է  իրավիճակը: Գրողների Միութիւնը հասարակական կազմակերպութիւն է ու էդ կառոյցէն ներս կրնան կտրուկ փոփոխութիւններ լինել»: Ու կը շարունակէ. «Դրսի աղմուկը ինձ բարկացնում է իր անբովանդակութեամբ ստի շուրջ, սկանդալի շուրջ եղած այս խօսակցութիւնները անտեղի են»: Իր կարծիքով, Գրողներու Միութեան գլխաւոր նպատակը գրականութիւնն է բայց  ցաւ կը յայտնէ, որ հանրութեան այսօրուան հետքարքրութիւնը ուղղուած է սկանդալային նիւթեր կարդալու ուղղութեամբ: Ան կը  շարունակէ. «Ինձ  տարբեր, երբեմն չլսուած կայքերից լրագրողներ են զանգում ու հարցեր են տալիս թէ ինչ է կատարւում Գրողների Միութեան ներսում ու ցաւօք ես չեմ նկատել որ մեր հասարակութիւնը նոյն էսօրուայ հետաքրքրութիւնը ցոյց տայ գրականութեան հանդէպ», ու կ'աւելցնէ. «Մենք բովանդակութիւնը թողնելով ընկել ենք մանրամասնութիւնների յետեւից»: Խանճեան յոյս կը յայտնէ  նաեւ որ այս անցման շրջանը հնարաւոր կ'ըլլայ յաջողութեամբ անցընել ու  նոր նախագահով. «Մենք ոչինչ չենք կորցնի ու ոչ միայն չենք կորցնի այլ ընդհակառակը մի քայլ առաջ գնալով կը կարողանանք բոլորս միասին գրողների խնդիրները լուծել եւ փոփոխութիւններ աւելացնել»: Խանճեան աւարտին կ'ըսէ, թէ յառաջիկայ օրերուն թեկնածուները իրենց ծրագիրը կը կազմեն ու կը ներկայացնեն հանրութեան ու այդ հանգրուանէն ետք կարելի կ'ըլլայ հեշտօրէն կողմնորոշուիլ:
Գուրգէն Խանջեան նաեւ նախանձախնդիր է որ Գրողներու Միութիւնը շարուանկէ իր երթը որովհետեւ գրականութեան ծառայելու կարեւորագոյն հիմնարկներէն է եւ ունի իր հովանիին տակ գործող հինգ պարբերական գրական թերթեր եւ ամսագրեր:
Կը հանդիպիմ նաեւ Գրողներու Միութեան քարտուղար  բանաստեղծ Էդուարդ Միլիտոնեանին որ բանաստեղծ Յովիկ Յովէեանի կողքին կը համարուի Միութեան նախագահ դառնալու հիմնական թեկնածնուներէն մին: Միլիտոնեան, որուն ՀԳՄ  ընտրութիւնները կազմակերպելու գլխաւոր առաքելութիւնն է վստահուած, միութեան նախագահութեան կողմէ նկատել կու տայ, թէ «Մամուլում  բազմաթիւ անուններ  շրջանառութեան մէջ են դրուել ու այդ անունների մէջ կայ նաեւ իմ անունը»: Ու կ'աւելցնէ. «Ես տրամադիր եմ որ իմ անունը առաջադրուի որպէս Գրողների Միութեան նախագահ ու նախընտրական իրավիճակը ես շատ նորմալ եմ գնահատում»։ Միլիտոնեան նաեւ կ՚՚ըսէ, թէ Գրողների Միութեան պաշտօնական  օրկանին՝ «Գրական թերթ»ի մէջ բոլոր տեղեկութիւնները պիտի դրուին ընտրական գործընթացին վերաբերեալ: Միլիտոնեան պատասխանելով հարցիս, թէ ինչ ծրագիրներ ունի եթէ ՀԳՄ նախագահ ընտրուի, նկատել կու տայ,  որ ՀԳՄ արտաhերթ 16-րդ ժողովը երկու ամիս առաջ տեղի ունեցած է ու իր կարծիքով ներկայ հանգրուանին կարիք չկայ ծրագրային ինչ-որ առաջարկներ ներկայացնելու որովհետեւ գումարուելիք ժողովը ունի մէկ նպատակ եւ օրակարգ՝ ընտրել  ՀԳՄ նոր նախագահ:



