Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Ֆրանսայի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, որ 2007էն ի վեր այդ պաշտօնը կը վարէր, Յուլիս 1ին իր հրաժարականը ներկայացուցած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ին։ Յուլիս 13ի թիւով, «Նոր Յառաջ» հրատարակած է հրաժարականին բնագիրը, որուն լուսանկարչական պատճէնը արդէն սկսած էր շրջան ընել համացանցին մէջ։ Նոյնութեամբ կը վերարտադրենք բնագիրը՝ առ ի խորհրդածութիւն (բոլոր ընդգծումները մերն են).
«ՆՈՐԻՆ ՍՈԻՐԲ ՕԾՈՒԹԻՒՆ
Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՒ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ
Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Փարիզ, 1 Յուլիս 2013
Վեհափառ Տէր,
Ատենէ
մը ի վեր նկատած եմ որ զիս վիրաւորելն ու վարկաբեկելը Ձեր հաճոյքը դարձած
է: Ձեր որակումներն ու մեղադրանքները ուղղուած՝ անձիս դէմ պարզապէս զարմանք
կը պատճառեն ինծի: Դուք չէք անդրադառնար գուցէ, թէ մարդոց
արժանապատւութիւնը կը ճզմէք ձեր ոտքին տակ: Ամենէն վերջինը, 29 Յունիս
2013-ի դէպքն էր: Շառլ Տը Կօլ օդակայանի VIP-ի սրահին մէջ, Հայաստանի
Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Պարոն Էտուար Նալպանտեանի, Ազգային
ժողովի Նախագահ Պարոն Յովիկ Աբրահամեանի, Դեսպան Պարոն Վիգէն Չիտեչեանի եւ
եկեղեցական ու աշխարհական այլ անձերու ներկայութեան, հետեւեալ բառերով Ձեր
յանկարծական յարձակումը վրաս, սարսափ պատճառեց.- "Եթէ, Տէր Վաչէ Քահանայ
Հայրապետեանը մինչեւ 1 Յուլիս 2013 չազատէք պահակութեան պաշտօնէն եւ թէ
Թեմը ամսական չտայ անոր, Մայր Աթոռի հետ դու գործ չունես այլեւս": Պահ մը
այլայլած ստուգել ուզեցի լսածս եւ կրկնեցիք.- "Այո, դու Մայր Աթոռի հետ
գործ չունես այլեւս": Նախորդ օրը արդէն շշմած էի երբ ըսիք.- "…Վաչէ
քահանային սքեմը, իմ պատիւս է, քուկդ ալ պէտք է ըլլայ, իւրաքանչիւր հայ
եկեղեցականինը պէտք է ըլլայ":
Վեհափառ Տէր, «բիզնես» հոգեբանութեամբ
դաստիարակուած անկառավարելի եկեղեցականները կառավարելու ո՛չ տրամադրութիւնը
ունիմ, ո՛չ ալ ժամանակը:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բարեկարգումը եթէ
միայն ուղենիշ է կամ կանոնադրութիւն, նպատակը եթէ միայն վարչական
կարգապահութիւն երաշխաւորելն է, ապա Հայոց Մայրավանքի մէջ բացակայ է
շնորհքի եւ սիրոյ մթնոլորտը, յոգնեցուցիչ է անհատի պաշտամունքը: Մաղթենք որ
մեր Սուրբ Եկեղեցին չվրիպի իր առաքելութեան բովանդակութենէն:
Մեկնելով
այս իրավիճակէն, այսու կու գամ Ձերդ Վեհափառութեան տեղեկացնելու թէ, 1
Նոյեմբեր 2013-էն սկսեալ, կը հրաժարիմ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի պաշտօնէս,
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի հանգամանքէս եւ Գերագոյն
Հոգեւոր Խորհուրդի անդամութենէն:
Կը հրաժարիմ մէկ Նոյեմբերին, պարզապէս
անոր համար որ յառաջիկայ Թեմական Պատգամաւորական ժողովը պիտի գումարուի
Շաբաթ 19 Հոկտեմբեր 2013-ին, այսպիսով պատգամաւորները ժամանակ կ՚ունենան
իրենց առաջնորդը ընտրելու որուն կրնամ փոխանցել բանալիներն ու
փաստաթուղթերը:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ
