30.11.12

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամ. եկած չէ՞ վերարժեւորման ժամանակը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
 

Անունն ու առաքելութիւնը արդէն արմատաւորուած են հայ իրականութեան մէջ եւ անբաժանելի մասը կը կազմեն ազգային ինքնահաստատման մեր ոգորումի զինանոցին։
«Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամը իր ստեղծման օրէն՝ 1992էն իսկ արժանացաւ համազգային ընդառաջումի, լայն արձագանգ գտաւ մեր ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակներուն մօտ եւ, ամէնուր, շօշափելի նուիրաբերում ապահովեց ի սպաս իր առաջադրած թիրախներու իրագործման համահայկական զօրաշարժին։
Քսանամեայ իր երթը դիւրին չսկսաւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը.
– Վերանկախացեալ Հայաստանը իր առաջին քայլերը կը նետէր լիարժէք կայացման ուղիին վրայ։
– Նորահաստատ ՀՀՇական իշխանութիւնները այնքան ալ յստակ պատկերացում ու համապատասխան հաստատակամութիւն չունէին հայոց պետական տունը կառուցելու իրենց կոչումին մասին։
– Դաժան հասարակափոխութեան՝ աւարումի եւ աւերումի հարթիչ գլանին տակ յայտնուած էր, յանկարծ, Արցախի ազգային ազատագրութեան զինուորագրուած հայրենի հայութիւնը։
– «Լեւոնի ձմեռը» (*) իր մութի, ցուրտի, անօթութեան եւ անտիրութեան ճնշումին տակ առած էր մեր ժողովուրդը եւ հայրենիքը սկսած էր հարիւր–հազարներով պարպուիլ իր զաւակներէն։
– Արծուեբոյն Արցախը կը շարունակէր թանկագին ու անփոխարինելի արիւն զոհաբերել՝ ի խնդիր իրեն պարտադրուած անհաւասար ուժերով ատրպէյճանական պատերազմի յաղթական աւարտին։
Իսկ Սփիւռքի տարածքին էապէս տարբեր էր բնոյթը այն դժուարութեանց, որոնք քսան տարի առաջ ցցուեցան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նոր սկսած երթին առջեւ.
– Թէեւ Սփիւռքը ունէր Հայ Դատի պահանջատիրութեան համազգային ու համասփիւռքեան ուժերով եւ գործակցութեամբ տէր կանգնելու յիսնամեայ փորձ՝ 1965ին Մեծ Եղեռնի միասնական ոգեկոչումով թափ առած, այդուհանդերձ՝ համահայկական կառոյցով ու համակարգումով գործելու ո՛չ գաղափարական ենթահողը ունէր, ոչ ալ ազգային–քաղաքական ձեռնտու պայմանները։
– Հայօճախներու բացարձակ մեծամասնութիւնը կը շարունակէր դիմագրաւել հայապահպանման իր կառոյցներուն գոյատեւումը ապահովելու դժուարութիւնը՝ զուրկ ըլլալով պետական հոգատարութեան տարրական երաշխիքներէ։ Իւրաքանչիւր կազմակերպ գաղութ, զոհաբերութեան իր ողջ ներուժով ու պատրաստակամութեամբ, կեդրոնացած էր նորահաս իր սերունդներուն ազգային կազմաւորումը ապահովելու առաջնահերթութեան վրայ։
– Հայաստանի պարտադրուած խորհրդային վարչակարգը ամբողջ տասնամեակներ երկփեղկած էր հայկական սփիւռքը՝ անթիլիասական եւ էջմիածնական, դաշնակցական եւ հակադաշնակցական հակադիր, երբեմն նաեւ հակամարտ ճամբարներու վերածելով հայրենահան հայութիւնը։ Որքան ալ Հայ Դատի ուժական պայքարը եւ անոր հետեւած Արցախի ազգային–ազատագրական պայքարը նպաստած էին մերձեցման ու միասնականութեան կամուրջներու կառուցումին, Սփիւռքի տարածքին տակաւին կը յամենար հատուածականութեան ու փոխադարձ վերապահութեանց մթնոլորտը։ Անցեալէն յամեցող ջլատիչ այդ մթնոլորտը հրահրելու եկած էր, առաջին իսկ քայլերէն, վերանկախացեալ Հայաստանի ՀՀՇական նորահաստատ իշխանութեանց դրսեւորած խորթ ու անհանդուրժող վերաբերմունքը՝ «նարինջ ուտող» Սփիւռքի նկատմամբ…
Հակիրճ ուրուագծուած այսօրինակ դժուարութիւններն ու խութերը յաղթահարելու մարտահրաւէրով իր գործունէութիւնը սկսաւ, 1992ին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական հրամանագրով (**) կեանքի կոչուած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը։
Քայլ առ քայլ հարթուեցաւ մինչ այդ անկոխ լքուած համահայկական գործակցութեան ուղին։
Տագնապահար հայոց պետական տան ու հայրենական տարածքին օգնութեան փութալու Սփիւռքի պատրաստակամութիւնը (***) բաւարար եղաւ, որպէսզի տարուէ տարի կայանայ եւ ամրապնդուի համահայկական այս նորաստեղծ կառոյցը։
