ԱԲՕ ՊՕՂԻԿԵԱՆ
Ուսանող էի ու վկայականի համար «Մենք» գրական շարժումին մասին
ուսումնասիրութիւն պէտք է պատրաստէի: Շաւարշ Միսաքեանի հիմնած «Յառաջ»
օրաթերթի էջերուն վրայ, վստահ էի, որ ահագին նիւթ կար «Մենք»ի շարժումը
սկսող գրողներուն մասին: «Ստիպուած»՝ կնոջս հետ Փարիզ գացի: Թերթի
սեփականատէր-խմբագիրը Շաւարշի դուստր Արփիկն էր, որ սիրով տրամադրեց
«Յառաջ»ի հաւաքածոները՝ խմբագրատան մէջ պրպտումներս կատարելու:
Փարիզի գեղատեսիլ վայրերուն հետ «Յառաջ»ի էջերու ընթերցումները մեզի համար ուղղակի վայելք եղան: Ուրեմն՝ կրնաք հասկնալ, թէ երէկ ի՛նչ զգացումներով «Նոր Յառաջ»ի մէջ կարդացի, որ «ԱՐԱՄ» ընկերակցութիւնը (Մարսէյլէն) յանձն առած է «Յառաջ»ի բոլոր թիւերու թուայնացման գործը: Մշակութային, պատմական, ընկերային, գաղութային (նոր կազմաւորուած Սփիւռքի կարեւորագոյն օճախներէն մէկուն մասին) արժէքաւոր տեղեկութեանց անսպառ շտեմարան մը պիտի նուիրուի բոլորիս, եւ այդ հարստութիւնը մատչելի պիտի դառնայ առցանց՝ webaram.com կայքէն:
«Առաջին առթիւ պիտի թուայնացուին 1950էն 1960ի միջեւ լոյս տեսած թիւերը, ապա՝ 1945-1949 եւ 1961-2009 շրջանինները: Իսկ ինչ կը վերաբերի 1925-1940 շրջանին՝ կան պակսող թիւեր եւ կը կարօտին յատուկ մշակումի՝ թուայնացնել կարենալու համար», կը տեղեկացնէ «Նոր Յառաջ»ը:
«Ազդակ»ի խմբագիր Շահան Գանտահարեանէն իմացայ, որ խմբագրատան յարկին տակ, նուիրատուի մը ծախսերով կը շարունակուի նաեւ «Ազդակ»ի թուայնացման աշխատանքը:
Բարի նախանձով կը հետեւիմ այս աշխատանքներուն՝ յուսալով, որ մեր շրջանի բարերարներուն մէջ եւս ծնի այդ նախանձը եւ իրենք եւս կարելի դարձնեն «Ասպարէզ»ի 105 տարիներու արտադրութեան թուայնացումը, որ նոյնքան հարուստ նիւթերով պիտի ճոխացնէ այդ ժամանակաշրջանի հայոց պատմութիւնը:

«Ասպարէզ», Սեպտեմբեր 18, 2013
No comments:
Post a Comment