Աշխարհառչակ երգիչ, նաեւ Զուիցերիոյ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Շառլ Ազնաւուր, Մարտ 20-ին զուիցերական RTS ձայն հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին (հեռասփռուած Մարտ 24ին) յայտարարած է, թէ իր հոգը չէ, թէ 1915ին Թուրքիոյ մէջ պատահած դէպքերը ցեղասպանութիւն որակուեր են, թէ ոչ։
Անոր այս խօսքերուն հակազդած է «Զուիցերիա-Հայաստան» խորհրդարանական խումբը՝ Մարտ 25 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը։
Հոն կը նշուի, թէ վերոնշեալ հարցազրոյցի ընթացքին Ազնաւուրի խօսքերը «անխոհեմ եւ դժբախտ» էին բազմաթիւ պատճառներով։
Նախ, դիտել կը տրուի, թէ Ազնաւուրի համար անկարեւոր «ցեղասպանութիւն»ը այն ոճիրն է, որուն զոհը դարձած ժողովուրդներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան միշտ առաջնորդ եղած է Զուիցերիան։ Կ՚աւելցուի, թէ իր այդ խօսքերէն երկու օր ետք՝ Մարտ 22ին, հայաստանեան պատուիրակութիւնը ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ կը ներկայացնէր ՄԱԿ-ի մէջ։ Կը նշուի նաեւ այլ պարագայ մը։ Ֆրիպուրկի շարժարուեստի փառատօնի ծիրէն ներս, Մարտ 21ին կազմակերպուած՝ Հայկական Սփիւռքին նուիրուած վիճարկումին մասնակիցներէն եղած է նաեւ ինք՝ Շ. Ազնաւուր։ Այդ վիճարկումին յառաջաբանը եղած է բաւական ձախող, ուր ըսուած է, թէ թերեւս դէպքերու մասին նկարներու բացակայութեան պատճառով է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի, անհերքելիութեան գործը կը դժուարանայ, եւլն.։ Ըստ երեւոյթին, Շ. Ազնաւուր ոչ մէկ բողոք արտայայտած է այդ մասին, ինչ որ նաեւ նշեալ հաղորդագրութեան հեղինակներուն քննադատութեան պատճառ դարձած է։ Կ՚ըսուի, թէ այլեւս ոչ մէկ ձեւով հարկ կայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հաստատելու, քանի որ անոր առնչուող գիտական բոլոր փաստաթուղթերը անհերքելի են։ Եւ այդ պայմաններուն մէջ առնուազն բնական պիտի ըլլար, որ Շ. Ազնաւուր հակազդէր։
Հարց կը տրուի՝ «Հայերը արժանի՞ են այսքան անարգանքի»։ Ապա կ՚ըսուի, թէ անհասկնալի է հայաստանեան կառավարութեան կեցուածքը, որ միջազգային ասպարէզի մէջ՝ երեք ճակատի վրայ երկրին ներկայացուցչութիւնը կը վստահի նման անձնաւորութեան մը, որ, ըստ երեւոյթին, չէ ըմբռնած իր ժողովուրդին բնաջնջման պատճառ դարձած այս ոճիրին ճանաչման կարեւորութիւնը։
Ի վերջոյ, կ՚ըսուի, թէ Շ. Ազնաւուր իր այս կեցուածքով կը հասարակացնէ ցեղասպանութիւն եզրը, կը պարպէ զայն իր ծանրակշիռ իմաստէն՝ այդպէսով դիւրացնելով Թուրքիոյ գործը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին։

«Նոր Յառաջ», Մարտ 28, 2013
No comments:
Post a Comment