Հայաստանի իշխանութիւնները աստիճանաբար ուղղեցին արձանագրուած վրէպները ոչ միայն Սփիւռքի նկատմամբ, սկզնապէս, իրենց դրսեւորած վերապահ ու անհանդուրժող վարքագծին մէջ, այլեւ՝ նոյնինքն Հիմնադրամի գործադիր վարչամեքենայի գործած չարաշահումները սրբագրելու առումով։
Իսկ Հիմնադրամի ղեկավարման մասնակից Սփիւռքի համահայկական կառոյցներուն ներկայացուցիչները, ընդհանրական թէ տեղական՝ գաղափարական թէ հատուածական այլաբնոյթ տարակարծութիւններ աստիճանաբար հարթելով, քսան տարիներու վրայ երկարած իրենց համագործակցութեամբ, մեծ ոստում մը արձանագրեցին աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժը հաւաքաբար զօրաշարժի մղելու ճակատին վրայ։
Արդիւնքը արդէն կը վայելենք այսօր։
Ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի առաքելութեան շուրջ այսօր բոլորուած են եւ, անսակա՛րկ, իրենց զօրակցութիւնը կը ցուցաբերեն մեր ժողովուրդին թէ՛ կազմակերպ, թէ՛ ցիրուցան բեկորները, կուսակցական թէ անկուսակցական հատուածները, հայախօս թէ օտարախօս հայերը, այսպէս կոչուած ներքին եւ արտաքին սփիւռքներու հայօճախները։
Ընդարձակուած է ցանցը նաեւ Հիմնադրամի տեղական յանձնախումբերուն՝ համահայկական այս միակ կառոյցին նկատմամբ, անցեալին, այլազան պատճառներով առաջացած դժգոհութիւններն ու վերապահութիւնները տակաւ փարատելով։
Այս բոլորէն կը ներշնչուի այսօրուան խորագրին այն հարցադրումը, թէ եկած չէ՞ ժամանակը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի վերարժեւորումին։
Եկած չէ՞ ժամանակը Հայաստանը վերաժեւորելու եւ ըմբռնելու՝ հայկական քարտէսի մէկ ու անբաժան ամբողջականութեան ընդգրկումով եւ ընկալումով։ Չէ՞ որ կամայ թէ ակամայ աշխարհի չորս ծագերուն յայտնուած համախումբ հայութեան ամէն օճախ անբռնաբարելի իրաւունքն ունի ինքզինք մաս զգալու Հայաստանին՝ պապենական իր հայրենիքին։ Իսկ իբրեւ այդպիսին իմաստաւորուող Հայաստանը, փոխադարձաբար ու բնականօրէն, կոչումն ու առաքելութիւնը ունի ինքզինք արմատաւորելու իր հոգիին մէջ Արարատը ունեցող ամէն հայու մէջ։
Մանաւանդ որ աշխարհասփիւռ իր քարտէսով՝ Հայաստանը կը պարզէ համահայկական հոգատարութեան սուր կարիքը ունեցող ե՛ւ առանձին հայօճախներ, ե՛ւ հայապահպանման ու հայ մշակոյթի բազմակողմանի զարգացման տագնապահար կռուաններ։
Սուրիահայութեան մերօրեայ ճգնաժամը պարզապէս նորագոյն եւ ցնցիչ օրինակն է համահայկական աջակցութեան հրամայականին։ Եկած չէ՞ ժամանակը, որպէսզի Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան հասնելու գործը եւս իր արժանի տեղը ունենայ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ծրագիրներու օրակարգին վրայ։
Երկրո՛րդ. խորհրդային ամբողջատիրութեան փլուզումէն ասդին աւելի քան երկու միլիոն հայութիւն, փաստօրէն, յայտնուած է ազգային իր ինքնութիւնը պահպանելու համար հայկական որեւէ կազմակերպ կռուան չունեցող փոքր Հայաստանի տագնապահար դրութեան մէջ։ Եկած չէ՞ ժամանակը Ներքին Սփիւռքի ինքնակազմակերպման անյետաձգելի գործը եւս կարեւորութեամբ դնելու համահայկական մեր միակ կառոյցին օրակարգին վրայ։
Տարուէ տարի սուր բնոյթ կը ստանայ, Սփիւռքի ողջ տարածքին, հայ լեզուի ու գրականութեան, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան երիտասարդ ուսուցիչներ պատրաստելու հրամայականը։ Նոյնքան հրամայական շեշտով դրուած է արդէն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան նուիրական գործը։ Եկած չէ՞ ժամանակը նաեւ այս ուղղութեամբ վերարժեւորելու Հիմնադրամին առաքելութիւնը։
Խօսքը կը վերաբերի համահայկական մեր միակ կառոյցին շուրջ ստեղծուած համագործակցութեան ոգին եւ կազմակերպ աշխատանքը հայկական քարտէսի ամբողջականութեան վրայ տարածելու մարտահրաւէրին։
Այդ առումով ալ եկած է ժամանակը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի վերարժեւորումին՝ աւելիո՛վ աշխուժացումին։
 
