31.7.13

Մտորումներ շարժում կառուցելու մասին. դիմադրութեան ու համերաշխութեան մշակոյթի խթանումը

ԲԱԲԿԷՆ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (*)
Թարգմանեց՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ
Շարժումի կառուցումը պարզ գործ չէ։ Հակակշիռէ դուրս բազմաթիւ ազդակներ կան, սայթաքումի բազմաթիւ առիթներ, բազմաթիւ անյայտներ։ Ուսուցողական ձեռնարկ գոյութիւն չունի։ Յաճախ, նոյնիսկ յստակ գաղափար չկայ՝ վերջնական արդիւնքի առնելիք ձեւին մասին։
Այս պատճառով, շարժումի մը երկարաժամկէտ յաջողութիւնը մեծապէս կախուած է անոր ինքնավերլուծման կամ փրաքսիսի՝ տեսութեան եւ գործադրութեան համատեղումի կարողութենէն։ Ինչ որ այսօր ականատես ենք Երեւանի մէջ՝ աննախադէպ է։ Անթերի չէ, ինչ որ հարց չէ։ Որոշ բաներ արդիւնաւորուեցան, եւ լաւ կերպով։ Նուազ քան մէկ շաբթուան միջոցին, հանրակառքի ուղեվճարի յաւելումը յետս կոչուեցաւ (գէթ առժամաբար)։ Բայց ասիկա շարժումի մը ծնունդը չէ։ Աւելի կարեւոր քան ծնունդը՝ շարժումի մը հասունացումն է։ Շարժում մըն է, որ աւելի փորձառու եւ աւելի ինքնավստահ կը դառնայ իւրաքանչիւր քայլով։ Հանրակառքի ուղեվճարի 50 առ հարիւրի յաւելումը կասեցնելու յետնախորքին, կազմակերպելու եւ շարժում կառուցելու նոր կերպեր կը ձեւաւորուին, ու ասոր հետ՝ դիմադրութեան եւ համերաշխութեան նոր մշակոյթ մը, որոնք համակարգային ընկերային փոփոխութեան հիմնաքարերն են։ Վերջին յաղթանակի լոյսին տակ, ինքնավերլուծումը տեղին եւ խոհեմ կը թուի։
Այսօրուան շարժումը իւրայատուկ յատկանիշեր ունի։ Ո՛չ միանձնեայ ղեկավար ունի, ո՛չ ալ ղեկավար կազմակերպութիւն, ինչ որ կրնայ դիտուիլ թէ՛ որպէս առաւելութիւն եւ թէ՛ որպէս պակասութիւն, բայց անժխտելի ճշմարտութիւն է, որ կը ծառայէ որպէս հզօրացման անհաւատալի աղբիւր։ Ամէն մէկը առաջնորդ է, ամէն մէկը հետեւորդ է, եւ այս երկու դերերէն պատասխանատուութիւն կը ծագի։ Աւելի՛ն. ասիկա կ՚ամրապնդէ այն միտքը, որ Հայաստանի խնդիրներուն լուծումները փրկարար քաղաքական գործիչի մը սպասումին կամ վարդապետական կուսակցականութեան կոյր նուիրումին մէջ չեն կայանար։ Լուծումները կը կայանան նախաձեռնութիւն ստանձնելու հաւաքական կամքին մէջ, անարդարութեան դէմ ոտքի կանգնելու եւ նոր բան մը փորձելու։ Այս իմաստով, այսօրուան շարժումին պարզ մասնակցութիւնը կը ստեղծէ եւ կը խթանէ հզօրացած քաղաքացիութիւն մը։ Կը ծառայէ որպէս մարզումի հարթակ՝ քաղաքացի-գործիչներու (activist) նոր սերունդի մը։ Շատերու համար, ասիկա իրենց առաջին շարժումն է։ Յաղթանակի համը առնելը կը նշանակէ, որ շատեր հաւանաբար պիտի վերադառնան յաջորդ հանգրուանին համար։ Անոնք աւելի փորձառու եւ, կը յուսանք, աւելի հզօրացած պիտի ըլլան, քան երբ միացած էին այս մէկուն։