ՂՈՒԿԱՍ ՍԻՐՈՒՆԵԱՆ. «Է. ՄՒԼՒՏՈՆԵԱՆԸ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐԻ ՄԱՐԴ Է»
Կը խօսիմ նաեւ արձակագիր Ղուկաս Սիրունեանին հետ, որ կ'ըսէ թէ ինք պիտի պաշտպանէ Էդուարդ Միլիտոնեանի թեկնածութիւնը որովհետեւ իր կարծիքով «Միլիտոնեանը յայտնի անուն է ու տաղանդաւոր մարդ: Նա գիտի գրականութեան մարդկանց եւ մեծ կապեր ունի դրսի ու յատկապէս ԱՊՀ երկրների հետ: Նա նախաձեռնող մարդ է եւ ստեղծող մարդ: Նա գաղափարների մարդ է ու ես վստահ եմ որ նա կարող է  իր ունեցած գաղափարները  իրականացնել»: Աւարտին, Սիրունեան  նկատել կու տայ  որ կարեւոր հանգամանք է, թէ Միլիտոնեան աշխատած է տարբեր պետական  վարչակազմերու օրօք ու չէ յարած որեւէ կուսակցութեան կամ խմբակցութեան, այլ գործած է շատ անուններու հետ ու այդ բոլորով հանդերձ, մնացած է որպէս Էտուարտ Միլիտոնեան, որ երբեք չէ ունեցած ծայրայեղութիւններ կամ շեղումներ:

