24.9.12

Նամականի. Ո՞վ է հայը

Գ. Կ.

Հայոց լեզո՞ւն, քրիստոնեայ կրօ՞նքը, թէ՞ իր երակներուն մէջ հոսող հայկական արիւնն է (թէկուզ կաթիլ մը), որ կը բնորոշէ  անձի մը հայկականութիւնը:
Աւելի առարկայական ըլլալու համար նկատի ունիմ թէ՛ թրքական եւ թէ՛ հայկական մամուլին մէջ յաճախակի դարձած գաղտնի հայերուն «լոյս աշխարհ» գալը, փշրելէ ետք իրենց կարծր պատեանը:
Տեղահանութեան օրհասական օրերուն ինչ-ինչ պատճառներով կրօնափոխ եղած հայու բեկորներ, հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ զրկանքներու, կրցեր են գոյատեւել այն գիտակցութեամբ, որ իրենց բուն ինքնութիւնը տարբեր է տեղացիներէն, եւ հիմա «փանտորայի սնտուկէն» դուրս գալու պահը յարմար նկատելով` կ՛աղաղակեն արար աշխարհին, որ իրենց իսկական արմատները հայկական են:
Սկսելով Թուրքիոյ մէջ Համշէնէն ուղիղ դէպի հարաւ, հասնելու համար Տերսիմ եւ Ատըեաման, Վանէն մինչեւ Պոլիս, Գերմանիա եւ տակաւին նախկին Խորհրդային Միութեան քաղաքներ. որքա՞ն է իսկական թիւը գաղտնի կամ կրօնափոխ հայերուն. բայց աւելի էականը` ի՞նչ է մեր կեցուածքը անոնց հանդէպ:
Հակառակ որ մօտ մէկ դարեայ ժամանակաշրջան մը անցեր է անոնց բռնի կամ կամաւոր կրօնափոխութենէն, անոնք Թուրքիոյ մէջ մինչեւ օրս կը նկատուին իբրեւ «տէօնմէ», «կեաւուր» եւ պետութեան մօտ կը պահուին մանրամասնօրէն ցանկագրուած անոնց թղթածրարները, խոստովանութեամբ նոյնինքն Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլուի:
Դարձեալ կրկնենք հարցումը. ի՞նչ է մեր կեցուածքը անոնց հանդէպ:
Թարմացնելու համար մեր յիշողութիւնը կ՛արժէ դարձեալ կարդալ «Ազդակ» 15 Յունիս 2012 թուականի «Տերսիմի կորսուած աղջիկները» յօդուածը, դարձեալ «Ազդակ» 8 Յունիս 2012 թուականի զրոյցը Ասլը Թիւրքերի հետ, եւ կողքի սիւնակներուն մէջ` Շիրինին եւ «մերիններուն» պատմութիւնը:
Կ՛արժէ լրջօրէն քննարկել այս հարցը, կ՛արժէ լրջօրէն խորհրդածել ընկերաբան Լորանս Ռիթըրի արտայայտած հետեւեալ գաղափարին մասին. «Այլեւս պէտք է դուրս ելլել հայութիւնը հաւասար է հայերէն առաւել քրիստոնէութիւն կաղապարէն», «Ազդակ», 4 Յուլիս 2012: Քանզի այդ «կորսուած հոտին» «ներքին ուժն ու կարելիութիւնները», չարհամարհելու աստիճան մեծ կ՛երեւին:
Իսկապէս, ո՞վ է հայը…

«Ազդակ», Օգոստոս 9, 2012

No comments:

Post a Comment