Շարժումը կառուցային իմաստով նորարարական է. կը համադրէ դուրսէն փոխ առնուած թեքնիքներ եւ ստուգապէս տեղական արտադրութեան լուծումներ։ Թոյլ համադրուած ցանց մըն է ոչ-ձեւականօրէն կազմակերպուած խումբերու, ուր մարդիկ միաւորուած են արժէքներու, գաղափարներու, նպատակներու եւ պահանջներու, ոչ թէ կազմակերպութիւններու շուրջ։ Միաժամանակ առցանց (online) է -- ցրուած՝ «Դիմագիրք»ի զանազան խումբերու եւ էջերու մէջ, ուր մարտավարութիւններ ու ռազմավարութիւններ անվերջ կերպով կը քննարկուին -- եւ անցանց (offline), տեսանելի՝ քաղաքի երկայնքին, գործողութիւններու (action) միջոցաւ, եւ Մաշտոցի զբօսայգիի ամէն գիշերուան ընդհանուր հաւաքներուն՝ "Occupy"-ի ոճով (*)։ Ի տարբերութիւն "Occupy" շարժումին, սակայն, եւ մեր գործիչներուն ի պատիւ, շարժումը ինքնանպատակ չէ, «գիտակցութիւն բարձրացնելու» կամ «բարի պայքարը պայքարելու» մասին չէ։ Շատ շօշափելի եւ յատուկ բաներու հասնելու մասին է։ Այս կառոյցին ընդմէջէն, շարժումը կը խրախուսէ նոր արժէքներ, ինչպէս հորիզոնականութիւն, ձայնի հաւասարութիւն եւ ինքնակազմակերպում։ Այլ խօսքով, ասոնք են խաղին օրէնքները եւ խաղալու ուրիշ ձեւ չկայ։ Ով որ փորձէ տարբեր օրէնքներով խաղալ, անմիջապէս սադրիչ կը պիտակուի եւ խեցեվճիռի կ՚արժանանայ։ Առաջին հայեացքով, կրնայ շատ կոպիտ թուիլ, բայց այժմեան հայկական իրականութեան մէջ, ուր պետական ու մասնաւոր շահագրգռութիւններով սադրիչները առատ են, ասիկա իսկապէս շատ արդիւնաւէտ կանխարգելիչ մը եղած է չէզոքացման եւ խափանարարութեան դէմ։Այս շարժումը հիմնուած է իրացական (concrete) խնդրի մը վրայ, հանրութեան լայն շերտերու շահերուն վրայ եւ նպատակաուղղուած է։ Ասիկա ակնյայտ կը թուի՝ մակերեսի վրայ, բայց խորքին մէջ երեք ազդակներուն համաժամանակեայ ներկայութիւնը թարմ եւ յարաբերաբար նոր երեւոյթ է։ Խնդիրը ինքնին գրեթէ երկրորդական է -- ի հարկէ, հրատապ խնդիրներու պակաս չկայ Հայաստանի մէջ -- բայց այստեղ իրացական խնդրի վրայ հիմնուած ըլլալը բանալի է։ Փաուլօ Ֆրէյրէի խօսքով, «ճամբան կը բացուի քալելով» (**)։ Եւ կը քալես քայլ առ քայլ։ Ժողովուրդի ընդհանրութեան վերաբերող իրացական խնդիրներու ձեռք զարնելը ճիշդ այդ է։ Ի տարբերութիւն քաղաքացիական զօրաշարժի այլ նորագոյն փորձերու, այսօրուան շարժումը վերացական կամ հռետորական չէ։ Նշանակէտ ունի ու գործնապաշտ է։ Ի սկզբանէ, ան կարողացաւ յստակօրէն ձեւակերպել իր նպատակներն ու պահանջները՝ թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ՛ երկարաժամկէտ։ Երբեք շփոթ չեղաւ, թէ ի՞նչ կը հետամտէին, կամ ինչո՞ւ։ Այսպիսի ընդունակութիւն թէ՛ շարժումը կը պաշտպանէ հնարաւոր չէզոքացումէ (cooptation) եւ թէ՛ շփոթութենէ՝ հանրութեան եւ լրասփիւռներու մօտ։ Նաեւ փոխադարձ վստահութիւն կը ստեղծէ գործիչներու միջեւ։ Քանի որ ամէն ոք ինքնակամ կերպով կը մասնակցի, կարելի է վստահօրէն ենթադրել, որ շարժումին ամէն մասնակից միեւնոյն պահանջներու շարքը կը հետամտի եւ միեւնոյն արժէքներու զօրավիգ կը կանգնի։