ՅՈՎԻԿ ՅՈՎԷԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ԹՈՅԼ ՉԵՆՔ ՏԱՅ, ՈՐ ՍՓԻՒՌՔԸ ԸՆՏՐԱԶԱՆԳՈՒԱԾԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻ» 
Յաջորդ խօսակիցս բանաստեղծ Յովիկ Յովէեանն է: Նախկին նախարար Յովէեան կ'ըսէ, թէ իր թեկնածութիւնը չէ դրած ինքնըստինքեան, այլ պիտի առաջադրուի իր համախոհներուն կողմէ: Յովէեան կ'ըսէ նաեւ, թէ հակադրուելու համար չէ որ կ'առաջադրուի, այլ աշխատանքի այս դաշտին մէջ ըլալլու եւ գրականութեան խնդիրներուն լուծում բերելու համար: Յովէեան նաեւ մանրամասնօրէն կը խօսի այն կանոնագրական խախտումներուն մասին որոնք կատարուած են Միլիտոնեանի եւ իր  «թիմակիցներ»ուն կողմէ եւ կը բացատրէ, թէ մեծագոյն խախտումը Սփիւռքի գրողներուն ընտրական  զանգուածի  վերածելու երեւոյթն է, բան մը որ Գրողներու Միութեան կանոնադրութեան կողմէ արտօնելի եւ ընդունելի չէ: Այս առումով, Յովէեան նկատել կու տայ, թէ նախագահութեան նիստը, հակառակ բազմաթիւ  առարկութիւններու, որոշած է, որ Սփիւռքն ու Արցախը պիտի մասնակցին որպէս լիիրաւ անդամ ու «մենք էլ ուրախացանք, բայց նրանք պիտի մասնակցին որպէս ընտրելու իրաւունք ունեցող զանգուած. սա իմ կարծիքով շատ վիրաւորական էր, որովհետեւ եթէ Սփիւռքը պարտաւորութիւններ ունի ունի նաեւ իրաւունքներ»: Յովէեան նաեւ նկատել  կու տայ,  որ եթէ պատահի որ որեւէ սփիւռքահայ ընտրուի ՀԳՄ նախագահ, ան իրաւական հիմք չունի որեւէ օրինական գործառոյթ կատարելու: Յովէեան նաեւ կ'արձանագրէ, թէ  ներկայ ընտրութիւններուն  ՀԳՄ  նախագահական  թեկնածու Էդուարդ Միլիտոնեան կարեւոր խախտում ընելով ընտրական  քարոզարշաւներ կատարած է Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ ու կը հաւաստիացնէ, որ այդ առումով համացանցի վրայ կան նոյնիսկ տեսագրութիւններ: Յ. Յովէեան  նաեւ բացատրեց, թէ ըստ ՀԳՄ կանոնադրութեան,  նախքան ընտրութիւնը ոչ մէկ թեկնածու իրաւունք ունի ընտրական պայքար կամ քարոզարշաւ կատարելու: Ան ըսաւ, թէ իրեն համար կարեւորագոյն նպատակը գրողները պահպանելն է ու յատկապէս թոյլ չտալ որ հայ գրողը ծաղրի առարկայ դառնայ: Աւարտին Յովէեան յայտնեց, թէ կարիք չկայ ոչ մէկու հանդէպ ցեխ շպրտելու կամ վիրաւորելու, որովհետեւ բոլորս «գրողական ընտանիքի անդամներ ենք ու ամսի քսանից յետոյ մենք բոլորս միասին պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները»: Յովէեան  խորհուրդ տուաւ որ միւս յաւակնորդը ճիգ ընէ չխախտել կանոնագրութեամբ հաստատուած օրէնքները, նկատել տալով որ ինք թշնամական ոչինչ ունի անոր դէմ: Յովէեան յոյս յատնեց, որ սկանդալային բարձրաձայնումները եւ յայտարարութիւնները ընդմիշտ կը վերնան Հայաստանի Գրողներու Միութեան տարածքէն։ Աւարտին, Յովէեան  հաւաստեց, թէ ընտրուելու պարագային ինք պիտի դառնայ բոլոր գրողներու նախագահը:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ԴԺԳՈՀ ԵՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԷՆ
Հետաքրքրական պիտի ըլլար նաեւ լսել երիտասարդներուն կարծիքը գրական ընդհանուր մթնոլորտին ու յատկապէս Գրողներու Միութեան մասին: Այս առումով  գրաքննադատ Արքմենիկ Նիկողոսեան, որուն նախագահական թեկնածու ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ շրջան ըրին, ըսաւ. «Գրողական ընդհանուր վիճակը, բարեբախտաբար, Գրողների Միութեամբ չէ, որ պէտք է գնահատել: Ակտիւ, ստեղծագործական կեանքը շարունակւում է, գրում են, թարգմանում, տպագրում: Ցաւօք, այնպես է ստացվել, որ ՀԳՄ համագումարները, և այս մեկն էլ բացառութիւն չէ, գրական համայնքի ուշադրութիւնը շեղում են բուն գրականութիւնից եւ սեւեռում արտագրական խնդիրների վրա: Մխիթարում է այն, որ առայժմ ամէն ինչ խաղաղ է, բայց համագումարի ընթացքում անկանխատեսելի զարգացումները բացառուած չեն: Այո, կար մտադրութիւն մասնակցել ՀԳՄ նախագահի ընտրութիւններին, և դա միայն իմ ցանկութեամբ չէր, այլ թիմային որոշում՝ եթե կարելի է այդպէս ասել: Մտածում էինք, որ վերջին տարիներին իմ և իմ բազմաթիվ ընկերների կատարած աշխատանքը կարելի է աւելի համակարգուած ուղու մեջ դնել՝ ի շահ մեր գրականութեան, վերջապես թարմացնել ՀԳՄ կառույցն ու կառավարման համակարգը, այսպես ասած՝ մոդեռնացնել: Բայց մեր դիտարկումների ընթացքում համոզուեցինք, որ, ցաւօք, մեր գրողների մեծամասնութեան մօտ այն հոգեբանութիւնն է, որ նախապատուութիւնը տրուելու է ոչ թե նոր ծրագրերին, զարգացման իրօք մեծ հեռանկարներին, այլ անձերին: Նման պարագաներում անիմաստ էր պայքարելը, ուստի որոշեցինք առայժմ ձեռնպահ մնալ ընտրապայքարից: Յուսով ենք, որ ապագայում ամեն ինչ տեղը կ՚ընկնի: Բացի այդ, տայ Աստուած, որ ՀԳՄ նոր նախագահը կարողանայ իսկապէս արդիւնաւէտ աշխատել: Մեր ուզածն էլ, ի վերջոյ, դա է, ոչ թէ պաշտօնը»:
Իսկ Արփի Ոսկանեանը, որ բանաստեղծ է ու գրական  «Գրողոցաւ» կայքի փոխ խմբագիր, այսպէս ձեւակերպեց իր մտքերը. «Իմ կարծիքով, ով էլ լինի ՀԳՄ նախագահը, էդ կառույցն արդէն այնքան է վարկաբեկուած, այնքան է լցուած գրականութեան հետ կապ չունեցող մարդկանցով, այնքան է ապականուած, որ դա շտկելը, նորմալ հունի մէջ դնելը, գրականութեանը ծառայեցնելը իսկապէս շատ դժուար է լինելու, եթէ չասեմ՝ անհնար։ Ես յաճախ ինձ դրել եմ էդ կառույցի ղեկավարի տեղը ու մտածել եմ՝ ինչ կարելի կը լինի անել, որ մենք ունենանք գոնէ Հրանտ Մաթեւոսյանի ղեկավարած ՀԳՄ-ին մոտ մի բան, բայց չեմ գտել, թե ինչ է հնարաւոր անել, որովհետև բոլոր չափանիշները, որոնցով կարելի է, ասենք, մաքրել միութիւնը, թերի են։ Աւելի հեշտ է նոր գրողների միութիւն հիմնել։ ՀԳՄ նոր նախագահից կը պահանջուի տիտանական ջանք եւ արմատական փոփոխութիւնների կամք, որովհետեւ էս վիճակում միութիւնը ոչ միայն չի ծառայում գրականութեանը, այլև խանգարում է գրական գործընթացի ինքնակազմակերպմանը»։

