29.11.12

Դրամ՝ համախոհական կառավարութեան դիմաց

Ժ. Չ.

«Սփիւռքի հայկական գաղթօճախները կանգնած են ուծացման եւ թուլացման վտանգի առջեւ» յայտարարած է Հոկտեմբեր 20ին Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի նորաբաց շէնքի մէջ կայացող ՀԲԸՄ ընդհանուր ժողովին ընթացքին։ Շարունակած է, ըսելով թէ ԱՄՆու 1 միլիոննոց հայկական գաղթօճախէն միայն 10 հազարն է որ գործունեայ մասնակցութիւն կը բերէ հայանպաստ միջոցառումներուն եւ թէ նոյն վիճակը կը տիրէ Եւրոպայի մէջ։ Հայանպաստ միջոցառումներուն համար Սփիւռքը տարեկան կը հաւաքագրէ 10-12 միլիոն տոլար, ինչ որ անբաւարար է։ Ըստ պ. Սեդրակեանի՝ եթէ 7 միլիոն սփիւռքահայերէն իւրաքանչիւրը 25ական տոլար նուիրաբերէր, կը հանգանակուէր տարեկան 100 միլիոն տոլար։ Դրամահաւաքի ցած մակարդակը, ըստ պ. Սեդրակեանի, կը թուլացնէ նաեւ ԱՄՆու եւ Եւրոպայի հայկական լոպիներու ազդեցութիւնը։
20 տարի է նոյն յանկերգն է որ կը կրկնուի, Սփիւռքը ուծացումի մէջ է, եթէ ամէն մէկ սփիւռքահայ 25 տոլար տար այսքան միլիոն տոլար կը հաւաքուէր…
Որպէսզի կարելի ըլլայ ամէն մէկ սփիւռքահայէ 25 տոլար հաւաքել, պէտք է գոնէ ամէն մէկ սփիւռահայու վրայ տարին առնուազն տոլար մը ծախսուէր։ Ինչպէս առածը կ՚ըսէ՝ «ի՛նչ որ ցանես, ա՛յն կը հնձես»։ 25 տոլար հնձելու համար պէտք էր ցանել։ Իսկ երբ նուազագոյնն անգամ չի կատարուիր… յատկապէս Հայաստանի անկախութենէն ի վեր։ Օրինակները չեն որ կը պակսին։ Չերկարինք մինչեւ «Մելգոնեան», որ տարիներէ ի վեր անլոյծ, անշարժ վիճակի մէջ մնացած է, պարոն Սեդրակեանի եւ անոր համախոհներու ձախաւեր որոշումին պատճառով։
Խօսինք առօրեայ մեր ֆրանսահայ իրականութենէն։ 90ական թուականներէն՝ Ալֆորվիլի «Ս. Մեսրոպ» կրթարանը միջնակարգ մը բանալու երազը կը փայփայէ։ Հողը գնուած է։ Պահ մը հանգանակութեան ալ ձեռնարկուեցաւ։ Յետոյ ամէն ինչ կանգ առաւ։ Ո՞ւր են ուծացման մասին խօսողները, բարեսիրական, կուսակցական, եկեղեցական եւ Հայաստանի պետական մարմինները՝ նախագահութիւն, Սփիւռքի նախարարութիւն, Էջմիածին…
Ֆրանսայի մէջ, ամէնօրեայ 7 դպրոց կայ, որոնցմէ 6ը կիսատ դպրոցներ են։ Այսինքն՝ դպրոցական շրջանը լրիւ չեն բոլորեր։ Անոնցմէ 5ը չունին միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ։ Միայն Մարսիլիոյ Համազգայինն է որ մանկապարտէզէն մինչեւ պաքալօրէա, նախահամալսարանական դպրոցական ծրագիրը ամբողջապէս կ՚ապահովէ։ Այսինքն, նոյնիսկ ամէնօրեայ դպրոց յաճախող մանուկները չեն ապահովուած պատանեկութեան շրջանի հայկական դպրոցական կրթութեամբ։
Ամէն բարերար իր դրամին տէրն է, ո՛ւր ուզէ, որո՛ւն ուզէ կու տայ։ Բայց երբ խօսքը կը վերաբերի հաւաքական կեանքին՝ հայրենասիրութեան, ազգասիրութեան կոչ կ՚ըլլայ, կոյր նուիրումը վնասաբեր է։ 20 տարի է Հայաստանին նուիրատւութիւն կ՚ըլլայ։ 20 տարի է երկիրը կը սնանկանայ։ 20 տարի է երկիրը կը պարպուի։ Ո՞վ հաշիւը պիտի տայ ասոր։ Ո՛րքան նուիրես, ա՛յնքան երկիրը կ՚աղքատանայ։ Այնքան սակաւատէրերը կ՚ամրապնդեն իրենց դիրքերը։