հաւատարիմ սպասաւոր,
Նորվան Արք. Զաքարեան»
Նորվան
արք. Զաքարեան (Պէյրութ, 1940) իր եկեղեցական կազմաւորումը ստացած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ընծայարանին մէջ։ 1967ին Ֆրանսա ժամանելով, 1967-1975ին
պաշտօնավարած է Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ եւ նախագահ
նշանակուած է փարիզեան արուարձաններէն Իսի-լէ-Մուլինոյի Ս. Աստուածածին
եկեղեցւոյ Շինարարական Յանձնախումբին, իսկ 1975-1980ին՝ շրջանի առաջին հոգեւոր հովիւը։ 1980-ին նշանակուելէ
ետք
Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ Ռոն-Ալփեան շրջանին (կեդրոնը՝ Լիոն),
1982ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած
է։ 1980-2007 պաշտօնավարութեան շրջանին, 1987ին Լիոնի
«Էնսթիթիւ Քաթոլիք»-ի մէջ հիմնած է Հայ Եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» անուամբ ամպիոնը, իսկ 1988ին՝ «Մարգարեան-Փափազեան»
ամէնօրեայ մանկապարտէզ-նախակրթարան վարժարանը։ Գործօն
մասնակցութիւն բերած է միջեկեղեցական յարաբերութիւններու, տեղական եւ
միջազգային մակարդակով։ Կառուցուած են Շարվիէօ Փոն Տը Շէրիւի Ս. Նշան եւ Սէն թ՚Էթիէնի Ս. Գրիգոր
Լուսաւորիչ
եկեղեցիները, հիմնուած են Վիէնի եւ Կրընոպլի ծուխերը, ինչպէս նաեւ ձեռք
բերուած է Ռոմանի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, շնորհիւ Վալանսի եպիսկոպոսարանին
եւ
Ռոմանի քաղաքապետութեան։
2007ին ընտրուած է Ֆրանսայի նորահաստատ թեմի
առաջին առաջնորդ եւ նշանակուած է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ եւ
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ։ Հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու եւ յօդուածներու։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմական Խորհուրդը Յուլիս 9ին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր ի մասնաւորի ըսուած է.
«Խորհուրդս
իր խորին յարգանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Սրբազան Հօր, որ
ղեկավարեց եւ յաջողութեամբ պսակեց թեմի ստեղծման աշխատանքները, ապա
ընտրուեցաւ առաջին առաջնորդը Ֆրանսայի թեմին, որ իր մէջ կը միացնէ Հայ
Եկեղեցւոյ բոլոր ծուխերը։
Իր անխախտ հաւատքը եւ բարձր հեղինակութիւնը
մեծապէս նպաստեցին վերացնելու թեմի կազմակերպման մէջ յառաջ եկած
դժուարութիւնները եւ յաջողութեամբ պսակելու զանազան ծրագիրներն ու
միջոցառումները։
Հակառակ Թեմական Խորհուրդի պնդումներուն, Սրբազան
Հայրը հաստատ մնաց իր հրաժարականին վրայ, ժամանակ տալով մինչեւ 1 Նոյեմբեր
2013, առանց սպասելու մինչեւ 22 Յունիս 2014, երբ պիտի աւարտէր իր
պաշտօնավարութեան շրջանը։ Այս կացութեան մէջ թեմը կը ստիպուի առաջնորդական
կանխահաս ընտրութեան ձեռնարկելու, համաձայն թեմական կանոնագրութեան եւ Հայ
Եկեղեցւոյ կանոններուն, հաւանութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի»։
Իր կարգին, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդը (Conseil de Coordination des Organisations Armeniens de France) Յուլիս 11ին հրապարակած է ֆրանսերէն հաղորդագրութիւն մը։ «Նոր Յառաջ»էն քաղելով, կու տանք գլխաւոր հատուածներուն թարգմանութիւնը.
