ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէս ծանօթ է, «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Փետրուար 1էն ունի նոր տնօրէն մը,
յանձին՝ Ռազմիկ Փանոսեանի։ Վերջինիս նշանակումը ի՞նչ փոփոխութիւններ
կ՚ենթադրէ Հիմնարկի գործունէութեան մէջ եւ ընդհանրապէս ի՞նչ ուղղութիւն
պիտի ստանան աշխատանքները։
ՄԱՐԹԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ («Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան հոգաբարձու եւ Կիւլպէնկեան գերդաստանի ներկայացուցիչ).- Մենք նոր տնօրէնին տուած ենք
բացարձակ ազատութիւն, բայց նաեւ ըսած ենք իրեն, որ փոփոխութիւններ պէտք է
ըլլան մեր գործելակերպին մէջ, նորարար ձեւերով աշխատելու։ Օրինակ՝ որոշ
մրցակցութեամբ ընտրուին մեզի ներկայացուած դիմումները, հիմնուելով յստակ
ծրագիրներու վրայ։
Ան ձեռնարկեց զանազան երկիրներ ճամբորդութեան, հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ։ Վերադարձին, պրն. Փանոսեան տեղեկացուց, թէ մեր գործելակերպն է, որ փոփոխութեան կը կարօտի, իսկ ուղղութիւնը կը մնայ նոյնը, հետեւաբար դրամի յատկացման մեր փիլիսոփայութիւնը վերատեսութեան ենթարկուած է, անոր օգտագործման ճիշդ ձեւերը կ՚ուսումնասիրուին, ճիշդ նպատակին ծառայելու եզրերը կը քննարկուին։ Առ այդ մեր ընդհանուր առաքելութիւնը եւ մեր առաջնահերթութիւնները կը մնան նոյնը։ Իմ կարծիքով Հիմնարկի հայկական բաժնի մեր նոր տնօրէնը այդ գործին համար ճիշդ անձն է, նկատի ունենալով որ ան լաւ կը ճանչնայ հայկական Սփիւռքը։
Ան ձեռնարկեց զանազան երկիրներ ճամբորդութեան, հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ։ Վերադարձին, պրն. Փանոսեան տեղեկացուց, թէ մեր գործելակերպն է, որ փոփոխութեան կը կարօտի, իսկ ուղղութիւնը կը մնայ նոյնը, հետեւաբար դրամի յատկացման մեր փիլիսոփայութիւնը վերատեսութեան ենթարկուած է, անոր օգտագործման ճիշդ ձեւերը կ՚ուսումնասիրուին, ճիշդ նպատակին ծառայելու եզրերը կը քննարկուին։ Առ այդ մեր ընդհանուր առաքելութիւնը եւ մեր առաջնահերթութիւնները կը մնան նոյնը։ Իմ կարծիքով Հիմնարկի հայկական բաժնի մեր նոր տնօրէնը այդ գործին համար ճիշդ անձն է, նկատի ունենալով որ ան լաւ կը ճանչնայ հայկական Սփիւռքը։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նոր ծրագիր մշակելու գործընթաց մը հաստատած էք հիմնարկութեան ապագային համար։ Արդեօք պայմանաժամ մը գոյութիւն ունի՞
արդիւնքներու ստուգման համար։
ՄԱՐԹԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Մեր ծրագիրը նախատեսուած է
յառաջիկայ հինգ տարիներու համար, սակայն մենք պիտի չընկրկինք
դժուարութիւններու առջեւ, եթէ գործադրութեան ընթացքին թերութիւններ
նկատենք, կրկին ու կրկին պիտի սրբագրենք մինչեւ որ հասնինք մեր ուզած
արդիւնքին։ Մեր ծրագիրները յարատեւ արժեւորումի պիտի ենթարկենք։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կը բանի «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը, ո՞րն է իր գործունէութեան դաշտը։
ՄԱՐԹԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Փորթուկալի մէջ հաստատուած մեր հիմնարկութիւնը կը կառավարուի վեց
գործադիր եւ երեք ոչ-գործադիր հոգաբարձուներու կողմէ։ Ունինք մօտաւորապէս
500 պաշտօնեայ, ներառեալ նուագախումբը։ Մեր ընդհանուր դրամագլուխը երեք
միլիառ եւրօ է։
Իսկ հիմնարկութեան տարեկան պիւտճէն մօտաւորապէս հարիւր միլիոն եւրօ է։ Մեր