ՎԱՀԱԳՆ ՄՈՒՂՆԵՑԵԱՆ. «ՄԵԶՆԻՑ ՇԱՏԵՐ ԱՐԴԷՆ ՄՏԱԾՈՒՄ ԵՆՔ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԱՅՍ ՄԻՈՒԹԻՒՆԻՑ»
Վերջին խօսակիցս նախագահական մրցանակի արժանացած արձակագիր Վահագն Մուղնեցեանն է: Մուղնեցեան իր խօսքի առաջին բաժնով անընդունելի համարեց  Գրողներու Միութեան նախագահի պաշտօնակատարին եւ իր կողմանկիցներուն կողմէ թոյլ տրուած բոլոր կանոնագրային խախտումները, ըսելով, թէ ոչ մէկ ձեւով ընդունելի է որ Գրողներու Միութեան նախագահի ընտրութեան  արտահերթ նիստէն առաջ ընտրարշաւ իրականացուի: Մուղնեցեան նաեւ ըսաւ, թէ ժամանակը եկած է, որ Գրողներու Միութիւնը մեծ փոփոխութիւններու ենթարկուի  ու ձերբազատուի  սովետական օրերէն եկած աւանդոյթներէն ու գործելակերպերէն: «Մեզնից շատեր արդէն մտածում ենք դուրս գալ այս միութիւնից, քանզի տխուր է այսօրուան իրավիճակը: Ցաւօք էսօր Գրողմների Միութիւնը դարձել է ժառանագականութիւն ապահովող  մի կառոյց»: Մուղնեցեան  դէմ արտայայտուեցաւ համահարթեցման ընդհանուր գործընթացին ու շեշտեց որ գրողները անհատականութիւն են ու «դէմ են այս ընթացքներին ու չի կարելի բոլոր գրողները բերել ու դնել մի նժարի վրայ»: Ան ըսաւ, թէ ցաւօք այսօր ստեղծագործական խնդիրները տարուած են  «յետին պլան» ու տագնապալին այն է որ կ'ապրինք այնպիսի ժամանակ, ուր  մեր ժողովուրդը  անձամբ չի ճանչնար իր արժանաւոր գրողները, նկատել տալով, թէ «չի եղել մի ժամանակ որ մեր ժողովուրդը անձամբ չի ճանաչել իր գրողներին  ու սա մեզ իրօք ցաւ է պատճառում»: Աւարտին  Մուղնեցեան  յայտնեց որ ինք այս համագումարին պիտի մասնակցի զինուած իր սկզբունքներով, դիտել տալով, թէ Յովիկ Յովէեանին պաշտպանելու իր որոշումին մէջ թշնամական ոչ մէկ վերաբերմունք կայ ու ըսաւ. «Մենք բոլորս միասին գրական կեանք ու ճանապարհ ենք անցել ու վստահ եմ որ ընտրութիւններից յետոյ նաեւ կը շարունակուի այդ գործակցութիւնը»:

ԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ «ՏՈՒՆ» Է ՊԷՏՔ
Երեւանի սրտին, Բաղրամեան փողոցի վրայ գտնուող ՀԳՄ-ի շէնքը սոսկական կառոյց մը չէ: Այսօրուան Հայաստանի վերջին շրջանի պատմութեան վկայարանն է: Ճիշդ է որ այս կառոյցը վերջին տարիներուն տատանումներու մէջէն անցաւ ու կորսնցուց  իր անցեալի փայլն ու արժէքը:
Ճիշդ է որ կան գրողներ որոնք ընդհանրապէս հեռու են այս կառոյցէն: Կան նաեւ  սփիւռքահայ գրողներ, որոնք վաղուց ոտք չեն դրած այդ կառոյցէն ներս որովհետեւ «տեղ մը բան մը սխալ էր»: Բայց կայ հաւատքը որ ով ալ ըլլայ Գրողներու Միութեան յաջորդ նախագահը պէտք է անյապաղ վերատեսութեան ենթարկէ այդ կառոյցի հիմնական դրոյթները եւ իր յարկին տակ համախմբէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի բոլոր արժանի անունները: Աւարտին, ինչպէս նիւթի սկիզբին ըսած է հայրենի հեղինակաւոր գրող Ալվարդ Պետրոսեանը, պէտք է կրկնել որ ՀԳՄ յաջորդ նախագահին առջեւ կարեւոր  ու հիմնական գործ կայ կատարելու, որպէսզի միութիւնը փրկուի ու  հեռուի պահուի փլուզման ճանապարհէն:Այս գնահատականը շատ նուրբ ու շատ մեղմօրէն տրուած գնահատական է այսօրուան իրավիճակին առջեւ որովհետեւ կը հաւատամ որ հայոց գիրը վառ պահողներուն համար, անկախ ամէն ինչէ, անկախ գաղափարական, էութենական եւ մօտեցումներու տարբերութիւններէն, կարիքը կայ տուն մը ունենալու: Որովհետեւ առանց այդ տան գաղափարին մենք կորսուած ենք, մենք չկանք:

«Հետք», Հոկտեմբեր 19, 2013

No comments:

Post a Comment