«Իրաց այս կացութեան մէջ, CCAF կ՚ուզէ Սրբազանին յայտնել իր
զօրակցութիւնը եւ գնահատանքը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւնները իր տարած
անվհատ աշխատանքին համար՝ ի նպաստ Եկեղեցւոյ, միջեկեղեցական երկխօսութեան,
Դպրոցին եւ ընդհանրապէս՝ ամբողջ ֆրանսահայ համայնքին:
Հակառակ բոլոր
դժուարութիւններուն, բարձր մակարդակի իր բարոյականը իրեն թոյլ տուած է
յաջողութեամբ գործադրել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ իրեն վստահուած
փափուկ առաքելութիւնը, իմա՝ ի մի բերել Հայց. եկեղեցւոյ ծուխերը եւ հիմնել
Ֆրանսայի թեմը:
Նորվան Արք. Զաքարեան կը վայելէ ամբողջ հայ
համայնքին յարգանքը: Ան արժանավայել ձեւով մեր Եկեղեցին կը ներկայացնէ
Ֆրանսայի հոգեւորական, քաղաքական թէ մշակութային բարձրաստիճան
իշխանութիւններուն մօտ, որոնք կը գնահատեն իր շնորհքը: Համոզուած ենք, որ
իր հրաժարականը պիտի չամրապնդէ Հայց. Եկեղեցին: Ան գիտցաւ միացնել ու
համախմբել, եւ իր անձին, իր անաչառութեան, իր ներշնչած յարգանքին,
վստահութեան ընդառաջելով է, որ մենք բոլորս ընդունեցանք Ֆրանսայի մէջ Հայց.
Եկեղեցւոյ կազմակերպութեան բարենորոգումները, աջակցեցանք անոնց,
պայքարեցանք անոնց համար:
Անակնալ այս հրաժարականը մտահոգիչ է եւ
անոր հետեւանքները կրնան վնասաբեր ըլլալ մեր համայնքին: Վստահաբար, աւելի
պատգամի հանգամանք ունի ան, քան մարտահրաւէրի մը՝ ուղղուած Եկեղեցւոյ
բարձրագոյն իշխանութեան, որ կոչուած է դիմելու կարելի բոլոր միջոցներուն՝
յարգելու համար Սփիւռքի համայնքներուն իւրայատկութիւնները»:
«Հայկական Վերածնունդ» (Armenian Renaissance) կազմակերպութեան Փարիզի մասնաճիւղը, իր Յուլիս 8ի հաղորդագրութեան մէջ, իր նեցուկը յայտնած է հրաժարեալ եկեղեցականին, ի մասնաւորի յայտարարելով.
«Ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ, եւ Արեւմտեան
Եւրոպայի կաթողիկոսական պատուիրակ, Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականը մեծ
յուզում եւ վրդովում յառաջացուց ֆրանսահայ համայնքէն ներս ու անկէ անդին։
Անոր հրաժարականի գլխաւոր դրդապատճառը կը նկատուի Նիսի նախկին հոգեւոր
հովիւին վարձատրութեան հարցը, Նիսի նախկին ծխական խորհուրդին հետ հնգամեայ
բախումներէն եւ ֆրանսական արդարադատութեան հետ ունեցած հարցերէն ետք։
Սակայն կը թուի, թէ ատիկա հանդիսացած է բաժակը յորդեցնող կաթիլը միայն...
Անոր հրաժարականին գլխաւոր պատճառը ըլլալու են այն անընդունելի
ճնշումները, որոնց կ՚՚ենթարկուի Նորվան Սրքեպիսկոպոս՝ էջմիածնի Մայր Աթոռին
կողմէ:
Նորվան Արքեպիսկոպոսը մտաւորական բարձր կարողութիւններու տէր, սիրուած
ու գնահատուած անձնաւորութիւն մըն է համայնքիս մէջ ու յարգանքը կը վայելէ
անդրհամայնքային թէ՛ հոգեւոր, թէ՛ ալ աշխարհական շրջանակներուն։ Ան կը
փորձէ իր լաւագոյնը ընել ներդաշնակելու համար Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ
ներքին կանոնները՝ տեղական ժողովրդավար օրէնքներուն եւ չափանիշներուն հետ։
Որքան ալ յարգելի ըլլան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետապնդած եկեղեցական
ու այլ նպատակները, ընդունելի ու արդար չէ նսեմացնել ու վարկաբեկել Հայ
Եկեղեցւոյ պարկեշտ ու կարեւոր ներկայացուցիչ մը՝ յանձին Նորվան Արք.
Զաքարեանին»։
Հրաժարականէն ետք, «Նոր Յառաջ»ի հաղորդած է Յուլիս 13ին, Նորվան Սրբազան
հրաւիրուած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի յաջորդ
նիստին խորհրդակցութեան համար։ Նիստը տեղի կ՚ունենայ Օգոստոսին։
No comments:
Post a Comment