18.9.13

«Արամ» ընկերակցութիւնը կը թուայնացնէ «Յառաջ»ը

Ժան-Կարպիս Արթէնի (1930-2012) կողմէ հիմնադրուած Մարսէյլի «Արամ» ընկերակցութիւնը (Association pour la Recherche et l'Archivage de la Mémoire) ձեռնարկած է ֆրանսահայ «Յառաջ» օրաթերթի բոլոր թիւերու թուայնացման գործին, արտօնութեամբ՝ թերթի երկարամեայ տնօրէնուհի Արփիկ Միսաքեանի:
Առաջին առթիւ պիտի թուայնացուին 1950էն 1960ի միջեւ լոյս տեսած թիւերը, ապա՝ 1945-1949 եւ 1961-2009 շրջանին պատկանող թիւերը (*): Իսկ ինչ կը վերաբերի 1925-1940 շրջանին, կան պակսող թիւեր եւ կը կարօտին յատուկ մշակումի՝ թուայնացնել կարենալու համար: 1940-45ին, Բ. համաշխարհային պատերազմի գերմանական գրաւման տարիներուն, «Յառաջ» լոյս չէ տեսած:
Նշենք, որ «Յառաջ» հիմնադրուած էր 1925ին Փարիզի մէջ, Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ: 1957ին՝ անոր մահէն ետք, թերթին տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեան: «Յառաջ»ի վերջին՝ 22.214րդ թիւը լոյս տեսաւ 2009 Մայիս 30ին: Թերթին գործածած կապարագրերէն մաս մը, ինչպէս նաեւ վերջին թիւին չորս էջերու կաղապարները Արփիկ Միսաքեանի կողմէ նուիրուած են «Արամ»ին, որոնք ցուցադրուած են վերջնոյս աշխատանոցին մէջ:
Թուայնացուած էջերը պիտի զետեղուին ընկերակցութեան webaram.com կայքէջին վրայ:
 
«Նոր Յառաջ», Սեպտեմբեր 17, 2013
 
(*) Աւելցնենք, որ անկախաբար այս խորապէս գնահատելի ծրագրէն, ընկերակցութեան կայքէջին մէջ արդէն տեղադրուած էին «Յառաջ»ի 1975ի առաջին կէսին թիւերը։ Այս լուրը հրապարակելու պահուն,  ընթերցողին լրիւ տրամադրելի են 1950-1960ի թիւերը («Հայկականք»)։ 

No comments:

Post a Comment