Մուրացկանութիւնը պետական քաղաքականութեան վերածուած է։ Ամերիկայէն կը մուրան, Եւրոպական Միութենէն կը մուրան, Ռուսաստանէն նոյնպէս եւ… Չինաստանէն…, Սփիւռքէն։ Հարուստները աւելի կը հարստանան, աղքատներն ալ հակառակը։ Սփիւռքը ինքնութենական ուծացման ճանապարհին է, թերեւս, իսկ Հայաստանը՝ նոյնպէս, հոգեկան, ազգային արժէքներու ուծացման։
Վերջերս, Արա Աբրահամեան, գործարար, բարերար, Համաշխարհային հայկական քոնկրէսի եւ Ռուսաստանի հայութեան նախագահ, Երեւանի մէջ յայտարարեց որ Լիպիոյ մէջ Քատտաֆիի վարչակարգի յեղաշրջումին պատճառով մէկ միլիառ տոլարի կորուստ ունեցած է։ Ահաւասիկ, ազգանուէր, հայրենասէր, գործարար, բարերար ռուսաստանաբնակ հայ մը, որ նախընտրած է իր հարստութիւնը այլ երկիր ներդնել, քան թէ Հայաստան։ Հարց չտա՞նք թէ ինչու։ Պարոն Աբրահամեան ի՞նչ պէտք ունէր Լիպիա երթալու ներդրումի համար, Հայաստան թող ներդնէր։ Հայաստանի նախագահը անդադար կոչ կը յղէ Սփիւռքի հայութեան՝ Հայաստանին օգնելու, ներդրում կատարելու։ Պարոն Աբրահամեան մօտիկ ծանօթ մըն է նախագահին։ Գալիք նախագահական ընտրութիւններուն անոր ի նպաստ քուէարկելու կոչ ալ կատարեց։ Ան իր դրամին տէրն է։ Միջազգային տնտեսութեան իրազեկ անձ մը։ Ո՞ւր ուզէ կը ներդնէ։ Մասնաւորապէս, շահաւէտ երկիր մը, բայց ո՛չ Հայաստան։ Աբրահամեանները մէկ չեն, երկու չեն։ Մէկ խօսքով, Հայաստանին՝ դրա՛մը չէ որ կը պակսի, ո՛չ ալ ներդրողները, ո՛չ ալ ընդհանրապէս հայութեան կը պակսի հայրենասիրութիւնը։ Ա՛յն ինչ կը պակսի Հայաստանի հանրապետութեան ղեկավարութեան հանդէպ վստահութիւնն է։ Այն ինչ որ կը պակսի՝ հայրենի կառավարութեան կողմէ հայաստանցիին բարօրութիւնը ապահովելու պետական ծրագիրն է։
Սփիւռքահայերն ալ յոգնած են, ինչպէս հայաստանցիները, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միութեան վերաբերեալ ձեւական, պայմանական, շինծու յայտարարութիւններէն։ Ուծացումի դէմ պայքարը Հայաստանին դրամ նուիրելով չէ որ կ՚իրականանայ։ Կրթութեամբ, միայն կրթութեամբ։ Իսկ առաջին կրթութիւնը Հայաստանցի իշխանութեան գլուխը գտնուողներուն պետական մարդ դառնալու կրթութիւնն է։
Իսկ երբ նկատի ունենանք որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնուի պատերազմի վերսկսման վտանգին առջեւ, որուն դիմաց կան Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նման արիւնարբու հարուստ պետութիւններ, որոնք որեւէ պատեհ առիթի կը սպասեն հայութեան կիսատ մնացած ոչնչացումը իրականացնելու համար իրենց պետական ծրագիրը, Հայաստանի իշխանութեան գլուխը գտնուողներուն մէկ բան մը մնայ՝ ստեղծել ազգային համախոհական կառավարութիւն մը։ Փոխանակ Օսկանեան ամբաստանելու կամ ՀԱԿ-ի [Հայ Ազգային Կոնգրէսի] շարքայիններ բանտարկելու։ Քաղաքական ուժերու համախմբումի պահն է, ո՛չ պառակտումի։
Ահա թէ ինչ պէտք է ըլլայ Սփիւռքի ղեկավարներու պահանջը Հայաստանի իշխանաւորներէն։ Դրամ՝ քաղաքական միասնութեան փոխարէն։
Մինչ այդ, եթէ քիչ մը Սփիւռքի դպրոցներու վիճակը բարելաւելու մասին եթէ մտածեն, այդքան քիչ կը խօսին ուծացումի մասին։ Այս առումով չափազանց գնահատելի է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան՝ հայերէնի ուսուցիչներու ամսականը միւս ուսուցիչներու վարձատրութենէն 25% աւելի բարձր վճարելու որոշումը։

«Նոր Յառաջ» (խմբագրական), Հոկտեմբեր 25, 2012

No comments:

Post a Comment