Այս շարժումը ներմուծած է նոր ու նորարար մարտավարութիւններու բազմազանութիւն մը։ Ազատութեան հրապարակի հինցած ու ապարդիւն հանրահաւաքները ակներեւօրէն բացակայ են։ Անոր փոխարէն Մաշտոցի զբօսայգին կայ։ Հարթակէն դասախօսութիւն լսելու փոխարէն, մարդիկ կը միանան քննարկելու, մարզուելու, ներշնչուելու եւ իրական գործ կատարելու։ Ասիկա կը ստեղծէ համերաշխութեան մշակոյթ մը այլազան խումբերու եւ երեւութապէս անհամատեղելի դաշնակիցներու միջեւ։ Այստեղ, գործընթացը այնքան կարեւոր է, որքան արդիւնքը։ Այս գործընթացին ընդմէջէն, ամէն ոք կը ներդնէ իր լաւագոյնը՝ փոխլրացուցիչ եւ մասնակցական ձեւով։ Այլ խօսքով, շարժումը կը դառնայ մարդոց միաւորում մը, ուր իւրաքանչիւրը լաւագոյն գործունէութեան լրացումը կը կատարէ, ինչ որ ռազմավարական օգուտ ունի, որովհետեւ շարժումի տիրութեան զգացում կ՚ընծայէ մասնակիցներուն։ Ահա այստեղ է, ուր տեղի կ՚ունենայ շնական (cynical) հանդիսատեսէ դէպի գործիչ անցումը, որովհետեւ տիրութեան զգացում ունենալ կը նշանակէ շահագրգռուիլ արդիւնքի մասին։
Մարտավարութիւններու այս այլազանութիւնը իրօք շարժումին վառելանիւթն է։ Անոնք ներգրաւումի բազմաթիւ մակարդակներ եւ շարժումին մէջ մուտքի բազմաթիւ կէտեր կ՚ընծայեն մարդոց տարբեր խումբերու։ Եթէ ժամանակ եւ հետաքրքրութիւն ունիք, կրնաք ներկայ ըլլալ ընդհանուր ժողովներուն, միանալ ձեր շրջակայքը ապրող ուրիշներու՝ տեղական գործողութիւններ կազմակերպելու համար։ Եթէ ինքնաշարժ ունիք, կրնաք մասնակցիլ «անվճար մեքենայ» նախաձեռնութեան՝ համախոհ դարձած անծանօթներ տուն տանելով։ Եթէ աշխատանքէն ուշացած ուղեւոր էք, ուրեմն մերժած էք վճարել նոր ուղեվճարը։ Ամէն մակարդակի վրայ, ընդդիմութեան ձեր սեփական կերպը ցոյց տալու ձեւեր կան։ Իսկապէս պարզ է. որքան աւելի մասնակցութեան ձեւեր ըլլան, այնքան աւելի մասնակիցներ պիտի ըլլան։
Այս շարժումը մարդիկ չի յորդորեր կուրօրէն հաւատալ դատարկ խոստումներու։ Փոխարէնը, ան քաղաքացիական մասնակցութիւնը կազմակերպած է ուղղակի ընդդիմանալու ուղեվճարի յաւելումին՝ հին ուղեվճարի վճարումով։ Ասիկա մատչելի եւ արդիւնաւէտ յորդոր մըն է, որ ուղղակի ներգրաւեց բոլոր շահագրգռուած անձերը։ Ուղեվճարի յաւելումը վճարելու մերժումի պարզ արարքով, միջին, ճնշուած եւ մեծաւ մասամբ իրաւազրկուած քաղաքացին շարժումին միացաւ եւ անոր օգուտը քաղեց անմիջապէս։
