ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ
Հայաստան այցելութեանս ընթացքին հանդիպեցայ բազմաթիւ հետաքրքրական
անձերու, որոնց շարքին՝ Ռուբէն Միրաքեանը։ Անմիջապէս փափաքեցայ իրեն հետ
հարցազրոյց մը ունենալ, որպէսզի ցոյց տամ, թէ որքա՛ն ազգօգուտ աշխատանք կը
տանի ան՝ իբրեւ գործակից ունենալով Մարատ Եաւրումեանը։
Միրաքեանն ու Եաւրումեանը կ՚՚ապրին Երեւան։ Անոնք Հայաստանի Պետական համալսարանի արաբագիտութեան բաժինի դասախօսներ են։
Այս երկու դասախօսները մէկ տարի առաջ ձեռնարկեցին հրաշալի գործունէութեան մը։ Apple ibookstore-ի ցանկին վրայ կ՚՚աւելցնեն հայերէն լեզուն եւ որպէս արդիւնք՝ մէջտեղ կը բերեն Armenian ibooks-ը՝ հայկական առաջին ելեկտրոնային գիրքերը։ Այժմ Apple ibookstore եւ Google ebooks հարթակներուն վրայ կարելի է գտնել հայերէն գիրքեր, շնորհիւ Միրաքեանին եւ Եաւրումեանին։ Բացի ատկէ, գիրքերը կարելի է կարդալ ebook Reader-ներով, Kindle Kobo-ի, Sony Reader-ի եւ Android-ի միջոցաւ։
Հարցազրոյցս տեղի ունեցաւ «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ։
- Ե՞րբ նախաձեռնեցիք Armenian ibooks ծրագիրին։
- Նոյեմբեր 2012ին։

- Ի՞նչ նիւթերով գիրքեր կարելի է գտնել հոն։
- Կան 40է աւելի գիրքեր. դասական, ճամբորդական, խոհանոցային, մանկական եւ այլ տեսակի գիրքեր։ Վերջերս աւելցուցինք թուրք հեղինակ Ֆեթհիյէ Չեթինի «Մեծ Մայրս» գիրքը։ Հեղինակին մեծ մայրը իր կեանքի վերջին տարիներուն կը յայտնէ, թէ մինչեւ 1915 թուական՝ եղած է հայ, Հերանուշ Կատարեան անունով:

- Ի՞նչ արժէքներով գիրքեր կարելի է գտնել հոն։
- Գիրքերուն 25 տոկոսը կարելի է ձեռք ձգել անվճար։ Ասոնց կողքին, մնացեալ գիրքերուն սակը կը տարուբերի 99 սենթէն մինչեւ 3 տոլար 99 սենթի միջեւ։

- Ընդհանրապէս ո՞ւր կ՚՚ապրին ձեր ընթերցողները։
- Մեր ընթերցողները կը գտնուին Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա եւ Եւրոպա։ Armenian ibooks-ը տակաւին անհասանելի է Հայաստանի մէջ, սակայն կ՚աշխատինք այդ վիճակը փոխել։ Դիմած ենք change.org-ին, որպէսզի Հայաստանի մէջ Armenian ibooks-ը հասանելի դառնայ ընթերցողին։

- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք ձեր ընթերցողներուն թիւը։
- Բազմաթիւ ընթերցողներ ունինք։ Այս թիւը մեզի մեծ զարմանք կը պատճառէ։ Մեծ զարմանք է նաեւ տեսնել, որ արտասահմանցիք կը կարդան ընդհանրապէս մեծ թիւով արեւելահայերէն գիրքեր։

- Ինչպիսի՞ խոչընդոտներու կը հանդիպիք ձեր այս աշխատանքին ընթացքին:
- Apple ibookstore եւ Google play ebooks հարթակները փակ են Հայաստանի մէջ։ Դժուարութիւն ունինք նաեւ հովանաւորներ գտնելու։ Եթէ ունենաք հովանաւորներ, ապա աւելի մեծ թիւով գիրքեր կը դարձնենք անվճար։ Դիմած ենք շատ տեղեր, սակայն տակաւին ոչ մէկ դրական պատասխան ստացած ենք։ Սպասումի մէջ ենք։

- Ի՞նչ պատճառներ մղեցին ձեզ, որ նախաձեռնէք այս ծրագիրին։
- Երբ տեսանք, թէ հայերէն լեզուով ելեկտրոնային գիրքեր տակաւին գոյութիւն չունին, հակառակ նման տիպի գիրքերու ընդհանրացումին։ Ինչո՛ւ ոչ հարիւրաւոր հայերէն գիրքեր ձեռք բերել քանի մը վայրկեաններու մէջ։ Առաւել, նկատի առինք բնապահպանման խնդիրը, որ չի պահանջեր թուղթ՝ տպագրութեան համար։

- Ի՞նչ են ձեր ապագայի ծրագիրները այս նախաձեռնութեան առնչութեամբ։
- Կ՛ուզենք մեր գիրքերուն թիւը բազմացնել։ Ինչպէս նաեւ կ՚աշխատինք Armenian ibooks-ը հասանելի դարձնել Հայաստանի մէջ։ Նախաձեռնած ենք ստորագրահաւաքի մը, որպէսզի իրագործենք մեր նպատակը։

- Ինչպէ՞ս կը ծանօթացնէք հանրութեան Armenian ibooks-ը։
- «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ։
- «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ։
- Ի՞նչ կրնաք ըսել հեղինակի իրաւունքներուն մասին։
- Շատ կը յարգենք մեր հեղինակները: Կը պահպանենք անոնց բոլոր իրաւունքները )copyright) եւ չենք թողուր, որ իրենց գործերը արտատպուին կամ գողցուին:

Հարցազրոյցս վերջացուցի եւ ոգեւորուած՝ ուղղուեցայ Երեւանի արժամեայ
բնակարանս։ Հսկայական Ամերիկայի մէջ փորձած էի իմ մանկապատանեկան գիրքերս
հրամցնել ելեկտրոնային միջոցով։ Չէի յաջողած։ Ահա Երեւանի մէջ հասած եմ
նպատակիս։ Հայաստանէն պիտի կարենամ իմ գիրքերս օգտագործելի դարձնել
արտասահմանի ընթերցողներուն՝ Apple-ի Armenian ibooks-ին միջոցով։
Հիացած էի Միրաքեանի եւ Եաւրումեանի տարած աշխատանքով։ Համոզուած եմ, որ անոնց նուիրական, ժամանակակից աշխատանքը եւ որդեգրած արդիական միջոցները կենդանի պիտի պահեն հայ գիրքն ու հայ գրականութիւնը, յատկապէս նոր սերունդին մօտ։

«Ասպարէզ», Սեպտեմբեր 9, 2013
No comments:
Post a Comment