«Ասպարէզ», Նոյեմբեր 14, 2012

(*) Որդեգրելով այս գիւտաւոր -- չկրցանք զայն գործածած երկրորդ աղբիւր մը գտնել, գէթ  Համացանցի մէջ -- բառակապակցութիւնը, արդեօք հեղինակը կ՚ուզէ մատնանշել, թէ 1992-1993ի ձմրան սաստիկ ցուրտին հեղինակը Հայաստանի առաջին նախագա՞հն էր։
(՚**) «Նորահաստատ ՀՀՇական իշխանութիւնները» երկու անգամ բացայայտօրէն քննադատող հեղինակը պարտէր նոյնքան բացայայտօրէն յիշել, թէ այդ նոյն իշխանութիւնները գլխաւորող նախագահին գործն էր այդ հրամանագիրը։
(՚՚՚՚՚՚՚***) Յիշողութեան խութ ու խոռոչներուն մէջ մնացած ցաւալի փաստ մըն է, որպէս «օգնութեան փութալու Սփիւռքի  պատրաստակամութեան» օրինակ, որ 1992ի երկրորդ կէսին Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ներքին շրջաբերականով իր կառոյցներուն հրահանգած էր չօժանդակել «Հայաստան» Հիմնադրամին (Խմբ. «Հայկականք»ի)։

No comments:

Post a Comment