Ինչպէս հին ասացուածքը կ՚ըսէ, «ուղղակի գործողութիւնը բարիք ձեռք կը ձգէ»։ Իրօք, ուղղակի գործողութեան արդիւնաւէտ գործածութիւնը թերեւս շարժումին ամենամեծ ուժն է։ Երբ հանրակառքին մէջ մօտը նստած անձը նոյնպէս կը մերժէր վճարել, համերաշխութեան կապեր կը կառուցէր։ Միաժամանակ, նաեւ ընդդիմութեան անձնական բեռը կը նուազեցնէր, որովհետեւ ատիկա ընելու վտանգը կը բաժնուէր բոլորի միջեւ։ Ի վերջոյ, երբ ամբողջ հանրակառքը կը մերժէր վճարել, ընդդիմութենէն բխած անհատական վտանգը չնչին կը դառնար։ Ահա այստեղ է, որ դիմադրութեան մշակոյթը կը սկսի արմատաւորուիլ։ Հազարաւոր հանրակառքերու մէջ, արդէն բազմաթիւ սովորական քաղաքացիներ համատեղ դիմադրութեան այս վայրկենական պահը ապրած են։ Ի՞նչ կարելի է ընել պայքարի յաջորդ հանգրուանին՝ համատեղ դիմադրութեան այս զգացումին խթանումը շարունակելու համար։ 
Ինչպէս նշուեցաւ արդէն, ասիկա շարժումի մը ծնունդը չէ, այլ անոր հասունացումը։ Ծնունդը անցեալ տարի էր, երբ Մաշտոցի զբօսայգին փրկուեցաւ վաճառակէտերու գօտի դառնալէ։ Այո, Մաշտոցի զբօսայգին կանխող բազմաթիւ շարժումներ եղած են, սակայն, Մաշտոցի զբօսայգիի յաղթանակը տարբեր է։ Անցեալ տարի, կանաչ գօտիին փրկութիւնը ինքնանպատակ էր։ Այսօր այս կանաչ գօտին նոր նպատակի մը միջոցն է։ Մաշտոցի զբօսայգիի յաղթանակը բազմաճիւղ յաղթանակի վերածուած է, եւ ահա այստեղ է անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը։ Անցեալ տարուան յաղթանակը հայթայթած է ազատագրուած տարածք մը շարժումի հետագայ կառուցման՝ Մաշտոցի զբօսայգիի հետ կապ չունեցող խնդիրներու մասին։ Գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, անցեալ տարի զբօսայգին փրկող գործիչները հիմը դրին այսօրուան շարժումին՝ անոր զինանոցին իրենց լուման ներդնելով։
Այսօրուան շարժումը նախնական քայլերը կ՚առնէ հանրակառքի վարորդներու անկախ արհեստակցական մը հաստատելու՝ ուրիշ բազմաճիւղ նպատակի հիանալի օրինակ մը. հանրակառքի վարորդներու անկախ արհեստակցական մը ո՛չ միայն շօշափելիօրէն պիտի լաւացնէ հանրակառքերու եւ երթուղային թաքսիներու վարորդներուն կեանքը, այլեւ պիտի դրդէ զանոնք աւելի մասնակցութիւն բերելու շարժումին, յատկապէս երբ անոնց իրաւունքները կը պաշտպանուին։ Աւելի կարեւորը կայ, սակայն. երթեւեկութեան կազմակերպուած աշխատուժը կը հայթայթէ աննախադէպ լծակներ՝ ապագայ քաղաքացիական զօրաշարժերու համար։ Որքան աւելի բազմաճիւղ նպատակներ կարողանայ նուաճել այսօրուան շարժումը, այնքան աւելի գործիքներ եւ  դրական կողմեր կրնայ աւելցնել իր զինանոցին՝ պայքարի յաջորդ հանգրուանին համար, ինչ ալ ըլլայ ան։
Ոչ ամէն ինչ յաջող է, բայց հոգ չէ։ Հենրիկ Նաւասարդեանի եւ Միսաք Համբարձումեանի հրաժարականներուն պահանջը ռազմավարական առումով անթերի որոշում է։ Հանրային պաշտօնատարներու պարտադրել որ իրենց արարքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեն կը նշանակէ, որ յաջորդ անգամ երկիցս պիտի մտածեն նախքան ընկերայնօրէն հակաժողովրդական եւ տնտեսապէս կարճատես քաղաքականութիւններ յառաջ տանելու փորձ ընեն։ Քաղաքապետարանէն դուրս տեւական նստացոյցի գործածուած մարտավարութիւնը, այնուհանդերձ, շարժումը աւելի չէ մօտեցուցած