գլխաւոր գործունէութեան առանցքը կը կազմեն մշակոյթը, գիտութիւնը եւ կրթութիւնը։
Իսկ հիմնարկութեան տարեկան պիւտճէն մօտաւորապէս հարիւր միլիոն եւրօ է։ Մեր
գլխաւոր գործունէութեան առանցքը կը կազմեն մշակոյթը, գիտութիւնը եւ կրթութիւնը։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Լիզպոնէն զատ ուրիշ կեդրոններ ունի՞ք։
ՄԱՐԹԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Բացի Փորթուկալի կեդրոնէն, մենք ունինք Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ
փոքր կեդրոններ։ Ի դէպ աւելցնեմ, թէ կը փափաքինք Փարիզի մեր կեդրոնը աւելի
յաճախ օգտագործել հայկական մշակութային ու գիտական ձեռնարկներ
կազմակերպելու համար։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսօր, աշխարհայնացման ընդհանրացած
հոլովոյթին մէջ եւ հայութեան յարատեւ սփիւռքացման գործընթացին դիմաց,
լրատուամիջոցը կենսական առանցքային դերակատար կը դառնայ, տեղեկատուութեամբ
համայնքի մը անդամները իրազեկ կը դառնան համայնքային կեանքի տարբեր
երեսներուն։ Բայց յաճախ անոր մոռցուածի անկիւն մը, լքուածի կարգավիճակ կը
վերապահուի։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը մասնաւոր դերակատարութիւն պիտի ունենա՞յ
այս մարզէն ներս
ՄԱՐԹԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Կը հաւատամ որ ընդհանրապէս մամուլը
մշակութային կեանքի գլխաւոր մասնիկներէն մէկն է, իսկ մասնաւորապէս հայ
մամուլը հայերէն լեզուն մշակող լծակ մըն է։ Պէտք է առաւել ներթափանցիկ
ըլլայ, աւելի տարածուն՝ օգտագործելով նորագոյն լրատու միջոցներ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կիւլպէնկեան Հիմնարկը ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ հայութիւնն ու հայ
մշակոյթը եւրոպական մշակութասէր հանրութեան ծանօթացնելու ուղղութեամբ։
ՄԱՐԹԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Կ՚ենթադրեմ որ մեր գլխաւոր հարցը այն է, որ հայութիւնը ուր որ ալ
ըլլայ հպարտ է իր ազգային ինքնութեամբ, սակայն եւրոպական կամ ընդհանրապէս
միջազգային գետնի վրայ ինքզինք ներկայացնելու դժուարութիւնը ունի։ Մեր հիմնարկութիւնը իբրեւ միջազգային կազմակերպութիւն կրնայ մէկ կողմէ՝ հայկական
Սփիւռքի զանազան համայնքներուն եւ միւս կողմէ՝ հայ գաղութներու եւ
միջազգային հանրութեան միջեւ կապերու ամրապնդումին օժանդակել։ Նաեւ կը
քաջալերենք թարգմանութիւններն ու հրատարակութիւնները, որպէսզի հայկական
մշակոյթը աւելի տարածուի ոչ-հայկական շրջանակներու մէջ։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսօր բազմալեզուութիւնը իրողութիւն մըն է. հայերէնը էական տեղ մը կրնա՞յ գրաւել այնտեղ։
ՄԱՐԹԻՆ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Յառաջիկայ հինգ տարիներու ընթացքին նախապատուութիւնը պիտի տանք
արեւմտահայերէնի զարգացման գծով տարուող աշխատանքներուն, նկատի ունենալով
որ անցնող 30-40 տարիներուն ան նահանջ ապրած է։ Միւս կողմէ ալ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ երկրորդ կամ երրորդ լեզու մը կարելի է դիւրութեամբ ուսուցանել երեխային, պայմանաւ որ ան սկսի փոքր տարիքէն։ Ուրեմն հայ մանուկը կրնայ դիւրութեամբ սորվիլ թէ՛ հայերէնը եւ թէ՛ տեղական լեզուները։ Այլ խօսքով, բազմալեզուութիւնը հարստութիւն կը նկատենք եւ կը քաջալերենք։
«Նոր Յառաջ», Հոկտեմբեր 19, 2013
No comments:
Post a Comment