Ժ. Չ.
Ազնաւուր բնաւ պէտք չունէր դիւանագէտ ըլլալու, որ իր իւրաքանչիւր հարցազրոյցին պաշտպանէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը՝ զոհելով Ցեղասպանութիւնը։ Արուեստագէտ է մարդը։ Միջազգային ճանաչում ունի։ Իր իւրայատուկ մտածելակերպն ունի։ Լա՜ւ, ընդունեցի՛նք այս բոլորը։ Թո՛ղ մտածէ՝ ինչպէ՛ս որ կ՚ուզէ։ Թո՛ղ յայտարարէ՝ առանց բառերը ծամելու, ինչ որ Հայաստանի իշխանութեան գլուխը գտնուողները կը պահանջեն իրմէ, այն բաները, զորս իրենք չեն համարձակիր բարձրաձայն ըսել, մանաւանդ՝ 2009ի արձանագրութիւններու ձախողութենէն ի վեր։ Սակայն, այս դերակատարութեան համար՝ Ազնաւուր ստիպուա՞ծ է դեսպան ըլլալու։
Մէկ կողմէ, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը՝ երկրին նախագահէն սկսեալ, Սփիւռքին ուղղուած իր ուղերձներուն մէջ, Ցեղասպանութեան վերաբերեալ աւելի շրջահայեաց մօտեցում կը ցուցաբերէ, սակայն, միւս կողմէ, կը քաջալերէ, որ Ազնաւուր երկրին իշխանութեան պաշտօնական դիրքորոշումներուն հակասէ։
Ի՞նչ իմաստ ունի դեռ Ազնաւուրը պահել Զուիցերիոյ եւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ ՄԱԿ-ի դեսպանի պաշտօններուն։ Հայաստանի դիւանագիտութեան մեծագոյն երկու ձախողութիւններու խորհրդանիշն է. 2009ի Արձանագրութիւնները եւ Հայաստանի պատմամշակութային ժառանգութիւններու քանդումին հանդէպ՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ցուցաբերած անարգական դիրքորոշումներու դիմաց անշարժութիւնը. Ջուղայի գերեզմանատան քանդումը եւ Փարիզ, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնին մէջ խաչքարերու նուիրուած ցուցահանդէսին գրաքննութիւնը ազերական ճնշումին տակ։
Եւ ահա վերջին արարը։ Անցեալ Կիրակի՝ Մարտ 24ին, Զուիցերիոյ Ձայնասփիւռի եւ Հեռատեսիլի «Կը ներէք ինծի» յայտագիրին ընթացքին, պարոն դեսպանը նորէն յայտարարած է, թէ իր հոգը չէ «Ցեղասպանութիւն» եզրին գործածութիւնը (առաջին անգամ չէ, որ նման անհեթեթութիւններ կը ձաբռտէ)… միայն թէ Հայաստանի սահմանը բացուի։ Այս է նաեւ իր դրած պայմանը, որպէսզի ընդունի Թուրքիոյ մէջ համերգ մը տալ։
Կը մաղթենք որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, համաձայն՝ բեմերէն բազմիցս անգամ արտայայտուած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռակողմ միասնական գործակցութեան ցանկութեան, —եթէ անշուշտ պարագայական արտայայտութիւններ չեն ատոնք—, ազատեն Ազնաւուրը իր դիրքին եւ խառնուածքին անյարիր դեսպանութեան այդ պաշտօններէն (Զուիցերիա, ԻՒՆԷՍՔՕ եւ ՄԱԿ), որպէսզի Սփիւռքի մէջ հայկական կազմակերպութիւնները կարենան Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատի պաշտպանութեան իրենց գործունէութիւնը շարունակել առանց Հայաստանի դեսպանին անճարակ արտայայտութիւններուն ստեղծած անտեղի խոչնդոտումներուն եւ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը փրկուի իր անհեթեթ կեցուածքէն։
Մէկ կողմէ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100ամեակի յանձնախումբ կը նշանակուի, Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողով կը գումարուի, որուն ընթացքին երկրին նախագահը կը յայտարարէ. «Գիտաժողովի յարգելի՛ մասնակիցներ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին հրատապ խնդիր է՝ մեր յետագայ անելիքների, մասնաւորապէս՝ աշխարհի տարբեր անկիւններում անցկացուելիք միջոցառումների օրակարգի մշակմանը, նաեւ եղած բացթողումներին անդրադառնալը, որոնց վերացումը մեզ հնարաւորութիւն կը տայ, առաւել համապարփակ ու խորքային մօտեցում ցուցաբերելով, յաւուր պատշաճի կազմակերպել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած բազմաբնոյթ միջոցառումները եւ դրանց միջազգային հնչեղութիւն տալ»։ Միւս կողմէ երկրին դեսպանը «Ցեղասպանութիւն» եզրը կը վանէ։
Որո՞ւն հաւատաս՝ Հայաստանի նախագահի՞ն, թէ՞ իր դեսպանին։
Դեռ աւելին՝ նախագահը իր ուղերձը կը վերջացնէ հետեւեալ կերպով. «Այս գիտաժողովի արդիւնքում ի մի բերուած առաջարկութիւններն ու նկատառումներն անպայմանօրէն հաշուի են առնուելու Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի աշխատանքների ընթացքում, ուստի մեր յորդորն է՝ հնարաւորինս բաց եւ անկաշկանդ քննարկումներ իրականացնել յետագայ անելիքների ճշգրտման ու ռազմավարութեան որդեգրման առումներով»։ Ազնաւուրի յայտարարութիւնն ալ բաց է ու անկաշկանդ, արտայայտուած՝ շրջանցելով Ցեղասպանութեան նուիրուած գիտաժողովի եզրակացութիւնները։ Ի՞նչ կ՚արժէ նախագահին յորդորը։
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք գործակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է, սակայն շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ, քան այն ինչ որ կը յայտարարուի լոզունգներով, յանկերգներով, լոկ բանաձեւերով։ Երրեակին գործակցութիւնը փոխադարձ վստահութեան հարց է, որ առաջին հերթին կը սկսի Հայաստանի մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու գործակցութենէն եւ քաղաքացիներուն՝ իշխանութեան հանդէպ վստահութենէն։ Եթէ այդ կորիզը ամուր ըլլայ, Արցախը եւ Սփիւռքն ալ նոյնքան ամուր, տասնապատիկ աւելի գործունեայ կը դառնան։
«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), Մարտ 28, 2013
No comments:
Post a Comment