այդ նպատակին, ինչ որ հասկնալի է։ Նախ եւ առաջ՝ նստացոյցը ներգրաւումի միայն մէկ մակարդակ կ՚ապահովէ նպատակին ի խնդիր։ Որքան պակաս ըլլան ներգրաւումի մակարդակները, այնքան քիչ մարդիկ պիտի ներգրաւուին։ Երկրորդ՝ անձերու պաշտօնանկութիւնը խնդրի մը վրայ հիմնուած չէ, ոչ ալ լայնահիմք է։ Ասիկա չի նսեմացներ անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը, բայց կը նշանակէ, որ շարժումը պարտաւոր է հանրութիւնը տեղեկացնել՝ ինչու-ի եւ ինչպէս-ի մասին, նախ քան որեւէ արդիւնաւէտ մարտավարութեան ձեռնարկելու։ Առանց արդիւնաւէտ մարտավարութեան, անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը անշահեկան է, որովհետեւ նպատակի հասնիլը անհաւանական կը դառնայ։ Շարժումի կառուցման մէջ, նպատակներու չհասնիլը անպայման չի նշանակեր առկայ վիճակին պահպանումը, այլ կրնայ նշանակել նահանջ, մսխուած պաշար, կոտրուած ոգիներ։ Այսօրուան շարժումի կառոյցն ու արժէքները կրնան օգնել փարատելու ասիկա՝ ներմուծելով նոր եւ նորարար գաղափարներ ինքնակազմակերպման միջոցով։ Ոմանք կրնան յաջողութեամբ բանիլ, ուրիշներ՝ ոչ, բայց այս գործընթացին մէջէն, շարժումը կը դառնայ աւելի խելահաս եւ աւելի արդիւնաւէտ ժամանակի ընթացքին։
Շարժումները պարզ չեն, բայց նաեւ առանձնայատուկ են։ Անհաշիւ նոր գործիչներ մարզուած են իրական աշխարհի սեփական փորձառութեամբ։ Անոնք տեսած են, թէ ինչի՞ կը նմանի յաղթանակը։ Շատերու համար, անցեալ շաբաթը իսկապէս եղած է կեանքի շրջադարձային  փորձառութիւն մը։ Այս ընթացքին, նոր բարեկամութիւններ ստեղծուած են եւ հին կարծրատիպեր՝ քանդուած։ Շարժումի կառուցումը Հայաստանի մէջ նոր փուլ մը թեւակոխած է, որուն ետ դարձ չկայ։ Համերաշխութեան ու դիմադրութեան նոր մշակոյթ մը արմատաւորուած է Երեւանի բնակիչներուն մէջ։ Որքան աւելի ինքնավերլուծող եւ նպատակաուղղուած դառնայ շարժումը իր մտածողութեան ու գործողութեան մէջ, այնքան աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ՝ այս նոր մշակոյթը սնելու եւ դէպի համակարգային ընկերային փոփոխութիւն յառաջանալու համար։

«Հետք», Յուլիս 27, 2013

 
(*) Բաբկէն Տէր Գրիգորեան «Ես վճարում եմ 100 դրամ» նախաձեռնութեան անդամ է։ Երեւան կ՚ապրի։
(՚**) Ակնարկութիւնը Occupy Wall Street շարժումին է (Ծ.Թ.)
(՚***) Պրազիլացի նշանաւոր դաստիարակ Փաուլօ Ֆրէյրէ (1921-1997) փոխ առած է այս խօսքը սպանացի հռչակաւոր բանաստեղծ Անթոնիօ Մաչատոյի (1875-1939) 1912ի հետեւեալ տողերէն. «Անցորդ, քու քայլերդ / ճամբան են, եւ ոչինչ աւելի. / անցորդ, ճամբայ չկայ, / ճամբան կը կերտուի քալելով»։ Բանաստեղծութիւնը 1969ին երգի վերածուած է կատալոնացի նշանաւոր երգիչ Ժօան Մանուէլ Սեռաթի կողմէ եւ դարձած՝ մինչեւ օրս լայն ժողովրդականութիւն վայելող երգ մը սպանախօս աշխարհին մէջ (Ծ.Թ.)։

No comments:

Post a Comment